Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Զանազան Երկիրներու Մէջ

Ապրիլ 29, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 Հազար Հայորդիներ Պահանջատիրութեան
Ձայնը Բարձրացուցին Օթթաուայի Մէջ

4-24-15_OtawaԱպրիլ 24ին Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա հասան 10 հազար հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին իրենց պետական դրօշները պարզած միացան ասորական, քրտական, սերպական, ռուանտական եւ յոյն-պոնտական պատուիրակութիւններու անդամները: Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող 106-ամեայ Քնար Եմենիճեանը: Ներկայ էին Եւրոպական Միութեան, Աւստրիոյ, Ուրուկուէյի, Արժանթինի եւ Թրինիտատի դեսպանները:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի Միացեալ մարմինին կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաք-քայլարշաւը այս տարի կը կրէր տարբեր բնոյթ: Առաջին անգամ ըլլալով նման մեծաթիւ մասնակիցներով կը կատարուէր քայլարշաւը: Օթթաուայի ոստիկանութիւնը այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Քանատայի խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ քանատահայերը կը կատարեն Մեծ եղեռնի ոգեկոչման ամէնամեայ աւանդական արարողութիւնը:

Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Գէորգ Ծ. վրդ. Զապարեան բացումը կատարեց Տէրունական աղօթքով: Օրուան հանդիսավար Լոռի Ապրաքեան իր բացման խօսքով յայտնեց, որ Թուրքիա ուրացման իր քաղաքականութեամբ կը շարունակէ եւ կը կրկնէ Ցեղասպանութեան հոլովոյթը:

Խօսք առաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի իշխանութիւններուն, որոնք հայութեան իրաւունքներուն եւ համաշխարհային առումով մարդկային իրաւանց պաշտպան կը հանդիսանան:

Հաւաքին յատուկ հրաւիրուած Քանատայի պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քենի վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քանատայի կառավարութեան դիրքորոշումը եւ  խօսքը ուղղելով ժողովուրդին յատնեց. Քանատան կը հաւատայ յիշողութեան: Ահա թէ ինչու 2002-ին, Քանատայի Ծերակոյտը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Ահա թէ ինչու 2004-ին Ներկայացուցիչներու տունը, բանաձեւով մը, զոր հովանաւորելու պատիւը ունեցած եմ, ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Եւ ահա թէ ինչու 2006-ին Քանատայի կառավարութիւնը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:

Նախարար Քէնի անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու կացութեան` յայտնելով, որ պէտք է կանխել Իսլամական պետութեան կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուող ցեղասպանական արշաւը:

Նախարար Քենի իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ Քանատայի կառավարութիւնը զօրավիգ կը կանգնի թիւ 587 բանաձեւին, որ ապրիլ ամիսը հայ ժողովուրդի եւ ազգաբնաջնջման ենթարկուած ժողովուրդներու յիշատակման օր կը հռչակէ:

Քանատայի «Կանաչ»-ներու կուսակցութեան ղեկավար Էլիզապեթ Մէյ իր կուսակցութեան զօրակցութիւնը յայտնեց հայութեան:

Նոր Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Պուլրիս յայտնեց, որ Քանատայի Նոր դեմոկրատները կը դատապարտեն Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը:

Պահպանողական կուսակցութեան բանբեր եւ խորհրդարանի անդամ Պրատ Պաթ յայտնեց, թէ թիւ 587 բանաձեւի վաւերացումը իբրեւ ուղեցոյց անհրաժեշտ է Քանատայի եւ միջազգային ընտանիքին համար, որպէսզի ապագային կանխարգիլուին ցեղասպանութեան փորձերը:

Ազատական կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Իրուին Քաթլըր, որ յատնեց, թէ Քանատայի Ազատական կուսակցութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնած է հայութեան արդար դատին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի միացեալ մարմինին կողմէ խօսք առաւ Մհեր Գարագաշեան, որ դատապարտեց Անգարայի վերնախաւի ուրացման եւ ժխտման քաղաքականութիւնը:

Հաւաքը իր աւարտին հասաւ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով:

4-24-15_Otawa3Խորհրդարանի դիմաց հաւաքի աւարտէն ետք 10,000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 500 թուրք ցուցարարները հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկաններու ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին արդէն տեղեկացուեցաւ, թէ Քանատայի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է թիւ 587 բանաձեւը:

Բողոքի ցոյցին ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիր, որուն ընթացքին հայ երիտասարդները հաստատեցին պահանջատիրական երթը շարունակելու  նոր սերունդի վճռակամութիւնը:

Ոգեկոչման Ձեռնարկներ` Իրաքի Մէջ

4-24-15_iraq-(1)Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի խորհրդարանի հայ երեսփոխան Երուանդ Նիսան Մարկոս 1915-ին տեղի ունեցածը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցող օրինագիծ ներկայացուց, կը տեղեկացնէ քրտական «Ռատաւ» կայքը:

Կը նշուի, որ Իրաքի քրտական շրջանի խորհրդարանի անդամներուն մեծ մասը կ՛աջակցի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագիծին:

4-24-15_erbilՀայերը Էրպիլի Այնքաուա քաղաքին մէջ ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Ոգեկոչման ձեռնարկը կատարուեցաւ Քաղդէացիներու Ում Մաունա եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի մատուցումով: Պատարագին ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ` հայեր, ասորիներ, քաղդէացիներ, ինչպէս նաեւ քրտական ինքնավար շրջանի տեղական կառավարութեան ներկայացուցիչներ, քիւրտեր եւ եզիտիներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը: Ձեռնարկին արտասանուեցան խօսքեր, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններ, ցուցադրուեցաւ Երեւանի մէջ ցեղասպանութեան արարողութիւններէն արձակուած տեսանիւթեր, նաեւ Վատիկանի պապի քարոզի խօսքէն հատուածներ:

4-24-15_dhokՀայ առաքելական եկեղեցին Իրաքի Տհոք քաղաքին մէջ նշեց 100-րդ տարելիցը Հայոց ցեղասպանութեան: Ձեռնարկներու շարքին կազմակերպուեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են այն դաժանութիւնները,  որոնց ենթարկուած է եւ կ’ենթարկուի մարդկութիւնը:

Յիշենք, որ Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանին մէջ կ’ապրին աւելի քան 3500 հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը կեդրոնացած են Տհոք քաղաքին եւ անոր մերձակայ շրջաններուն` Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի մէջ. անոնք հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ են:

 24 Ապրիլը` Ասթանայի Մէջ

4-24-15_astanaՆախաձեռնութեամբ Ղազախստանի մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպան Արա Սահակեանի, 24 ապրիլին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Ասթանայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին Ղազախստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Վազգէն Գաւլաքեան, Ասթանա գտնուող Ռուսիոյ ծերակոյտի անդամ փրոֆ. Ռաֆայիլ Մարիմանովիչ Զինվորով, ինչպէս նաեւ Ասթանա հաստատուած հայաստանցիներ, որոնք լեցուցին եկեղեցւոյ սրահը: Կատարուեցաւ ռուսերէնով պատարագ, որմէ ետք պատարագիչը իր քարոզին մէջ նշեց հայ քրիստոնեայ ազգին տառապանքն ու կորուստը կոտորածի արհաւիրքներուն ընդմէջէն` բարձր գնահատելով հայոց քրիստոնէական հաւատքին կառչելու վճռակամութիւնը: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ներկաները մեկնեցան Հայաստանի դեսպանատուն, ուր Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանները օրուան պատգամը փոխանցեցին ներկաներուն: Ռուս ծերակուտականը իր խօսքը փոխանցեց հայերէնով` տրուած ըլլալով, որ ան ուսումնասիրած է հայոց պատմութիւնը եւ դարձած է պատմագէտ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց այս առիթով ըլլալու հայերու կողքին եւ անոնց հետ նշելու զոհերու յիշատակը: Ան կը կրէր գլխարկ մը, որուն վրայ գրուած էր` «Ես հայ եմ»:

Ոգեկոչման Ձեռնարկներ`
Սթրազպուրկի Մէջ

4-24-15_strasbourg124 ապրիլին Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցան ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ: Նախ քաղաքի կեդրոնական մասէն սկսաւ քայլաշաւ, որ անցաւ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտէն:

Ապա Սթրազպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը, հայ համայնքին ներկայացուցչութիւնը եւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի հայկական պատուիրակութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեցին Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Սթրազպուրկի` զոհերու յիշատակի յուշակոթողին:

Երեկոյեան Սթրազպուրկի եկեղեցւոյ մէջ հնչեց հոգեւոր երաժշտութիւն` ի յիշատակ սրբադասուած անմեղ զոհերու հոգիներու խաղաղութեան:

Իրանի Մէջ`

4-24-15_teh-24-24-15_teh-123 եւ 24 ապրիլ 2015-ին Իրանի զանազան շրջաններուն մէջ կազմակերպուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ: Ձեռնարկներուն ամէնէն յատկանշականը Թեհրանի հայ համայնքին կազմակերպած բողոքի ցոյցն էր` Իրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց: Նշեալ բողոքի ցոյցին կողքին տեղի ունեցաւ նաեւ բողոքի քայլարշաւ` Նոր Ջուղայի մէջ, բողոքի հաւաք` Թաւրիզի մէջ, իսկ 23 ապրիլի երեկոյեան Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկում եւ մոմավառութիւն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան մարզադաշտին մէջ:

Բողոքի Ցոյց` Թիֆլիսի Մէջ
Թրքական Դեսպանատան Առջեւ

4-24-15_tiflis-(1)Ապրիլ 24-ին Թիֆլիսի մէջ թրքական դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը: Ցուցարարները թրքական պետութենէն պահանջեցին, որ ընդունի 1915-1923 թուականներու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կատարէ հատուցումը: Այս ցոյցին միացած էին Թիֆլիսի մէջ գործող հայկական հոգեւոր եւ աշխարհիկ-հասարակական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ վրացի քաղաքական գործիչներ: Անոնք միաժամանակ կոչ ուղղեցին Վրաստանի իշխանութիւններուն` յարգելու երկրին հայ քաղաքացիներուն իրաւունքները եւ սկսելու Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման հոլովոյթին:

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Խուռներամ բազմութեամբ հայեր ուղղուեցան Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցի` մասնակցելու սուրբ պատարագին:

Յաւարտ Ս. պատարագի, պատարագիչ Նարեկ քհնյ. Ղուշչեան փոխանցեց օրուան խորհուրդը` նշելով նաեւ նախորդ օրը Մայր աթոռ Էջմիածինի մէջ սրբադասուած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, սուրբեր, որոնք դարձան հայ ժողովուրդի պահապանները երկինքի մէջ: Տէր հայրը երախտիքի խօսքեր ուղղեց նաեւ այն պետութիւններուն, որոնք օժանդակած են ջարդերէն ճողոպրած հայորդիներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն երկիրներուն, որոնք ընդունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան նաեւ բարձր գնահատեց վիրահայոց մասնակցութիւնն ու մատուցած յարգանքի տուրքը հայ ազգի սուրբ նահատակներուն:

Ս. պատարագէն ետք, ներկաները ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու  յիշատակի խաչքարին: Ապա ժողովուրդը բողոքի պաստառներով ուղղուեցաւ Թիֆիլիսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն:

Նշենք, նաեւ, որ Ապրիլ 24-ին յիշատակի պատարագներ, բողոքի ցոյցեր եւ խաղաղ հանրահաւաքներ տեղի ունեցան Վրաստանի հայաբնակ բոլոր քաղաքներուն, շրջաններուն եւ գիւղերուն մէջ:

 «Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ» Հանրահաւաքը`
Մոսկուայի Մէջ

4-24-15_Moscow«Ռուս հայկական համագործակցութեան» եւ «Ռուսիոյ հայերու միութեան» կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հանրահաւաքը` Գորկիի անուան կեդրոնական զբօսայգիին մէջ: Այս ձեռնարկին մասնակցեցան հայկական կազմակերպութիւններու անդամներ, Ռուսիոյ պետական, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Ռուսիոյ, Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ այլ երկիրներու դրօշներով պատուած հրապարակին վրայ, ուր հաւաքուած էր աւելի քան երեք հազար մարդ, ելոյթ ունեցան ռուս եւ հայ քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ: Բոլորն ալ իրենց խօսքերուն մէջ համերաշխութիւն եւ աջակցութիւն յայտնեցին ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հետագային անոր կրկնութիւնը կանխելու հարցին մէջ հայ ժողովուրդի պահանջին: Ելոյթներէն բացի հնչեցին նաեւ վառ բանաստեղծութիւններ Արարատի մասին: «Ռուս-հայկական համագործակցութեան» նախագահ Եուրի Նաւոյեան ընդգծեց, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը, այսօր ունենալով իր պետականութիւնը, բանակը, արտաքին քաղաքականութիւնը եւ բազմաթիւ երկիրներու հետ դաշնակցային յարաբերութիւններ, իրաւահաւասարութեան դիրքերէն հետամուտ է իր խնդիրներու լուծման:

Ուրուկուէյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ
Տարելիցի Ձեռնարկին Մասնակցած Է
Երկրի Նախագահ Թապարէ Վասքեզը

4-24-15_UruguayՈւրուկուէյի Մոնթեվիտէօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ, որուն մասնակցած է Ուրուկուէյի ամբողջ քաղաքական վերնախաւը: Ձեռնարկին մասնակցած են երկրի նախագահ Թապարէ Վասքեզ, փոխնախագահ  Ռաուլ Սենտիք, նախկին նախագահ Խոսէ Մուխիքա, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով «ՓրենսաԱրմէնիա»-ին:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկային տեսակի ամէնէն սարսափելի քայքայումն է, ամէնէն հրէշաւոր քայլը», իր ելոյթին մէջ շեշտած է Ռաուլ Սենտիք:

Յիշատակի ձեռնարկին ընթացքին բարձրաստիճան հիւրերը խօսած են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին եւ քննադատած Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքը:

Սերպիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Է
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու
Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

4-24-15_serbiaԱպրիլ 24-ին Սերպիոյ Հայկական միութեան նախագահ Սամուէլ  Այվազեանի գլխաւորութեամբ քանի մը տասնեակ մարդիկ հաւաքուած են Ս. Գաբրիէլ հրեշտակապետի եկեղեցւոյ բակին մէջ, հայկական խաչքարին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն:

Արարողութիւնը սկսած է պատարագով, բոլոր հաւաքուած հայերն ու հայութեան համակրողները անմոռուկ կը կրէին, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ, որոնք ապացոյցն են հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած  Ցեղասպանութեան: Ներկայ հայերուն եւ հիւրերուն ողջունած է Սերպիոյ Հայկական միութեան նախագահ Սամուէլ Այվազեան: Ելոյթ ունեցած է Սերպիոյ մէջ բնակող` Ցեղասպանութենէն Սերպիա տեղափոխուած ընտանիքներու ժառանգորդներէն մէկը, կը հաղորդեն Սերպիոյ Հայկական միութենէն:

Ձեռնարկին ընթացքին հնչած է «Ախ, Վասպուրական»-ը Թամարա Գրիգորեան-Լուքովիչի կատարողութեամբ, սերպ բանաստեղծ Լիւպիցա Միլեթիչի նոր լոյս տեսած «Արդի հայկական պոեզիա» բանաստեղծութիւնները կարդացած է Անժելա Երեմեան-Նետելքովիչ: Գիրքը հրատարակուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` Սերպիոյ Հայկական միութեան աջակցութեամբ:

Ռումանիոյ Փիթեշթ Քաղաքին Մէջ
100 Ծաղիկ Եւ Ծառ Տնկած Են`
Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն

4-24-15_romania25 ապրիլին Ռումանիոյ Փիթեշթ քաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայկական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին եւ Ռումանահայոց միութեան Փիթեշթի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ` Փիթեշթի մօտակայքը` Կոլեշթ թանգարանին մէջ 100 ծաղիկ եւ ծառ տնկուած է` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու, կը հաղորդէ Ռումանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ մը:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան, Փիթեշթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հեթում քհնյ. Թարվերդեան, Արճեշի նահանգապետ Ֆլորին Տըկուն, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արսէն Միքայէլեան, Ռումանիոյ մէջ Շուէտի հիւպատոս Մարիա Վանտել, Արճեշի արքեպիսկոպոսարանի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Փիթեշթ եւ Պուքրէշ քաղաքներէն բազում հիւրեր:

Ծաղիկները եւ ծառերը տնկելէ ետք սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ, որ շատ շնորհակալ է Ռումանիոյ ժողովուրդին, որ մէկ դար առաջ ջերմօրէն ընդունած են մազապուրծ եղած հայութիւնը, եւ մինչեւ այսօր հայերը կը շարունակեն Փիթեշթի մէջ ապրիլ եւ ստեղծագործել: Նշենք, որ մէկ տարի առաջ Փիթեշթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հեթում քհնյ.  Թարվերդեանի եւ ծխական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, Փիթեշթի նախկին քաղաքապետ Թէոտոր Պենտիուքի օգնութեամբ առաջին խաչքարը կանգնուեցաւ Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին:

Յիշատակի Երեկոներ` Նանճինկի Եւ Շանկհայի Մէջ

4-24-15_chinahyeՉինաստանի մէջ հայկական միութիւնը կազմակերպեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ:

24-25 ապրիլին Չինաստանի Նանճինկ եւ Շանկհայ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան յիշատակման եւ ոգեկոչման արարողութիւններ: Նանճինկ քաղաքը ընտրուած էր իբրեւ ցեղասպանութեան յիշատակման կեդրոն, քանի որ 1937-ին ճափոնցիները Նանճինկի մէջ կոտորած են 300,000 չինացիներ եւ ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան պարագային` Նանճինկի կոտորածներուն կազմակերպիչները չեն ընդունիր իրենց մեղքը:

Չինաստանի մէջ հայկական համայնքի անդամները այցելեցին Նանճինկի ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան եւ Նանճինկի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Արուեստի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ նկարներու ցուցահանդէս, դաշնակի համերգ եւ «Գետը կարմիր կը հոսի» ժապաւէնի ցուցադրութիւն: Ապա Չինաստանի հայկական համայնքի անդամները ներկայացուցին իրենց նախնիներուն` ցեղասպանութեան մասին պատմած տեղեկութիւնները` հաստատելով, որ կը յիշեն եւ կը պահանջեն:

Շանկհայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման երեկոյ, որ աւարտեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կազմակերպուած մոմավառութեամբ:

Պոլոնիոյ Մէջ Պիտի Ցուցադրուի
Ցեղասպանութեան Մասին
Արմին Վեկների Լուսանկարը

Պոլոնիոյ համալսարանին մէջ բացումը պիտի կատարուի գերմանացի բժիշկ եւ գրող Արմին Վեկների` Ցեղասպանութեան մասին լուսանկարներու ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Փիետրօ Քուչուքեան:

Ընդհանուր առմամբ, ցուցահանդէսին ընթացքին 24 ցուցանմուշ պիտի ներկայացուի. լուսանկարներ, բնագիրներ, քարտէսներ, պատմական փաստաթուղթեր: Այդ ամէնը կը ներկայացնեն Արմին Վեկների գործունէութիւնը. վերջինս փորձած է աշխարհին տեղեկացնել, թէ ի՛նչ կը կատարուի Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ տարածքներուն մէջ:

Ցուցանմուշներուն մէջ պիտի ըլլայ նաեւ 1933 թուականին Հիթլերին ուղղուած կոչ-նամակը` նպատակ ունենալով դադրեցնել հրեաներու առաջին կոտորածները: Նշենք, որ այդ նամակին պատճառով Վեկներ ձերբակալուեցաւ եւ յայտնուեցաւ համակեդրոնացման ճամբարին մէջ, ուրկէ հետագային յաջողեցաւ փախուստի դիմել:

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով . Երգչախմբային Ելոյթ Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?