Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Կամքով Եւ Ինքնավստահութեամբ

May 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-11-15_1Զանազան մութ հաշիւներու եւ տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական ճնշումներու արդիւնք` Արցախի խորհրդարանական վեցերորդ ընտրութիւնները անընդունելի եւ նոյնիսկ ապօրինի նկատուեցան կարգ մը դէտերու կողմէ:

Շատեր մատնանշեցին, թէ պիտի չընդունին այս ընտրութիւններուն արդիւնքները: Այս գծով, ազրպէյճանական եւ, բնականաբար, թրքական աղբիւրներու մասին խօսիլը անտեղի է. փոխարէնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներն ու անոնց մաս կազմող մեծ պետութիւններն ու Եւրոպական Միութեան կատարած մերժողական եւ ժխտական յայտարարութիւններն են, որոնց մասին կարելի է արտայայտուիլ, քննարկել եւ եզրակացութիւններու յանգիլ:

Սակայն մէկ բան յստակ է, թէ Արցախի ժողովուրդը ինքն է, որ գործունեայ դեր խաղաց եւ իր ապագան յստակացուց: Յանկերգ մը, որ շարունակ նշուած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ:

Այո՛… «Արցախի ժողովուրդը ինք պէտք է դեր խաղայ իր ապագան յստակացնելու հարցին մէջ», եւ այդ մէկը կատարուեցաւ 2 սեպտեմբեր 1991-ին, երբ Արցախի ժողովուրդը պաշտօնապէս ազդանշանը տուաւ իր ապագային` անկախութիւն յայտարարելով: Անկախութիւն մը, որ բնականաբար դիւրին չեղաւ եւ կերտուեցաւ քանի մը տարի բուռն պայքարներ մղելով, արիւն թափելով եւ ճակատամարտեր յաղթելով:

Դիտորդներուն համար ե՛ւ յիշատակելին, ե՛ւ զարմանալին այն է, որ ընտրութիւնները կատարուած էին ազատ, արդար ու թափանցիկ մթնոլորտի մէջ եւ, աւելի՛ն, մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է 71 առ հարիւր:

Ո՛չ մէկ դէպք, ո՛չ մէկ միջադէպ կամ զեղծարարութիւն:

Աննախատեսելի երեւոյթ էր պատահածը: Ընտրական անխախտ եւ թափանցիկ գործընթացը կը համապատասխանէր եւրոպական չափանիշներուն:

Այս երեւոյթը կարելի է նկարագրել` նշելով Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք էնկելի մէկ հաստատումը, կամ աւելի ճիշդ սրամտութիւնը` «պլեք հիւմըր»-ը, թէ այս ընտրութիւնները երբեք կարելի չէ բաղդատել 2013-ին շրջանէն ներս երկրի մը մէջ, որուն անունը Ազրպէյճան է, նախագահական ընտրութիւններ կատարուած էին եւ նախքան քուէատուփերու բացումը… արդէն իսկ յայտնի էր, թէ ո՛վ էր յաղթականը:

Եզրակացութեան համար տեղին է անգամ մը եւս հաստատել ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ մեծամասնական ընտրակարգով Ազգային ժողովի անդամ ընտրուած Դաւիթ Իշխանեանի խօսքը, թէ` «Ընտրութիւնները մի միջոց են` վերահաստատելու ժողովրդավարական ուղին որդեգրած մեր կամքը: Արցախը ունի բաւականին ուժ եւ քաղաքական կամք` ժողովրդավարական ընտրութիւններ անցկացնելու համար»:

Այսպէս, Արցախը անգամ մը եւս ապացուցեց իր ժողովրդավարական բարձր մակարդակն ու պատրաստակամութիւնը:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Տէր Կանգնինք Շուշիով Սկիզբ Առած Յաղթարշաւին

Յաջորդը

Երկրին Ողբը

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.