Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Յաղթանակներու Ընկալումը Եւ Մեր Գոյութեան Շարունակականութիւնը

Մայիս 9, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khemp_1_f3ccd_1399283061Մայիսը յաղթանակներու ամիս է` եռատօն բանաձեւով բնութագրուած: Պատմական իրադարձութիւններու ժամանակագրական կարգը յարգելով` Սարդարապատի դիւցազնամարտն ու Ա. Հանրապետութեան կերտումը Բ. Աշխարհամարտի հայրենական պատերազմի յաղթական աւարտը,  եւ Շուշիի ազատագրման ու Լեռնային Ղարաբաղի բանակի օրուան խորհուրդով ամրակայուած երկրորդ պետութեան ստեղծումն ու այդ ճամբով Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը:

Պէտք է մտածել, որ մեր ժողովուրդի հաւաքական  հոգեկերտուածքին մէջ որքան ուրոյն եւ խորունկ իմաստ ունի այս ամիսը, եթէ նկատի ունենանք յաղթանակներուն ձգած խորունկ ազդեցութիւնը մեր հաւաքական նկարագիրին կազմաւորման մէջ: Մեր պատմութիւնը, ցաւօք, աւելի էջեր ունի հայրենիքի կորուստի, տեղահանութիւններու, բնակչային տեղաշարժերու, թագաւորութեան անկումներու, պետականազուրկ իրավիճակներու, ջարդերու եւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Յաղթանակն ու յաղթողի հաւաքական հոգեբանութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդին համար արարելու, ստեղծագործելու եւ նոր զսպանակումով  իր ուրոյն տեղը պահպանելու երկրագունդին վրայ:

Պէտք է բանալ երանգային փակագիծերը եւ  հաւանաբար դիտարկել, որ «հայրենական պատերազմ»-ը, որ խորքին մէջ «մեծ հայրենիք»-ին կը վերաբերէր եւ որուն բերած նպաստը հայ ժողովուրդի համեմատական առումով ամէնէն հսկայականն էր, մեր ազգի երթին մէջ կրնայ ըլլալ, որ միեւնոյն ճակատագրականութեան համոզումը չի փոխանցեր` այն ինչ որ կը փոխանցեն Սարդարապատն ու Շուշին: Այսուհանդերձ, «մեծ հայրենիք»-ին համար մեծ յաղթանակին մէջ մեծ ներդրում ունեցած հայ ժողովուրդին համար հայրենական պատերազմի յաղթանակը եւս կը միանայ ազգային մեր պատմորոշ յաղթանակներու շարքին:

Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարուած յաղթանակը իրաւամբ մերը կարելի է համարել նախ այն պատճառով, որ այդ պատերազմի ամենածանր ճակատներուն վրայ մարտնչելով, հայաստանցի գրեթէ ամէն ընտանիքէն ոչ միայն մասնակից, այլեւ զոհ եղած է: Համեմատական կարգով ունեցած ենք ամենաշատ զոհերը, ինչպէս եւ հերոսի շքանշանի արժանացածները: Հայութիւնը այս պատերազմը ընկալեց մեծ զգայնութեամբ, քանի որ ինք թրքական  ֆաշականութեան զոհ էր: Եւ պատահական չէ, որ սփիւռքահայութիւնը իր աջակցութիւնը ցուցաբերեց խորհրդային  երկրին, հակառակ անոր որ այնտեղ կ՛իշխէր ստալինեան բռնիշխանութիւնը: Սփիւռքահայեր ու նախկին ռազմագերիներ մաս կազմեցին եւրոպական բազմաթիւ պատերազմող երկիրներու դիմադրական շարժումներուն: Իսկ ամէնէն կարեւոր գործօնը թերեւս այն էր, որ կասկած չկար, Գերմանիոյ դաշնակից Թուրքիան, յարմար պահուն, պիտի ներխուժէր Խորհրդային Հայաստանի տարածք: Իրապէս ալ, ինչպէս հետագային փաստուեցաւ, Ստալինկրատի անկումը ազդանշան պիտի դառնար թրքական յարձակման համար:

Եռայաղթանակին մէջ հիմնաւորեալ ձեւով միացուած են Շուշիի ազատագրումն ու Արցախի բանակի օրուան նուիրականացումը: Ազատագրուած Շուշիով արդէն համոզիչ կը դառնար ոչ միայն ընդհանուր Արցախի ազատագրումը, այլ նաեւ երկրորդ հանրապետութեան կայացումը: Այս օրերու քաղաքական իրադարձութիւններու վերլուծման փորձը ոչ միայն Շուշիով եւ Արցախով կը դիտարկէ երկրորդ ցեղասպանութեան կանխարգիլումը, այլ գերժամանակակից մեկնաբանութիւններ կ՛ապահովէ այսօրուան իրավիճակին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումները չէզոքացնելու միտուած երկկողմանի աշխատանք կ՛իրականացուէր թուրքեւազրպէյճանական միացեալ մեքենային կողմէ: Շատ ամփոփ բանաձեւելու համար, եթէ Կալիփոլին հակաքայլ էր այս առումով, ապա յատկապէս Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծը թէժ իրավիճակի մէջ պահելը առաջնային յանձնարարական էր Պաքուի կողմէ` տրուած ազրպէյճանական բանակին: Արցախի բանակին զսպիչ ու պատժիչ գործողութիւնները չէզոքացուցին հակաքայլերու մարտավարական խաղերը եւ տապալեցին Պաքուի յանձնարարականը: Ո՛չ Կալիփոլին, ո՛չ ալ ազրպէյճանական ոտնձգութիւններու աշխուժացումը կրցան ստուեր ձգել 100-ամեակի նշումներուն վրայ: Բոլոր հանգամանքներուն վրայ ա՛յս արժանիքով ալ կարեւոր կը նկատուի Արցախահայոց բանակի օրուան խորհուրդը:

Սարդարապատեան յաղթանակը ա. Հանրապետութեան կերտումի մեծագոյն խորհուրդին առընթեր եւ հաւանաբար անկէ առաջ ըստ էութեան համընդհանուր ցեղասպանական քաղաքականութեան տապալումն էր: Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք արեւելահայութիւնն ու Արեւելահայաստանը արեւմտահայութեան եւ Արեւմտահայաստանի ճակատագիրին ենթարկելու համաթրքացման ցեղասպանական քաղաքականութիւնը տապալեցաւ: Այս յաղթանակն էր, որ ապահովեց հայ ազգի շարունակականութիւնը: Մենք ազգովին պէտք է պատրաստուինք մեր լինելութիւնը ապահոված գոյապայքարի յաղթանակին 100-ամեակը տօնակատարելու համազգային առաջադրանքին:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Ռուսիա Հասաւ

Յաջորդը

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.   Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023
Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In