Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թանգարանը Կը Ցուցադրէ Հայ Մշակոյթի Նմուշները` Ռուսերու Միջոցով Զանոնք Փրկելէ Մէկ Դար Անց

Մայիս 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած երեւանեան ձեռնարկներէն վերադառնալու ճանապարհին, այցելեցի Սենթ Փեթերսպուրկ` մասնակցելու բացման արարողութեան այն ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին ներկայացուած մշակոյթի իւրայատուկ նմուշները ռուս ազգագրագէտները Ցեղասպանութեան ժամանակ փրկած էին Արեւմտեան Հայաստանէն:

Ահա այդ բացառիկ ցուցահանդէսի անհաւատալի նախապատմութիւնը. 1916 թուականին ռուսական ռազմական արշաւներու ժամանակ, երբ Արեւմտեան Հայաստանը ժամանակաւորապէս ազատագրուեցաւ Օսմանեան կայսրութենէն, Սենթ Փեթերսպուրկի Ազգագրութեան ռուսական թանգարանը արտօնութիւն խնդրեց Նիքոլայ Բ. ցարէն` Վանի շրջան գիտական արշաւախումբ ուղարկելու համար, որպէսզի հաւաքեն հայ մշակոյթի գործերը` փրկելով վերահաս կորուստէն: Ցարը անյապաղ տուաւ իր համաձայնութիւնը` մակագրելով իր ձեռագիրով. «Հաստատել: Պէտք է շտապել»:

Ազգագրագէտներու փոքր խումբ մը, Ալեքսանտր Միլլերի գլխաւորութեամբ, 1916 թ. յունիս 10-ին, երկարատեւ ու վտանգաւոր ճանապարհորդութենէ ետք հասաւ Վան: Երկու շաբթուան ընթացքին անոնք տեղի բնակիչներէն գնեցին ընդհանուր թիւով 513 առարկայ` 396 հայկական, 110 ասորական, 5 քրտական եւ 2 թրքական: Արուեստի գործերուն մէջ էին հայկական ազգային տարազներ, ոսկերչական զարդեր եւ գորգեր` Վան, Ալուր, Պիթլիս, Մոկս, Մուշ, Շատախ քաղաքներէն եւ շրջակայ գիւղերէն: Իրենց այցելութեան ընթացքին գիտնականները նկարած էին 60 լուսանկար` բնապատկերներու, պատմական յուշարձաններու, կառոյցներու եւ որոշ բնակիչներու: Այս բոլոր նիւթերը տեղափոխուած էին Սենթ Փեթերսպուրկ` ռուսական զինուորականներու պաշտպանութեան ներքոյ:

Քրտնաջանօրէն հաւաքուած այս մշակութային արժէքները, զարմանալիօրէն, հարիւր տարի մնացած էին ռուսական թանգարանի նկուղին մէջ եւ երբեք չէին ցուցադրուած… Կը թուի, թէ բոլորը մոռցած էին անոնց գոյութեան մասին, մինչեւ երկու տարի առաջ, երբ Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Յակոբեանը իմացաւ այս արուեստի գործերուն մասին եւ տեղեկացուց Հայաստանի իշխանութիւնները, տեղի հայ համայնքի ղեկավարներն ու Հայ ոսկերիչներու միութիւնը:

Շնորհիւ Հայ ոսկերիչներու հիմնադրամի եւ Ռուսիոյ ազգագրութեան թանգարանի համատեղ հսկայական ջանքերուն` այդ ցուցանմուշները, որոնք մէկ դար շարունակ կը պահուէին թանգարանի պահոցներուն մէջ, անցեալ շաբաթ վերջապէս ցուցադրուեցան Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ: Հայ ոսկերիչներու հիմնադրամը եւ ռուսական թանգարանը լոյս ընծայեցին «Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային գանձերը» խորագիրով տպաւորիչ պատկերագիրք, որ կը ներկայացնէր 1916 թ. Վանի շրջանէն հաւաքուած արուեստի գործերը` մինչեւ Վանի վերագրաւումն ու ցեղասպանական ոչնչացումը թրքական զօրքերու կողմէն:

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 2015 թ. ապրիլ 27-ին, Ռուսիոյ ազգագրութեան թանգարանին մէջ: Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը, Սենթ Փեթերսպուրկի նահանգապետի տեղակալ Օլկա Քազանսքայան, Ռուսիոյ ազգագրութեան թանգարանի տնօրէն Վլատիմիր Քրուսմանը, Հայ ոսկերիչներու հիմնադրամի նախագահ Փիեռ Աքելեանը, Հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեանը եւ Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքի ղեկավար Կարէն Մկրտչեանը:

Զարմանալի չէր, որ երբ յայտնի դարձաւ, թէ Ազգագրութեան ռուսական թանգարանին մէջ կը գտնուին արուեստի արժէքաւոր գործեր Վանի շրջանէն, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը կապուեցաւ թանգարանի հետ` պնդելով, որ այդ իրերը կը հանդիսանան Թուրքիոյ Հանրապետութեան սեփականութիւնը, եւ պահանջեց վերադարձնել զանոնք:  Թանգարանին տնօրինութիւնը մերժեց թրքական դիմումը, քանի որ այդ առարկաները գնուած էին անոնց տէրերէն 1916 թուականին:

Որքան ալ տարօրինակ է, սակայն թուրք դիւանագէտները կը յանդգնին պահանջել հայ արուեստի գործերը` անոնց տէրերը սպաննելէ, անոնց տուները այրելէ եւ ունեցուածքը թալանելէ ետք… Կը մնայ միայն յուսալ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անմիտ գտնուելով, յառաջ կ՛երթայ եւ հայց կը ներկայացնէ ռուսական թանգարանին դէմ` փորձելով պահանջել այդ ցուցանմուշները: Նման դատ մը յաւելեալ կը հրապարակայնացնէ թրքական պատասխանատուութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան, հայկական մշակութային օճախներու թալանի եւ հայերու նախնիներու հայրենիքը բռնագրաւելու համար…

Հարիւր տարի անց այլ արշաւախումբ մը պէտք է ուղարկել թրքական թանգարաններ եւ գրադարաններ` Ցեղասպանութեան ժամանակ թալանուած հայ մշակոյթի գործերը, ձեռագիրները եւ այլ թանկարժէք իրեր յայտնաբերելու եւ վերականգնելու համար: Հայցեր պէտք է ներկայացուին թրքական բոլոր կառոյցներուն դէմ, ուր կը պահուին նման հայկական արժէքներ: Եթէ տեղական թրքական դատարանները մերժեն պահանջը, հայերը պէտք է դիմեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` հայկական մշակութային ժառանգութեան այս վաղակորոյս եւ թանկագին բեկորները վերականգնելու համար: Նման իրաւական ջանքերը փոխհատուցում պահանջելու եւս մէկ միջոց կը հանդիսանան մէկ դար առաջ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդի կրած վիթխարի կորուստներուն համար…

Պէտք է Ռուսիոյ թանգարանի ուշագրաւ ցուցահանդէսին շրջագայութիւնը կազմակերպել աշխարհի բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ` Աթէնք, Պէյրութ, Պերլին, Պոսթըն, Պուէնոս Այրես, Լոնտոն, Լոս Անճելըս, Մոնրէալ, Մոսկուա, Նիւ Եորք, Փարիզ, Թեհրան, Թորոնթօ, Սան Ֆրանսիսքօ, Սան Փաուլօ, Սիտնի, ինչպէս նաեւ` Երեւան ու բազմաթիւ այլ քաղաքներ: Աշխարհը թո՛ղ տեսնէ այս փոքր հաւաքածոն, որ մաս կը կազմէ հսկայական մշակութային արժէքաւոր ժառանգութեան, որ հայ ժողովուրդը կորսնցուց Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, 1,5 միլիոն մարդկային զոհերու հետ միասին:

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Ռուսնե՛րը Պարտադրեցին Զինադադար

Յաջորդը

Առաջարկ. Որպէսզի Ոչ Միայն Վերապրինք

RelatedPosts

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը
Անդրադարձ

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը

Մարտ 22, 2023
Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին
Անդրադարձ

Իրան-Սէուտական Արաբիա Մերձեցումը` Պատուար Նոր-Օսմանականութեան

Մարտ 22, 2023
Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը
Անդրադարձ

Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In