Շաբաթ, 18 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Վարդանանց կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Գրային զարգացման մրցում` կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու քարոզչական յանձնախումբին: Մրցումին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ գործող ութ կիրակնօրեայ դպրոցներ:
Տէրունական աղօթքէն եւ Կիրակնօրեայի մաղթերգէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ քարոզչական յանձնախումբի անդամ Սիլվա Իբրաճեան: Ան նշեց, որ ամիսներու պատրաստութենէն ետք բոլորը կը սեպուին յաղթական, որովհետեւ անոնք սերտեցին եւ սորվեցան:
Մրցումը կ՛ընդգրկէր Նոր Կտակարանի Մատթէոսի Աւետարանին 6, 7, 8 գլուխները, իսկ դատական կազմը կը բաղկանար հետեւեալ անձերէն` Վաչէ աբղյ. Պալգըճեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան), Կարօ Աղազարեան եւ Յասմիկ Նանէճեան-Պզտիկեան:
Փաուըր-փոյնթի պատրաստութեամբ մասնակիցներուն ուղղուեցան 20 հարցումներ եւ տեղի ունեցաւ սուր մրցակցութիւն:
Մրցումի աւարտին սրտի խօսք արտասանեց Վաչէ աբղյ. Պալըգճեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց զարգացման մրցումին կազմակերպման համար: Հայր սուրբը քաջալերեց ներկայ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները առաջնորդած են Կիրակնօրեայ դպրոց: Կիրակնօրեայ դպրոցը աւելի կը մօտեցնէ Հայ եկեղեցւոյ: Ան առաւելաբար շեշտեց Կիրակնօրեայ դպրոցին առաքելութիւնն ու դերը մեր կեանքին մէջ: Վաչէ աբղյ. Պալըգճեան գնահատեց բոլոր մասնակից աշակերտները եւ յայտարարեց մրցումին արդիւնքները:
Առաջին հանդիսացաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցը, երկրորդ` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը, երրորդ` Հայ առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան կիրակնօրեայ դպրոցը: