Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թէ Ինչպէ՛ս Տէրսիմցի Իսլամացած Հայուհին Վերադարձաւ Իր Արմատներուն

Մայիս 15, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-15-15_Nazli-1Տողու Էրկիլ թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր «Հայկական վէրք, թրքական խելացնորութիւն» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ.

«Կարդացէք ապրիլ 21-ին «Պիանեթ» կայքին վրայ Նիլայ Վարտարի կողմէ ներկայացուած պատմութիւնը:

«Նազլը Էսինա կը պատկանի արեւելեան Թուրքիոյ մէջ 1915-ի աղէտին ընթացքին բռնի իսլամացուած հայ ընտանիքի մը: 13 տարեկանին ան իր ծագումին մասին կ՛իմանայ: Այժմ ան 38 տարեկան է եւ 35 տարեկանին քրիստոնեայ մկրտուած է:

«Ան իր բառերով կ՛ըսէ, թէ 1990-ական թուականներուն քրտական ըմբոստութեան պատճառով ընտանիքին համար աւելի դժուար դարձած է Թունջելիի (Տէրսիմ) մէջ ապրիլը: Ընտանիքը ստիպուած եղած է փոխադրուիլ Պոլիս:

«Էսինա միշտ հարց տուած է, թէ ինչո՛ւ իր ընտանիքի անդամներուն թիւը փոքր է, երբ զիրենք շրջապատող քրտական ընտանիքները թուով շատ մեծ էին:

«Իր հօր մահէն ետք իր հօրեղբայրը ընտանիքի բոլոր անդամները կանչած է եւ անոնց պատմած` իրենց ընտանիքին իսկական պատմութիւնը: Անոնք հայեր էին, որոնք հայկական ջարդերու ընթացքին բնաջնջուած էին: Անոնցմէ քիչեր միայն անտառին մէջ պահուըտելով կամ թուրք զինուորներէն պահուըտելով` վերապրած եւ սկսած են աշխատիլ Տէրսիմի քիւրտ-ալեւի երեւելիներուն մօտ:

«Անոր մեծ հօր անունը դարձաւ Հասան: Ան ամուսնացաւ իր մէկ ազգականին հետ, որ իր կարգին իր ինքնութիւնը կը պահէր: Թէեւ ալեւիները աւելի մեծաթիւ եղող սիւննի իսլամ թուրքերուն կողմէ խտրականութեան կ՛ենթարկուէին, անոնք այդ ինքնութեան ներքոյ ապրեցան:

«Նազլը Էսինա կամովին փափաքեցաւ դարձեալ քրիստոնեայ դառնալ: Ութ ամիս կրօնական ուսումէ ետք ան եկեղեցիի մը մէջ մկրտուեցաւ:

«Այժմ Էսին կը հաւատայ, որ ինք կը կրէ այն մշակոյթը, որ իր մեծ հայրերը ստիպուեցան լքել: Այս զգացումը իր եւ իր տարաբախտ ժողովուրդին պարտադրուած հաւատքի մը դէմ դիմադրութեան ձեւ մըն է:

«Ան կ՛ուզէր իր 4 տարեկան տղան արձանագրել հայկական վարժարանի մը մէջ, սակայն թուրք պաշտօնատարներ պահանջեցին, որ փաստէ, թէ հայ է: Ան իր հայ ըլլալը փաստելու համար դատարան դիմեց: Պաշտօնատարները իր ծագումը ճշդելու համար շատ ժամանակ չվատնեցին: Այժմ Էսինան իր փոքր տղայէն հայերէն կը սորվի:

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Են Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ընկալում Թուրքիայի Քրտերը. Ներկայացնում Են Քիւրտ Մտաւորականները

Յաջորդը

Սասունի Վերջին Հայերը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?