ՀԱՅ-ՎԱՐԴ
Մի խաւար օր, 24 ապրիլի,
Ծրագրով դաւադիր փորձեցիք ջնջել,
Ժողովուրդ մը շինարար,
Ժողովուրդ մը լուսաւոր,
Մտաւոր թէ հոգեւոր,
Հողագործ թէ բանուոր,
Մանուկ թէ ծերուկ,
Մայր թէ նորածին,
Փորձեցիք փշրել
Ու քշել անապատներ,
Վկայ` Տէր Զօրի կիզիչ աւազներ:
Ջարդեցի՜ք ու ջարդեցի՛ք,
Սուրբ վայրերը մեր պղծեցիք,
Հայրենի հողը մեզմէ խլեցիք,
Արարատն ալ մեզմէ զրկեցիք:
Բա՛յց-
Մենք ազգովին դարձանք Արարատ,
Դուք, մեզ մ՛ի անգամ միայն կարող էք ջարդել:
Լսեցէ՛ք…
Անցան օրերը մեր սարսափի,
Գալիք են դեռ օրերը ձեր սարսափի…
Մենք պիտի յիշեն՛ք ու պահանջե՛նք:
Անթիւ զոհերու հոգիները անմեղ,
պիտ վերադառնան,
Ձեր դուռը բախեն,
«Բա՛ց ըրէք» ըսեն,
«Պատգամ ունինք տալիք ձեզ.
Դուք չյաջողեցաք,
Մենք վերապրեցանք`
Մեր հաւատքով,
Մեր մշակոյթով,
Մեր երգ ու պարով
Ու բազմացանք մեր մայրերով»:
*
Այսօր,
Մարդիկ միամիտ, մարդիկ խելագար,
Մոռացէք կ՛ըսեն մեզ, մոռացէք.
Ի՞նչը մոռանանք,
Ինչպէ՞ս մոռանանք,
Ինչո՞ւ մոռանանք:
Մոռանա՞նք խլուած հայրենի հողը մեր,
Մոռանա՞նք չլուծուած արդար դատը մեր:
Ինչո՞ւ ըսել ջարդուողին մոռացի՛ր,
Ինչո՞ւ չըսել ջարդողին` մեղանչի՛ր:
Ո՛չ,
Ո՛չ կ՛ըսենք թուրքին,
«Մենք պիտ վերադառնանք,
Դուք պիտ վերադարձնէք…»:
Դուք, մեզ մի՛ անգամ միայն կարող էք ջարդել:
April 2015, England, UK