Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հրատարակութիւն Մը. «Զաստուած Տեսնել»

May 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

5-11-15_img06810 տարիներ առաջ (2004-2014) վաղաժամ մեկնումով այս աշխարհին հեռացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հաւատաւոր միաբաններէն, ամբասիր եւ արժանաւոր եկեղեցական, Զարեհ արք. Ազնաւորեան: Իր վախճանման 10-ամեակին առիթով լոյս տեսած է վախճանեալ սրբազանին կտակ թողած գրութիւններուն մէկ ծաւալուն հատորը (550 էջ), որ կը բովանդակէ Ազնաւորեան արքեպիսկոպոսին սուրբգրային ուսումնասիրութիւններուն մեկնաբանական արգասիքը: Ծանօթ է բոլորիս, թէ Զարեհ արքեպիսկոպոս յաճախ կը կազմակերպէր յատուկ նախաձեռնութիւններ` մեկնաբանելու համար Սուրբ Գիրքին, հին թէ նոր Կտակարաններուն մէջ արձանագրուած իմաստութիւնները:

Անթիլիասի մայրավանքին սեղանատունը կը վերածուէր դասախօսական սրահի, ուր երեկոյեան ժամերուն հրապարակային դասախօսութիւններ կու տար, որոնց կը հետեւէին բազմաթիւ գրասէրներ եւ հետաքրքրուողներ: Զարեհ սրբազան եւ իրեն աջակից վարդապետներ կը մեկնաբանէին մատչելի ներկայացումով Ս. գրային խորհրդաւոր էջերը: Իսկ անըմբռնելի նկատուած համարները կը պարզացնէր ամենայն յստակութեամբ:

Ծաւալուն այս հատորը լոյս տեսած է Երեւանի մէջ` պատրաստութեամբ Յակոբ Քորթմոսեանի, իսկ խմբագրական աշխատանքը կատարած է Գէորգ Եազըճեան, կողքի նկարազարդումը գործն է Սմբատ Ղազէլեանի:

Զարեհ սրբազան մեծ համբերատարութեամբ շարունակած է Ս. Գիրքի սերտողութեան աշխատանքները, մեկնաբանական ճարտարութեամբ: Ան ունի երկարաշունչ վերաբերում` իր սերտած եւ մեկնաբանած նիւթերուն հանդէպ: Նոյն ատեն կը զարմանանք, թէ որքան շունչ եւ միտք սպառած է նման կոթողային ստեղծագործութիւն մը իրագործելու համար: Ան բնական ընթացքով կը պարտադրէ ընթերցողին (ատենօք` իր ունկնդիրներուն)` անձանձրոյթ հետեւելու ժամ մը տեւող իր մեկնութիւններուն, զորս բացատրողական արտայայտութեամբ կը փոխանցէր իրեն հաւատարիմ ունկնդիրներուն:

Անձամբ զարմանքով հետեւած էի իր դասերուն, իր կատարած պրպտումներուն, որոնցմով ի յայտ կու գային հայոց եկեղեցական պատմութեան եւ վանքերու իրադարձութիւնները:

Հին-հին դարերէն մեզի հասած հրաշագործ անուններ, որոնց ձեռագիրները ուսումնասիրած եւ ծանօթացուցած է ընթերցողին: Ան չէ մոռցած բացատրութիւններ փոխանցելու յունական եւ ասորական Ս. Գրային ուսումնասիրութիւններէն` նախքան հայ գիրերու գիւտը: Մեր միջնադարեան գրականութեան վաւերական արժէքներուն վերաբերեալ իր կատարած ուսումնասիրական ջանքերուն կը միացնէ ընթերցողը: Զարմանքով կը հաստատենք, թէ բազմահարիւր վանականներ պատսպարած մեր վանքերուն մէջ ինչպիսի՛ ջանասէր աշխատանք տարուած է Սուրբ Գիրքի հետեւողութեամբ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելու: Նոյնիսկ դաժան պայմաններու մէջ հայ վանականներ ամենայն նուիրուածութեամբ սերտած են Աստուածաշունչ մատեանը` իւրաքանչիւր գրիչ ինքզինք գերազանցող վարպետութեամբ:

Կոթողային այս հատորը խմբագրողները եւ պատրաստողները, իրենց կարգին, ջերմ յարգանք ունեցած են վաղամեռիկ սրբազանին գրաւոր եւ արժէքաւոր թողօնին նկատմամբ` այս ձեւով կորուստէ փրկելով երջանկայիշատակ սրբազանին գրաւոր աշխատանքները:

Բացի Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ վանքերուն եւ դպրատուներուն մէջ իրագործուած հետեւողական գործունէութենէն, Ազնաւորեան սրբազանը քաջութիւնը ունեցած է ձաղկելու հաւատք սորվեցնող սնափառները` անոնց հասցէին արձակելով քաջ տեղեկութիւններ: Օրինակ` Եհովայի վկաները, որոնք ժողովուրդը կը մոլորեցնէին իրենց նորահնար եւ սուտ մտածումներով: Յատուկ աշխատասիրութիւն մը եւս հրատարակեց այս կապակցութեամբ:

Պարզ ընթերցանութեան համար օգտագործելը այս հատորը, հաւանաբար ձեռնտու չէ, որովհետեւ պէտք է թափանցել գրութիւններու խորքային իմաստին: Եկեղեցական, պատմագիտական հարցերով հետաքրքրուածներ կրնան օգտուիլ «ԶԱստուած տեսնել» այս հատորէն, հարկ եղած պարագային` հասուն գիտութեամբ պաշտպանելու մեր եկեղեցական գրականութեան հարստութիւնը:

Դասագիրք մը կարելի է նկատել այս հատորը, օգտակար` բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են եւ կ՛ուզեն թափանցել աստուածային խորհուրդներուն:

Աշխարհագրական իմաստով ներկայ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծաղկած մեր վանքերը եւ վանականները հիացում կ՛առթեն ընթերցողին: Յատուկ նշմարով շեշտուած է Գրիգոր Նարեկացիին եւ Ներսէս Շնորհալիին մատուցած կոթողային ստեղծագործութիւնները, որոնք մեծ հպարտութիւն կը փոխանցեն ընթերցողին: Առանց սուրբգրային ընթերցումներու կարելի չէ ըմբռնել այն ոսկի համարը, որ կ՛ըսէ.

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ,
Իմանալ զբանս հանճարոյ»:

Այս է խորքային իմաստը «ԶԱստուած տեսնել» այս բացառիկ հատորին:

 

Նախորդը

Երկրին Ողբը

Յաջորդը

5 Մայիս 1920. ՀՅԴ Բիւրոն Ամբողջապէս Ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարման Ղեկը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
Նոր Հրատարակութիւն.  «Յովհան Գ. Օձնեցի  Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը  Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան
Անդրադարձ

Նոր Հրատարակութիւն. «Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

January 14, 2026
Կեանքի Նժարին Մէջ
Անդրադարձ

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.