Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Մայրերու Օրուան Մեծարանքի Հանդէս

Մայիս 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Է՜հ մօր սիրտ, ամենաբարձր սրբութիւնն ես.                               
Աշխարհիս երեսին ամենագեղեցիկը մօր աչքերն են,
ես կեանքում բացի մօրիցս, ոչ մի սէր չտեսայ»:

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

5-05-15_aksor-(2)Երեքշաբթի, 5  մայիս 2015-ին, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը մեծարանքի հանդէս մը կազմակերպեց Մայրերու տօնին առիթով, վարժարանի «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ: Սրահին բեմը վարժարանի մանկապարտիզպանուհիին եւ ուսուցիչներուն կողմէ զարդարուած էր տօնը խորհրդանշող իւրայատուկ յարդարանքով: Սրահին մուտքին վարժարանի ծնողական յանձնախումբը դիմաւորեց մայրերը անուշաբոյր վարդերով: Սրահին մէջ Մայրերու տօնին նուիրուած երգեր ձայնասփռուեցան` տօնին խորհուրդը փոխանցելով ներկաներուն:

Հուսկ, ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, երբ բացման խօսք կատարեց վարժարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտ Սահակ Մուտարիկեանը: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը Մայրեու տօնը մայիս ամսուան ընթացքին կը տօնէ, որովհետեւ այս ամսուան ընթացքին բնութիւնը կը զարդարուի գոյնզգոյն եւ բուրումնաւէտ ծաղիկներով եւ պտղատու ծառերը` իրենց նորափթիթ պտուղներով:

Ս. Մուտարիկեան իր եւ դասընկերներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց հայ մայրերուն, որոնք Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր ազգը պահած են իր հաւատքով, պատմութեամբ եւ լեզուով: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեանին, որ դպրոցին մէջ երկրորդ մայր ըլլալով` կը գուրգուրայ ու կը զինէ գիտելիքներով:

5-05-15_aksor-(1)5-05-15_aksor-(3)Բացման խօսքին յաջորդեցին մանկապարտէզի աշակերտներուն դողդոջուն արտասանութիւնները եւ երգերը: Նախակրթարանի աշակերտները հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով ասմունքեցին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին հայ թէ օտար բանաստեղծներու մտածումները մօր մասին: Յիշարժան ելոյթով նախակրթարանի երգչախումբը ներկայացուց խմբերգներ` խմբավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի:

Ապա վարժարանի տնօրէնը հրաւիրեց օրուան պատգամախօսը` Սօսի Պալեանը, Մայրերու տօնին հուսկ բանքը փոխանցելու: Ան մարդկային ընկերութիւնը նմանցուց շէնքի մը, որուն վիմաքարը ընտանիքը կը կազմէ եւ անոր կարեւոր հիմնասիւները` հայրն ու մայրը: Ս. Պալեան մէջբերեց Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիքը» երկը, ուր տունը եւ ընտանիքը կը նմանցնէ փոքրիկ թագաւորութեան մը … հոն ո՛չ ոստիկան կայ, ո՛չ սուր, ո՛չ բռնութիւն եւ ո՛չ գաւազան, այլ այդ ամէնուն տեղը կը բռնեն հայրական սէրն ու մայրական գորովը, դաստիարակ ու խրատ` ծնողներուն կենդանի օրինակն են եւ այդ օրինակները այնքան բարի ու տպաւորիչ են, որ լուսարուեստին պէս թափանցիկ կերպով ծնողներուն պատկերը նոյնատիպ կը հանէ զաւակներուն վրայ: Ապա ան ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Մայրերու տօնին հաստատման մասին, երբ Ամերիկայի մէջ 1914-ին Աննա Ճարվեզ անունով աղջիկ մը, որ երբեք մայր եղած չէր, սակայն իր մայրական սիրոյ հաւատքը յաւերժացնելու համար հսկայ աշխատանք տարած է եւ կրցած է ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ վաւերացնել Մայրերու տօնը:

Սօսի Պալեան անդրադարձաւ նաեւ այն երեւոյթին, թէ միայն զաւակներու ծնունդ տալով չէ, որ մայր կը դառնան, այլ նաեւ պատմութեան մէջ նուիրեալ դաստիարակներ մայրութեան կոչումին արժանացած են, ինչպէս Մայր Թերեզա, «Թռչնոց բոյն»-ի որբերուն հոգատար Մարիա Ճեքըպսըն եւ ուրիշներ: Ան թուեց նաեւ հայ մօր արժանիքները` ազգային ծառայութիւնը, ընկերային, մտային եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն, ընտանեկան համբաւի նախանձախնդրութիւն, տնաշինութիւն, խնայասիրութիւն, տառապանքի մէջ համբերատար տոկունութիւն եւ քաջութիւն, որոնք դարձուցած են զինք մեր պատմութեան երախտաւորը:

Դասախօսը հայ դպրոցին դերը լուսարձակի տակ առաւ եւ կտրականապէս մերժեց օտար դպրոցներ առաջնորդելու զանազան պատճառաբանութիւնները` նշելով հայ դպրոցին փոխանցած հանգիստ միջավայրն ու ազգային եւ կրօնական դաստիարակութիւնը: Ան գնահատեց այն հայ ծնողները, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան` իրենց զաւակները կը վստահին հայ դպրոցին:

Հայ ժողովուրդի գոյատեւման մէջ հայ մօր անուրանալի դերին մասին խօսելով ըսաւ, թէ հայ մօր կամքը, կորովը, հաւատքը, աղօթքը, սէրը, կեանքի իտէալը եւ բարոյական առաքինութիւնը մղիչ ուժ եղած են սերունդներու ինքնակերտումին, ազգային ժառանգին պահպանման եւ Հայ դատի հետապնդման մէջ:

Իր դասախօսութեան վերջին բաժինով Ս. Պալեան անդրադարձաւ հայ առաքինի մօր դերակատարութեան եւ մատնանշեց հետեւեալ կէտերը.

ա.- Առաւել նուիրում` ընտանիքին եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու

բ.- Առաւել արի կեցուածք
գ.- Ազգային արժանապատուութեան պաշտպանութիւն
դ.- Պատրաստ` միացեալ հայրենիքի փրկութեան
ե.- Հեռու մնալ եսասիրութիւններէ, քաղքենի շողշողուն բարքերէ, օտարամոլութենէ:

 

 

Նախորդը

Հայ Աւետ. Քոլեճի Պարախումբը Մասնակցեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի 40-րդ Պարերու Փառատօնին

Յաջորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Աշակերտութիւնը Նշեց Մայրերու Օրը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?