Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Ընթացքին. Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ Ծաղկեպսակ Զետեղեց Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Ապրիլ 29, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-23-15_jmb-1Հայկազեան համալսարանին հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ համալսարանի զանազան ակումբներուն, մէկ շաբթուան  տեւողութեամբ տեղի ունեցան տարբեր ձեռնարկներ, որոնք  նուիրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Սոյն ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, Հայկազեան համալսարանը հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կազմակերպած էր Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման խորհրդանշական հանդիսութիւն մը, որ նուիրուած էր Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն: Հանդիսութեան ներկայ էին Հայկազեան համալսարանի նախագահը, ուսուցչական եւ վարչական կազմերը, ուսանողները, շրջանաւարտները, «Թրատ» հիւանդանոցէն պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ:

4-23-15Էjmb-2Հանդիսութեան բացումը կատարեց ՀՄՄ-ի շեփորախումբը`  Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի սկաուտներու եւ ՀՄՄ-ի սկաուտներուն ընկերակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ծաղկեպսակներ զետեղեցին  համալսարանի բակին մէջ գտնուող յուշարձանին առջեւ` ի յարգանս մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:

Նշենք, որ իւրաքանչիւր ուսանող իր կարգին զետեղեց ծաղիկներ`  յուշարձանին առջեւ:

Աշրաֆ Պատրէտտին Հայկազեան համալսարանին կողմէ փոխանցեց բացման խօսքը: Ան նկատել տուաւ, որ հաւաքուած են յիշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: «24 ապրիլ 1915-ը յարգանքի օր է, ներումին եւ վայրի ցեղասպանութեան զննութիւնն է, 24 ապրիլ 1915-ի յիշատակումը նաեւ դատապարտումն է մարդկութեան անտարբեր, սնապաշտ եւ տգէտ վերաբերմունքին», աւելցուց Պատրէտտին:

Ան իր խօսքը փակեց լուսարձակի տակ առնելով հայ ժողովուրդի պայքարող ոգին` օրինակ տալով Հայկազեան համալսարանը, որ այս տարի կ՛ամբողջացնէ իր 60-րդ տարեդարձը:

Ապա տեղի ունեցաւ «Հարիւր ձայն» խորագրեալ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ պատրաստուած էր Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն կողմէ:

Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան Հայկազեան համալսարանի երկարամեայ դրացիին` Ուալիտ Ժոմպլաթին իւրայատուկ մասնակցութիւնը ողջունելէ ետք հարց ուղղեց ներկաներուն, թէ ան ինչպէ՞ս պէտք է հաշուէ նահատակները` շեշտելով, թէ անոնք միայն թիւ չէին, այլեւ` ազգային եւ մշակութային արժէքներ, որոնց կորուստը  հետեւանք դարձաւ հազարաւոր հայ նոր սերունդներուն չծնելու, հազարաւոր գիրքեր չգրուելու, ինչպէս նաեւ հազարաւոր երգեր չերգուելու: «Այսօր, այս վայրէն կը յայտնենք, թէ լիայոյս ենք, որովհետեւ նոր սերունդներ կը մշակուին հո՛ս` Հայկազեան համալսարանին մէջ, շնորհիւ ամերիկացի Էլիզապեթ եւ Մարի Ուեպ քոյրերուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Հայոց ցեղասպանութենէն փախստական աղջիկներու փրկութեան եւ ուսուցման` կառուցելով Հայկազեան համալսարանի առաջին շէնքը», աւելցուց վեր. Հայտոսթեան:

Ան իբրեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ փոխանցեց հինգ պատգամներ, որոնք կարելի է խտացնել հետեւեալներուն մէջ` օգնել ուրիշներուն, որպէսզի լաւ կեանք ապրին, արդարութեամբ պատմել պատմութիւնները, ամէն ինչ ընել, որպէսզի զօրակցինք տկարին, կատարել խորագիտացած ուսումնասիրութիւններ թիւր քարոզչութիւններէ հեռու մնալու նպատակով եւ մեր հոգին վար պահել ընդդէմ ամէն տեսակի դժուարութիւններու: «Աշխատի՛նք ի խնդիր արդարութեան, իրաւունքին, խաղաղութեան եւ գիտակցութեան, որոնք բոլոր տեսակի զէնքերէն ալ բարձր եւ զօրաւոր են», կոչ ուղղեց Հայտոսթեան:

Հայկազեան համալսարանի Աւանդներու ակումբին անունով խօսք առաւ Եարա Նասեր, որ հաստատեց, որ իբրեւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներ, անոնք պիտի միացնեն իրենց ուժերն ու տաղանդները` արդար եւ խաղաղ աշխարհ մը ձեռք բերելու համար: «Մենք պիտի դիմադրենք ամէն տեսակի անմարդկային ոճրագործութիւններուն», հաստատեց Նասեր:

Նշենք, որ հանդիսութեան ընթացքին Հայկազեան համալսարանի Աւանդներու ակումբը բաժնեց ապարանջաններ, որոնք կը կրէին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող  գրութիւն մը: Անոնք նաեւ բաժնեցին ջուրի շիշեր, որոնք կը կրէին «Ջուրը իրաւունքդ է, նոյնպէս` ապրիլը» անգլերէն նախադասութիւնը, ինչպէս նաեւ փողկապներ եւ թի-շըրթներ:

ՀՄՄ-ի շեփորախումբը փակեց հանդիսութիւնը «Սարդարապատ» յաղթերգին երաժշտութեամբ:

Յայտնենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ծաղկեպսակ զետեղեց նաեւ Անթիլիասի Սրբոց Նահատակաց մատուռին առջեւ:

Նախորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները Աննախընթաց Ելոյթով Ներկայացուցին «Կարօտի Եւ Պայքարի Ղօղանջներ»-ը

Յաջորդը

Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Շրջանը Ռմբակոծութեան Ենթարկուած Է

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In