ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Պահանջատէ՛րը մեր ժողովուրդն է. վկայ` նորահաս սերունդի մարտունակութիւնը:
Մեծ Եղեռնի 100-ամեակն ալ անցաւ պատմութեան:
Անցած չէ, անշուշտ, յիշողութեան ու արխիւի գզրոցներուն մէջ նետուելու առումով, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելու եւ աշխարհին յիշեցնելու, նաեւ արդարութիւն պահանջելու պայքարը չ՛աւարտիր տարելիցներով, ոգեկոչումներով…
Ընդհակառակն, 100-ամեակով նոր փուլ մը բացուեցաւ հայկական պահանջատիրութեան առջեւ:
Ի վերջոյ Հայ դատը պահանջատիրական անընդհատ պայքար է, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը վերատիրանայ ազգային ու մարդկային, հողային թէ քաղաքական իր բոլոր իրաւունքներուն:
Մինչեւ որ իրաւունքի եւ արդարութեան ամբողջական հատուցում կատարուի` թրքական պետութեան կողմէ արմատախիլ եղած, հայրենիք ու ժառանգութիւն կորսնցուցած եւ, մանաւա՛նդ, 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակներու արեան «յաւելեալ հարկ» վճարած հայ ժողովուրդին:
Ո՛չ 24 ապրիլ 1915-ին սկսաւ, ո՛չ ալ 24 յուլիս 1923-ի Լոզանի ամօթի դաշնագիրով աւարտեցաւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Հայաստանը հայաթափելու թուրք պետական ծրագիրի գործադրութիւնը:
Այսպէս կոչուած «Հայկական սեպ»էն ձերբազատուելու թրքական պետութեան ցեղասպանական քաղաքականութիւնը փաստօրէն դարաւոր անցեալ ունի`
– Սուլթաններու դարաշրջանէն «ժառանգ» մնացած է թրքական պետութեան բոլոր վարչակարգերուն եւ ղեկավարութեանց.
– Եւ իր ծանրակշիռ հետեւանքներով ու նորանոր սադրանքներով կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը:
Յամեցող այդ վտանգը դիմագրաւելու առումով` այսօր ժամանակն է հաշուեյարդար կատարելու հարիւրամեակի դասերուն: Ո՛չ այնքան անցեալին, որքան գալիքին հաշուոյն դասեր քաղելու առաջադրութեամբ:
Իսկ առաջին դասը կը վերաբերի պարզ ու շեշտակի այն խոստովանանքին, թէ ի՞նչ ըրինք Մեծ Եղեռնէն 100 տարի ետք:
Անշու՛շտ` յիշեցինք եւ պահանջեցինք…
Ո՛չ միայն Մեծ Եղեռնին յաջորդած յիսուն տարուան պէս միայն յիշեցինք ու ոգեկոչեցինք մեր նահատակները եւ սերունդէ սերունդ յիշեցուցինք արդար հատուցման անոնց պատգամը: Այլեւ` Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին հետեւած յիսուն տարուան պէս թէ՛ յիշեցինք, եւ թէ պահանջեցինք Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ բռնագրաւեալ մեր հողերուն վերադարձը հայ ժողովուրդին:
Պահանջեցի՛նք թէ՛ միջազգային հանրութենէն, եւ թէ, մանաւա՛նդ, թրքական պետութենէն:
Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին նշանաբանը` «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»-ը, հետեւաբար, ըստ ամենայնի ամփոփումն էր հարիւր տարուան Հայ դատի պահանջատիրութեան:
Այն կարեւոր առանձնայատկութեամբ եւ առաւելութեամբ, որ 100-ամեակին Հայոց ցեղասպանութիւնը ե՛ւ յիշեցինք, ե՛ւ անոր հետեւանքներուն յաղթահարումը պահանջեցինք ամբողջ ազգով ու աննախընթաց ազգային միասնականութեամբ:
Այո՛, 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը ամփոփ, այլեւ խօսուն ու հպարտութիւն առթող վկայութիւնը եղաւ հայ ժողովուրդի կտրած ուղիին` Հայ դատի պահանջատիրութիւնը պետական քաղաքականութեան մակարդակին բարձրացնելու եւ անոր շուրջ համազգային միասնականութեան անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար գետինը հարթելու ուղղութեամբ:
Թէ ինչո՞ւ ոչ-բաւարար, այդ մասին արտայայտուելու եւ յարակից այլ խնդիրներ ալ քննելու ու դասեր քաղելու ժամանակ ունինք:
Այսօր կեդրոնանանք առաջին դասին վրայ:
Շեշտակի՛ պատասխանենք առանցքային այն հարցադրումին, թէ Մեծ Եղեռնէն 100 տարի ետք «ի՞նչ ըրինք»:
Դարակազմիկ ի՞նչ նուաճումով ներկայացանք պատմութեան դատաստանին:
Որքան ալ պարզունակ հնչէ, հարիւրամեակի կարեւորագոյն նուաճումը եղաւ Հայ դատի պայքարը նոր թափով յառաջ մղելու մեր ժողովուրդի հաւաքական մեծ ուխտին վերանորոգումը:
Չենք թերագնահատեր Ֆրանչիսկոս պապին անփոխարինելի զօրակցութիւնը` ի նպաստ հայ ժողովուրդի դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին ու դատապարտումին:
Ո՛չ ալ կը թերագնահատենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Եւրոպական խորհրդարանին կամ առանձին պետութեանց կողմէ 100-ամեակի առիթով որդեգրուած նպաստաւոր բանաձեւերը:
Աւելի՛ն, չենք թերագնահատեր պետական տարողութեամբ դէպի Ծիծեռնակաբերդ կատարուած պաշտօնական ուխտագնացութիւնները հայ ժողովուրդի բարեկամ պետութեանց, յատկապէս անոնց, որոնք իրենց առաջին դէմքերով մասնակցեցան Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին ոգեկոչման:
Ընդհակառակն` նոյն այդ ձեռքբերումները լիարժէք գնահատելու համար հարկ է խոստովանիլ, որ աշխարհի բոլոր ծագերէն պահանջատիրական ցոյցի ելած մեր ժողովուրդը, յատկապէս նորահաս մեր սերունդը, բազմահազարանոց իր աննախընթաց բողոքի ելոյթներով` բոլորին եւ մանաւա՛նդ թրքական պետութեան աւելի քան լսելի ու բացայայտ դարձուց իրաւունքի ու արդարութեան համար պայքարը մինչեւ յաղթանակ շարունակելու իր վճռակամութիւնն ու մարտունակութիւնը:
Խոստովանանքը մինչեւ վերջ անկեղծութեան հունով յառաջ մղելով` իրաւունք չունինք մտահան ընելու այն իրողութիւնը, որ նաեւ հայ ժողովուրդին պետական թէ հոգեւորական, քաղաքական թէ հասարակական կազմակերպ ուժերուն եւ ղեկավար մարմիններուն համար, իրապէս հիացմունք եւ հպարտութիւն առթող անակնկալ եղաւ մեր նորահաս սերունդի աննախընթաց խանդավառութեամբ փարումը հարիւրամեակի պահանջատիրական ելոյթներուն:
Հարիւրամեակի համահայկական թէ տեղական յանձնախումբերուն արձակած «Յիշելու եւ պահանջելու» կոչերն ու հրաւէրները անշուշտ, անուրանալիօրէ՛ն, մեծ թափ տուին մեր ժողովուրդին եւ երիտասարդութեան աննախընթաց խանդավառութեան:
Բայց իրաւունք չունինք անտեսելու ամէնուր պարզուած այն փաստը, թէ այլապէս կամ սովորաբար «Յիշելու եւ պահանջելու» կոչերն ու հրաւէրները լսելու առիթ կամ հնարաւորութիւն չունեցող հայ մարդիկ, յատկապէս երիտասարդներ,100-ամեակին իրե՛նք փնտռեցին եւ գտան գաղութներու մէջ գործող կազմակերպ մեր կառոյցները, որպէսզի ներկայ ըլլան եւ թափով մասնակցին պահանջատիրական մեր պոռթկումներուն:
Հարիւրամեակի առաջին այս դասը միայն հաւաքական մեր կամքն ու ուժը գօտեպնդելու չի ծառայեր:
Աւելիի՛ն կը ծառայէ, եւ ազգովին` թէ՛ պետութեամբ, եւ թէ կազմակերպ կառոյցներով բոլորս կը դնէ Հայ դատի պայքարի վաղուան ուղին ըստ արժանւոյն հունաւորելու մեծագոյն պատասխանատուութեան առջեւ:
Մեր ժողովուրդը փաստեց, որ ի՛նքն է պահանջատէրը Հայ դատի արդար լուծման:
Մեր երիտասարդութիւնը փաստեց, որ թէ հայերէն խօսի կամ ոչ, հայկական ձեռնարկներու մասնակցի կամ ոչ, մարտունակօրէն տէ՛րն է Հայ դատի պահանջատիրութեան:
Համահայկական այդ ներուժը լիարժէք արդիւնաւորելու հրամայականը շեշտելու եկաւ հարիւրամեակը: