Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Տէր Կանգնինք Շուշիով Սկիզբ Առած Յաղթարշաւին

May 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պայքարով պէտք է նուաճենք մեր ապրելու իրաւունքը եւ այդ պայքարը միասին պէ՛տք է աւարտենք, համոզուած եմ, յաղթանակո՛վ»:

ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ`
Արթուր Մկրտչեան

5-11-15_Ghazanchetsots_Double_Rainbow1992-ի մայիս 8-ին կերտուած Շուշիի յաղթական ճակատամարտը անկիւնադարձային թուական կը հանդիսանայ նորօրեայ մեր ազատամարտի տարեգրութեանց մէջ: Շուշիի ազատագրումով եւ հայ զինուորի արի խոյանքով, տարածաշրջանէն ներս Արցախ կը դառնար աշխարհաքաղաքական գործօններու վրայ ազդեցիկ ռազմաքաղաքական միաւոր:

Աւելի՛ն. Շուշիի յաղթանակը իր վճռորոշ բարոյական ազդեցութիւնը կ՛ունենար նաեւ ազատագրական մարտերուն մէջ քանի մը տարուան փորձառութիւն ունեցող հայկական ուժերուն վրայ, որոնց մօտ կը զարթնէր իբրեւ մարտունակ ազգի ռազմիկներ յաղթանակ կերտելու բնազդը եւ սեփական ուժերուն յենելու մարտական ինքնավստահութիւնը:

Հայոց անկախ պետականութեան արեւելեան դարպասը հանդիսացող Շուշիի ազատագրումը քաղաքական անհրաժեշտութիւն մըն էր, զոր կերտեցին արցախեան գոյամարտին շուրջ համախմբուած ազգային ուժերը:

Շուշիին տիրողը կը տիրէ Արցախին: Արցախին տիրողը իր ազդեցութեան գօտիին տակ կ՛առնէ Անդրկովկաս-Թուրքիա-Իրան աշխարհագրական եռանկիւնին ծիրէն ներս տնտեսական եւ քաղաքական լծակները, ինչպէս նաեւ իր ազդեցութեան կ՛ենթարկէ քարիւղի խողովակաշարերու անցքերը: Պատմաքաղաքական այդ հանգրուանին Արցախին վիճակուած էր շրջանային քարտէսները արդարօրէն գծելու պատմական առիթը: Շուշիի ազատագրումով ձեւազեղծուած սահմանները կը վերադառնային պատմականօրէն ճշդուած իրենց հորիզոնականներուն:

Անդրկովկասի տարածքային հիմնախնդիրները, ուշ կամ կանուխ, կրկին պիտի դառնան շահագրգիռ կողմերու քաղաքական սեղանին վրայ գլխաւոր օրակարգ: Ազդեցութեան ոլորտներու վերադասաւորման յառաջիկայ գործընթացին ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է լուծման որեւէ տարբերակի ձեւաւորման մէջ հիմնական դերակատար ըլլալը:

Արցախն ու Շուշին ազատագրուած են, որպէսզի հարթուի ուղին գալիք նուաճումներուն, որոնք հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներուն եւ արդար դատին վերատիրացման համար քաղաքական յառաջիկայ մեր մարտահրաւէրներն են տարբեր ճակատներու վրայ:

Ա՛յս է Շուշիի յաղթական պատգամը: Ազատագրուածը պահելու եւ ապագայ յաղթանակներուն սեւեռելու պատգամը: Տասնամեակներէ ի վեր բռնագրաւուած Շուշին իր հարազատ ժողովուրդին վերադարձաւ գիտակցօրէն դէպի մահուան երախը գացող հայ հրասայլորդի ինքնազոհութեամբ, Վիգէն Զաքարեաններու հայրենի լեռներուն միախառնուած արեամբ, յաղթանակ կերտելու անկոտրում կամքով: Տէր կանգնինք այդ յաղթանակին:

Նախորդը

Թուրք Գործիչները Անընդունելի Կը Նկատեն Թուրքիոյ 100-Ամեայ Լռութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Կամքով Եւ Ինքնավստահութեամբ

RelatedPosts

Մոնրոյի Վարդապետութեան Վերականգնումը
Անդրադարձ

Մոնրոյի Վարդապետութեան Վերականգնումը

January 16, 2026
Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979
Անդրադարձ

Քեսապցիներու Ծածկանունները

January 16, 2026
Ստացուած Գիրքեր.  «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր» (21-22 Ապրիլ, 2024)
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր» (21-22 Ապրիլ, 2024)

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.