Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Խոնարհած Ծաղիկները
Նոր Կեանք Պիտի Ստանան «Ծաղկահաւաքի» Ճամբով
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին կից սկսաւ աւանդական դարձած «Ծաղկահաւաք»-ը:
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի փոխտնօրէն Եւա Մարտիրոսեանը «Արմէնփրես»-ին յայտնած է. «Այս հազարաւոր ծաղիկները յատուկ տեխնոլոգիայով վերամշակուելու են, ինչի արդիւնքում ստացուելու է գրելու թուղթ: Այն նուիրաբերուելու է Ցեղասպանութեան թանգարանին, որն այն գործածում է յուշագրեր, շնորհակալագրեր եւ նամակներ պատրաստելիս: Իսկ ծաղիկների մնացած մասին պատրաստուած պարարտախառնուրդն օգտագործւում է Յիշողութեան պուրակի հողի մշակման համար»:
Երիտասարդական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դպրոցականներ ու ուսանողներ, կամաւորներ թոմրած ծաղիկները հաւաքելէ ետք ցօղունը կ՛անջատեն ծաղկաթերթիկէն: Առաջինէն կը պատրաստուի պարարտախառնուրդը, իսկ թերթիկներէն` վերամշակուած թուղթ: Մէկ քիլոկրամ չորցած ծաղկաթերթիկէն կը գոյանայ A3 չափի 40 թուղթ:
Ծաղկահաւաքին մասնակցողներուն կարգին է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, որուն գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը հաստատեց, որ այդ ծաղիկներու վերամշակման գաղափարը նոր եւ իւրայատուկ է: «Ասիկա պատասխանատու վերաբերումի դրսեւորում է շրջակայ միջավայրին նկատմամբ, քանի որ ծաղիկները նոր կեանք կը ստանան: Անիկա նաեւ յարգալից վերաբերում է ծաղիկները բերողներուն նկատմամբ: Բացի ատկէ, նախաձեռնութիւնը խորհրդանշական իմաստ կը կրէ, որովհետեւ ծաղիկի թերթերէն պատրաստուած թուղթը կ՛օգտագործուի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ», յայտնած է Ռալֆ Եիրիկեան:
ՀՕՄ-ի Կազմակերպութեամբ Միջազգային Գիտաժողով Երեւանի Մէջ
Ապրիլ 17-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Հայ կինը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ» խորագրով միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Ողջունելով ներկաները` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է. «Ուրախ եմ, որ այսօր հայ կանայք հաւաքուած են` միատեղ քննարկելու հայ կնոջ դերը Ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդած տարիներուն: Բոլորիս քաջ յայտնի է, որ հայ կինը հայ ընտանիքի հիմնասիւնն է, որուն վրայ կը կառուցուի հայկականութիւնը: Հայ եկեղեցւոյ, պետութեան, ընտանիքի եւ հայոց լեզուի կարեւորագոյն սիւներուն հիմքին վրայ շաղախուած է հայ կնոջ ինքնազոհութիւնը, նուիրումը` ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ աշխարհի մէջ: Ցաւօք սրտի, հայ կինը կրած է հայոց պատմութեան ծանրագոյն բեռը, անցած է պատմութեան տարբեր հանգրուաններով, Եղեռնի տարիներուն ամէնէն մեծ սարսափները եւ տառապանքները տարած, դաջուած եւ մարտիրոսացած է»:
Նախարարը յատուկ կերպով անդրադարձած է Զապէլ Եսայեանին, որ հասաւ մինչեւ Եւրոպայի խորհրդաժողով, կրցաւ իր ձայնը լսելի դարձնել, ինչպէս նաեւ Տիանա Աբգարին` Ճափոնի մէջ Հայաստանի առաջին դեսպանին, օգնեց փաստաթղթաւորելու հայ կին գաղթականները:
Գիտաժողովի մասնակիցները ողջունած են ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանը. «Կարծես երէկ էր, երբ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, միակամ եւ միաբերան վերջ տուաւ ողբ ու կոծին եւ տարաւ իր արդար Դատը եկեղեցւոյ դարպասէն դէպի քաղաքական բեմ` ոչ իբրեւ մարտիրոսացած ժողովուրդ, այլ` իբրեւ վերազարթնող ազգ, պատրաստ` ամէն զոհողութեան, պատրաստ պայքարելու` իբրեւ արդարութեան եւ հատուցման պահանջատէր, մինչեւ վերջնական յաղթանակ»:
Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նարինէ Գալստեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է հայ կնոջ դերը եւ նշած է, որ հայ կինը ինչպէս անցեալին, այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր կոչման: Սթոքհոլմէն իր ողջոյնի խօսքը յղած է «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնի հեղինակ Սիւզան Խարտալեանը, ապա ցուցադրուած են ժապաւէնէն բաժիններ:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հասարակական, քաղաքական գործիչ Իշխանի (Նիկողայոս Պօղոսեան) անունը կրող բարձը նուիրած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանի:
Յայտնենք, որ «100 բարձ ապրելու համար» նախագծի ծիրին մէջ 100 բարձերը պիտի փոխանցուին սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն:
Արեւմտահայ Բանաստեղծ Սիամանթոյի Կիսանդրիի Բացում
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Երեւանի Սիամանթոյի անուան թիւ 162 դպրոցի բակին մէջ բացումը կատարուած է արեւմտահայ բանաստեղծի կիսանդրիին: Հանդիսաւոր բացումը կատարած են` Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, կիսանդրիի տեղադրութեան աջակցած Աննա Քոչարեան եւ դպրոցի տնօրէն Աննա Ստեփանեան:
Գեղարուեստական բաժինով դպրոցի սաները ներկայացուցած են հատուածներ Սիամանթոյի ստեղծագործութիւններէն: Դպրոցին երգչախումբը կատարած է Սիամանթոյի «Սուրբ Մեսրոպ» եւ «Սրինգ» բանաստեղծութիւններու հիման վրայ Դանիէլ Երաժիշտի կողմէ գրուած երգերը: Հիւրերը եւ դպրոցի կազմը ծաղիկներ զետեղելով` խոնարհած են Սիամանթոյի կիսանդրիին առջեւ` յարգանքի տուրք մատուցելով բանաստեղծի յիշատակին:
Ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան նկատել տուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն կարգին, իր առանձնայատուկ խորհուրդը ունի նաեւ Մեծ եղեռնին զոհ գացած արեւմտահայ բանաստեղծ Սիամանթոյի կիսանդրիին բացումը:
«Քանդակը իսկապէս շատ տպաւորիչ է: Արեւմտահայ մեծագոյն պոէտի ոգին, որ մարմնաւորուած է այս քանդակին մէջ, միեւնոյն ժամանակ կ՛արտացոլայ Պոլսոյ մշակոյթի ամբողջականութիւնը, որովհետեւ անոր նայելով` նաեւ պիտի վերյիշենք մեր միւս բոլոր մտաւորականները, որոնք եւս դարձան եղերական 1915-ի անմեղ նահատակներ: Սիամանթոյի այս քանդակը, անոր իսկ բանաստեղծական ոգիով, բոլորիս եւ յատկապէս այս հրաշալի փոքրիկներուն մէջ մեր արդար պահանջը կ՛արթնցնէ եւ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ», յայտնած է փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեան:
Հաղորդենք, որ Սիամանթոյի կիսանդրիին հեղինակն է քանդակագործ Տիգրան Արզումանեան, ճարտարապետը` Հայկ Ասատրեան:
«Ցաւի, Յիշողութեան Եւ Պայքարի Կոթողներ».
15 Գիրքերու Շնորհահանդէս
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ 13 ապրիլին կայացաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ պատուէրով հրատարակուած 15 գիրքերու, ինչպէս նաեւ «Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական միութեան» նախաձեռնութեամբ եւ նախարարութեան աջակցութեամբ տպագրուած «Կրկին կը վերակառուցենք» խորագրով օրացոյցին շնորհահանդէսը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց աշխատակազմի ուժերով լոյս ընծայած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը, ուր ներկայացուած են Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողներու լուսանկարները, տրուած են տեղեկութիւններ այդ յուշակոթողներուն մասին: Պատկերագիրքը հինգ լեզուով է` հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն: Գիրքը 2010-ին լոյս տեսած պատկերագիրքին վերամշակումն է:
Նախարարը ներկայացուց նաեւ «21-րդ դարու մարտահրաւէրները եւ Հայաստանի անվտանգութեան հիմնահարցերը» եւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ» համահայկական համաժողովներու նիւթերու ժողովածուները:
Հայաստանի արդարադատութեան փոխնախարար Վիգէն Քոչարեան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ ժողովածուին, ուր տեղ գտած տուեալներուն մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով հայերէն լեզուով լոյս կը տեսնէ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուց «Պաքուի հայութեան պատմութիւնը» աշխատութիւնը (Գ. Ստեփանեան), ուր Պաքուի հայ բնակչութեան պատմաժողովրդագրական համահաւաք պատկերն է` կանուխ ժամանակներէն մինչեւ յունուար 1990 ներառեալ:
Աշոտ Մելքոնեանի ներկայացումով` շնորհահանդէսին մասնակիցները ծանօթացան «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին» աշխատութեան (Ոսկան Մխիթարեան, Վահան ծ. վրդ. Օհանեան): Հատորը կը բովանդակէ Ցեղասպանութեան նախորդած ժամանակաշրջանի նիւթերը` 1890-1914 թուականներուն:
Ա. Մելքոնեան անդրադարձաւ նաեւ նախարարութեան ջանքերով կազմուած, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրատարակուած «Հայկական պետութեան սահմանները` ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի» գիրքին, «Գրիգոր Գուլգուլեանի գործը: Վրէժ սպաննուած հօր եւ եղբայրներու համար» գիրքը:
Երեւանի պետական համալսարանի Եւրոպական ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Արթուր Ղազինեան խօսեցաւ «Արտերկրի մէջ գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան իրաւական կարգավիճակը` Թուրքիա, Իսրայէլ, Հնդկաստան» գիրքի մասին (փորձագէտներ` Լ. Միրզոյեան, Լ. Կարապետեան, գիտական խմբագիր` Ա. Ղազինեան, Ա. Մկրտչեան):
«Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու ընկերակցութեան» համանախագահ Գոհար Թութունճեան ներկայացուց «Կրկին կը վերակառուցենք» օրացոյցը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Ղուլարեան դիտել տուաւ, որ «Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու ընկերակցութիւնը» նպատակ ունի սփիւռքի հայ համայնքներուն միջոցով օրացոյցը հասանելի դարձնել հանրութեան լայն շրջանակներու` նպաստելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան աստիճանի բարձրացման եւ ճարտարապետական հին եւ նոր մշակութային արժէքներուն:
ԳԿՀ հայագիտական կեդրոնի ղեկավար Արիստակէս Սիմաւորեան ներկայացուց «Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները Թուրքիոյ մէջ. Ժամանակակից միտումներ» աշխատութիւնը եւ Յ. Զատիկեանի` «Կարինի նահանգը 19-րդ դարու երկրորդ կէսին» աշխատութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները դիտեցին Արա Երնջակեանի կարճատեւ «Խաւարում» ժապաւէնը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան:
Ջրամատակարարման Համակարգի Բարելաւման
Միացեալ Ծրագիր Արազափ Գիւղին Մէջ
Ապրիլ 14-ին Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկին կողմէ նշուեցաւ Արմաւիրի մարզի Արազափ գիւղի ջրամատակարարման համակարգի բարելաւման ծրագրի աւարտը:
Այս առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ էին Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Քարըն Հիլիըրտ, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկին հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեան, Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեան, Արազափի գիւղապետ Մանուէլ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ` համայնքի ներկայացուցիչները: Նախաձեռնութեան մասնակիցները այցելած են գիւղ, որուն ընթացքին անոնց ներկայացուեցաւ ջրամատակարարման նոր համակարգը եւ նոր ենթակառոյցներու գօտի:
Արազափի մէջ իրականացուած ծրագրին իբրեւ արդիւնք` պիտի բարձրանայ գիւղի ջրամատակարարման համակարգի արդիւնաւէտութիւնը, պիտի նուազին կորուստները եւ աղտոտման վտանգները, պիտի արձանագրուին ջուրի եւ ուժանիւթի էական խնայողութիւններ: Արազափի բնակիչները այժմ ունին շուրջօրեայ որակեալ ջրամատակարարում` նախապէս ունեցած օրական երեք ժամուան փոխարէն: Այսպիսով, նախնական հաշուարկներուն համաձայն, համայնքին մէջ պիտի ապահովուի տարեկան մօտաւորապէս 72 հազար խորանարդ մեթր ջուրի եւ 30 մեկաուաթ/ժամ հոսանքի խնայողութիւն:
2014-ին Միջազգային զարգացման գործակալութեան, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկին համագործակցութեան շնորհիւ` Արմաւիրի մարզի Արազափ եւ Լուկաշին, ինչպէս նաեւ Տաւուշի մարզի Արծուաբերդ եւ Բերքաբեր գիւղերուն մէջ իրականութիւն դարձած են ջրամատակարարման համակարգի բարելաւման ծրագիրները` բնակչութեան ըմպելի ջուրով ապահովելու եւ կենսապայմաններ բարելաւելու նպատակով: Վերոնշեալ ծրագիրներէն օգտուողներուն թիւը կը հասնի 7 հազար հոգիի: Չորս ծրագիրներու իրականացման համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը յատկացուցած է 70 միլիոն, իսկ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը` 60 միլիոն դրամ: