«Թարաֆ» թերթին մէջ Էնվեր Սեզկին կը խօսի Սասունի վերջին հայերէն Իսա Տեմիրճիի, այս առիթով ալ Սասունի պատմական վայրերու մէջ մնացած վերջին հայերու մասին: Իսա Տեմիրճի երեք տարեկան էր 1915-ի սպանդներու ընթացքին: Այդ օրերուն Պեշիրհանի ցեղախումբը պահեց Տեմիրճի ընտանիքի անդամները եւ զանոնք փրկեց:
Հայրը` Գէորգ Տեմիրճի, տեղահանութենէն ետք կը վերադառնայ իրենց Հերենտ գիւղը: Վեց զաւակներ կ՛ունենայ, մէկը Հայաստան կը գաղթէ, երկու աղջիկները երիտասարդ հասակի մէջ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն: Գէորգի մահէն ետք ընտանիքի հոգը կը ստանձնէ Իսա Տեմիրճի: Սիրուած անձ մը կը դառնայ, բայց 1980-ի պետական հարուածով դարձեալ կու գան գէշ օրեր: Ահաբեկչական արարքներու պատճառով, ծանր ճնշում կայ: Ընտանիքը կը ստիպուի գաղթել, բայց Իսա Տեմիրճի հոն կը մնայ մինչեւ իր մահը: Գիւղի եկեղեցիին քով մզկիթ մըն ալ կառուցել կու տայ: Իր երկու աղջիկները պեշիրհան ցեղախումբէն տղոց հետ ամուսնացելով` այս ցեղախումբին նկատմամբ իր պարտքը կը վճարէ: Դագաղին վրայ այսպէս կը գրեն` «Սասունի վերջին հայը»: Բայց իսկապէս վերջի՞ն հայն էր ան:
Իր յօդուածին մէջ Էնվեր Սեզկին այնուհետեւ կը պատմէ դէպի այդ վայրերը իր այցելութիւնը: Այս վայրերը իրենց պատմական հարստութեամբ դրախտային գեղեցկութիւն ունին: Ատենօք հոս միասին կ՛ապրէին հայեր, արաբներ ու քիւրտեր: Հիմա իրենց, դիմացը ելլողին կը հարցնէ, թէ հոս հայեր կա՞ն: Միշտ նոյն պատասխանը կը ստանայ: Ո՛չ: Յետոյ, գիւղապետը կը խոստանայ անոնց ընկերանալ ու միասին կը բարձրանան դէպի Մէրէթօ (Մարաթուկ) լեռը: Ճամբաները ահաւոր կերպով գէշ են, միջոց մը վերջ կը ստիպուին կառքերէն իջնել ու հետիոտն երթալ: Ի վերջոյ կը հասնին 50 հոգի բնակչութեամբ գիւղ: Գիւղապետը կ՛ըսէ` «Ահաւասիկ անոնք»: Այսինքն` հայերը:
Մէկը Արիֆ Գափլանն է, որ Պոլիս կ՛ապրի, բայց իր ասութեամբ, քիչ մը մաքուր օդ շնչելու համար պարբերաբար հոս կու գայ: Ճեմիլ Գափլանն ալ 38 տարեկան է ու բնաւ չէ հեռացած այս գիւղէն: Բայց չէ ամուսնացած: Երբ պատճառը կը հարցուի, կը պատասխանէ, որ հոս հայ աղջիկ մը չկայ, որպէսզի անոր հետ ամուսնանայ: Քանի մը մահմետական ընտանիքէ աղջիկ ուզեց, անոնք ալ պահանջեցին, որ նախ կրօնը փոխէ:
Հաճելի զրոյց մը կը սկսի, բայց երբ խօսքը կու գայ հայոց սպանդին, անոնց բերանը չի բացուիր: Կը վախնան խօսելու:
Ճեմիլ Գափլան կ՛աւելցնէ սակայն, որ իր հօրը ու մերձաւորներուն գերեզմանները հոս են ու ինք ալ հոս ծնաւ: հոս պիտի մեռնի: Յօդուածագիրը հիմա ինքն իրեն կը հարցնէ, թէ արդեօք ան պիտի կարենա՞յ յարգել իր խօսքը: Յայտնի չէ: Միայն յայտնի է, որ այս տեղերը այլեւս հայերը բոլորովին ոչնչանալու վրայ են:
Վերադարձին դարձեալ կ՛անցնին այդ գէշ ճամբաներէն, բայց յօդուածագրին ականջներուն մէջ միշտ կը հնչէ գիւղապետին սա խօսքը:
«Այս հողերը տժգունիլ սկսան: Մեղք, շա՛տ մեղք»: