Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Նէյըր Կամ Մեղմասացութեան Արուեստը

Մայիս 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

5-09-15_vahoԼիբանանեան անգլիատառ «Տը Տէյլի Սթար» օրաթերթի 6 մայիս 2015-ի թիւին մէջ կարդացինք Ճորճ Սորոսի «Բաց ընկերութեան հիմնարկներ» ցանցի նախկին նախագահ եւ «Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ի հիմնադիրներէն Արիէ Նէյըրի «Թուրքիոյ վերակենդանացումը կու գայ ճշմարտութիւնը ընդունելէն» խորագիրով յօդուածը, որ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ կը թուի դրական ըլլալ: Նէյըր Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու իր այն երկարատեւ կեցուածքը, թէ հայերուն ջարդերը Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաոսային պայմաններուն մէջ ոչ համակարգուած եւ ցաւալի արարքներ էին: Ան նաեւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` Գերմանիոյ օրինակին հետեւելու, որ «ներկայիս հոյակապ յարաբերութիւններ ունի այն երկիրներուն հետ, որոնց ժողովուրդները նացիներու իշխանութեան տակ տառապանքներ կրած են»:

Նէյըր իր յօդուածը կ՛եզրափակէ ընդգծելով. «Երկրի մը համար իր վարկը վերականգնելու լաւագոյն ձեւը ընդունիլն է անցեալի բռնարարքներուն մասին ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութիւնը` թէ՛ խորհրդանշական եւ թէ՛ նիւթական, որ պարտական է զոհերուն ու անոնց ժառանգորդներուն: Միայն այն ատեն կրնայ անցեալին ու ներկային միջեւ գիծ մը քաշել»:

Յօդուածին մէջ, սակայն, նաեւ նշմարելի է ցեղասպանութիւնը բացայայտ կերպով ընդունելէ եւ նոյն ատեն զայն ժխտելէ խուսափելու ակնյայտ, լաւապէս մտածուած ու կիրարկուած ջանք մը: Ան ցեղասպանութիւնը կը կոչէ «պատմական ջարդ մը», այդպիսով ծածուկ պահելով, թէ նախկին Եուկոսլաւիոյ հարցով քրէական միջազգային դատարանի ստեղծման մէջ դերակատարութիւն ունեցած յօդուածագիրը այդ անհամ, անգոյն եւ անիմաստ արտայայտութեամբ ճիշդ ի՛նչ կը հասկնայ. արդեօք տարողութի՞ւնն է, որ պատմական է, փա՞ստը, թ՞է այդ բառակապակցութեամբ կու գայ պարզապէս դէպքին անցեալին պատկանիլը ընդգծելու: Ան նաեւ կ՛օգտագործէ այլ անհասկնալի եզր մը` «մեծ ոճիր»-ը, երբ կը գրէ. «Ցեղասպանութիւն» բառին օգտագործումը ճիշդ է, թէ ոչ, Թուրքիան պէտք է ընդունի, որ մեծ պետութեանց մէջ միակը չէ, որ մեծ ոճիրներ գործելու պատմութիւն մը ունի»: Վստահաբար ան իրազեկ է, որ այդ եզրերը իրաւաբանական գետնի վրայ որեւէ նշանակութիւն չունին, իսկ «ցեղասպանութիւն» եզրինը շատ յստակ է:

Յօդուածին մէջ նշուած են պատմական փաստը եւ զոհերուն ու անոնց ժառանգորդներուն բարոյական եւ նիւթական փոխհատուցման պարտաւորութիւնը, սակայն մեղմասացութեամբ: Նէյըր այդ ձեւին դիմելով կը փորձէ յաչս Անգարայի ինքզինք ներկայացնել իբրեւ բարեկամ` զգուշանալով թրքական իշխանութեանց այն ժխտական հակազդեցութիւններէն, զորս իր յօդուածին մէջ կ՛որակէ իբրեւ «ձախորդ կեցուածք» մը, որովհետեւ «Եւրոպայի մէջ թէ այլուր հակաթուրք տրամադրութիւններ կը յառաջացնէ եւ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ արդի Թուրքիոյ ղեկավարներն ու ժողովուրդը, թէեւ ինքնին յանցագործութեանց պատասխանատու չեն, յանցաւոր են զանոնք ժխտելու համար»:

Իրողութեան մէջ այդ կեցուածքները տպաւորութիւն չէ, որ կը ստեղծեն, այլ կը բացայայտեն ճշմարտութիւնը. այս ալ Նէյըրի կիրարկած մեղմասացութեան «արուեստին» մէկ նմուշն է: Եթէ այս արուեստը կիրարկողը Թուրքիոյ քաղաքացի մը ըլլար, ատիկա հասկնալի պիտի ըլլար, սակայն ամերիկացիի մը կողմէ ատոր կիրարկումը անհասկնալի կը մնայ: Թերեւս պէտք է այպանել Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ նախագահները, որոնց վատ օրինակին հետեւած է Արիէ Նէյըր:

 

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Ազգային Վարժարաններ Յաճախող Աշակերտներու Ծնողներու Ուշադրութեան

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. Մարտահրաւէրներ

Մարտ 23, 2023
Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են
Անդրադարձ

Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են

Մարտ 23, 2023
«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In