Ազրպէյճանի «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի լրագրող Սեթ Քուկըլի անունը եւս ապրիլ 10-ին ընդգրուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան անբաղձալի անձերու «Սեւ ցուցակ»-ին վրայ` վերջերս Արցախ այցելած ըլլալուն պատճառով:
Ան Արցախի մասին յօդուածը խորագրած էր` «Ջերմ ընդունելութիւն կովկասեան սարերուն մէջ», ներկայացնելով իր տպաւորութիւնները: