Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին լիբանանահայութիւնը վկայեց լիբանանցի քաղաքացիներուն զօրակցութիւնը, որ աննախընթաց էր եւ շշմեցնող:
Այս շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ նաեւ Պրումմանայի մէջ կատարուեցաւ նախաձեռնութիւն մը, որ նոյնքան ապշեցնող եւ յուզիչ է` նկատի ունենալով անոր անսպասելիութիւնը:
Տպաւորիչ նախաձեռնութիւնը դամբարանի մը վրայ զետեղուած յուշարձանի մը ծրագիրն է, որ յաջողած է 24 ապրիլ 2015-ին, ճի՛շդ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին օրը:
Սակայն այդ յուշարձանը պատահական կերպով չէ, որ տեղադրուած է հոն: Անիկա զետեղուած է Ժորժ Տապպաղի դամբարանին վրայ, նկատի ունենալով, որ ան մեծ հայասէր մը եղած է եւ Հալէպի մէջ օժանդակած Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն պահպանումին:
Կ՛արժէ, որ հակիրճ ակնարկով մը անդրադառնանք Ժորժ Տապպաղի կենսագրական գիծերուն:


Ժորժ Տապպաղ ծնած է 1879-ին: Յաճախելէ ետք Թեր-Սէնթ քոլեճը, ան ճարտարագէտի փայլուն կրթութիւն ստացաւ Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ: Ան կը խօսէր բազմաթիւ լեզուներ. բացի արաբերէնէն, կը տիրապետէր ֆրանսերէնի, ռուսերէնի, գերմաներէնի եւ իտալերէնի: Ընտանեկան բարեկամական կապեր ունէր Կիյյոմ Քայզերին եւ Նիկոլա Բ. ցարին հետ: Այս վերջինին հետ ան ունեցած է երկար եւ մտերիմ թղթակցութիւն:
Շնորհիւ իր բարեկամութեան եւ բարձր ուսման, ան պատասխանատու եղաւ 1910-ական տարիներուն Պերլին-Պաղտատ երկաթուղագիծի (Օրիան էքսբրեսի) արեւելեան մասնաբաժինին:
Մահացած է 1 յուլիս 1945-ին, սրտի տագնապէ:
Ժորժ Տապպաղ ամուսնացած է Էօժենի Տապպաղի հետ. անոնք ունեցած են դուստր մը` Լիլի Տապպաղ, որ ամուսնացած է լիբանանցի Ժոզեֆ Ռիզքի հետ եւ ունեցած երկու զաւակ` Սերժ եւ Սիպիլ Ռիզք, որոնք ներկայիս կ՛ապրին Փարիզ:
Տապպաղէն Ռիզք ընտանիքին փոխանցուած աւանդը հայասիրութիւնն է, այն աստիճան, որ Ժորժ Տապպաղի թոռներուն նախաձեռնութեամբ կարելի եղած է այդ յուշարձանը կառուցել:
Յուշարձանին բացումը կատարեց Սերժ Ռիզք, իսկ այդ նախաձեռնութիւնը յաջողեցնելու եւ ամբողջ ձեռնարկը կազմակերպելու աշխատանքով զբաղեցաւ Կարօ Թոսունեան:
Քանդակագործ Աղասիի (Պօղոս Թասլաքեան) ստեղծագործած յուշարձանին վրայ պատկերուած է արեւն ու անկէ ծորող արցունքի կաթիլները` Արարատին վրայ, որուն ստորոտին սակայն դրոշմուած է յաւերժութեան նշանը` հայութեան գոյատեւման պայքարը շարունակելու իբրեւ խորհրդանիշ:
Յուշարձանը զետեղուած է Պրումմանայի գերեզմանատան մէջ հանգչող Ժորժ Տապպաղի դամբարանին վրայ, իսկ անոր վրայ կայ հետեւեալ արձանագրութիւնը.
«Ի յարգանս հայ ժողովուրդի յաւիտենական տաղանդին եւ անոր հերոսական ու եղերական պատմութեան: Ի յիշատակ թրքական իշխանութիւններուն գործադրած Ցեղասպանութեան մէկ միլիոն հինգ հարիւր հազար նահատակներէն իւրաքանչիւրին:
Երախտագիտութեամբ հայերու բերած անիմանալի աւանդին մեր սիրելի երկրին` Լիբանանին:
24 ապրիլ 1915 – 24 ապրիլ 2015
Պրումմանա
«Ի յարգանս Ժորժ եւ Էօժենի Տապպաղի եւ անոնց կատարած գործին` Ցեղասպանութեան սեւ օրերուն ընթացքին փրկելու համար հայ կեանքեր:
Իրենց թոռները` Սերժ եւ Սիպիլ Ռիզք»: