ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ «Գանձասար»-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակած է բացառիկ թիւ մը, բաղկացած` 148 էջերէ` ի յիշատակ տիրամայր Լուսին Սարգիսեանի եւ տիար Գրիգոր Սարգիսեանի:
Բացառիկը կը բացուի Շահան արք. Սարգիսեանի «100-ամեակ խորհրդածութիւն մը» խորագրեալ պատգամով:
Սրբազանը կը գրէ. «100-րդ անգամ հայոց սրբազան նահատակներու յիշատակին դիմաց խոնարհելէ եւ յարգանքի մատուցում կատարելէ յետոյ, վերյիշենք հայոց Մեծ եղեռնին, մեծագոյն աղէտին կամ Հայոց ցեղասպանութեան աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերը, կործանուած, ամայացած, փոշիացած պատմական մեր հողերը` հայոց հայրենիքը, մարդկային կորուստներուն կողքին հոգեւոր եւ մշակութային բազմարժէք ժառանգութեան անհետացումը կամ յափշտակումը մեր երկրի ժամանակաւոր եւ նոր բնակիչներուն կողմէ, եւ այս բոլորը մարդկութեան աչքերուն դիմաց, լուսաւոր ու յառաջադէմ դարաշրջանի մը մէջ, որ կ՛ապացուցէ մեր ժամանակներու համաշխարհային բարոյականութեան սնանկացումը եւ համամարդկային պատասխանատուութեան բացակայութիւնը»:
Այնուհետեւ սրբազանը կը նշէ. «Այսօր, 100 տարուան վերաքաղը կատարելով, հաւանաբար փորձենք արժեւորել նահատակներու կտակին հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը, փորձենք հասկնալ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան էական հարցումներուն կրցա՞ծ ենք պատասխանել: Այսպէս, մեր եկեղեցական ու մտաւորական խաւի ներկայացուցիչները Եղեռնի ողջակիզման իրականութեան աստուածաբանական ու բարոյական հարցադրումները եւ վերլուծումները կատարեցի՞ն, համապատասխան բացատրութիւններ կրցա՞ն գտնել կամ տալ, անկախ քանի մը գնահատելի, բայց անբաւարար փորձերէն, որոնք յաճախ կը մնան «ակադեմական» շրջանակներու յատուկ եւ մեր նահատակութեան ընկերային ու քաղաքական բացատրութիւններէն անջատ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը փոխանցե՞ն տրամաբանական լուսաբանութիւն մը հաւատքի էական խնդիրներուն նկատմամբ, ինչպէս` չարին «յաղթանակը» արդարին եւ արդարութեան վրայ, հաւատացեալին «անպաշտպան ու անզօր մնալը», եղեռնապատում դէպքերուն եւ մահուան գացող կարաւաններուն մէջ զարմանալի «բացակայութիւնը» Նախախնամողին. առանց գայթակղեցնելու նպատակ ունենալու արձանագրեցինք քանի մը արծարծուած մտածումներ եւ մարտահրաւէրներ, որոնք այսօր ալ պատասխանի մը կամ պատասխաններու կը սպասեն, որպէսզի վերապրելու յոյսը եւ ընդհանրապէս յոյսը չկորսուի»:
Սրբազանը կ՛եզրափակէ հետեւեալ միտքով. «Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը զարմանալի նոր իրավիճակ մը եւ հոգեվիճակ մը կը ստեղծէ: Մենք նահատակութենէն յարութեան, պարտութենէն վերապրումին ու վերականգնումին հասած ժողովուրդ ենք: 100-ամեակի մեծ ու փոքր բոլոր ծրագիրները ապացոյցը չե՞ն հազարաւոր տարիներու վրայ կուտակուած ապրելու մեր հզօր կամքին, որ մեր բջիջներուն ու ծիներուն մէջէն չմեռնելու վճռակամութիւնը կը յայտարարէ, աւելին, մեր նոյնքան հզօր յիշելու կարողութիւնը կը ձեւակերպէ, իսկ վերապրողներուն ժառանգորդ մեր սերունդի ուսերուն վրայ կը տեղադրէ իրաւունքները եւ արդարութիւնը պահանջելու պատասխանատուութիւնը, որ նաեւ կը կազմէ մեր նոր ինքնութեան խարիսխն ու իւրայատկութիւնը»:
* * *
«Պահանջատէր ենք» խորագիրով խմբագրականին մէջ կ՛ըսուի, որ «հարիւրամեակի հիմնական ձեռքբերումը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի միասնական կեցուածքն ու ոսոխին դէմ մէկ ամրակուռ ճակատ կազմելու վճռակամութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք հրապարակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը: Համահայկական հռչակագիրի ընթերցումը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, հայ հոգեւոր պետերու, քաղաքական կազմակերպութիւններու, սփիւռքի ներկայացուցիչներու ներկայութեան, Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին դիմաց, ինքնին կը վկայէր, որ մեր ժողովուրդը մէկ ամբողջութիւն է եւ ունի գիտակցութիւն ու կամք` ազգային նպատակներուն շուրջ համախմբուելու, իր ուժերն ու հնարաւորութիւնները մէկտեղելու, հայկական իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր մէկ ռազմավարութիւն որդեգրելու համար»:
… «Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդը, որ 100 տարի առաջ փրկած էր Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակներն ու վերապրելու յոյս եւ հնարաւորութիւն ընձեռած անոնց, այսօր նոյն ոսոխի ջարդարար քաղաքականութեան թիրախը կը դառնայ ու կենաց մահու պայքար կը մղէ իր գոյութիւնն ու երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու համար», կը գրէ «Գանձասար»-ը:
* * *
Յաջորդ նիւթը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Համահայկական հռչակագիրն է, որմէ ետք` Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ:
Այնուհետեւ «Գանձասար»-ի աշխատակից Յարութ Էօրտէկեանի հարցազրոյցն է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ: Մանոյեան կ՛ըսէ. «Քաղաքական ու դիւանագիտական աշխատանքը կարեւոր է, շատ կարեւոր է, բայց բոլոր հարցերը չեն կրնար միայն այդ միջոցներով լուծուիլ: Անհրաժեշտ է նաեւ, որ մեր պետութիւնը ըլլայ հզօր, անհրաժեշտ է, որ մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդը նուիրուած մնայ այդ իրաւունքները ձեռք բերելու պայքարին եւ երբ օրը գայ` ազգովին պէտք է պատրաստ ըլլանք ամէն միջոցի դիմելու` մեր իրաւունքները ստանալու համար: Հիմա, սակայն, առաջնահերթը մեր իրաւունքներէն չհրաժարիլն է եւ առաւել` հզօրանալն ու Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելը»:
«Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը» խորագիրով յօդուածին մէջ Գրիգոր Տունկեան կը գրէ, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան կայացման գործընթացը, նոր սահմանադրութեան ընդունումը: Արցախեան ազգային ազատագրական պայքարը, Արցախի անկախ հանրապետութեան կերտումը, որ ինքնին 1918-ին ստեղծուած անկախ պետականութեան նոյն ուղիի հարազատ շարունակումն էր, ըստ էութեան մեր ժողովուրդի եւ պետականութեան հաստատակամ պահանջատիրութեան նորագոյն արտայայտութիւնները հանդիսացան»:
* * *
«Հայ ազգային խորհուրդի տեղեկագիրները` 1915 թուականի Հալէպ եւ շրջակայքը ապաստանող հայ գաղթականներու մասին» խորագիրով յօդուածին մէջ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Անի Ֆիշենկճեան կը գրէ, որ «ուսումնասիրելով Բերիոյ հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի արխիւները, ի յայտ եկան այնպիսի արժէքաւոր տեղեկագիրներ, որոնք այժմէական են եւ կ՛առնչուին 1915 թուականին երիտթուրք ջարդարարներու կողմէ անողոքաբար կատարուած սպանդին` Ցեղասպանութեան, որմէ մազապուրծ փախչողները, որպէս ապաստան, հանգրուանեցին Սուրիոյ հիւրընկալ հողին վրայ»:
«Սուրիահայ պատմագրութենէն Հայոց ցեղասպանութեան վկայութիւն մը` Օմար Սլէպի» խորագիրով յօդուածին մէջ դոկտոր Նորա Արիսեան կը գրէ. «Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայերու գաղթականութեան իրավիճակը կ՛արտացոլայ Տէր Զօրի պատմութիւնը ուսումնասիրող սուրիական նորագոյն պատմագրութիւններուն մէջ, մանաւանդ օսմանեան ժամանակաշրջանին, քաղաքի ընկերային իրավիճակի զարգացման ընդմէջէն: Հետազօտող պատմաբան Օմար Սլէպի (1951-2008), հիմնուելով ֆրանսացի հետազօտող Ժան Անոյէի կատարած վիճակագրական տուեալներուն (Տէր Զօրի մէջ օտարները դասակարգած է ըստ արհեստի, ծագումի, վայրի կամ ալ ընտանիքի անունով) վրայ, կը նշէ, թէ Առ Ռըշտիէ թաղամասը կը բնակէին քրիստոնեաներ` ասորիներ եւ հայեր, անոնցմէ քրիստոնեայ ամենահին ընտանիքներէն է Լուլի ընտանիքը, Խայեաթ (դերձակ) Քարիմ Լուլին»:
Արիսեան կը շարունակէ.
«Հայերը շրջանին մէջ կ՛ապրէին շատ երկար ժամանակ առաջ, սակայն անոնց ներկայութիւնը շեշտուեցաւ 1890-էն ետք մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը: Սլէպի կը հաստատէ, որ հայերը կ՛աշխատէին արդիւնաբերութեամբ, Եփրատի հովիտի շրջանը անոնց կը պարտի կարգ մը արհեստներու ներառումն ու զարգացումը: Աւելցնելով, որ Զօրի նահանգի զաւակները բարի վերաբերմունք ունեցան օտարներուն հանդէպ, մանաւանդ հայերուն, զանոնք պաշտպանելով եւ պահպանելով»:
Արիսեան կը շեշտէ ըսելով.
«Սուրիական ուսումնասիրութիւններուն մէջ յստակօրէն կը բացայայտուի թուրքերու վարած քաղաքականութիւնը: Քաղաքական այդ եղելութիւնը բացատրելով պատմաբան Սլէպին կ՛անդրադառնայ Հալէպ-Պաղտատ ցամաքի ճանապարհին, ուր վաճառականներու կարաւանները կ՛ենթարկուէին կողոպուտի. 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, օսմանեան կարգաւորումներու շնորհիւ պահակ զինուորներ կը նշանակուին ճանապարհին կարաւանները պաշտպանելու համար, սակայն հայկական ջարդերու պարագային այդ պահակները կը համաձայնէին կողոպտողներուն հետ ու կը յարձակէին գաղթականներու կարաւաններուն վրայ»:
«Տեղահանութիւնը ցեղասպանութեան ոճիր է» խորագիրով յօդուածին մէջ Գէորգ Յակոբճեան կը գրէ.
«Հայոց բռնի տեղահանութիւնը կանխամտածուած, կազմակերպուած ու հանգրուանային կերպով իրականացաւ, սակայն Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարութիւնը միջազգային հանրութիւնը խաբելու համար տեղահանութիւնը պետականօրէն «վերաբնակեցման-վերահաստատման» ծրագիրի պատրուակով իրականացուց»:
Յակոբճեան կ՛եզրափակէ.
«Հայերու նկատմամբ գործադրուած բռնի տեղահանութիւնները Համաշխարհային Ա. պատերազմին պատճառած զինուորական մտավախութիւնները կամ հայոց անջատողական ու օսմանցիներէն անկախանալու ախորժակները կասեցնելու ուղղուած չէին, այլ` նպատակ ունէին հայութիւնը բնաջինջ ընել: Իսկ եթէ որոշ տեղեր, հայեր ինքնապաշտպանութեան դիմեցին, ապա անոնք պաշտպանուելու եւ աղէտէն փրկուելու համար նման քայլերու նախաձեռնեցին»:
«Հայոց ցեղասպանութեան խռովայոյզ իրադարձութիւններու անդրադարձը դասական երաժշտութեան վրայ» խորագիրով յօդուածին մէջ Աւօ Գաթրճեան կը գրէ.
«24 ապրիլ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան խռովայոյզ իրադարձութիւնները հայ ժողովուրդի հաւաքական, ազգային գիտակցութեան դրսեւորման արտայայտութիւնը ներառեցին դասական երաժշտութեան երգահաններու ստեղծագործութիւններուն մէջ իրենց բոլոր ոճերով` քամերային, սիմֆոնիք, խմբերգային, գործիքային-համերգային, օրաթորիալ եւ երաժշտաբեմական երկերէն սկսեալ»:
«Մեծ եղեռնի ցաւի ու ցասման ձայնը հնչեցնող արուեստագէտներու երկերը չեն հանդիսանար լոկ միլիոնաւոր անմեղ մարտիրոսներու յիշատակին յարգանքի տուրք, այլ կ՛ընկալուին որպէս պոռթկում, բողոք` քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ թոյլ տրուած հրէշային յանցագործութեան դէմ, հաստատում` իւրաքանչիւր ազգի ազատ եւ խաղաղ կեանքի իրաւունքին», կը նշէ Գաթրճեան:
«Սարդարապատով նուաճեցինք մեր ապրելու իրաւունքը» խորագիրով յօդուածին մէջ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան կը գրէ.
«Ժողովուրդներու կեանքին մէջ եղած են այնպիսի իրադարձութիւններ, ճակատագրական այնպիսի պահեր, որոնք իրենց ազդու դրոշմը դրած են, բախտորոշ նշանակութիւն ունեցած են անոնց հետագայ ժամանակաշրջաններու պատմութեան վրայ:
«Հայ ժողովուրդի դրոշմն էր դրուած Սարդարապատի ճակատամարտի աննկուն պայքարի ուժականութեամբ առաջնորդուող հերոսներուն մէջ: Հայութեան մէջ արթնցած էր հայ ազգի ազնուական ու արի մարտնչող ոգին: Հայ ժողովուրդը իր անպատում ցաւէն ու տառապանքէն կեանքի կը կոչուէր», կը շեշտէ Մատոյեան-Տարագճեան:
***
«Ցեղասպանութեան թրքական որոշումին իրաւաքաղաքական շրջագիծը» յօդուածը ֆրանսերէնէ թարգմանած է տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան:
«Մարիշալը» պատմուածքին հեղինակն է Ուալիտ Միհմարի, արաբերէնէ թարգմանած է դոկտ. Հուրի Ազէզեան:
«Հողային պահանջատիրութիւնը հիմք եւ մեկնակէտ` Հայ դատի իրաւական գործընթացին» խորագիրով յօդուածին մէջ Սալբի Գասպարեան կը գրէ.
«Նոյնինքն թուրք իրապաշտ գիտաշխատողներու եւ մտաւորականներու հաստատումով, 100 տարուան ամուլ նկրտումներէ ետք, Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ Թուրքիոյ պետութեան որդեգրած ժխտումի քաղաքականութիւնը սնանկացած է… Միանգամայն պարզ է այն իրականութիւնը, որ հարիւր տարիէ ի վեր կեղծիքի, նենգափոխութեան եւ նոյնքան ապակողմնորոշիչ հակայարձակողականի հենքով շրջանառութեան մէջ դրուած իր մեծ սուտի կրկնութեամբ` Թուրքիան տակաւ մխրճուած է իր գործած մեծ ոճիրի ճահիճին մէջ, այլապէս երկրին իրերայաջորդ վարչակարգերու քաղաքական բաւիղներուն մէջ, հարցը լուծումի առաջնորդող գէթ նուազագոյն մակարդակով խմորումներ տեղի կ՛ունենային…»:
«Սասունի արաբացած հայերը» խորագիրով յօդուածին մէջ Սոֆիա Յակոբեան կը խօսի Սասունի մէջ 1915-էն մինչեւ 1980-ական տարիները շարունակուած հայերու իսլամացման եւ արաբացման գործընթացին մասին` շեշտելով, որ Սասունի մէջ կը գերիշխէ արաբերէնը եւ ոչ քրտերէնը:
Այնուհետեւ «Գանձասար»-ի աշխատակից Վարդենի Խուտէցեանի հարցազրոյցն է հալէպահայ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ ըսած է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան «ոճիրի ուրացման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի այսպէս կոչուած «Նոր Թուրքիոյ» իշխանութիւններուն կողմէ: Թուրքիան կը մնայ Թուրքիա եւ թուրք ժողովուրդը` թուրք իր մտածելակերպով եւ գործելաոճով, պարզապէս վարչակարգերու անուանական փոփոխութեամբ: Եթէ համիտեաններու եւ իթթիհատականներու օրերուն սպաննուեցաւ մարդը, ապա «Նոր Թուրքիոյ» Հանրապետութեան ձեռքով պաշտօնականացաւ հայկական սեփականութիւններու իւրացումը: Եթէ հանրապետական Թուրքիան ուղղակիօրէն ջարդ չկազմակերպեց, ապա պետական ծրագիրներով եւ յատուկ նպատակաուղղուած օրէնքներով հայաթափման եւ բռնագրաւման քաղաքականութիւնը շարունակեց»:
Ռէյիսեան իր խօսքը եզրափակելով կը հաստատէ. «Հանրապետական Թուրքիան իր օրէնքներով եկաւ շարունակելու իր նախորդներուն հակահայ քաղաքականութիւնն ու ուղին, սակայն անկախ այդ բոլորէն, երբ ինք ժառանգած է երկիր, ժողովուրդ եւ պատմութիւն ու զայն նկատած իր հպարտանքի առարկան, ապա ուրեմն կը կրէ պատասխանատուութիւնը այդ ժառանգութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն: Աւելին, երբ տակաւին կ՛ուրանայ պատմական դառն ճշմարտութիւնը, պաշտօնական օրէնքներով եւ որոշումներով կ՛ուզէ օրինականացնել հայկական սեփականութիւններու իւրացումը, շատ բնական է, որ ոչ միայն բաժին ունեցող կողմ է, այլ` նոյնչափ պատասխանատու»:
***
Այնուհետեւ յուշագրութիւններ են Միհրան Մինասեանի «Անտիպ էջ մը Հայոց ցեղասպանութենէն. Հալէպի Քառլըխը», Մարիա Գաբրիէլեանի «Մետաքսեայ հագուստով աղջնակը», Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեանի «Հայրիկս» եւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Պապենական տունը. կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»:
Խորհրդածութիւններ բաժինը կ՛ընդգրկէ երեք յօդուած` «Նահատակ եկեղեցի» (Պերճուհի Աւետեան), «Խորհրդածութիւն` հոգեւոր մշակոյթի ջարդին վերաբերեալ» (Խորէն քահանայ Պերթիզլեան) եւ «Հողը» (Յակոբ Միքայէլեան):
Գեղարուեստական բաժինը կ՛ընդգրկէ Լալա-Միսկարեան-Մինասեանի «Ֆաթհիէ»-ն, Վարդգէս Պետրոսեանի «Ծաղրանկար»-ը եւ Յակոբ Ադամեանի «Տիտաններու հանդիպումը»:
Բանաստեղծութիւններ բաժինով հանդէս կու գան Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեան («Հարիւրամեայ գաղտնիք. սրբացուած տարածք»), Մարգարիտ Շամիլեան («Դարը` դարին- Ապրիլ 24. շղթայուած սուրբ խաչին») եւ Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան («Տէր Զօր – Հրանդ Տինքին»), իսկ «Գիրքերու հետ» բաժինը համադրած է Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան:
***
Ամէնօրեայ ծանր բախումներու թատերաբեմ դարձած Հալէպի մէջ անխնայ ռմբակոծումները ամէնուրեք աւերածութիւն ու մահ կը սփռեն, իսկ ժողովուրդը գոյութեան դժուարին պայմաններ կը դիմագրաւէ: Հայահոծ թաղամասերը Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութիւնը վայելող վարձկան ահաբեկիչներու իրերայաջորդ մահասփիւռ հարուածներուն ենթարկուեցան. բազմաթիւ շէնքեր ու կառոյցներ քարուքանդ եղան. ինկան զոհեր ու վիրաւորներ: Շատեր հեռացան քաղաքէն եւ փոխադրուեցան ապահով վայրեր: Այս իրավիճակին մէջ, հակառակ բազում դժուարութիւններուն, «Գանձասար»-ի խմբագրութեան այս նախաձեռնութիւնը` 100-ամեակի բացառիկը, կը մնայ վեր ամէն գնահատանքէ: