Մայիս 5-ին, 95 տարի առաջ, հազիւ երկու տարուան կեանք ունեցած Հայաստանի Հանրապետութիւնը թեւակոխեց իր կարճատեւ գոյութեան ամէնէն վճռորոշ փուլը:
5 մայիս 1920-ին, ինչպէս որ Ս. Վրացեան հետագային պիտի վկայէր իր յուշերուն` «Կեանքի ուղիներով» շարքի Ե. հատորին մէջ, ազատ ու անկախ Հայաստանի տարածքին հաստատուեցաւ «Դաշնակցութեան փաստացի դիկտատուրան»:
Մայիս 5-ի այդ օրը տակաւին Հայաստանի վարչապետ Ալ. Խատիսեան ներկայացաւ Հայաստանի խորհրդարանի նիստին եւ տուաւ իր կառավարութեան հրաժարականը: Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր ժողովը ընդունեց հրաժարականը եւ, փոխարէնը, հաստատեց կազմութիւնը նոր կառավարութեան մը, որ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ հռչակուեցաւ իբրեւ Բիւրօ-կառավարութիւն:
Փաստօրէն օրուան ՀՅԴ Բիւրոն իր լրիւ կազմով ստանձնեց հանրապետութեան պետական կառավարման ղեկին ամբողջական պատասխանատուութիւնը` բժիշկ Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ եօթը հոգինոց կառավարութիւն մը առաջացնելով.
– Համօ Օհանջանեան, վարչապետութեան կողքին, վերստանձնեց նաեւ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ իր ունեցած արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը:
– Ռուբէն Տէր Մինասեան եղաւ, միաժամանակ, զինուորական եւ ներքին գործոց նախարար:
– Սիմոն Վրացեան ստանձնեց գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարարութիւնները:
– Աբրահամ Գիւլխանդանեանի յանձնուեցան ֆինանսներու եւ արդարադատութեան նախարարութիւնները:
– Արշակ Ջամալեան ստանձնեց հաղորդակցութեան նախարարի պատասխանատուութիւնը:
– Գրիգոր Ղազարեան միատեղեց կրթութեան եւ արուեստի նախարարի պաշտօնները:
– Սարգիս Արարատեան ստանձնեց խնամատարութեան եւ վերաշինութեան նախարարութիւնները:
Ծանրակշիռ պայմաններու ծնունդ եղաւ Բիւրօ-կառավարութիւնը:
Ազրպէյճանի ապրիլ 28-ի խորհրդայնացումով Հայաստան յայտնուած էր երկու կրակի մէջ: Մէկ կողմէ համաթրքական սպառնալիքը` թուրքեւազերի միացման ծրագրի գործադրութեան թափ տալով, իսկ միւս կողմէ` պոլշեւիկեան Ռուսիոյ զօրաշարժին սաստկացումը` Անդրկովկասը վերստին իր մականին ենթարկելու ուղղութեամբ, օրհասական վտանգի տակ դրին Հայաստանի Հանրապետութեան իբրեւ ազատ ու անկախ պետութեան գոյատեւումը:
Արտաքին վտանգներով ծայր աստիճան սպառնալից այդ մթնոլորտին մէջ, մինչ արեւելքէն ազրպէյճանական կարմիր բանակայինները (որոնց հրամանատարութեան մէջ էին նաեւ Անաստաս Միկոյեանի օրինակով հայ պոլշեւիկներ) թափ տուած էին իրենց ներխուժման, իսկ հիւսիսէն ռուս եւ վրացի պոլշեւիկները Հայաստանի խորհրդայնացման իրենց ծրագիրը ի գործ դնելու դաւեր կ՛որոճային, յանկարծ Ալեքսանդրապոլի մէջ բռնկեցան հայ պոլշեւիկներու մայիս մէկի խռովութիւնները` Հայաստանի հանրապետական կարգերը տապալելու բռնաշրջման կոչերով:
Թէեւ փոքրաթիւ էին հայ պոլշեւիկները եւ չունէին ժողովրդային ծաւալ ստանալու որեւէ յոյս ու հեռանկար, բայց անոնց խռովարարութեանց ետին մեծ էր վտանգը արտաքին ճնշումներու ահագնացումին` պատճառ դառնալով հայ ժողովուրդի ներքին դիմադրականութեան տկարացումին:
Մայիս 3-ին գումարուած Հայաստանի խորհրդարանին բուռն նիստը եկաւ աւելիով ծանրացնելու վտանգաւոր այդ կացութիւնը: Մատի վրայ համրուող ձախակողմեան խորհրդարանականները Ալ. Խատիսեանի կառավարութենէն կը պահանջէին, որ շուտափոյթ ընդառաջէ ռուս պոլշեւիկներու անձնատուութեան պահանջներուն եւ վերջնագիրներուն` առաջին հերթին «հասկացողութիւն» ցուցաբերելով Ալեքսանդրապոլի հակապետական ցուցարարներուն նկատմամբ: Իսկ աջակողմեան (Ժողովրդական) եւ անկուսակցական պատգամաւորները ընդհանրապէս անճրկած էին եւ ի վիճակի չէին վճռական դիրքորոշումի…
Ստեղծուած ճգնաժամն ու անելը դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ էր ամբողջական` միակամ ու վճռական զօրաշարժ:
Մայիս 4-ին ՀՅԴ Բիւրոն արտահերթ ժողով գումարեց եւ ընդլայնուած խորհրդակցութեան հրաւիրեց պետական եւ կուսակցական իր ղեկավար ուժերը` ելքը որոշելու համար:
Անշուշտ դաշնակցական ղեկավարութեան մէջ եւս կային մտածողներ (ինչպէս նոյնինքն` Սիմոն Վրացեան, որ 1920-ի նոյեմբերին պիտի ստանձնէր վարչապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան), որոնք վերապահ էին Բիւրօ¬կառավարութիւն կազմելու քայլին նկատմամբ:
Բայց օրհասական էր պահը եւ պատմական ծանրագոյն նշանակութիւն ունէր ազատ ու անկախ Հայաստանի ազգային պետականութեան վաղուան օրուան համար:
Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ գործող քաղաքական ուժերը ընդհանրապէս պատրաստ չէին ստանձնելու պոլշեւիկեան խռովութիւնները երկաթեայ բռունցքով զսպելու եւ հայկական ներուժը լրիւ, արտաքին վտանգին դէմ, զօրաշարժի մղելու պատասխանատուութիւնը:
Անելը դիմագրաւելու միակ ելքը ազգի եւ հայրենիքի առջեւ ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնելու վճռականութիւնն էր:
Եւ Դաշնակցութիւնը 5 մայիս 1920-ին դիմեց պատմական պատասխանատուութեան այդ քայլին:
Բիւրօ¬կառավարութիւնը մինչեւ մայիսի կէսը ամբողջապէս հակակշռի տակ առաւ հանրապետութեան ներքին ճակատը: Ալեքսանդրապոլի խռովարարները ծանրագոյն պատիժի ենթարկուեցան: Հայ պոլշեւիկները, իբրեւ հայրենիքի դաւաճաններ ու հակապետական տարրեր, կա՛մ կախաղան հանուեցան, կա՛մ փախուստ տալով` Վրաստան ու Ազրպէյճան ապաստանեցան: Իսկ հայոց բանակը իր ամբողջ թափով լծուեցաւ Զանգեզուրի պաշտպանութեան` արեւելքէն եկող կարմիր ազերի բանակայիններու գրոհը դիմագրաւելու զօրաշարժին:
Բիւրօ-կառավարութիւնը միաժամանակ լարուած աշխատանքի անցաւ կարմիր Ռուսիոյ հետ հասկացողութեան եւ գործակցութեան եզրեր գտնելու ճակատին վրայ:
Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ կազմուեցաւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ քաղաքական անհրաժեշտ վարկը կը վայելէր ռուս պոլշեւիկներու մօտ` Խորհրդային Ռուսիոյ նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ունեցած ազգային-քաղաքական բնական դաշնակիցի քաղաքականութիւնը ներկայացնելու եւ ընդունելի դարձնելու համար:
Եթէ Շանթի պատուիրակութիւնը ի վերջոյ ձախողեցաւ իր այդ առաքելութեան մէջ, պատճառները Հայաստանի հանրապետական իշխանութեանց մէջ պէտք չէ փնտռել, այլ նախ` Լենին-Քեմալ մեծ դաւադրութեան եւ, ապա հայ պոլշեւիկներու… ձախապաշտութեան մէջ: Հայ պոլշեւիկները կուրցած էին այն գաղափարախօսական մոլուցքով, որ հարկ էր (թէեւ Մեծ եղեռնէն հազիւ մազապուրծ) անկախացեալ Հայաստանի մէջ ամէն գնով դասակարգային պայքարը յառաջ մղել եւ բանուորական յեղափոխութեան յաղթանակով «պսակել»…
1920-ի Բիւրօ-կառավարութիւնը յաջողեցաւ նաեւ մեծապետական քաղաքականութեան ճակատին վրայ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը դուրս բերելով թուրքեւազերի համաթրքական կողմի եւ Լենին-Քեմալ դաւադիր գործակցութեան պարտադրած… շրջափակումէն:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական մեծ աշխուժութեամբ, Փարիզի մէջ գործող Պօղոս Նուպար փաշայի Ազգային պատուիրակութեան հետ հնարաւոր գործակցութեամբ, յառաջ մղեց Սեւրի դաշնագրին մէջ հայկական իրաւունքներուն եւ պահանջներուն միջազգային իրաւական նուիրագործումը:
Փաստացի «դիկտատուրա» ըլլալով հանդերձ, 5 մայիս 1920-ին կեանքի կոչուած Բիւրօ-կառավարութիւնը, նոյնպէս փաստօրէն, դրաւ հիմը անկախ Հայաստանի ազատ, անկախ եւ միացեալ հանրապետութեան ազգային-քաղաքական ՀԱՅԿԱԿԱ՛Ն արեւելումին:
– Ներքին ճակատի միասնականութեան ամրապնդումով եւ սեփական բանակի հզօրացումով պայմանաւորուած է այդ արեւելումը:
– Նաեւ` Ռուսիոյ հետ բնական դաշնակիցի ռազմավարութեան վրայ խարսխուած է:
– Արեւմուտքի հետ մերձեցման եւ քաղաքակրթական ու ժողովրդավարական ընդհանուր եզրերու զարգացման հունով կ՛ընթանայ այդ արեւելումը:
– Բայց մանաւանդ համաթրքական վտանգին դիմագրաւումը, հայկակա՛ն այդ արեւելումով, իր բնականոն հունին մէջ կը դնէ հայեւթուրք երկխօսութիւնը` Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անբռնաբարելի իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու պարտաւորութեան տակ դնելով թրքական ցեղասպան պետութիւնը:
Բիւրօ-կառավարութեան կարեւոր դերին ու ազգային¬քաղաքական առումով բախտորոշ այս նշանակութեան արժեւորումը կատարեց հայ ժողովուրդը 28 մայիս 1920-ին, երբ արտակարգօրէն մեծաթիւ բազմութեամբ ու խանդավառութեամբ տօնեց Հայաստանի անկախութեան երկրորդ տարեդարձը:
1920-ի մայիս 1-5 պատահած խռովութիւնները սեւ ու մուր խարան մը դարձան հայ քաղաքական մտքի ճակտին:
Առանց անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ամբողջ դարեր ապրելէ ետք, յատկապէս թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն հազիւ վերականգնած, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ հայ պոլշեւիկներու դաւադրական խռովութեանց, որոնց նպատակն էր կարմիր բանակայիններու եւ թուրք-ազրպէյճանական ասպատակողներու զէնքի ուժով տապալել հայոց անկախ պետականութիւնը:
Անաստաս Միկոյեաններու օրինակով հայ պոլշեւիկները նման` սեփական հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան խորտակման ամօթալի ու կործանարար «ժառանգութիւն»-ը թողուցին հայոց պատմութեան էջերուն:
Իսկ Բիւրօ-կառավարութեան երեւոյթը եղաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի ազգային մահամերձ պետութիւնը վիրաբուժական գործողութեամբ փրկելու յուսահատական վերջին փորձ մը…
Ն.