
Ուրբաթ, 8 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ Աղուերանի մէջ կայացած «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի կազմակերպած «Արեւմտահայերէն Ուիքիբետիա»-ի զարգացման նպաստող ծրագիրի մասնակից լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ լրագրողներու հաւաքը:
«Զարթօնք» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, «Ուիքիբետիա Հայաստան»-ի Լիբանանի համակարգող Րաֆֆի Տեմիրճեան ներկայացուց Լիբանանի մէջ «Արեւմտահայերէն Ուիքիբետիա»-ի զարգացման նպաստող նոր ծրագիրները: Ան յայտարարեց, որ 2-13 Օգոստոս 2015-ին Լիբանանի մէջ պիտի կայանայ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտներու «Ուիքի» ճամբարը, որուն ծրագրաւորման աշխատանքները արդէն իսկ իրենց աւարտին կը հասնին յառաջիկայ օրերուն:
Տեմիրճեան ըսաւ, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամ»-ի միացեալ ջանքերով արդէն իսկ աշխատանքները կը գտնուին գործնականացման փուլի մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային դպրոցներուն մէջ կը ստեղծուի Ուիքիբետիային շուրջ համապատասխան աշխուժութիւն, որ անպայմանօրէն պիտի ծառայէ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման աշխատանքներուն:
Ապա ներկայ ուսուցիչներն ու լրագրողները ծրագիրներուն մասին յայտնեցին իրենց տեսակէտները եւ մտահոգութիւնները: Քննարկուեցան Լիբանանի ճամբարի յայտագիրին մանրամասնութիւնները եւ կարելիութիւնները: Ներկաները հաստատեցին, որ ծրագիրները պէտք է ունենան հետեւողական բնոյթ, որպէսզի ամբողջովին ծառայեն իրենց նպատակներուն:
Այս առիթով, ուրբաթ, 22 մայիս 2015-ին, լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդականի ուսուցիչները պիտի հրաւիրուին խորհրդակցական հանդիպումի մը:


