Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անտոնեան Քոյրերու Միաբանութեան Մար Տումեթ Քոլեճին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում

Մայիս 15, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-15-15_andon-(2)5-15-15_andon-(1)Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումներու ծիրին մէջ, 5 մայիս 2015-ին Անտոնեան քոյրերու միաբանութեան Մար Տումեթ երկրորդական քոլեճին մէջ, Ռումիէ, տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ:

Ներկայ էին Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, հայկական երեսփոխանական պլոքի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ  Հայաստանի դեսպանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Միրզախանեան, Լեռնալիբանանի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ, Պէյրութի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ Սերժ Չուխատարեան, Հայր Պութրոս Ազար` Լիբանանի մէջ հայ կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար, ինչպէս նաեւ` լիբանանեան կուսակցութիւններու, քաղաքական, կրթական, մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր:

Այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձաւ Սօսի Սարգիսեանին ջանքերով: անոր օժանդակեց համապատասխան յանձնախումբ մը:

Քոլեճի տնօրէն քոյր Պասիմա Խուրի այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յիշեց Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին հայերուն եւ լիբանանցիներուն կրած արհաւիրքը` շնորհաւորելով հայութիւնը, որ կառչած մնաց Հայ դատին, զայն կենդանի պահեց, իրաւ միասնական ու 100 տարի ետք տակաւին ո՛չ միայն կը յիշէր, այլ նաեւ կը պահանջէ: Քոյր Խուրի հաստատեց, որ անձնական շահերը եւ վախը չկրցան տիրել հայ ազգին, որ չյուսահատեցաւ, անկարելի բան չտեսաւ իր պայքարի ճամբուն վրայ: «Ասիկա մեզի համար դաս է, որովհետեւ միասնականութիւնը, անվախութիւնն ու հաւատքը պէտք է մղեն մեզ երկրի վրայ երկնքի արդարութիւն հաստատելու` Աստուծոյ օրհնութեամբ», ըսաւ ան:

Իր խօսքը աւարտելով` դպրոցի տնօրէնը յայտարարեց` «Բոլորս հայ ենք», եւ նշեց, որ պէտք է շարունակուի մարդկութեան պայքարը` մինչեւ արդարութեան ամբողջական հաստատում:

Գեղարուեստական յայտագիրով քոլեճի աշակերտները ներկայացուցին կենդանի պատկեր եւ երգեր, որոնց ընդմէջէն անոնք լուսարձակի տակ առին հայ մշակոյթին կարեւորութիւնը:

5-15-15_andon-(3)Ապա խօսք առաւ Սօսի Սարգիսեան, որ դրուատեց դպրոցին ջանքերը` նման ձեռնարկ մը յաջողութեան հասցնելու, դիտել տալով, որ ասիկա դպրոցական  սովորական գործունէութիւն չէ, այլ` հայ ազգին զօրակցութիւն յայտնող կեցուածքի դրսեւորում: Ս. Սարգիսեան դիտել տուաւ, որ հարիւր տարին երկար ու փշոտ էր հայերուն համար, որոնք շարունակեցին կրել իրենց խաչը, որոնք նահատակները ոգի եւ ուրուական չնկատեցին, այլ` հերոսներ ու սուրբեր: Ան հաստատեց, որ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու` հայութիւնը ապրեցաւ, գոյատեւեց եւ շարունակեց իր պահանջատիրութիւնը: Ս. Սարգիսեան ըսաւ, որ լիբանանեան ընկերութիւնը արդէն սկսաւ հասկնալ, թէ հայութիւնը ինչո՛ւ այսքան կառչած է իր լեզուին ու աւանդներուն, հպարտ է իր զոյգ ինքնութեամբ` թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ հայկական, հաստատելով, որ լիբանանահայը միշտ հաւատարիմ է Լիբանանին եւ մեծապէս կ՛օժանդակէ անոր զարգացման ու բարգաւաճման: Ան նաեւ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը առաւել եւս մօտեցուց հայ եւ ոչ հայ հաւաքականութիւնները, որովհետեւ ժողովուրդներ սկսան գիտակցիլ, որ կարելի չէ չէզոք մնալ: Իր խօսքը եզրափակելով` Սօսի Սարգիսեան յոյս յայտնեց, որ հայութեան վիրադարձուին անոր ինչքերն ու եկեղեցիները, որպէսզի հայերը իրենց նահատակները յիշեն հանգիստ միտքով, իսկ զոհերուն հոգիները իսկապէս հանգստանան:

Աւարտին խօսք առաւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն յայտնեց կազմակերպուած ձեռնարկին առիթով` սիրոյ պատգամ փոխանցելով: Ան հաստատեց, որ արդար իրաւունքը չի կորսուիր, այնքան ատեն որ զայն պահանջող կայ, նշելով, թէ հայութիւնը այնպիսի ժողովուրդ է, որ բռնագաղթի, տեղահանութեան եւ սպանդի ենթարկուեցաւ, սակայն գոյատեւեց, չյուսահատեցաւ: Խօսքի աւարտին պատրիարքը շեշտեց, որ ոճիրին նկատմամբ լուռ մնալը նոր ոճիրներու դուռ կը բանայ անպայման:

Աւարտին «Պատկեր» ճաշարանին կողմէ հայկական աւանդական ճաշեր հրամցուեցան:

Նախորդը

Կոմիտաս Պողոտայ, Շինանիւթի Վաճառաուն, Լոսի Երազ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում Սեն Քէօր Պաուշրիէ Արուեստից Հիմնարկին Մէջ

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In