Հարիւրամեակի Դասեր
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Պահանջատէ՛րը մեր ժողովուրդն է. վկայ` նորահաս սերունդի մարտունակութիւնը: Մեծ Եղեռնի 100-ամեակն ալ անցաւ պատմութեան: Անցած չէ, անշուշտ, յիշողութեան ու արխիւի գզրոցներուն մէջ նետուելու առումով, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելու եւ աշխարհին յիշեցնելու, նաեւ արդարութիւն պահանջելու պայքարը չ՛աւարտիր տարելիցներով, ոգեկոչումներով... Ընդհակառակն, 100-ամեակով նոր փուլ մը բացուեցաւ հայկական պահանջատիրութեան առջեւ: Ի վերջոյ Հայ դատը պահանջատիրական անընդհատ պայքար է, մինչեւ որ հայ...

















