Յօդուածներ

Արցախ Այցելած «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Լրագրողը Պաքուի «Սեւ Ցուցակ»-ին Վրայ

Արցախ Այցելած «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Լրագրողը Պաքուի «Սեւ Ցուցակ»-ին Վրայ

Ազրպէյճանի «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի լրագրող Սեթ Քուկըլի անունը եւս ապրիլ 10-ին ընդգրուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան անբաղձալի անձերու «Սեւ ցուցակ»-ին վրայ` վերջերս Արցախ այցելած ըլլալուն պատճառով: Ան Արցախի մասին յօդուածը խորագրած էր` «Ջերմ ընդունելութիւն կովկասեան սարերուն մէջ», ներկայացնելով իր տպաւորութիւնները:

Զօրավար Անդրանիկի Նկարը Իրարանցում Ստեղծած Է Պաքուի Մէջ

Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի Նարիմանովի շրջանի Մոնթին աւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ լուսամփոփի մը վրայ «յայտնաբերուած» է զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի լուսանկարը` իրարանցում մը ստեղծելով: «Սթարա Փրակա» անունով սրճարանին տէրը յայտնած է, որ այդ լուսանկարը նոյն տեղը փակցուած էր երկու տարի առաջ, երբ ինք գնած էր սրճարանը եւ լուսանկարին տակ գրուած էր «Պիոտր Մոնթին», որ կը նկատուի Ազրպէյճանի մէջ գինեգործութեան հիմնադիրը: Ան կարծած...

Աշխարհը Հիմնուած Է «Յաղթել-Պարտուել» Մոտելի Վրայ.  Բայց Այն Կարող Է Զարգանալ Միայն «Յաղթել-Յաղթել» Մոտելի Կիրառման Դէպքում

Աշխարհը Հիմնուած Է «Յաղթել-Պարտուել» Մոտելի Վրայ. Բայց Այն Կարող Է Զարգանալ Միայն «Յաղթել-Յաղթել» Մոտելի Կիրառման Դէպքում

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Ամերիկացի մասնագէտները դեռեւս մի քանի տասնամեակ առաջ բոլոր տեսակի յարաբերութիւններում` միջանձնային, քորփորաթիվ, ներքաղաքական, միջազգային, առանձնացրել են հիմնականում երեք տիպի մոտելներ. «պարտուել-պարտուել», «յաղթել-պարտուել» եւ «յաղթել-յաղթել» (win-win): Առաջինը անմեղսունակների համար է. օրինակ` ամուսինները բաժանւում են, եւ դատարանը որոշում է, որ ամուսինը պէտք է իր մեքենան վաճառի եւ ստացած գումարը տայ նախկին կնոջը: Այդ որոշումից դժգոհ տղամարդն իր 100 հազար տոլարանոց...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Աշակերտութիւնը Նշեց Մայրերու Օրը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Աշակերտութիւնը Նշեց Մայրերու Օրը

Գարնան ու բնութեան ծաղկումին հետ Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճի աշակերտութիւնը խանդավառութեամբ կը պատրաստուէր տօնելու Մայրերու օրը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 5 մայիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, դպրոցի սրահին մէջ: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը իրենց գեղեցիկ տօնին առիթով, ապա ըսաւ, թէ պէտք է երախտապարտ ըլլանք մեր մայրերուն, որովհետեւ անոնք անշահախնդիր սիրոյ ամէնէն վառ...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Մայրերու Օրուան Մեծարանքի Հանդէս

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Մայրերու Օրուան Մեծարանքի Հանդէս

«Է՜հ մօր սիրտ, ամենաբարձր սրբութիւնն ես.                                Աշխարհիս երեսին ամենագեղեցիկը մօր աչքերն են, ես կեանքում բացի մօրիցս, ոչ մի սէր չտեսայ»: ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ Երեքշաբթի, 5  մայիս 2015-ին, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը մեծարանքի հանդէս մը կազմակերպեց Մայրերու տօնին առիթով, վարժարանի «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ: Սրահին բեմը վարժարանի մանկապարտիզպանուհիին եւ ուսուցիչներուն կողմէ զարդարուած էր տօնը խորհրդանշող իւրայատուկ յարդարանքով: Սրահին մուտքին վարժարանի ծնողական յանձնախումբը...

Հայ Աւետ. Քոլեճի Պարախումբը Մասնակցեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի 40-րդ Պարերու Փառատօնին

Հայ Աւետ. Քոլեճի Պարախումբը Մասնակցեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի 40-րդ Պարերու Փառատօնին

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի 40-րդ ժողովրդային պարերու փառատօնին կը մասնակցէին 13 խումբեր, որոնց շարքին` Պէյրութի Հայ աւետ. քոլեճի ժողովրդային պարերու խումբը` ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լենա Միւյէսերեանի: Գունագեղ տարազներով խումբերը դաշտ ներկայացան իրենց ներկայացուցած դպրոցներու դրօշներով: Լիբանանի եւ Ամերիկեան համալսարանի քայլերգներէն ետք սկսաւ ժողովրդային պարերու փառատօնը: Եղան հաւաքական եւ առանձին պարեր` ուրախ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ: Հրամցուեցան լիբանանեան, ամերիկեան, հայկական, թայլանտական, ռուսական, դանիական, մեքսիքական, քարայիպեան...

Առաջարկ.  Որպէսզի Ոչ Միայն Վերապրինք

Առաջարկ. Որպէսզի Ոչ Միայն Վերապրինք

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Հարիւր տարի մենք վերապրեցանք, փաստօրէ՛ն, թէեւ ոմանք հարցականի տակ կրնան դնել մեր այս վերապրումն անգամ: Անուրանալի է սակայն, որ մեզ աշխարհի երեսէն սրբելու սադայէլական ծրագիրը ձախողած է, գէթ տակաւին ամբողջովին չէ՛ յաջողած: Փրկուեցանք: Փրկուեցաւ մնացորդացը մեր ժողովուրդին: Ցրուեցաւ հիւրընկալ կամ անհիւրընկալ երկիրներու տարածքին, վիշտը սրտին, վէրքերը չսպիացած` ինքզինք կազմակերպեց, բազմացաւ, արմատախիլ իր սեփական հողէն` արմատ նետեց այլուր, ճիւղեր արձակեց,...

Թանգարանը Կը Ցուցադրէ Հայ Մշակոյթի Նմուշները` Ռուսերու Միջոցով Զանոնք Փրկելէ Մէկ Դար Անց

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Անցեալ շաբաթ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած երեւանեան ձեռնարկներէն վերադառնալու ճանապարհին, այցելեցի Սենթ Փեթերսպուրկ` մասնակցելու բացման արարողութեան այն ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին ներկայացուած մշակոյթի իւրայատուկ նմուշները ռուս ազգագրագէտները Ցեղասպանութեան ժամանակ փրկած էին Արեւմտեան Հայաստանէն: Ահա այդ բացառիկ ցուցահանդէսի անհաւատալի նախապատմութիւնը. 1916 թուականին ռուսական ռազմական արշաւներու ժամանակ, երբ Արեւմտեան Հայաստանը ժամանակաւորապէս ազատագրուեցաւ Օսմանեան կայսրութենէն, Սենթ Փեթերսպուրկի Ազգագրութեան ռուսական թանգարանը արտօնութիւն...

Ռուսնե՛րը Պարտադրեցին Զինադադար

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Եթէ չլինէին ռուսական կողմի ճնշումները, ապա 1994-ի մայիսին արցախեան ուժերը ընդամէնը օրերի ընթացքում կը գրաւէին մի շարք ազրպէյճանական շրջաններ, եւ, հաւանական է, դուրս գային ընդհուպ մինչեւ Կուր-արաքսեան միջագետք: Ճիշդ է, այսօր ազրպէյճանական քարոզչութիւնը ներկայացնում է, թէ իբր Ազրպէյճանը ո՛չ Արցախի, ո՛չ անգամ Հայաստանի, այլ Ռուսաստանի դէմ էր կռւում, եւ հայերն ընդամէնը գործիք էին ռուսների ձեռքում ընդդէմ ազրպէյճանցիների, իրականութիւնն...

Ստացուած Գիրքեր.  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած «Գանձասար»-ի Բացառիկը

Ստացուած Գիրքեր. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած «Գանձասար»-ի Բացառիկը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ «Գանձասար»-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակած է բացառիկ թիւ մը, բաղկացած` 148 էջերէ` ի յիշատակ տիրամայր Լուսին Սարգիսեանի եւ տիար Գրիգոր Սարգիսեանի: Բացառիկը կը բացուի Շահան արք. Սարգիսեանի «100-ամեակ խորհրդածութիւն մը» խորագրեալ պատգամով: Սրբազանը կը գրէ. «100-րդ անգամ հայոց սրբազան նահատակներու յիշատակին դիմաց խոնարհելէ եւ յարգանքի մատուցում կատարելէ յետոյ, վերյիշենք հայոց Մեծ եղեռնին,...

Ապրիլ 24-ը Եւ Ա. Վռամեանի Մարգարէական Կանխատեսումը

5 Մայիս 1920. ՀՅԴ Բիւրոն Ամբողջապէս Ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարման Ղեկը

Մայիս 5-ին, 95 տարի առաջ, հազիւ երկու տարուան կեանք ունեցած Հայաստանի Հանրապետութիւնը թեւակոխեց իր կարճատեւ գոյութեան ամէնէն վճռորոշ փուլը: 5 մայիս 1920-ին, ինչպէս որ Ս. Վրացեան հետագային պիտի վկայէր իր յուշերուն` «Կեանքի ուղիներով» շարքի Ե. հատորին մէջ, ազատ ու անկախ Հայաստանի տարածքին հաստատուեցաւ «Դաշնակցութեան փաստացի դիկտատուրան»: Մայիս 5-ի այդ օրը տակաւին Հայաստանի վարչապետ Ալ. Խատիսեան ներկայացաւ Հայաստանի խորհրդարանի նիստին եւ...

Դպրեվանքի 85-Ամեակի Հունձքը Ձօն` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին.  Հոգեւոր Ուխտագնացութիւն Դէպի Անթիլիասի Հայոց Վանքը

Նոր Հրատարակութիւն Մը. «Զաստուած Տեսնել»

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ 10 տարիներ առաջ (2004-2014) վաղաժամ մեկնումով այս աշխարհին հեռացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հաւատաւոր միաբաններէն, ամբասիր եւ արժանաւոր եկեղեցական, Զարեհ արք. Ազնաւորեան: Իր վախճանման 10-ամեակին առիթով լոյս տեսած է վախճանեալ սրբազանին կտակ թողած գրութիւններուն մէկ ծաւալուն հատորը (550 էջ), որ կը բովանդակէ Ազնաւորեան արքեպիսկոպոսին սուրբգրային ուսումնասիրութիւններուն մեկնաբանական արգասիքը: Ծանօթ է բոլորիս, թէ Զարեհ արքեպիսկոպոս յաճախ կը կազմակերպէր յատուկ նախաձեռնութիւններ` մեկնաբանելու...

Երկրին  Ողբը

Երկրին Ողբը

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ «Զարթի՛ր, Երեմիա՛, զարթի՛ր եւ ողբա՛ մարգարէանալով հանդերձ»: ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ Որբեւայրիի մը պէս առանձին է բազմամարդ քաղաքը, կու լայ գետի յորձանուտներուն հետ: Սիրելիները հեռացած ու լքած են զինք, անմխիթար կը տքայ... Կը դիտեմ  քաղաքը` նախնիներուս ներկայութիւնը  հետս առած, անոնց  համար աչքեր կ՛ըլլամ, որ արտասուենք միասին, ականջներ` վերստին լսելու եկեղեցիներուն անլսելի, բայց մեզի համար լսելի հազարաւոր կոչնակներուն կանչը, որոնք կը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Արցախեան Կամքով Եւ Ինքնավստահութեամբ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Կամքով Եւ Ինքնավստահութեամբ

Զանազան մութ հաշիւներու եւ տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական ճնշումներու արդիւնք` Արցախի խորհրդարանական վեցերորդ ընտրութիւնները անընդունելի եւ նոյնիսկ ապօրինի նկատուեցան կարգ մը դէտերու կողմէ: Շատեր մատնանշեցին, թէ պիտի չընդունին այս ընտրութիւններուն արդիւնքները: Այս գծով, ազրպէյճանական եւ, բնականաբար, թրքական աղբիւրներու մասին խօսիլը անտեղի է. փոխարէնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներն ու անոնց մաս կազմող մեծ պետութիւններն ու Եւրոպական Միութեան կատարած մերժողական եւ ժխտական յայտարարութիւններն...

Խմբագրական  «Հորիզոն»-ի.  Տէր Կանգնինք Շուշիով Սկիզբ Առած Յաղթարշաւին

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Տէր Կանգնինք Շուշիով Սկիզբ Առած Յաղթարշաւին

«Պայքարով պէտք է նուաճենք մեր ապրելու իրաւունքը եւ այդ պայքարը միասին պէ՛տք է աւարտենք, համոզուած եմ, յաղթանակո՛վ»: ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ` Արթուր Մկրտչեան 1992-ի մայիս 8-ին կերտուած Շուշիի յաղթական ճակատամարտը անկիւնադարձային թուական կը հանդիսանայ նորօրեայ մեր ազատամարտի տարեգրութեանց մէջ: Շուշիի ազատագրումով եւ հայ զինուորի արի խոյանքով, տարածաշրջանէն ներս Արցախ կը դառնար աշխարհաքաղաքական գործօններու վրայ ազդեցիկ ռազմաքաղաքական միաւոր: Աւելի՛ն. Շուշիի...

Թուրք Գործիչները Անընդունելի Կը Նկատեն Թուրքիոյ 100-Ամեայ Լռութիւնը

Զմիւռնիոյ համալսարանի փրոֆեսէօր Չեմ Թերզի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցող թուրքերէն է: Ան ընդունած է, որ 100 տարի առաջ երիտթուրքերը կազմակերպուած ջարդերու միջոցով փորձած են ոչնչացնել քրիստոնեայ ժողովուրդները, անոնց մշակոյթն ու հասարակական-քաղաքական կառոյցները: «Բոլորիդ առջեւ մեր գլուխները խոնարհելով` ներում կը հայցենք Ցեղասպանութեան զոհերուն համար: Թուրք ժողովուրդին հարիւրամեայ այս լռութիւնը անընդունելի է: 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը ժխտելը կը նշանակէ շարունակել...

Խմբագրական.  Յաղթանակներու Ընկալումը  Եւ Մեր Գոյութեան Շարունակականութիւնը

Խմբագրական. Յաղթանակներու Ընկալումը Եւ Մեր Գոյութեան Շարունակականութիւնը

Մայիսը յաղթանակներու ամիս է` եռատօն բանաձեւով բնութագրուած: Պատմական իրադարձութիւններու ժամանակագրական կարգը յարգելով` Սարդարապատի դիւցազնամարտն ու Ա. Հանրապետութեան կերտումը Բ. Աշխարհամարտի հայրենական պատերազմի յաղթական աւարտը,  եւ Շուշիի ազատագրման ու Լեռնային Ղարաբաղի բանակի օրուան խորհուրդով ամրակայուած երկրորդ պետութեան ստեղծումն ու այդ ճամբով Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը: Պէտք է մտածել, որ մեր ժողովուրդի հաւաքական  հոգեկերտուածքին մէջ որքան ուրոյն եւ խորունկ իմաստ ունի այս...

Անդրադարձ.  Նէյըր Կամ Մեղմասացութեան  Արուեստը

Անդրադարձ. Նէյըր Կամ Մեղմասացութեան Արուեստը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լիբանանեան անգլիատառ «Տը Տէյլի Սթար» օրաթերթի 6 մայիս 2015-ի թիւին մէջ կարդացինք Ճորճ Սորոսի «Բաց ընկերութեան հիմնարկներ» ցանցի նախկին նախագահ եւ «Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ի հիմնադիրներէն Արիէ Նէյըրի «Թուրքիոյ վերակենդանացումը կու գայ ճշմարտութիւնը ընդունելէն» խորագիրով յօդուածը, որ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ կը թուի դրական ըլլալ: Նէյըր Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու իր այն երկարատեւ կեցուածքը, թէ հայերուն ջարդերը Համաշխարհային...

Հարցազրոյց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջին Մասին

Հարցազրոյց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջին Մասին

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանի Վերադարձը» «100-Ամեակէն Յետոյ Մեր Ազգային Պահանջատիրութիւնը Կը Պահանջէ Ռազմավարական Ու Մարտավարական Նոր Մօտեցում»   Մամուլով յայտարարուած էր, որ 28 ապրիլին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ բացաւ` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Նկատի ունենալով սոյն իրաւական քայլին պատմական նշանակութիւնը ու եզակի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի ծիրին...

Մերն Է Շուշին` Կարսի Ու Վանի Եղբայրութեամբ (9 Մայիս 1992)

Մերն Է Շուշին` Կարսի Ու Վանի Եղբայրութեամբ (9 Մայիս 1992)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կարծես այդ օր հայոց դարերու ճակատամարտն էր, որ կը մղուէր: Անով ամբողջ հայութիւնը իր լինելութեան, կենաց մահու, բազմաչարչար կտոր մը հայրենիքի ազատութեան, ազգային արժանապատուութեան, քաղաքական թէ գաղափարական հասունութեան հզօր եւ հնչեղ տարողութիւնն էր, որ կը  վերահաստատէր` ցոյց տալով սխրանքներու ամէնէն պանծալի, պատուաբեր ու գերազանց օրինակներ: Եթէ երբեք այդ քաջագործութիւններուն եւ զոհողութիւններուն հիմք կը կազմէր Ստեփանակերտի փրկութիւնը, Շուշիէն անդադար...

Page 1061 of 1110 1 … 1,060 1,061 1,062 … 1,110

Արխիւներ