Ֆրանսերէնէ թարգմանեց` ՏՈՔԹ. ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Բազմաթիւ են այն փաստերը, որոնք կը հաստատեն, թէ Ա. Համաշխարհային պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը կը նպատակադրէր յարմար պայմաններ ստեղծել` ներքին որոշ խնդիրներ լուծելու համար:
1.- Գերմանիոյ Հետ Դաշնակցութիւնը
Եւ Պատեհապաշտութեան Տուեալը
1914-ի յուլիսին, երբ պայթեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմը, Թուրքիան զինուորական իմաստով պատրաստ չէր պատերազմին մէջ մխրճուելու, սակայն Գերմանիոյ նկատմամբ համակրանքը շատ խորունկ ձեւով ներկայ էր Իթթիհատ վէ թէրաք»-ը կուսակցութեան բարձր ղեկավարութեան մօտ, յատկապէս` պատերազմի նախարար Էնվերին, ինչպէս նաեւ` տոքթ. Նազըմին եւ նախարարութեան սպայակոյտի կարեւոր մէկ բաժնին մօտ:
Երբ 14 նոյեմբեր 1914-ին Պոլսոյ մէջ սրբազան պատերազմ յայտարարուեցաւ անհաւատներու դէմ, պատկառելի ամբոխ մը ուղղուեցաւ գերմանական դեսպանատուն եւ դեսպանատան պատշգամէն տոքթ. Նազըմը խօսք ուղղեց ամբոխին` Գերմանիան նկարագրելով որպէս երեք հարիւր միլիոն իսլամ հաւատարիմ բարեկամ:
Տոքթ. Նազըմը դեռ 1910-ին Իթթիհատի համագումարին իր գնահատականը փոխանցած էր Գերմանիոյ նկատմամբ. ան յատկապէս Գերմանիոյ կայսր Կիյոմ Բ.-ի հանդէպ իր հիացմունքի արտայայտութիւնները չէր խնայած (Նազըմի խօսքը կարելի է կարդալ «Deutch tageszeitung»-ի 16 նոյեմբեր 1916-ի թիւին մէջ):
Նոյն գաղափարները կը լսենք Իթթիհատի այլ ղեկավարի մը` տոքթ. Շաքիրի բերնէն, 1916-ին, Էրզրումի մէջ: Երբ քաղաքը ռուս բանակներու ձեռքը իյնալու վրայ էր, Շաքիր խօսքը ուղղելով Էրզրումի մէջ ամերիկացի հիւպատոս Սթափլեթոնին` կ՛ըսէր. «Հրամայական է, որ Պոլսէն մինչեւ Հնդկաստան եւ Չինաստան կազմուի իսլամական միատարր բնակչութեամբ պետութիւն, իսկ Սուրիան հանգոյցը պիտի կազմէ Ասիոյ եւ Ափրիկէի իսլամ բնակչութեան: Այս ծրագիրը պիտի իրագործուի Գերմանիոյ գիտական շնորհքներուն եւ թուրքերու հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ»:
Գերմանիոյ հանդէպ Թուրքիոյ համակրանքի ակունքները կու գան դեռ սուլթան Ապտիւլ Համիտի օրերէն, երբ Գերմանիոյ կայսր Կիյոմ Բ. կ՛աջակցի առաջինին, այն ժամանակ, երբ միւս եւրոպական պետութիւնները սուր կերպով կը քննադատէին սուլթանին կազմակերպած ջարդերը հայութեան նկատմամբ (համիտեան ջարդեր):
Դեռ աւելի՛ն. օսմանական աւանդութիւն էր օսմանեան բանակներու պատրաստութիւնը եւ կազմակերպումը յանձնել գերմանացի սպաներու, որոնց ամէնէն հռչակաւորներէն էին` Մոլթքէն եւ Կոլթզ: Իսկ Իթթիհատի օրերով յատկապէս, երբ Էնվեր ստանձնեց պատերազմի զինուորական նախարարութիւնը, Գերմանիոյ մասնակցութիւնը թրքական զինուորական գործերուն` հասաւ իր գագաթնակէտին: Պատերազմէն առաջ Էնվեր երկու անգամ գործած էր որպէս Պերլինի մէջ թրքական զինուորական կցորդ:
1913-ին Պոլիս կը ժամանէ գերմանական զինուորական բարձր պատուիրակութիւն մը, ուր կը ստորագրուի զինուորական պայմանագրութիւն մը երկու երկիրներուն միջեւ: 2 օգոստոս 1914-ին Թուրքիան Գերմանիայէն ձեռք կը բերէ զինուորական եւ նիւթական մեծ օժանդակութիւն. այլ խօսքով, երկու երկիրներու զինուորական եւ քաղաքական մերձեցումը կը հասնի իր գագաթնակէտին: Այս համաձայնութեան կը յաջորդեն թուրք-աւստրիական համաձայնութիւններ եւս (Ulrichle trumpener, «Germany and the Ottoman empire 1914-1918», 1967 Chapitre 2, Y. H. Bayer, «Turk inkilabi tarihi» Ankara, 1592):
Այս զոյգ դաշնակցութիւններուն (թուրք-գերմանական եւ թուրք-աւստրիական) կարեւորութիւնը շատ մեծ էր: Անոնց շնորհիւ Թուրքիան կ՛ապահովէ զինք պաշտպանող արտաքին պատուար մը` բոլոր այն ներքին ծրագիրներուն համար, որոնք նպատակ ունէր իրագործել պատերազմի ընթացքին:
8 ապրիլ 1916-ին խորհրդապահական տեղեկագիրով մը Աւստրիոյ դեսպանը Պոլսոյ մէջ իր արտաքին գործոց նախարարութեան կը տեղեկացնէր, թէ թուրքերը կը շահագործեն Աւստրիոյ հետ համաձայնագիրը` հայութեան հանդէպ կիրարկելու «ամէնէն ծանր եւ խիստ միջոցառումները» (Աւստրիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան արխիւ DAA, P.A.XII (Turkci). Karton 218, իսկ 27 յուլիս 1915 թուականով Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոս Ռոսլեր կը տեղեկագրէր Գերմանիոյ վարչապետ Հոլուիկին, թէ թուրքերը կ՛ուզեն «լուծել Հայկական հարցը շահագործելով պատերազմը, եւ թէ` թուրքերը այս նպատակին համար կ՛օգտագործեն Գերմանիոյ հետ իրենց դաշնակցութիւնը» ու տեղեկագիրին մէջ կ՛ըսէր, թէ ինքզինք անարգուած կը զգայ դաշնակցելու թուրքերու հետ, որոնք զբաղած են հայութեան համար հաւաքական գերեզմաններ փորելով, եւ թէ` թուրքերը կ՛ուզեն ստեղծել «ներդաշնակ բնակչութեամբ Թուրքիա մը, ուր կ՛ապրին միայն թուրքեր» (գերմանական արտաքին գործերու նախարարութեան արխիւ (Պոն) TURKEI 183/38, A23991):
Հետագային իրադարձութիւնները ցոյց պիտի տային, որ գերմանական բարձր ղեկավարութենէն ուղարկուած էին յատուկ հրահանգներ, որոնք կ՛արգիլէին Գերմանիոյ պաշտօնակատարներուն ու զինուորականներուն` միջամտել թրքական այն ծրագիրներուն, որոնք կը կիրարկուէին հայ բնակչութեան նկատմամբ: Այս դաւադիր մօտեցումը տեղի կ՛ունենար կայսրի անմիջական ցուցմունքներով:
2 հոկտեմբեր 1919-ին, պատերազմի օրերուն, գերմանական զինուորական պատուիրակութեան մէջ գործող զօրավար Պրոնսարթ վոն Շելենտորֆի կողմէ գրուած անձնական նամակի մը մէջ կը յիշատակուէր, որ իրենք յատուկ հրահանգ ունէին չմիջամտելու Թուրքիոյ ներքին գործերու, եւ թէ` այս մէկը յստակօրէն կը վերաբերէր «Հայկական հարցին» (AA. Bonn. Gopert-ի թուղթերը VI/1.3):
Աւելի՞ն. Մաքսիմիլիան Հարտըն, որ գերմանական «Die zukunft» շաբաթաթերթի խմբագիրն էր, սուր քննադատական խմբագրականով մը կը դիմէր գերմանական կառավարութեան «այն ամօթ կեցուածքին համար, որ ունեցաւ Գերմանիան` թոյլատրելով 1,5 միլիոն հայերու ջարդը թուրք կառավարութեան կողմէ, որ լրատուական միջոցներուն արգիլած էր հանրութիւնը տեղեկացնել հայերու ջարդերուն մասին»
(Maximilian Harden, «Armenian in maabit Die zukunft 29, 37» 11 Juin 1921):
Ուրեմն Գերմանիան իրեն համար ճակատագրական պատերազմի մը համար երբեք տրամադրութիւն չունէր նեղացնելու իր դաշնակից Թուրքիան եւ իրազեկ էր այդ բոլոր ոճրագործական արարքներուն, որոնց գործադրողը Թուրքիան էր: Նոյն արգելքը (չանդրադառնալ Հայկական հարցին) պարտադրուեցաւ հազարաւոր այլ գերմանացի պաշտօնատարներու, որոնք Թուրքիոյ առնչուած էին պատերազմական խնդիրներով: Յատկանշական են Լուտուիկ Շթրոտենպախի վկայութիւնները (թնդանօթաձգութեան օսմանական 14-րդ տիվիզիոնի հրամանատար), ուր ան կը պատմէ, թէ ինչպիսի՛ ճակատագրի ենթարկուեցան այն հայերը, որոնք հասած էին Միջագետք: Լիւթընաւ Փֆայֆըրը, որ 300 հոգի հաշուող զօրաբաժինի մը հրամանատարն էր, իր անձնական յուշերուն մէջ 28 յունուար 1917-ի օրը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս ամէն գիշեր թուրք ոստիկանութեան սպաները տասնեակ հայեր դուրս կը բերէին տեղափոխուածներու խումբէն եւ զանոնք կ՛օգտագործէին որպէս նշանառութեան թիրախ (Ludwig Schraudenbach, Muharabe» (war) Berlin 1924, էջ 315):
Հայկական հարցին չանդրադառնալու պարագան Գերմանիոյ կայսեր կողմէ ուղղուած հրահանգ մըն էր, որուն անշեղօրէն հետեւեցան` Գերմանիոյ Գրաքննութիւններու գրասենեակը, արտաքին գործերու նախարարութիւնը եւ զինուորական Գերագոյն հրամանատարութիւնը:
Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս Ֆրայհըր Վոն Վանկըհայմի յայտարարութիւնը 30 ապրիլ 1915-ին լաւագոյն ապացոյցն է վերոյիշեալ գաղափարին. «Նման հարցի (Հայկական հարց) մեր միջամտութիւնը կրնայ վնասել Գերմանիոյ գերագոյն շահերուն»: Անկախ «լռութեան» եւ «թոյլատուութեան» քաղաքականութենէն` Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները իրենց կարողականութիւնները ի սպաս դրին Թուրքիոյ, որպէսզի Պոլսոյ քաղաքական բաժինին (Kismi siyasi) եւ ընդհանուր ոստիկանութեան միջոցով հայկական կեդրոնները լրտեսելու աշխատանք կատարէր Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ (Փարիզ, Եգիպտոս եւ այլն):
Այս բաժինին միջոցով կազմուեցան հայկական անձնաւորութիւններուն, կուսակցութիւններուն եւ շարժումներուն այն ցանկերը, որոնք «վտանգաւոր» կը համարուէին Թուրքիոյ համար: Աւելին. Գերմանիոյ թելադրանքով պատերազմի նախարար Էնվեր փաշան կեանքի կոչեց «յատուկ կազմակերպութիւն մը կամ կառոյց մը»` «Թեշքիլաթի մախսուսէ»-ն, որ պատերազմի ժամանակ շարժում, սապոթաժ եւ սպանութիւն իրագործելու գործիք մը եղաւ Թուրքիոյ մէջ: Այս կազմակերպութեան (կառոյցին) նպատակներէն մէկն էր նաեւ հայերուն «տեղահանումը» (Doghan Avcioglu, «Ազգային ազատագրութեան պատմութիւն», Պոլիս, 1974) (Ihsan Birinci, «Կուսակցութիւնն ու անօրէնութիւնները», Hayat 2, 1 հոկտեմբեր, 1971):
Ուրեմն շնորհիւ պատերազմին ստեղծած արտակարգ վիճակին, զօրակոչին եւ զինուորական վիճակի յայտարարութեան, թուրք ղեկավարութիւնը պատրաստ էր ամէն ճիգ ի գործ դնելու` իրականացնելու համար Հայոց ցեղասպանութեան ծրագիրը:
2.- Արտաքին Պատերազմը Միջոց`
Չէզոքացնելու Համար «Ներքին Թշնամին»
Փոխմարաջախտ Փոմիանովսքի (Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Աւստրիոյ զինուորական կցորդ) կը գրէ. «Ես քաջածանօթ դարձայ Թուրքիոյ եւ անոր բնակչութեան եւ ականատեսը եղայ թրքական կառավարութեան այդ շրջանի բոլոր որոշումներուն»: Ան իր յուշերուն մէջ կ՛ըսէ. «Կասկած չկայ, որ երիտթուրքերու կառավարութիւնը պատերազմէն առաջ որոշած էր օգտուիլ ստեղծուած առիթէն` իրագործելու համար ոչ իսլամ բնակչութեան իսլամացումի եւ կամ բնաջնջումի ծրագիրը» (Pomiankowski, DER Zusammenburch des Ottomanischen Reiches Vienne, 1969 p.162):
Դեսպան Մորկընթաու, որուն կապերը երիտթուրքերու ղեկավարութեան վերնախաւին հետ Փոմիանովսքիի կապերէն աւելի սերտ եւ անմիջական էին, աւելի յստակ մօտեցումներ ունի այս հարցին շուրջ: Ան կը ներկայացնէ հետեւեալը. «Պատերազմական պայմանները յարմարագոյն առիթը տուին թրքական կառավարութեան, որպէսզի իրագործէ «հայերուն հետ հաշիւ մաքրելու» իր վաղեմի երազը: Երիտթուրքերը կը քննադատէին Թուրքիոյ նախկին ղեկավարները այն հարցին մէջ որ անոնք զլացած եւ ուշացած են իսլամացնելու եւ կամ բնաջնջելու Թուրքիոյ տարածքին ոչ իսլամ բնակչութիւնը եւ հիմա առիթը եկած է սրբագրելու համար այդ «սխալ»-ը, անգամ մը, որ այս ծրագիրի իրագործումը աւարտի, գերուժերը կատարուած իրողութեան դիմաց գտնուելով` անկարող պիտի ըլլան որեւէ բան ընելու» (H. Morgenthau, «The greatest horrors in history» Red Cross magazine, Mars, 1918):
Թալէաթը լկտիաբար այս միտքերը հրապարակաւ քանիցս յայտարարած է: Ի միջի այլոց, ըստ Մորկընթաուին, Թուրքիան մտադրած է չէզոքացնել ներքին թշնամին (Թուրքիոյ քրիստոնէութիւնը) եւ պատերազմը լաւագոյն առիթ նկատած է այս ծրագիրին համար. Թուրքիան այս առնչութեամբ չէ մտահոգուած արտաքին միջամտութիւններէն: Թալէաթ ըսած է.. «Այս գործը պէտք է կատարուի հիմա, այլապէս ան ուշացած կ՛ըլլայ» (H. Morgenthau, «The greatest horrors in history» Red Cross magazine, Mars, 1918)
Գերմանացի երկու պատուիրակի վկայութիւնները շատ դիպուկ են այս հարցին առնչութեամբ.-
ա.- Ք. Զեմքէ: Միջազգային գիտութիւններու գերմանացի մասնագէտը յստակօրէն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մտադրութիւնը միանգամընդմիշտ ձերբազատելու 26 յունուար 1914-ին իր կողմէ ընդունուած հայկական բարենորոգումներու ծրագիրէն, որ հարկադրուած էր ընդունելու 1912-ի Պալքանեան պատերազմէն ետք: Ան կ՛ըսէ. «Թուրքիան «արմատական ձեւով» լուծելով Հայկական հարցը` ձերբազատած պիտի ըլլար ամէն տեսակի բարեփոխումներու պարտաւորութիւններէն» (K.Zieme. Die Neue Turkei (1914-192994 Stuttgart 19304 page 271-272):
բ.- Էրզրումի մէջ Գերմանիոյ օգնական հիւպատոսը Պերլին կը տեղեկացնէր. «Հայկական հարցը, որ անցած տասնամեակներուն զբաղեցուցած էր եւրոպական դիւանագիտութիւնը, պիտի «լուծուի» պատերազմի իրագործումով» (Dr. Max Erwin, Von Scheubner Richter Papport 10 August, 1915):
Նոյն այս կարծիքը կ՛արտայայտէ Ճեմալ փաշան, որ Իթթիհատի հիմնական ղեկավարներէն էր 1908-1918-ին: Ան իր յուշերուն մէջ կ՛ըսէ թէ` «Մեր միակ նպատակն էր պատերազմի ընթացքին ձերբազատիլ այն բոլոր խոչընդոտներէն, որոնք կ՛արգելակէին Թուրքիոյ անկախութիւնը»,
(Cemal Pasa, «Hatiralar », Istanbul 1977, page 438):
Թրքական արդարատութեան նախարարութեան մեծ պաշտօնատար մը այս առիթով ըսած է. «Թուրքիոյ մէջ թուրքերու եւ հայերու մասին տեղ չկայ, պատերազմը առիթ է ձերբազատելու այս վնասական տարրէն» (J. Lepsuis, «Der Todesgang Des Armenischen Volkes», Berlin- Potsdam 1930, page 230):
Հաւանաբար Թուրքիոյ մէջ դեսպան Վանկըհայմ լաւագոյնս արտայայտած է վերոնշեալ միտքերը. «Իթթիհատը մտաւ պատերազմի մէջ ներքին թշնամիէն` հայերէն միանգամընդմիշտ ձերբազատելու նպատակով» (AA TURKEI 183/ 38):
Օգտագործուած աղբիւրներ
– «Histiore du génocide arménien», Vahakn Dadrian
– «Conflicts nationaux des balkans au Caucase», STOCK 1999, Paris