ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Իմ սերունդիս մէջ թերեւս եղած եմ այն բախտաւոր քիչերէն, որոնք առիթը ունեցած են անձամբ ճանչնալու Վիգեն Զաքարեանը: Մեր պարագային` պրն. Վիգէնը, որովհետեւ դաշնակցական ընկեր Վիգէնը ճանչնալէ առաջ մենք զինք ճանչցանք որպէս մեր նախակրթարանի մարզանքի ուսուցիչը:
1990-1991 տարեշրջանի վերամուտն էր, Սիս թաղամասի Աքսոր Գասարճեան ազգային վարժարանին մէջ մենք 8-9 տարեկան աշակերտներ էինք, երբ կենսուրախ ու արկածախնդիր ժպիտով երիտասարդ Վիգէնը, իր արտաքին ճառագայթող պարզութեամբ, իր աւանդական ճերմակ թի-շըրթով ու կապոյտ ճինզով, առաջին անգամ ըլլալով ինքզինք ներկայացուց մեր դասարանին: Առաջին հանդիպումէն իսկ յստակ էր, որ գործ պիտի ունենայինք անձի մը հետ, որուն նմանը սովոր չէինք տեսնել ուսուցչական կազմին մէջ: Եթէ յոգնեցուցիչ ու ձանձրացուցիչ դասապահերէն ետք, մարզանքի պահերը արդէն իսկ դրախտային ժամեր էին մեզի համար, ապա պրն. Վիգէնին օրով անոնք վստահաբար ունեցան կրկնապատիկ գրաւչութիւն, պարզապէս որովհետեւ ան չունէր ուսուցիչի դասական կարծրատիպը, մեզի հետ կը յարաբերէր ընկերոջ նման, իրեն յատուկ զուարճախօսութիւններով ու կատակներով: Արհեստական պատեր գոյութիւն չունէին ուսուցիչ-աշակերտ մեր յարաբերութեան մէջ: Նոյնիսկ երբ առիթներով անոր ապտակները կը համտեսէինք, անոնց մէջ չէինք զգար չարասրտութիւն, չէինք պահեր ոխ: Մենք` աշակերտներս, պրն. Վիգէնը «մեզմէ» կը համարէինք: Իր արտաքին պարզութեամբ, անմար խանդավառութեամբ ու մարզանքի հանդէպ ունեցած իր անյագ սիրով, ան աւելի մեզ կը յիշեցնէր, քան` ուսուցչական մնացեալ կազմը:
Մինչեւ պրն. Վիգէնի յայտնութիւնը, մեր աշխարհը ունէր երկու հիմնական հետաքրքրութիւն: Մէկը ֆութպոլ խաղալն էր, միւսը` թաղի արաբ տարեկիցներուն դէմ տղայական աննպատակ կռիւներ մղելը: Շնորհիւ պրն. Վիգէնին, մեր մինչ այդ երկբեւեռ աշխարհին մէջ, բացուեցաւ մէկ այլ հորիզոն մը եւս, երբ օր մը ան կանչեց մեզ իր մօտ եւ յորդորեց անդամագրուիլ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան շարքերուն: Այդ դասարանին տղոց մէջ, ես չեմ յիշեր պարագայ մը, երբ ուսուցիչի մը արտադասարանային յորդորը մենք նկատի առած ըլլայինք, բայց պրն. Վիգէնի ցուցմունքէն ետք, մեզմէ շատեր շաբաթ երեկոները սկսան իրարու հանդիպիլ «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան շարքերուն մէջ:
Շատ կը փափաքէի, որ այդ ժամանակաշրջանի յիշողութիւնս ըլլար այնքան մը հարուստ, որուն բերմամբ կարենայի Վիգէնին իսկ բերնով արտասանուած խօսքերը ուղղակի հոս մէջբերել, բայց յիշողութեանս մէջ մնացածը հիմնականին մէջ անոր խօսքերն ու ցուցմունքները չեն, այլ` անոր կենդանի օրինակն ու պահուածքը, որ աւելի դաստիարակիչ ու աւելի վարակիչ է, քան` հազար խօսք ու ցուցմունք: Մեր երեւակայութեան մէջ պրն. Վիգէնը միշտ մնաց պարզութեան խորհրդանիշ, որ հակառակ տարիքի եւ հանգամանքի տարբերութիւներուն` բարդոյթներ չունէր թափանցիկօրէն յարաբերելու համար մեզի հետ, միաժամանակ` կեանքով ու եռանդով լեցուն անհատականութիւն մը, որուն աչքերուն մէջ անկարելի էր չնկատել արկածախնդրութեան վառվռուն ցոլքեր:
Դաշնակցական Վիգէնին հետ մեր ծանօթացումը, դժբախտաբար, սկիզբ պիտի առնէր 8 մայիս 1992-ին: Դեռ լաւ կը յիշեմ բակին մէջ տիրող այն տարօրինակ մթնոլորտը, երբ ամէն օրուան պէս հասայ դպրոցի մուտքը: Սովորական վազվզուքն ու խեղկատակութիւնները դադրած էին, զսպուածութիւնը ակներեւ էր, նոյնիսկ` մեզմէ ամէնէն չարաճճիներուն մօտ: Հարցումիս, թէ` ի՞նչ է պատահարը, դասընկերոջս կարճ պատասխանը եղաւ. «Պրն. Վիգէնը մահացեր է»:
Այդ պահէն մեր մատղաշ մտքերուն ու հոգիներուն մէջ աստիճանաբար կը սկսէր բացայայտուիլ Վիգէն Զաքարեանի դաշնակցական հայ մարդու տիպարը, որ 23 տարեկան հասակին տուն-տեղ ու երիտասարդ կեանքի բոլոր մակերեսային զուարճութիւնները թողած, գացած էր Շուշի` իր ներդրումը ունենալու արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ, ու զայն պսակած գերագոյն զոհողութեան արարքով` իր երիտասարդ կեանքի նուիրաբերումով: Վայելքը, դրամը, դիրքերու ձգտումը, նոյնիսկ սէրը, չէին կրցած թուլցնել իր հաւատարմութիւնը դաշնակցականի իր երդումին եւ այս կուսակցութեան յարկին տակ ստացած իր դաստիարակութեան: Մարդու կեանքին մէջ հազուադէպ պահեր կան, երբ բացարձակ յստակութեամբ անոր կը յայտնուի իր սեփական կոչումը, այն թիրախը, որուն նուաճման մէջ ան կը տեսնէ իր գերագոյն երջանկութիւնը, բայց քիչեր են, որոնք կ’անսան այդ պահուան ու կ՛որդեգրեն այդ ուղին, որովհետեւ անիկա յաճախ յղի է մեծ զոհողութիւններով: Վիգէնը այդ քիչերէն էր: Հասած էր անոր պահը, եւ գոյութիւնը չունէր ուժ մը, որ կասեցնէր իր նպատակասլաց երթը: Հետագային, երբ առիթը կ՛ունենայինք մօտէն ծանօթանալու Արցախեան հերոսամարտի պատմագրութեան, անոր մանրամասնութիւններուն, ու մանաւանդ այս պատմական պահուն սփիւռքեան ուժերու ներգրաւուածութեան չափին, Վիգէնին տիպարը աւելի եզակի կը դառնար մեր աչքերուն:
Արդարամիտ ու անկեղծ պէտք է ըլլալ ընդունելու համար, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրանի հաւաքականութեան մէջ բոլորս իսկապէս ընտրանիներ չենք: Բոլորս այդպէս չէինք ասկէ 124 տարիներ առաջ, այսօր եւս, միեւնոյն այս կուսակցութեան մէջ, բոլորս ընտրանիներ չենք, թէեւ համեմատութեան իմաստով, հսկայական վիհ մը գոյացած է երկու ժամանակակէտերու միջեւ: Ընտրանի մակդիրը միշտ ալ վերապահուած եղած է սակաւաթիւ խմբակի մը, որ ո՛չ միայն իւրացուցած է դաշնակցականի ոգեղէն տիպարը, այլ նաեւ թքա՛ծ ունեցած է աշխարհիկ կեանքի բոլոր տեսակի փորձութիւններուն, որոնք կը խափանեն այդ տիպարին առաքելութիւնը: Քրիստափորներու, Գէորգներու ու Նժդեհներու շունչով հունաւորուած մարդկային կորիզն է այս խմբակը, որուն արժանաւոր անդամներու գումարուած վաստակով, հայ իրականութիւնը իր ֆիզիքական ու հոգեմտաւոր շերտերով այսօր տակաւին կը շարունակէ գոյատեւել այս աշխարհի երեսին: Վիգէնը, իր համեստութեամբ, նուիրումով ու մանրուքներու հանդէպ ունեցած իր արհամարհանքով իրաւամբ կը պատկանի սակաւաթիւ այս ընտրանիին:
Այսօր Շուշիի ազատագրումէն ու Զարիսլուի բարձունքներուն վրայ Վիգէնի նահատակութենէ անցած են 23 տարիներ: Այս առթիւ, մինչ մեր ընկերոջ պայծառ յիշատակը տակաւին յուզախառն հպարտութեամբ մը կը լեցնէ մեր հոգիները, դաշնակցական բարոյականութիւնը կը պարտադրէ մեզ մեր հայեացքները ուղղել այսօրուան իրականութեան ու հարց տալ, թէ արդեօք որքանո՞վ հաւատարիմ մնացած ենք մեր նահատակներու կտակին, թէ` որքանո՞վ իւրացուցած ենք անոնց մարմնացուցած աժէքները, թէ` որքանո՞վ մեր վարքն ու բարքը, մեր կենցաղը կը յիշեցնեն Վիգէնները: Դաշնակցական բարոյականութիւնը կը պարտադրէ մեզի` մեր հայեացքները ուղղել նախ մե՛ր վրայ ու ինքնաքննադատութեամբ խարազանել բոլոր այն պիղծ ու գռեհիկ երեւոյթները, որոնք կը բաժնեն մեզ մեր նահատակներու աւանդէն:
Քաջութիւնը պէտք է ունենալ ընդունելու համար, որ մեր ապրած օրուան իրականութիւնը համահունչ չէ մեր նահատակներու արժէքային համակարգին: Հետեւաբար, իբրեւ դաշնակցականներ, միակ պարկեշտ զգացումը, որ կրնանք ունենալ այսօր, նախ Վիգէնին հարազատներուն, ապա այս զինանշանին առջեւ, ամօթի զգացումն է: Այո՛, մեր զոհաբերութեան մակարդակը մղոններ ետ մնացած է Վիգէնի նուաճած զոհաբերութեան մակարդակէն: Այո՛, մինչ մեր մեծ մեռելները կը սաւառնին նահատակութեան երկինքին մէջ, մենք տակաւին կը զբօսնենք միջակութեան գարշելի առանցքներուն մէջ: Այո՛, մեր հերոս ընկերոջ, ուսուցիչին, դաշնակցական հայու տեսակը տակաւին չենք կրցած պարտադրել մեր ճահճացած միջավայրին վրայ:
Վիգէններուն յիշատակը տարեկան հոգեհանգստեան արարողութիւններով չէ, որ անմար կը մնայ: Վիգէններուն յիշատակը, անոր գլխագիր տեսա՛կը ապրեցնելով է, որ կը յաւերժանայ: Ահա ա՛յս է մեր եւ ի մասնաւորի մեր ղեկավարութեան առջեւ ծառացած խնդիրը` ԱՊՐԵՑՆԵԼ ՎԻԳԷՆՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿԸ: Երիտասարդի այն տեսակը, որուն անմիջական հետաքրքրութիւնները ամբողջովին սահմանափակուած չեն միայն բարձր ուսումով, լաւ ասպարէզով ու փայլուն դիրքով: Այն տեսակը, որ կը գիտակցի, թէ դաշնակցական երդումը ձեւական արարողութիւն մը չէ, եւ թէ` դաշնակցականութիւնը նաեւ կեանքի ու ապրելու ձեւ է: Այո՛, հերոսացնենք մեր նահատակները յետմահու, բայց գուրգուրանք անոնց տեսակին վրայ ու խնամենք զանոնք, իրենց կեանքի ընթացքին: Ապրեցնենք, աճեցնենք ու բազմացնենք Վիգէնը մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, որպէսզի վաղը այսօրուընէ աւելի յուսատու ըլլայ, որպէսզի այսօրուան տեղատուութիւնը փոխարինուի վաղուան յառաջխաղացքով, որպէսզի հայ հաւաքական կեանքը գէթ հնարաւորութիւն ունենայ ընթանալու բարգաւաճ ու վարդագոյն հեռանկարով:
Թող որ Շուշիի ազատագրութեան 23-ամեակը մեր նահատակներու ու անոնց գծած ուղեգիծին հետ հաղորդուելու, ապաշխարելու, ամօթը թօթափելու, թարմանալու ու գործի լծուելու մեկնակէտը դառնայ բոլորիս համար: Վիգէն Զաքարեան այլ բան պիտի չպահանաջէր մեզմէ այսօր:
Փա՛ռք իրեն եւ փա՛ռք բոլոր այն արիասիրտ տղոց անխտի՛ր, որոնք մայիսի 7-8-ի լուսցող գիշերը, կը գտնուէին Շուշի տանող ճանապարհներուն վրայ: Անոնց քրտինքն ու արիւնը յաւե՛րժ պիտի ոռոգէ իսկական դաշնակցական մարդու հոգեկան աշխարհը: Անմահութեան դափնին կը պատկանի անոնց, որոնք սովորական կեանքի աղերսներուն, թէ պատերազմի փամփուշտներուն ձայնին տակ, անշեղ կը մնան իրենց հետապնդած իտէալներէն:
*Բանախօսութիւն` արտասանուած կիրակի, 10 մայիս 2015-ին տեղի ունեցած Վիգէն Զաքարեանի յիշատակի ձեռնարկին: