Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերն Է Շուշին` Կարսի Ու Վանի Եղբայրութեամբ (9 Մայիս 1992)

Մայիս 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

5-09-15_12Կարծես այդ օր հայոց դարերու ճակատամարտն էր, որ կը մղուէր: Անով ամբողջ հայութիւնը իր լինելութեան, կենաց մահու, բազմաչարչար կտոր մը հայրենիքի ազատութեան, ազգային արժանապատուութեան, քաղաքական թէ գաղափարական հասունութեան հզօր եւ հնչեղ տարողութիւնն էր, որ կը  վերահաստատէր` ցոյց տալով սխրանքներու ամէնէն պանծալի, պատուաբեր ու գերազանց օրինակներ:

Եթէ երբեք այդ քաջագործութիւններուն եւ զոհողութիւններուն հիմք կը կազմէր Ստեփանակերտի փրկութիւնը, Շուշիէն անդադար եւ անխնայ արձակուած ռմբակոծութիւններէ, այլապէս այդ անհաւասար մարտերը կը խորհրդանշէին նաեւ` հայոց լոյսի ու մտքի, մշակոյթի մայրաքաղաք Շուշուայ ազատագրութիւնը թուրք-ազերի բարբարոսութիւններէ:

Ի զուր չէ, որ արցախեան ազատագրական մերօրեայ պայքարի ոսկեայ էջերուն արձանագրուած է յաղթանակի այս թուականը, եւ ամէն տարի մեծ շուքով եւ ոգեւորութեամբ ազգովին կը տօնակատարենք, եւ այս պատեհ առիթին` լոյսին կը բերենք զոհուած ազատամարտիկներու անկրկնելի հերոսութիւնները` իբրեւ ապացոյց հայոց մարտունակ ցեղի ու կամքի հրաշափառ արտայայտութիւններու:

Այո՛, Շուշին կ՛ազատագրուէր շնորհիւ երկու հիմնական ազգային արժանիքներու` հայ ռազմարուեստի բացառիկ, հմուտ եւ փայլուն  կարողականութեան եւ հրամանատարական կազմի յստակ, կողմնորոշիչ ու անդառնալի որոշումի կայացման:

Որոշում` հայոց մայրաքաղաքի փրկութեան ու մաքրագործման` սրբապիղծ ու մարդակեր հորդաներէ, եւ ռազմավարական տիտան մտայղացում`  աշխարհագրական դիրքի կարեւորութենէն թելադրուած:

Միւս կողմէ, կ՛արժէ ամէն քայլափոխի վերյիշեցնել, թէ նման ռազմական ու մարտական առաջադրանքի  իրագործման համար արդէն համախմբուած էին այնպիսի հերոսներ եւ քաջազուն տղաներ, որոնց ներկայութիւնը ոչ միայն յոյս եւ կորով կը ներշնչէր, այլ նաեւ ստոյգ եւ գերազանց յաղթանակի շունչն ու ոգին կը խարսխուէր յարձակումի նախօրէին:

Ու այդպէս ալ, տարբեր ճակատներէ եւ ճանապարհներէ Շուշիի ազատագրութեան հնչած առաջին համազարկով` արդէն սկիզբ կը դրուէր սրբազան յաղթանակի կարեւորագոյն քայլին, որուն պիտի յաջորդէր նոյնքան հրաշալի ու պանծալի յաղթերգներու փառատօն, երբ իրարու ետեւէ պիտի ազատագրուէին արցախեան աշխարհի սրբատաշ եւ հայաշունչ քաղաքներ եւ գիւղեր, իսկ թշնամին խուճապի մատնուած եւ աւելի ստորնացած` պիտի հեռանար հայոց լեռներէն եւ ձորերէն առանց իսկ ետեւ նայելու ժամանակ ունենալու:

Ճիշդ է, որ հայ քաջարի տղոց հուժկու հարուածներուն տակ թուրք-ազերին վայնասունով փախուստի կը դիմէր, ատոր հետ միատեղ ան կը դիմէր ահ ու սարսափի, բայց մանաւանդ կ՛աւերէր ամբողջ գիւղեր ու քաղաքներ` պարտադրուած նահանջի ու փախուստի ճնշումին տակ:

Ի դէպ, Շուշիի ազատագրումով չդադրեցան մարտերը, այլ անոնք աւելի սաստկացան, որովհետեւ վեհերոտ թշնամին այս ձեւով կ՛ուզէր իր մոլուցքը թափել, քանդել ու կործանել ամէն սրբութիւն, ապա հեռանալ հայոց Արցախ աշխարհի սէգ ու վեհափառ լեռներէն:

Այո՛, թուրք-ազերի աւազակախումբեր, հակառակ իրենց ունեցած զինական թէ պետական անսահման աջակցութեան, հայոց քաջարի եւ հրաշափառ բազուկներու հարուածներուն տակ նուաստած եւ գլխիկոր, բայց մանաւանդ` հոգեպէս բարոյալքուած փախուստի կը դիմէին` գիտնալով, որ անոնք պիտի չկարենային ա՛լ սրբապղծել հայոց սուրբ հողերը:

Հայութիւնը` շնորհիւ իր մարտունակ եւ գերազանցապէս հայրենապաշտ զինուորագրեալներու, ուժեղ եւ արիութեամբ յագեցած մարտերու, Սարդարապատէն ետք իր նորօրեայ յաղթանակը կը կերտէր եւ սրբազան եռագոյնը կը կոթողէր Շուշիի անառիկ ամրոցի գագաթին:

Այսինքն` թուրք-ազերի վեհերոտ եւ յելուզակ թշնամին կը պարտուէր, ծունկի կու գար մերօրեայ հայ ֆետայիին բացառիկ սխրանքին ու տոկունութեան առջեւ:

Ղարաբաղեան մելիքութիւններու հարազատ ժառանգորդ հայը յաղթած էր` ցոյց տալով իր յաղթելու վճռակամութիւնը:

Եւ ի զուր չէ, որ Շուշիի ազատագրութեան լուրը հզօր պայթիւնի մը տարողութեամբ կը լեցնէր հայաշխարհի տարբեր անկիւնները, հակառակ թէժ մարտերու, աննկարագրելի զոհողութիւններու եւ հերոս տղոց նահատակութեան փառապսակին արժանանալու վճռակամ ու խրոխտ կեցուածքին:

Այլ ասած, երբ առաջին առիթով մեր արծուասիրտ տղաքը իրենց ոտքերը կը դնէին ազատագրուած Շուշիի լանջերուն ու գագաթին, կարծես հայոց Վահագնի աստուծոյն փառաբանանքն է, որ կ՛ուզէին կատարել` խոնարհելով Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ սրբատաշ խորանին դիմաց եւ արտասուալից աչքերով կ՛ուզէին Հայկեան ցեղի յաղթերգը պատարագել:

Ու այդ արեամբ ու նահատակութեամբ միւռոնուած պատարագը ձեւով մը պիտի խթանէր ազգը ամբողջ, որպէսզի հայրենի հողին մէջ արմատացած հազարամեայ իր էութիւնը կրկին ջրդեղուի եւ սնանի, յայտնապէս դէպի ապագայ նայելու եւ հայոց երազանքներու հրաշքը կենսագործելու:

Միթէ գաղտնի՞ք է, որ հայոց երազանքին եւ վախճանական նպատակին կիզակէտը բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստան է` իր Վանով ու Մուշով, Կարս-Արտահանով ու Վասպուրական աշխարհով:

Աւելի՛ն. Շուշուայ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ զանգերու առաջին  ղօղանջով իսկ, արդեօք Աղթամարի կղզիի Սուրբ Խաչի եկեղեցւոյ եղբայրակից ու սրտակից հոգիներու վերազարթնումին ազդանշանը չէ՞ր տրուեր` յանուն գալիք սերունդներու կողմէ կերտուելիք պատմութեան եւ անվտանգ կեանքի ապահովման:

Այսօր, աւելի քան քսան տարիէ Արցախն ու յատկապէս Շուշին տակաւ կը բարգաւաճին ու կը զարգանան, հակառակ առկայ դժուարին տնտեսական, քաղաքական թէ ընկերային պայմաններուն:

Ճիշդ է, որ հայութիւնը ակնդէտ կը հետեւի ազատ Արցախի պետութեան ի գործ դրած հսկայածաւալ աշխատանքներուն, հայոց բանակին կատարած հրաշք առաջադրանքներուն, համահայկական տարողութեամբ իրականացուող նուիրական գործունէութիւններուն, այդուամենայնիւ, հրամայական պահանջ է, որ, իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ հարկ է քանդակել մանաւանդ Շուշիի սխրանքին մեծութիւնն ու գեղեցկութիւնը, իբրեւ հայ աշխարհի վերածնունդ եւ ազգային վսեմ իտէալներու շտեմարան:

Փաստօրէն, հաւատացած ենք, որ եթէ երբեք կ՛ուզենք ազգովին ապրիլ ազատ ու անկախ, բարգաւաճ եւ զարգացած, միացեալ եւ ուժեղ հայրենիքի մը երդիքին տակ, ապա Շուշիի ազատագրութեան խորհուրդը մեզ կը պարտաւորեցնէ ցուցաբերել համազգային հնչեղութեամբ յագեցած գուրգուրանք, սէր ու յարգանք, հայասիրութիւն եւ հայրենապաշտութիւն, աւելիով խարսխելու հայ ազգի պաշտպանական հայեցակարգի ռազմավարութիւնը, որուն կարեւորութիւնը տակաւ ինքզինք կը պարտադրէ` ի տես աշխարհաքաղաքական խօլ ու ինքնասպան պայքարներու եւ ազգաքանդ պատերազմներու:

Ըստ երեւոյթին, 21-րդ դարը պիտի յատկանշուի ոչ թէ միայն կործանարար եւ մարդակերի պատերազմներու բռնկումներով, այլ նաեւ` փոքր թէ մեծ թիւով ժողովուրդներու (յատկապէս քրիստոնեայ) ահաւոր սպանդին, անոնց դարաւոր քաղաքակրթութիւններու աշխարհի երեսէն հիմնայատակ բնաջնջումին փորձերով: Այլ ասած, մարդկային տեսակի, որոշ գոյնի եւ միջավայրի ծնունդ հասարակութիւններու կործանումով:

Հաստատապէս, Արցախի հզօրանքով խանդավառ եւ անոր զարգացման միտող ամէն հայավարի աշխատանք մեզ կ՛ուժեղացնէ եւ միասնականութեան ազդու եւ գործնական տեսլականներու հրայրքը կը փոխանցէ հետագայ սերունդներուն:

Շուշին ազատագրուեցաւ շնորհիւ հայոց վրիժառու աստուածներու օրհնաբեր ներկայութեան եւ ուղղակի աջակցութեան: Կը մնայ ազգովին ենթարկուիլ արցախեան աշխարհի վեհափառ լեռներուն թառած տիտան նահատակներու ազգակերտի հրահանգին եւ համախմբուիլ հայոց  մեծագոյն երազին շուրջ, որպէսզի արժանի ժառանգորդը  ըլլանք Շուշուայ աստուածավայել սխրանքին:

Ապահովաբար, Շուշին մերն է, այնքան ատեն որ ազգովին կ՛ապրինք անոր անառիկ ամրոցին ոգեկան բարձրութեամբ եւ հարազատի զգացողութեամբ:

Փառքը մի՛շտ Շուշիի ազատագրութեամբ հրդեհուած հոգիներու եւ նահատակութեան փառապսակին արժանացած հրաշք ու անկրկնելի հերոսներու:

 

Նախորդը

Շուշիի Խաչակիրները

Յաջորդը

Հարցազրոյց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջին Մասին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?