Հարիւրամեակը
ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ «Ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումներուն գագաթնակէտը», եղաւ կրկներգը անցնող երկու տարիներուն: Ամէնուրեք ժողովուրդը հարց կու տար եւ կը սպասէր, որ այս բոլոր ձեռնարկներուն գագաթնակէտով Հայոց հարցին լուծումը բերուած ըլլար, առնուազն կ’ակնկալէինք քաղաքական աքթ մը տեղի ունենար, իսկ թէ ի՞նչն էր այդ, բոլորիս համար ալ դժուար էր բանաձեւել: Այսուհանդերձ, ակնկալութիւնները մեծ էին, եւ մտահոգութիւնները` բնական: Յաճախակի արտայայտուած...
















