Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցադրում. Ո՞ւր Են Մեր Ականաւոր 250 Առաջնորդները, Եւ Ճիշդ Ի՞նչ Պատահեցաւ Անոնց

May 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

KRISIAN-April24Victims1Առանձնաբար ուշագրաւ է 1915  ապրիլ  24-ի օրերուն, մեծամասնութեամբ պոլսաբնակ ականաւոր շուրջ 250 հայերու  անաղմուկ անյայտացումը:

Ըստ մեզի հասած տեղեկութեանց եւ յուշագրական արձանագրութիւններու, անոնք Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ձերբակալուեցան, փոխադրուեցան այլազան բանտեր, ենթարկուեցան անմարդկային խոշտանգումներու, ապա  մեծամասնաբար սպաննուեցան, մնացին անվերադարձ: Անոնց գերեզմանները ցարդ կը մնան անծանօթ:

Անոնց մահը անշուշտ թէ սովորական պատերազմական գործողութիւններու հետեւանք չէր,  քանի անոնք բոլորն ալ մայրաքաղաք Իսթանպուլի (Պոլիս)  մէջ բնակող ու գործող հանրածանօթ գրական, լրագրական, իրաւաբանական դէմքեր էին, բժիշկներ ու հոգեւորականներ, որոնցմէ երկուքը` երեսփոխաններ, այսինքն, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներ, եւ  ո՛չ թէ «մի ոմն» դէմքեր` բազմահազար գաւառաբնակ բազմութիւններուն մէջ:

Հետեւաբար եւ անհրաժեշտօրէն, թրքական պետական արխիւներուն մէջ գտնուելու են նոյնինքն պետութեան ապահովութեան սպասարկութեանց կողմէ այս մասին հաւաքուած տեղեկութեանց լրիւ արձանագրութիւններ: Արդարեւ, Օսմանեան կայսրութիւնը մահացու պատերազմի մէջ էր: Բազմադարեան փորձառութիւն ունեցող այդպիսի մեծ պետութիւնը անշուշտ թէ աչալուրջ վիճակի մէջ էր, եւ անտարբեր, անշարժ ու կրաւորական չէր կարող մնացած ըլլալ նման զանգուածային անյայտացման մը պարագային:

Եթէ պետութիւնը ի՛սկապէս անմեղ էր ու մատ չունէր այդ անվերադարձ անյայտացմանց մէջ, անպայման ձեռնարկած պիտի ըլլար լայնածաւալ լուրջ քննութիւններու, հետազօտութիւններու  ու պրպտումներու, պահած պիտի ըլլար թղթածրարներ` պաշտօնական արձանագրութիւններ` փնտռտուքներուն ընթացքին,  ապա նաեւ եզրակացութեանց մասին:

Այլապէս, եթէ պետութիւնը ի՛նքն էր ձերբակալողը, այդ պարագային ալ անհրաժեշտաբար ունէր թղթածրարներ այդ մօտաւորապէս 250 անձերու զանազան յանցագործութեանց, մեղքերուն կամ նոյնիսկ դաւաճանական արարքներուն վերաբերեալ, որոնց հիման վրայ, դատարաններու մէջ անոնց յանցաւոր ըլլալը փաստած ու զանոնք մահուան դատապարտած պիտի ըլլար: Այս պարագային եւս, ամբողջական արձանագրութիւններ ու փաստաթուղթեր պահուած պիտի ըլլային Թուրքիոյ պետական արխիւներուն մէջ, ներառեալ անոնց թաղման գոնէ ընդհանուր վայրը ճշդող:

Երկու հնարաւոր տարբերակներու պարագային ալ, Թուրքիա այժմ կարող պէտք է ըլլայ բանալու եւ լոյս աշխարհ բերելու տուեալ թղթածրարներն ու արխիւները, զանոնք տրամադրելու պատմահետազօտական պատկան անձերու կամ պաշտօնական անկախ կազմակերպութեանց զննութեան:  Անշուշտ եթէ… ունի նման թղթածրարներ եւ կամ յօժար է զանոնք բանալու:  Այլապէս, Թուրքիա ինչպէ՞ս կարող պիտի ըլլայ շարունակ հրաւիրելու հայերս եւ յատկապէս «պատմաբաններ»` քննելու 1915 ապրիլ 24-ի եւ անոր հետեւող բոլոր իրադարձութեանց  մասին ունեցած իր յաւակնած արխիւները`  որպէսզի այդ «պատմաբաններ»ու վճիռին վստահուի Ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը կամ անվաւեր ըլլալը:

Թուրքիա սովոր է յանկերգել այդ «հրաւէր»-ը միջազգային բոլոր քաղաքական կամ այլ բեմերէն, հարցը և  քննարկումները անվերջ  երկարաձգելու թափանցիկ նպատակով, վստահելով մեր ակնկալուած մերժումին: Այդպիսով, ան նաեւ կը հագնի արդարամիտի, տրամաբանականի եւ իր վարկածին վստահ կողմի պատմուճանը, միեւնոյն ատեն վճիռ մը տալու բեռէն կը ձերբազատէ շատ մը անսկզբունք միջազգային  քաղաքական եւ հասարակական ղեկավարներ ու մարմիններ: Օրինակները քանիցս տեսանք նաեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ:

Այդ վաւերաթուղթերու ծրարները քննարկելու արտօնութեան պաղարիւն խնդրանքը Թուրքիոյ պէտք է անյապաղ ներկայացուի պետական, գիտական կամ գիտահետազօտական ամենաբարձր մակարդակէ մը` պաշտօնապէս եւ գրաւոր, պահելով միջազգային չափանիշերը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Երեւանի համալսարանի Պատմագիտական ամպիոնը կամ  Ցեղասպանութեան  թանգարանը կարելի է ունենալ որպէս օրինակներ նման մակարդակի: Ինչպէս ակնկալելի է, կրկնակի կամ եռակի խնդրանքը անպատասխան մնալու պարագային` խնդրանքը, այլեւս որպէս պահանջ, կը կրկնուի բոլոր միջազգային ամէն կարգի բեմերէ, անպայմա՛նօրէն նախքան մեր նիւթական պահանջները ի մօտոյ միջազգային դատական վերին մարմիններուն յանձնելը:

Նոյնիսկ յոռեգոյն եւ քիչ հաւանական պարագային, երբ Թուրքիա ի լոյս կը բերէ վաւերական եւ գոհացուցիչ  թղթածրարներ այդ 250 դէմքերուն վերաբերեալ, ատիկա կը դառնայ պատմագրական նոր եւ մեծ յաւելեալ շահ մը մեզի`  առանց ոեւէ կերպ վնասելու Ցեղասպանութեան մասին մեր արդէն ունեցած ջախջախիչ  ու ծով փաստարկութեանց:

 

Նախորդը

Ապուլէ` Պզտիկ Ձկնորսը

Յաջորդը

Այս Անկիւնէն. Խօսք Շնորհաւորական Ու Դրուատական

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողներուն Եւ Աշխատակիցներուն
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Ծննդոցը Եւ Առաջին Թիւը

March 5, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միաբեւեռ Աշխարհի Չարիքը

March 4, 2026
«Արցախը Սոսկ Տարածք Չէ, Այլ Մեր Ազգային Պատիւի Չափանիշն Է, Իսկ Առանց Պատիւի Չկայ Խաղաղութիւն Եւ Չի Կրնար Ըլլալ Ապագայ», Հաստատեց Արա Պուլուզեան
Անդրադարձ

Ազատութեան Համար Պայքարի Ձայնը Երբեք Չի Լռում*

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.