Շուշիի Խաչակիրները
ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 7 մայիս 1992-ի երեկոյեան հայկական ջոկատները դէպի Շուշի կը շարժէին: Բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեանը նկարահանած դրուագ մը կը յիշէ. «Մինչեւ հիմա մարմինս կը փշաքաղի: Քանի որ հայոց եւ ազրպէյճանցիներուն զգեստներուն գոյները նոյնն էին, մերոնց մէջքին վիրակապով կամ բանով մը գիծ կը քաշէին, որպէսզի իրարմէ տարբերակեն: Տղաներն այդ գիծերը խաչաձեւ կ’ընէին, որովհետեւ խաչն ամենապարզ երկրաչափական տեսքն է: Երբ հրամանը հնչեց`...
















