Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայութեան Նշանակալից «Այո»-ն

May 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

14 մայիս 2015 թուականն ալ անցաւ լիբանանահայութեան պատմութեան պատուաբեր էջերուն: Շուշիի ազատագրման 23-րդ տարեդարձին նուիրուած ռատիոթոնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:

14 մայիսին լիբանանահայութիւնը նշանակալից «այո» մը ըսաւ Արցախի վերաբնակեցման եւ բարգաւաճման ծրագիրներուն: «Այո» ըսաւ հայրենիքի արեւելեան կողմն աշխարհէն եկած օժանդակութեան կանչին: Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստը տուաւ օրինակելի գաղութ մը ըլլալու իրականութեան, երբ մեծով ու պզտիկով, աշակերտով, բանուորով եւ գործատէրով իր անսակարկ մասնակցութիւնը բերաւ Արցախի օժանդակութեան մարմնին կազմակերպած ռատիոթոնին:

Այս պարագային երեւոյթը գումարին չափին մէջ չէ` որքան մասնակցութեան ժողովրդային լայն տարողութեան մէջ: Նման մասնակցութիւն պատահականութեան արդիւնք չի կրնար ըլլալ եւ ոչ ալ` վերջին պահու խանդավառութեան արդիւնք:

52.522 տոլարը կրնայ այնքան ալ մեծ չթուիլ: Շատեր թերեւս անտարբերութեամբ մը անցնին անոր վրայէն: Ուրիշներ լուրը կարդան, պահ մը ուրախանան եւ յետոյ մոռնան: Եւ սակայն, ռատիոթոնի նուիրատուներուն երկար անուանացանկերը արժանի են լայն ուշադրութեան եւ գնահատանքի: Ոչ թէ իրենց արժէքով, այլ` իմաստով ու ոգիով: Շատ աւելի մեծ նուիրատուութիւններ եղած են ու կ՛ըլլան, սակայն Արցախին կաթիլ-կաթիլ տրուածները ունին իրենց յատուկ թելադրականութիւնը, իբրեւ ազգային գեղեցիկ արարքի մը, սրտաբուխ ազնիւ զգացումի մը արտայայտութիւն:

Անկասկած, որ ռատիոթոնի նուիրատուներու շարքին մէջ կը գտնուին նիւթապէս բարօր վիճակի մէջ գտնուողներ, որոնք հայ մարդու քրտինքը օրերու հետ վերածած են ադամանդի… Բայց կան նաեւ օրը օրին ապրող ազգայիններ, որոնք իրենց հանապազօրեայ հացէն է որ բաժին կը հանեն իրենց սիրելի արծուեբոյնին: Ու այսքան գուրգուրանք, այսքան զոհողութիւն իսկապէս արժանի է յարգանքի:

Այս պարագային տրուածը միայն դրամ չէ, միայն նիւթական արժէք չէ, այլեւ` նուիրողին սիրտն ու հոգին է, զոր կարելի չէ նիւթով չափել:

Ահա թէ ինչու խորհրդածութեան արժանի է նմաններուն յուզիչ եւ դաստիարակիչ քայլը:

Լիբանանահայութեան տարբեր խաւերուն պատկանող եւ արցախեան ռազմական թէ պետական յաղթանակներուն հպարտութեամբ ապրող այս ազգայինները կու տան` հասոյթի գլխաւոր աղբիւր ունենալով իրենց հարուստ ոգին ամէնէն աւելի:

Շատ են անոնք: Գանձանակ բացող դողդոջ մանուկներէն մինչեւ իրենց «կոկորդէն կտրող» եւ ազգին նուիրաբերող ալեհեր ծերունիներ արդար հպարտութեամբ մը կը լեցնեն մեր կուրծքերը եւ յուսադրիչ լաւատեսութիւն մը կը սփռեն մեր շուրջ:

Լիբանանահայութեան հարազատ զաւակներն են անոնք: Խոնարհ բարերարները Հայ դատի մեր երկար ու փշոտ երթին: Պատի՜ւ իրենց:

Լիբանանահայութիւնը տասնամեակներ շարունակ յառաջապահը եղած է հայրենակերտման առաջադրանքներուն մէջ: Հակառակ Լիբանանը հարուածող քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական դժուարին պայմաններուն, տեւաբար ան յաջողած է իր առաջնահերթութիւններուն առաջնահերթութիւնը նկատել Հայաստանի հզօրացումը, Արցախի բարգաւաճումը եւ սփիւռք-Հայաստան կապերուն ամրապնդումը:

Աւանդութիւնը կը շարունակուի: Պիտի շարունակուի, որովհետեւ չկայ այլ ելք` բացի անհատական մեր կարելիութիւնները հաւաքական մեր կամքին եւ կազմակերպ ուժին ծառայեցնելէ, մեր ժողովուրդին խաղաղ եւ ստեղծագործ կեանք պարգեւելէ`

Որպէսզի մենք ապրինք, հայութիւնը ապրի, միացեալ ու հզօր Հայաստանի երազը ապրի:

 

 

 

Նախորդը

Գրիգոր Ակոբեանի «Այբուբեն» Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Համագաղութային Մասնակցութեամբ 52.522 Տոլար Յանուն Արցախի Հզօրացման

RelatedPosts

Դէպի Նորոգուած Ազգային Տեսլական
Անդրադարձ

Դէպի Նորոգուած Ազգային Տեսլական

January 23, 2026
Հայոց Եկեղեցին Պէտք Է Անյապաղ Կարգալոյծ Ընէ Բոլոր Ապստամբ Հոգեւորականները
Անդրադարձ

Հայոց Եկեղեցին Պէտք Է Անյապաղ Կարգալոյծ Ընէ Բոլոր Ապստամբ Հոգեւորականները

January 23, 2026
Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.