Երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Սուրիոյ մէջ դժնդակ պայմաններու բերումով Լիբանան ապաստանած Սուրիոյ հայ համայնքի զաւակները: Հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեան եւ սուրիահպատակ միաբան հայրեր:
Ողջունելով ներկաները` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն տունն է: Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու նաեւ համարձակութեամբ Անթիլիասի մայրավանք պէտք է այցելէք»: Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ ստեղծուած տագնապին յիշեցուց, որ Սուրիոյ հայ համայնքը պատմութեան մէջ ունի իր արմատները, կազմակերպ ու աշխուժ համայնք է եւ կարեւոր տեղ ու դեր ունի ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի եւ մասնաւորաբար սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Հետեւաբար, Սուրիոյ հայ համայնքին պահպանումը, անոր անվտանգութիւնը, անոր կառոյցներուն օժանդակութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է: Իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, այս մօտեցումով ու յանձնառութեամբ մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Սուրիոյ հայութեան:
Խօսելով Լիբանան գտնուող Սուրիոյ հայերուն մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ինք իր հայրական թելադրութիւնները կատարած է լիբանանահայ կրօնական, համայնքային ու բարեսիրական կառոյցներուն` առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց այս ուղղութեամբ իրենց ծառայութիւնը մատուցող կառոյցներուն: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ կո՛չ ուղղեց լիբանանահայ գործատէրերուն` յատուկ ճիգ թափելու աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծելու սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը մաղթեց, որ շուտով խաղաղութիւնը վերահաստատուի Սուրիոյ մէջ, որպէսզի պայմաններու պարտադրանքով Սուրիայէն հեռացած հայորդիները վերադառնան եւ ազգային-եկեղեցական կեանքը վերստին գտնէ իր կենսունակութիւնը: Աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով ստացան Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնը:
Ապա, Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին Սուրէն արք. Գաթարոյեան իր սրտի խօսքը ուղղեց` կարեւորութեամբ անդրադառնալով Սուրիոյ հայ համայնքին դերակատարութեան` ազգային, կրօնական, կրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ, եւ մաղթելով, որ շուտով ապահովութիւնը կրկին հաստատուի Սուրիոյ մէջ, որպէսզի Սուրիոյ հայերը կարենան վերակազմակերպել իրենց համայնքային կեանքը: