Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Աշակերտութիւնը Նշեց Մայրերու Օրը

May 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_khanamirian-(2)Գարնան ու բնութեան ծաղկումին հետ Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճի աշակերտութիւնը խանդավառութեամբ կը պատրաստուէր տօնելու Մայրերու օրը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 5 մայիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, դպրոցի սրահին մէջ:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը իրենց գեղեցիկ տօնին առիթով, ապա ըսաւ, թէ պէտք է երախտապարտ ըլլանք մեր մայրերուն, որովհետեւ անոնք անշահախնդիր սիրոյ ամէնէն վառ երաշխիքն են: Ապա աւելցուց` ըսելով. «Մայրերը լեցուն են սիրով, անոնք սիրելով կը դաստիարակեն, սիրելով կը կը խնամեն ու կը հոգան, սիրելով անկարելին կարելի կը դարձնեն իրենց զաւակներուն բարօր կեանք մը ապահովելու համար, հետեւաբար անոնք արժանի են ջերմ յարգանքի, փոխադարձ սիրոյ ու տաքուկ վերաբերմունքի»:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով Ա. կարգի աշակերտները երգեցին անգլերէն եւ հայերէն երգեր, պարեցին հայկական պարեր:  Ե. կարգի աշակերտները անգլերէն լեզուով ներկայացուցին իրենց մայրերը եւ արաբերէնով նամակ մը կարդացին` մօր ուղղուած: Հաճելի ու ոգեւորող էր մանկապարտէզի աշակերտներուն ներկայութինը բեմին վրայ, որոնք դասարան առ դասարան իրենց մանկական բողբոջ ձայներով, անկեղծ ու բարի արտայայտութեամբ առաւել ջերմութիւն տուին մթնոլորտին: Ուշագրաւ էր Է. կարգի աշակերտներուն արաբերէն ներկայացումը, որ կը խօսէր մօր զոհողութեան մասին, թէ ինչպէ՛ս ծանր աշխատանքներուն զուգահեռ, իր զաւակին լաւագոյն կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը կ՛աշխատի տալ:

Երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան Զ. կարգի աշակերտները, որոնք տեսերիզով մը ներկայացուցին հայ մայրը պատմութեան ընթացքին: Անոնք ըսին, թէ հայ կինը եղած է ընտանիքին հիմնասիւնը,  փոթորիկներուն ընդմէջէն ան է, որ սերունդէ սերունդ պահպաներ է հայ օճախը, մայրենի լեզուն: Հայ մօր «Զարթի լաօ»-ն պիտի հնչէ դարէ դար` ոգի արթնցնելու, ազգային հայրենասիրական հերոսութեան մղելու իրենց զաւակները, սէր, նուիրում, սնուցանելու դէպի հայրենի սուրբ հողը:

Դ. կարգի աշակերտները բեմականացուցին հնդկական պար մը, իսկ Ը. կարգի աշակերտները ներկայացուցին մօր բոլոր յատկանիշները տեսերիզի մը զուգընթաց:

5-05-15_khanamirian-(1)5-05-15_khanamirianԳեղարուեստական յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Գ. կարգի աշակերտներու խանդավառ երգեցողութեամբ:

Խօսք առաւ տնօրէնուհի Նելլի Վեքիլեան: Ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը` լուսաւոր ու գեղեցիկ այս օրուան առիթով, ապա ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի գոյութեան համար պարտական ենք մեր մայրերուն, որովհետեւ հայ մայրերը անապատի տաք աւազներուն եւ տարագրութեան ճամբաներուն վրայ կամ ուր ալ հասան, հացէն, ջուրէն առաջ հայ մանուկին շուրթերուն վրայ դրոշմեցին հայ աղօթքը, իսկ սրտին ու հոգիին մէջ քանդակեցին ոսկեղնիկ այբուբենը եւ այսպէս մեզ` հայ ժողովուրդի զաւակները, փրկեցին մահէն ու կորուստէն: Ան եզրափակեց իր խօսքը` մաղթելով բոլոր մայրերուն, որ մնան հայ ազգային ինքնութեան, արժէքներուն եւ աւանդութեանց արթուն պահակը:

Ձեռնարկի աւարտին վարժարանի Տիկնանց յանձնախումբը Մայրերու օրուան առիթով յուշանուէրով մը պատուեց տնօրէնուհի Նելլի Վեքիլեանը` իր տարած անշահախնդիր ու անձնուէր զոհողութեան համար, միաժամանակ Տիկնանց յանձնախումբի անդամները պատւուեցան յուշանուէրներով` իրենց տարած մեծ ծառայութեան համար:

Հարկ է նշել, թէ ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ վիճակահանութիւն` Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:

 

 

 

Նախորդը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Մայրերու Օրուան Մեծարանքի Հանդէս

Յաջորդը

Աշխարհը Հիմնուած Է «Յաղթել-Պարտուել» Մոտելի Վրայ. Բայց Այն Կարող Է Զարգանալ Միայն «Յաղթել-Յաղթել» Մոտելի Կիրառման Դէպքում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.