Յօդուածներ

Մեր Ճիչը Զի՛լ Է, Զի՛լ Է

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ Սովորական ճիչ չէ սա: Այլ բողոք` յանուն արդարութեան, պոռթկում` վասն հայրենատիրութեան եւ ճիչ` վրէժխնդրութեան: 1915: Օսմանեան կայսրութեան ղեկին տիրացած երիտթուրքեր` առաջնորդութեամբ Թալէաթ փաշայի, 1911-ին իրենց որդեգրած դիւային ծրագիրը կենսակոչելու համար, միջազգային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները նպաստաւոր համարելով, նախաձեռնարկ եղան ազգ մը բնաջնջելու, արմատախիլ ընելու եւ զայն պատմութենէն ի սպառ անհետացնելու սադայէլական աշխատանքին: Մարդկային տարրական բարեմասնութիւններէ զուրկ, բարբարոսութեան եւ դաժանութեան իթթիհատական...

Մասիսի Լանջին Պիտի Պարե՞նք

ԺԵՆԻ  ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ-ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Անկեղծօրէն սկիզբը ես ալ շատերու նման անմոռուկի հանդէպ, մեղմ ըսած, համակրանք մը չունեցայ... Այդքան արուեստագէտ, տաղանդաշատ եւ բարձրաճաշակ հայը եւ ընդամէնը ծաղի՞կ մը պիտի խորհրդանշէր Մեծ եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը... «տեսնես` այդ ո՞ր մէկ ...ն է առաջարկած այդ յղումը», կը կրկնէր յաճախ իմ մէջ տաքարիւն պատանին, մինչեւ որ օր մը, նոյն իմ տրամաբանութիւն եւ դատողութիւն կոչուած երէցս արձագանգեց`...

Բոցակէզ Պատկեր… Բոցավառ Պատգամ…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Հասած է պահը, զոր «իրականացուցած եմ» յաճախ երազներուս մէջ, զայն ապրիլ տենչացած եմ մնայուն կերպով, անոր մասին կարդացած իւրաքանչիւր տողի հետ անիկա խոյացած է դիմացս իր պատկառելի շքեղութեամբ, զայն տեսնելու ու շօշափելի անուրջով օրօրուած եմ տակաւին փոքր տարիքէս... Հասած է պահը, սակայն հազիւ հեռուէն զայն նշմարած, վախն ու յուզումը միախառնուելով` կը համակեն ողջ էութիւնս, լայն բացած աչքերուս մէջ...

Թռիչք… Ամենակուլ Անդունդի Վրայէն

ԷՏՈՒԱՐՏ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Քառսուն կազ խոր հորում լինէք, թէ ջաղացի քարի տակին` Տ’ելնի ձեր դէմ Սասնայ Դաւիթ, տ’ելնի ձեր դէմ Թուր-Կեծակին...» «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպէն Վշտակիցներու բանակը աւելի ստուարացնելու եւ ամբողջացնելու սին յոյսով մեր ցաւը պիտի չչափազանցենք:  Շատ ըրած ենք այդպէս: Մեր ժողովուրդի քաղաքակրթական հանճարի,  եւ ի վերուստ տրուած բացառիկ առաքելութեան մասին բազմահազար ծնծղաներով  փառաբանման գովք եւս պիտի չընենք: Այդպէս ալ...

Եկէք` Ճանչնանք Մեր Դատը

ՍԵԶԱ  ՔԻՐԻՇՃԵԱՆ Տակաւին կը յիշեմ, հայկական վարժարանի նախակրթարանի շարքերէն ներս երբ աշակերտ էի, ամէն տարի ապրիլեան այս օրերուն շատ կը լսէինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որուն որպէս հետեւանք` մենք ծնած էինք հայրենիքէն հեռու, ու մեր ունեցուածքները` մեզմէ բռնի խլուած: Ահաւոր պատմութիւններ կը կարդայինք ու միշտ անվերջ անպատասխան մնացած հարցումներով լի տուն կը վերադառնայինք: Ամէնէն ահաւոր բանը, որ անդադար կը կրկնուէր սակայն,...

Ազգ, Որուն Հասցէն Անծանօթ Է Բախտին

Ազգ, Որուն Հասցէն Անծանօթ Է Բախտին

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ Բախտը իր ամբողջական իմաստին մէջ ունի զանազան իմաստներ եւ յարաբերական ձեւով կը տարբերի անձէ անձ կամ երկրէ երկիր: Կարգ մը ազգերու համար բախտի իսկական քաղցրութիւնը կրնայ ըլլալ հանքային եւ նաֆթային հսկայական պահածոներ  ունենալուն մէջ, ուրիշներու համար նիւթական եւ քաղաքական բարձր մակարդակի վրայ գտնուելուն մէջ, սակայն հայութեան համար այդ մէկը ունի ամբողջութեամբ տարբեր երեւոյթ մը. մենք  աւելի քան 9-10...

Անունի Կանչը… Արեան Կանչը

Անունի Կանչը… Արեան Կանչը

ԴԱԼԱՐ ԽԱՉԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ «Զարուհի՛... Զարուհի՜...»... Ասոնք եղան իր ականջներուն մէջ կրկնուող վերջին բառերը, երբ բաժնուեցան իր մատղաշ մատները քրոջը մատներէն: Կարաւանը քալեց ու քալեց, ինք չգտաւ իր քոյրերը: Զգաց առանձին, մինակ, օտար, տկար, անօթի ծարաւ... Քանի մը օրեր, շաբաթներ հետիոտն քալելէ ետք կարաւանը հասաւ անապատ: Մօտեցաւ արաբ պետեւիի մը, որ զինք առաւ տարաւ իր վրանը: Հոն գտաւ նոր մարդիկ, նոր...

Հաղորդագրութիւն.  Օրինակելի Նախաձեռնութիւն Մը

Հաղորդագրութիւն. Օրինակելի Նախաձեռնութիւն Մը

Պաուշրիէի Սեն Քէօր քոլեճի պատասխանատուներ գեղեցիկ գաղափարը յղացած են իւրաքանչիւր տարի ծառայութեան արշաւ մը կազմակերպելու Լիբանանի տարածքին գտնուող բարեսիրական հաստատութիւններ եւ կեդրոններ: Այս ծիրին մէջ, եւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, անոնք իրենց երկրորդ տարուան արշաւի թիրախ ընտրած են ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տունը` միաժամանակ թէ՛ իրենց յարգանքի տուրքը տալու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ թէ՛ իրենց սրտակցութիւնը յայտնելու լիբանանահայութեան նկատմամբ: Արդարեւ, 28...

Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով.  Յաջորդող Ամեակներու Անխուսափելի Ճանապարհը

Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Յաջորդող Ամեակներու Անխուսափելի Ճանապարհը

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Ուսումնասիրել պատմութիւնը ո՛չ իբրեւ նահատակի եւ զոհի հոգեբանութեամբ, այլ` յաղթողի»: ՌՈՊԸՐԹ ՖԻՍՔ Անգլիացի հանրաճանաչ լրագրող Բնականաբար, քաղաքական վերլուծաբանին եւ միջազգային ճանաչումի արժանացած լրագրողին վերոնշեալ գողտրիկ նախադասութիւնը իր պարզութեամբ իսկ կ՛ընդգրկէ հսկայածաւալ խորհուրդ եւ մարտահրաւէր: Խորհուրդ է ան, որովհետեւ ըսուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Այլապէս մարտահրաւէր, երբ հարցը կը վերաբերի մեր ազգային ու մանաւանդ` պետական հասկացողութիւններու, այսինքն` պահանջատիրական...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Արդարութեան Ծուխ… Վատիկանէն

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութեան Ծուխ… Վատիկանէն

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը` կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի»: ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊ Վատիկան 12 ապրիլ 2015 Այս անգամ նորընտիր պապի մը լուրը աւետող սպիտակ ծուխը չէր, որ կը ծածկէր Վատիկանը, այլ` թափանցիկ... արդարութեան ծուխը: Ի վերջոյ, այդ թափանցիկ ծուխն ալ ընտրութեան մը հետ կապ ունէր...

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի  Ո՞ւմ Են Պատկանում Դափնիները

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի Ո՞ւմ Են Պատկանում Դափնիները

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հետ կապուած աշխատանքները տալիս են իրենց արդիւնքները: Կարելի է ասել, որ ակնկալիքները հիմնականում իրականանում են: Ակնյայտ է նաեւ այն համահայկական խանդավառութիւնը, որ ծնունդ է արձանագրուած եւ դեռ արձանագրուելիք արդիւնքների: Այս խորապատկերի վրայ, հայ իրականութեան մէջ նկատելի է մի մասնաւոր երեւոյթ: Գտնւում են ոմանք, ովքեր ցանկանում են այս կամ այն ձեռքբերումները վերագրել իրենց աշխատանքին: Եթէ փորձենք յստակեցնել,...

«Պիտի Քալենք Մեր Նախնիներու 100 Տարի Առաջ Քալած Ուղիէն»

«Պիտի Քալենք Մեր Նախնիներու 100 Տարի Առաջ Քալած Ուղիէն»

Հարցազրոյցը  կատարեց եւ հայերէնի վերածեց` ՆՈՐԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ-ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Հայր ու աղջիկ պիտի քալեն գրաւեալ Հայաստանի Վան քաղաքէն մինչեւ Ժիպէյլի (Լիբանան)  «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով եւ ի յարգանս Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին: Յօրինող ու դասական երաժշտութեան մաէսթրօ-ղեկավար եւ կարիքաւոր պատանիներու օգնութիւն տրամադրելու նպատակով «Երեխաներու Մելքոնեան հիմնադրամ» բարեսիրական  հաստատութեան  հիմնադիր Վարդան Մելքոնեանին եւ դստեր` Վերոնիքա-Հայկանուշ Մելքոնեանին կատարելիք այս...

… Միւսներուն Կը Մնայ Հետեւիլ Վատիկանէն Լսուած Պատգամին

… Միւսներուն Կը Մնայ Հետեւիլ Վատիկանէն Լսուած Պատգամին

Տեղ մը կարդացած եմ, որ օր մը, երբ Ստալին կը պատրաստուէր քայլ մը առնելու, իր շրջապատէն մէկը իրեն յուշած է (բնականօրէն` վախէն չորցած բերանով), որ Վատիկանը կրնայ դէմ ըլլալ իր այդ քայլին: Ստալին պատասխանած է. «Վատիկա՞նը, քանի՞ զօրաբաժին ունի որ»: Անշուշտ Ստալին սխալած էր: Կը սխալին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք նման կասկածով կը մօտենան Վատիկանի որդեգրելիք որեւէ քայլին: Պապը մօտաւորապէս...

100-րդ Տարելիցին Առիթով Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչում Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

100-րդ Տարելիցին Առիթով Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչում Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

17 ապրիլ 2015-ին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը եւ աղօթքով, երգով ու ասմունքներով յարգանքի տուրք մատուցեց հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին: Ոգեկոչման ձեռնարկը սկսաւ վարժարանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի մեծաչափ նմանակին առջեւ բարձրացուած աղօթքով եւ «Տէր, ողորմեա»-ով` առաջնորդութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Պերճ վրդ. Սապէի: Ապա մասնակիցները ուղղուեցան «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահ, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան.  Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակի Պահանջատիրական Հաւաք

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Պահանջատիրական Հաւաք

Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրումը եւ հայ ժողովուրդին յարութիւնը նոր աւիւն հանդիսացած են աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդին: Արդարեւ, հայուն գոյատեւումը, պահանջատիրական ոգին եւ արդարութեան ձայնը ապրուած կեանքի իրողութիւն դարձան Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու կտակին ժառանգորդներուն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման իւրայատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 21 ապրիլ 2015-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի սրահին մէջ, հայերէն լեզուի դասատու Մարիա Նաճարեան- Ինճէեանի հսկողութեամբ եւ...

Հայկական Շաբաթ Սեն Քէօր Պաուշրիէ  Դպրոցին Մէջ` «Պաուշրեան. Կը Յիշեմ  Եւ Կը Պահանջեմ» Խորագիրով

Հայկական Շաբաթ Սեն Քէօր Պաուշրիէ Դպրոցին Մէջ` «Պաուշրեան. Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ» Խորագիրով

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցը երկար ծրագրումէ եւ հետեւողական աշխատանքէ ետք կազմակերպեց «Պաուշրեան. Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրով շաբաթ մը: Տնօրէնութիւնը` ծնողական խորհուրդին, հայ ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հետ գործակցաբար այս հանգրուանին իրականացուց հայկական բնոյթի այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնց ընդմէջէն աշակերտները կարելիութիւն ունեցան ծանօթանալու հայկական մշակոյթին, աւանդութիւններուն, դատին եւ պատմութեան` նպատակ ունենալով հասցնել այն պատգամը, թէ դար...

Սիուֆիի Սեն Քէօր Դպրոցը Երկու Անջատ  Ձեռնարկներով Ոգեկոչեց  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

Սիուֆիի Սեն Քէօր Դպրոցը Երկու Անջատ Ձեռնարկներով Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Լիբանանը կ՛եռայ ձեռնարկներով, նախաձեռնութիւններով, տարբեր ոճի, ձեւի եւ շունչի քայլերով` ոգեկոչելու համար Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Լիբանանահայութեան կողքին, լիբանանցիները իրենց կարգին կազմակերպած են մեծ թիւով ձեռնարկներ, որոնցմէ էին երէկ կէսօրին Սիուֆիի Սեն Քէօր վարժարանին մէջ տեղի ունեցած իրերայաջորդ երկու ձեռնարկները, որոնք կազմակերպուած էին դպրոցին տնօրէնութեան կողմէ: Առաջին ձեռնարկը սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին,...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն

Մօրենական կողմէն մեծ հայրիկս` Արմէն Տատեան (ծնած` Ուրֆա, 1894-ին եւ մահացած` Հալէպ, 1975-ին), իր յուշերուն մէջ բանաստեղծութիւն մը ձօնած է, 1915-ի ջարդերուն զոհուած երկու քոյրերուն եւ հատ մըն ալ Ուրֆայի հարազատ հողին: Ինք ազատած է ջարդէն այդ օրերուն Պոլսոյ համալսարանը ուսանող եղած ըլլալուն պատճառով: ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ   Աւերակներ Ես ալ ունեցայ շատերուն նման, Երազներ, յոյսեր ու գաղափարական, Մտքով կերտեցի դղեակներ...

Ակնարկ. Օղակներն Ու Ընդհանուր Շղթան

Թուրքիոյ վարչապետին արդէն իսկ թոշակառու խորհրդականին ետքայլը չուշացաւ: Իրաւամբ ցեղասպանութեան հարցի մասին կատարած համարձակ բարձրաձայնումներէն ետք պարզ է, որ կա՛մ հրաժեշտ պիտի տար իր պաշտօնին, կա՛մ ալ մտածել պիտի տար, որ ամէն ինչ վերահսկուած է, եւ  վարչապետին կողմէ պատուիրուած, ինչ որ աւելի կը մղէր դիպաշարին հետեւողը այդ յայտարարութիւններուն ետին տեսնելու Անգարայի կողմէ կիրարկուած մարտավարական հանգրուանները: 8 ապրիլին, այս սիւնակներէն, ի...

Page 1066 of 1110 1 … 1,065 1,066 1,067 … 1,110

Արխիւներ