Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Գործիչները Անընդունելի Կը Նկատեն Թուրքիոյ 100-Ամեայ Լռութիւնը

May 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

9428turkishprofԶմիւռնիոյ համալսարանի փրոֆեսէօր Չեմ Թերզի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցող թուրքերէն է: Ան ընդունած է, որ 100 տարի առաջ երիտթուրքերը կազմակերպուած ջարդերու միջոցով փորձած են ոչնչացնել քրիստոնեայ ժողովուրդները, անոնց մշակոյթն ու հասարակական-քաղաքական կառոյցները:

«Բոլորիդ առջեւ մեր գլուխները խոնարհելով` ներում կը հայցենք Ցեղասպանութեան զոհերուն համար: Թուրք ժողովուրդին հարիւրամեայ այս լռութիւնը անընդունելի է: 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը ժխտելը կը նշանակէ շարունակել նոյն գործողութիւնները: Մեր քաղաքական պարտականութիւնը ոչ թէ անցեալը հերքելն է, այլ` անցեալին համար պատասխանատուութիւն կրելը», Երեւանի մէջ յայտնած է Թերզի:

Չեմ Թերզի ու անոր գաղափարակիցները Թուրքիոյ մէջ կը պայքարին ժխտողականութեան դէմ եւ կը հաւատան, որ օր մը Թուրքիոյ իշխանութիւնները ոչ միայն պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ պիտի փոխհատուցեն զոհերու ժառանգորդներուն: Վիրաբուժ փրոֆեսէօրը ցաւով նշած է, որ իր երկրին մէջ տակաւին կան փողոցներ, որոնք կը կրեն ոճրագործներուն անունները:

«Մենք այս հարցի առնչութեամբ պետական մօտեցման փոփոխութիւն կ՛ուզենք: Իրականութիւնը գիտնալը իրաւունք է: Պէտք է վերցուին բոլոր այն արգելքներն ու խոչընդոտները, որոնք թոյլ չեն տար, որ հասարակութիւնը իրականութիւնը գիտնայ: Մենք կը պահանջենք Ցեղասպանութեան օրը Թուրքիոյ մէջ սուգ յայտարարելու, յիշատակի նախաձեռնութիւններ կատարելու եւ յուշարձաններ կառուցելու մեր իրաւունքը», հաստատած է ան:

Լրագրողներուն հետ հանդիպումին մասնակցած թուրք հասարակական-քաղաքական գործիչները ազգայնամոլութիւնը հիւանդութիւն կը կոչեն թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի համար: «Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը առաջին հերթին զոհերուն նկատմամբ ունեցած մեր պարտքն է, մենք անոնց արդարութիւն կը պարտինք», ըսած է Չեմ Թերզի:

Թուրքիոյ Կանաչներու եւ ձախակողմեաններու ապագայի կուսակցութեան նախագահ Նաճի Սոմնեզ, որ Հրանդ Տինքի մտերիմ ընկերներէն եղած է, նշած է, որ իրենք երկրի ազգային փոքրամասնութիւններուն շահերը կը պաշտպանեն` աւելցնելով, որ ասկէ 10 տարի առաջ նոյնիսկ չէին կրնար երազել այդ մասին: «Այն ժամանակ մեզ կրնային ձերբակալել հասարակութեան մէջ պառակտում յառաջացնելու մեղադրանքով», ըսած է Նաճի Սոմնեզ, որ 17 տարեկանին 3 տարի բանտարկուած է իր ազատական գաղափարներուն համար:

Նոյն կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի նախկին երեսփոխան Ուֆուք Ուրաս ըսած է, որ դէմ է ղարաբաղեան հարցը հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման նախապայման նկատելու Թուրքիոյ քաղաքականութեան:

«Ազրպէյճան Թուրքիոյ վրայ ճնշում կը բանեցնէ` նաւթի եւ կազի հարցով պայմանաւորուած: Մինչդեռ շանթաժի միջոցով քաղաքականութիւն չի կրնար ըլլալ», յայտնած է նախկին երեսփոխանը:

Հակառակ անոր որ Թուրքիոյ մէջ դիւրին չէ հայկական հարցին մասին խօսիլը, սակայն բազմաթիւ են այն անձերը, որոնք համարձակութիւն ունին այդ մասին բարձրաձայնելու, վստահեցուցած են թուրք գործիչները եւ` նշած, որ վերադառնալով հայրենիք` մամլոյ ասուլիսի միջոցով պիտի պատմեն Հայաստանի մէջ իրենց տեսածին մասին:

Կան նաեւ բազմաթիւ թուրքեր, որոնք վտարուած են Թուրքիայէն` Ցեղասպանութեան մասին խօսելէ եւ պատմական այդ փաստը հերքելուն համար երկրի իշխանութիւնը քննադատելէ ետք: Ալի Էրթեմ հայրենիքի մէջ հալածուելէ ետք, 16 տարի առաջ քաղաքական ապաստան գտած է Գերմանիոյ մէջ եւ հիմնած` «Ընդդէմ ցեղասպանութեան» կազմակերպութիւնը: Ան Հայաստան կատարած առաջին այցելութեան ընթացքին ծունկի եկած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ` յարգելու Եղեռնի զոհերուն յիշատակը: Այս մասին խօսելու ընթացքին ան յուզուած է:

«16 տարի առաջ այստեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ մեր ազնուութեան կը կասկածէին: Չէին գիտեր, որ մենք ասիկա կ՛ընենք դիւանագիտութեա՞ն համար, թէ՞ ազնուօրէն: Այս 16 տարիները, սակայն, ցոյց տուին, որ մենք իսկապէս կը փորձենք ամէն ինչ ընել, որպէսզի պատմական ճշմարտութեան հետ առերեսում ըլլայ», յայտնած է Էրթեմ:

Հասարակական գործիչ, նկարիչ Ռեճեփ Մարաշլի Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ ստեղծած է եւ անոր վրայ գրուած է. «Մեր գլուխը կախ է, մեր ամօթը` մեծ: Մինչեւ այսօր կ՛ապրինք հայերուն հողերուն վրայ»: Ան այս նկարը նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանին:

Թուրք հիւրերը կը կրէին Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ անմոռուկներ: Ուֆուք Ուրաս կրծքանշան ունի իր գրպանը, զայն պիտի տանի իր ընկերներուն, իսկ Չեմ Թերզի վստահեցուցած է, որ անմոռուկը կուրծքին պիտի կրէ մնայուն կերպով ու բոլորին պիտի բացատրէ անոր իմաստը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1965)

Յաջորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Տէր Կանգնինք Շուշիով Սկիզբ Առած Յաղթարշաւին

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.