
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի 40-րդ ժողովրդային պարերու փառատօնին կը մասնակցէին 13 խումբեր, որոնց շարքին` Պէյրութի Հայ աւետ. քոլեճի ժողովրդային պարերու խումբը` ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լենա Միւյէսերեանի:
Գունագեղ տարազներով խումբերը դաշտ ներկայացան իրենց ներկայացուցած դպրոցներու դրօշներով: Լիբանանի եւ Ամերիկեան համալսարանի քայլերգներէն ետք սկսաւ ժողովրդային պարերու փառատօնը: Եղան հաւաքական եւ առանձին պարեր` ուրախ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ: Հրամցուեցան լիբանանեան, ամերիկեան, հայկական, թայլանտական, ռուսական, դանիական, մեքսիքական, քարայիպեան կղզիներու, գերմանական, յունական, իտալական, քանատական, լատինամերիկեան, տոմինիքեան եւ ափրիկեան պարեր:
Հայ աւետ. քոլեճի պարախումբը, որ միակ հայկական մասնակից դպրոցն էր «Զուարթնոց» կեդրոնի կողքին, բաղկացած` Կարինէ Գիւլխանճեանէ, Դալար Գազազեանէ, Կարինէ Եղիայեանէ, Մալաք Պալութէ, Ռազմիկ Նալպանտեանէ, Փերլա Պասեթէ, Քարին Թաշճեանէ եւ Անթոնի Օպէյտէ մասնակցեցաւ բոլոր հաւաքական պարերուն եւ հանդէս եկաւ առանձնակի հայկական պարով` «Վարդավառ» որ խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ ներկայ հասարակութեան կողմէ:


