ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Զարթի՛ր, Երեմիա՛, զարթի՛ր եւ ողբա՛ մարգարէանալով հանդերձ»:
ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ
Որբեւայրիի մը պէս առանձին է բազմամարդ քաղաքը, կու լայ գետի յորձանուտներուն հետ: Սիրելիները հեռացած ու լքած են զինք, անմխիթար կը տքայ…
Կը դիտեմ քաղաքը` նախնիներուս ներկայութիւնը հետս առած, անոնց համար աչքեր կ՛ըլլամ, որ արտասուենք միասին, ականջներ` վերստին լսելու եկեղեցիներուն անլսելի, բայց մեզի համար լսելի հազարաւոր կոչնակներուն կանչը, որոնք կը հրաւիրեն ժամերգութեան:
Ճամբաներն ու քաղաքներուն դարպասները կը սգան: Տօն է հանդիսաւոր… Դռները ամայութենէն կու լան, քահանաները կը հեծեն, «Ո՞ւր է դպիրը ո՞ւր է կշռողը»…
Քնարներուն մեղեդիները յանգած են, քնարները կախուած են գետափի ուռիներէն…
Ինչպէ՞ս ժամերգել, երբ քահանան ու մարգարէն Աստուծոյ սրբարանին մէջ սպաննուած են, սրբարանին քարերը փողոցներուն վրայ, ցաք ու ցրիւ եկած, լոյս կը փնտռեն:
Տրտմութեան եւ սուգի մատնուած են, շնչաւոր ու անշունչ` անարգուած եւ դաւաճանուած:
Հեթանոսները մեր տաճարները իրենց նախիրներուն արօտավայրը դարձուցած` կը հրճուին:
Ամէն բան մոխիրով ծածկուած է, իսկ Քու երեսդ` ամպերով: Մեր աղօթքն ու աղաղակը անհաս մնացին Քեզի, ալիքներ ամէն կողմէ պատեցին, ողողեցին մեր գլուխը: Կաթնկերին լեզուն ծարաւէն քիմքին փակաւ, ան չի լար, ալ…
Անտարբեր հայեացքներ, ուրուականներ, թռչող հրեշտակներ, քարէ քար, թուփէ թուփ, բոցակիզող մորենիներ…
Հանդէ՞ս է, թէ՞ թատրոն: Վերյիշել, ոգեկոչել, ո՞վքեր… թող գան:
Ձայն մը կ՛ըսէ. «Հանգիստ ձգեցէք զանոնք… հոս չեն, ուրի՛շ տեղ փնտռեցէք…»:
– Առանձին եմ, ձայն մը կը լսեմ քաղաքէն… Կը նայիմ ահեղագոռ ջրվէժներուն, նորոգուող յարատեւութեան ներկայութեան, որուն համար միշտ նոր է ամէն բան: Մաքրութիւնը անմեղութիւնն ու հատու արդարութիւնը աղմուկին մէջ թաքնուած ըլլալու են, ջուրի նորոգուող կենսունակութեան` երկրի ընդերքէն եկող եւ վերին անհունութիւններէն սկիզբ առնող, որոնք երկրի մակերես հասնելէ ետք կը կորսնցնեն իրենց անարատութիւնը:
Աղբիւրներդ ա՛լ զուլալ ջուր չեն բխեցներ, անոնց ջուրը տղմոտ է ու արնահոտով արբեցած, արցունքներով շաղախուած…
Հեծկլտացող ծաղիկներդ գարնանային բալասանուած իւղ չեն բուրեր սրբալոյս միւռոնի համար: Կը ժպտին ցաւոտ ու անտարբեր` շրթներէն իրենց սաղմոսներ ծորելով ցաւած հողին: Իրենցմով կը զմայլին անյայտ մարդիկ կամ սողուններ:
Քարերը ծուխի եւ արեան հոտէն խեղդուած` ո՛չ ուխտաւոր կը դիմաւորեն, ո՛չ սգաւոր..
Ուխտաւորն ու սգաւորը ի՞նչ կրնան փոխել, եթէ չհրամայուի ու չվճռուի…
– Մենք ենք,- կ՛ըսեմ,- մի՛ լաք ամէն բան յարափոփոխ է…
Քարերն անգամ իրենց յատուկ լացովը կու լան:
Եղէգնուտներէն տխուր նուագ մը կը սփռուի կրակէ գետին վրայ, որուն կ՛ընկերակցի կոյսերու սգոյ մեղեդին, որոնք կ՛երգեն իրենց վաղաժամ մահը, անարգանքն ու ցաւը: Զանոնք նուաստացնողները երգ կը պահանջէին անոնցմէ, որոնց վէրքերը այժմ կը կոտտան, կ՛երգեն անմխիթար, կ՛երգեն հոգիին խոշտանգումն ու լլկանքը` գիշերուան մէջ իրենց ցաւոտ երգը: Ու հովի սուլոցին հետ ամէն գիշեր կը կրկնուի մեր ականջներուն անհասանելի սգահանդէսը անոնց, որ ուզեցին մնալ հողին վրայ ու չբարձրանալ մնացեալին հետ…
Կը ցաւիմ անոնց համար…
Մի՞թէ մահերգ է անոնց երգը…
Շարունակական յաղթերգի մը հնչիւնները կը լսուին հեռուէն, որոնք տակաւ առ տակաւ կը վերածուին օրհներգի…
Հիմա, հոգոցները սփոփուած, կը յայտնեն, թէ ա՛լ չեն ցաւիր, ու չեն լար անոնց նիւթեղէն մարմինները: Անոնք կ՛օրհներգեն իրենց ոսկորներու սուլոցով, ու ես չեմ ուզեր քերթել կրկին անգամ այդ ոսկորները, թող հանգչին երկնային անդորրի մէջ, թող լռէ անոնց կսկիծն ու տառապանքը` փոխուելով սիրոյ եւ յոյսի:
Անոնց սէրն ու երգը կը թագաւորեն, մեր սրտերուն մէջ:
…………………………………….
«Օտար հողի վրայ ալ ինչպէ՞ս քեզի երգ երգենք…»:
Ուրախութեան երգը ազգին փրկութեան եւ վերադարձին երգն է:
«Կ՛երդնում, որ եթէ քեզ մոռնամ, իմ Աւետեաց Երկիր, թող աջ ձեռքս կոտրի, լեզուս քիմքիս փակչի»:
Բաբելոնի կործանումը շուտով կու գայ… ամէն բան ունի իր հատուցման ժամը:
Սրբարանին սեղանին տակ անոնք, սպիտակ պարեգօտեր հագած, հաւատքի աչքերով կը նային կործանած քաղաքներուն ու շէներուն, կը հնչէ անոնց ձայնը լռութեան մէջ` «Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես… եւ մեր արիւնին վրէժը պահանջես…»:
Պարեգօտերը կը շողան լուսաշող ոլորտներու մէջ` իրենց անշիրիմ հանգստեան խաղաղ օթեւանէն:
Քիչ մը եւս հանգստացէք, այնքա՛ն յոգնած էք եւ ցաւած…
Կրկին անոնց հետ թեւանցուկ կը շրջիմ վիրաւոր ու գերեվարուած տարածքներ…
Կեանքն ու մահը ձեռք-ձեռքի բռնած` կը քալեն, չեն հեռանար տատասկոտ անդաստաններէն, իրենց սիրոյ կնիքը դրոշմելով այնտեղ, ուր սէր չկայ, այն հողին, ուր չոր է եւ ճաքճքած, կը համբուրեն այն խոտերը, ուր ցօղի եւ եղեամի տեղ լերդացած արիւն կը հանգչի:
Սպիտակաթոյր համբոյր կը դրոշմեն մեր ճակատներուն: Անոնց օրհնանքը կը լսեմ, անոնց աչքերը կը նային մեր աչքերով ու բիբերը կ՛ընդարձակուին մեր ուրախութեամբ եւ երազներով: Ու այդ ոսկորները մեր վճռակամութեամբ իբրեւ պաշտպանութիւն` կը շաղախուին այն հողին հետ, որ մեր բոլորին է, նոր ոգեղէն ամրոցներ կառուցելու: Իրենց ոսկորներով Աստուծոյ աննիւթական եկեղեցին բարձրացնելու:
Եւ իրենց արեան կաթիլներու ցօղով կը ծաղկին հաւատքն ու ոգեղէն պարիսպը մեր: Կրկին տուն կը վերադառնանք, քայլ առ քայլ, կը հասնինք անոնց, մեր միասնականութեան օղակին աներեւոյթ միստիկական շրջանը ամբողջացնելու: