Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այս Անկիւնէն. Խօսք Շնորհաւորական Ու Դրուատական

Մայիս 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ   

Ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան` Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը, ոգեկոչուեցաւ համազգային առումով, ոգեկոչուեցաւ աննախընթաց կերպով, եւ արդար պիտի չըլլար լռութեամբ անցնիլ կատարուած ճիգին ու ձեռք ձգուած արդիւնքին վրայէն:

Առաջին հերթին պարտինք շնորհակալութիւն յայտնել այն կեդրոնական, շրջանային թէ տեղական յանձնախումբերուն ու իրենց բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ ենթայանձնախումբերուն, անոնց մաս կազմող մեր ազգայիններուն, որոնք իրականացուցին այդ բոլորը:

Մենք ականատես եղանք անշուշտ առաջին հերթին մեր անմիջական շրջանակներուն մէջ կատարուածին, բայց նաեւ կրցանք հետեւիլ անոնցմէ անդին` այլ վայրերու, այլ ցամաքամասերու ու մեր հայրենիքին մէջ տեղի ուեցած իրադարձութեանց, եւ չենք կրնար չգնահատել թափուած ճիգերը, դերակատարներուն կողմէ ստանձնուած զոհողութիւններն ու անսակարկ նուիրումը:

Չենք կրնար չհրճուիլ ի տես այն շարունակական համագործակցութեան, որ ցոյց տուին մեր եկեղեցիներն ու յարանուանութիւնները, մեր բոլոր մեծ ու փոքր  կազմակերպութիւնները, մեր բոլոր կրթական թէ այլ հաստատութիւնները եւ մեր մամուլը, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան աշխատանքները ծրագրելու, կազմակերպելու, հանրութեան տեղեկացնելու ու իրականացածին արձագանգելու առումով: Միայն շնորհակալ կրնանք ըլլալ այդ բոլորին ղեկավարներուն ու անդամական շարքերուն, Հայ դատի նուիրեալներուն, մեր մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն, աշակերտներուն, սկաուտներուն եւ մանաւանդ մեր ուսանողներուն ու երիտասարդներուն, որոնք ամէնուրեք մասնակից եղան այդ բոլորին ու գտնուեցան առաջին գիծերու վրայ` հարիւրամեակի ոգեկոչումը իրապէս աննախընթաց դարձնելու համար:

Անոնք բոլորը ոչ միայն իրենց ներդրումը ունեցան հաւաքաբար կազմակերպուող նախաձեռնութիւններուն մէջ, այլեւ կարծէք աւելի մեծ թափով ու խանդավառութեամբ շարունակեցին իրենց հերթական գործունէութիւնը` յաւելեալ ու զուգահեռ բազմապիսի ձեռնարկներով ճոխացնելով ոգեկոչական իրագործումները:

Շնորհակալութիւն` մանաւանդ մեր ժողովուրդին, որ զօրավիգ կանգնեցաւ բոլոր նախաձեռնութիւններուն, «Ներկա՛յ պատասխանեց բոլոր հրաւէրներուն ու միասնաբար մասնակից եղաւ անոնց` մէկդի դրած անհամաձայնութիւններն ու տարակարծութիւնները: Մասնակից` բարոյապէս ու նիւթապէս: Երբեմն նոյն շաբթուան մէջ երկու, երեք, չորս կամ աւելի ձեռնարկ տեղի կ՛ունենար, եւ սրահները լեցուն էին, հսկումները բազմամարդ, քայլարշաւները չերեւակայուած բազմութիւններով լի: Եւ նշեմ, որ առանց դեդեւումի շարունակուեցան նաեւ այլ նպատակներու համար հանգանակութիւնները` ըլլա՛յ Սուրիոյ հայութեան, ըլլա՛յ մեր կրթարաններուն, ըլլա՛յ այլ կարիքներու հասնելու համար:  Շնորհակալութիւն` մանաւանդ հայրենահայութեան, որ մեր բոլորին անունով երեք օր շարունակ գացին ու ծաղիկ զետեղեցին Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ, վերանորոգելով ապրելու եւ գոյատեւելու մեր ուխտը:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել այլոց` Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոսին, տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն, քաղաքական անձնաւորութեանց, ոչ հայ թերթերու, ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի կայաններու եւ անոնց աշխատակիցներուն, ու օտար մտաւորականներու, ներառեալ` արդէն բանակ դարձող յառաջադէմ թուրք դէմքերը, արուեստագէտներու եւ արուեստի խումբերու, որոնք երբեմն պատմակա՛ն ելոյթներով ճանչցան, հաստատեցին, վերահաստատեցին, բացատրեցին ու յիշատակեցին Ցեղասպանութիւնը, այլեւ` ոստիկանութեան, որուն գործակցութեամբ կազմակերպուեցան քայլարշաւները` առանց խոչընդոտի ու արգելքի:

Շնորհակալութեան խօսքէն անդին, սակայն,  պարտաւոր ենք նաեւ դրուատանքի խօսք ընել բոլորին, յատկապէս` մեր երիտասարդ ղեկավար տղոց, որոնք գիտցան նոր մակարդակի մը բարձրացնել Հարիւրամեակի նախաձեռնութիւնները: Անոնք նո՛ր ու մասնագիտական մօտեցումներով, կազմակերպական նո՛ր գործելակերպով, թարմ շունչ ու եռանդով աշխատեցան ու մեզի մատուցեցին իրենց աշխատանքին արդիւնքը:

Կազմակերպիչներու այդ իրագործումները եղան վարակիչ, եղան օրինակելի, եղան յիշատակելի:

Կրնայի՞նք աւելին ընել, աւելի լաւը ընել: Անկասկա՛ծ: Սակայն չստորագնահատենք կատարուածը: Ու գիտակցինք, որ ասկէ ետք ներելի չէ մեզի, մեր բոլո՛ր նախաձեռնութիւններուն մէջ` վար իջնել ձեռք ձգուած մակարդակէն, չձգտիլ միշտ աւելի բարձրին, աւելի որակաւորին:

Հիմա նաեւ պէտք է ցանկանք ու աշխատինք, որ այս թափը չկասի, որ մեր պահանջատիրութիւնը աւելի ու աւելի զօրանայ, որ մեր միասնականութիւնը տեւական դառնայ: Տեւական` այլեւս առանց առնչուելու ամեակներու կամ այլ պարագայական առիթներու:

Մեծ եղեռնի յիսնամեակն ալ, կէս դար առաջ, նման դրական հանգրուան մը հանդիսացած էր մեր պատմութեան մէջ: Անկէ ետք, սակայն, կամայ-ակամայ մենք ենթարկուեցանք ջլատումի ու բաժանումի նորանոր ճնշումներու ու չկարողացանք այն օրերու ստեղծուած մթնոլորտը շարունակական կերպով պահպանել, ոգին աւելի ջրդեղել ու մեր Դատը ազգովի՛ն հետապնդել: Կամուրջին տակէն շա՜տ ջուրեր անցան:

Հիմա տարբեր հանգրուան մը հասած ենք, ու ներկայի մեր իրավիճակին համար շատ բան կը պարտինք անկախ հայրենիքի առկայութեան: Այդ հայրենիքի անվտանգ պահպանումը, զարգացումը ու ամրակայումը բոլորիս, բոլորիս ու բոլորիս կեանքի նպատակը պիտի դառնայ: Նոյն նպատակին` նաեւ սփի՛ւռքի ամրակայումը:

Գիտնանք միշտ, համազգային առումով, միասնաբար ոգեկոչել ոչ միայն մեր վիշտն ու ցաւերը, մեր Աղէտը, այլեւ արդար հպարտութեամբ տօնել եւ մեր ազգային յաղթանակները, մեր պատմութեան լուսաւոր էջերը, մանաւանդ` հրճուիլ մեր նոր սերունդի յաջողութիւններով եւ զօրավիգ կանգնիլ անոնց միջազգայի՛ն ճանաչման:

Գիտնանք մանաւանդ պահել ներկայ ընթացքը, գիտնանք պահել այսօրուան թափը, գիտնանք պահել այժմու Ոգին:

Ու այն ատեն եւ այն ատեն միայն կրնանք լսել Վարուժանի հետ, «ոտնաձայները գալիք վարդահեղեղ արշալոյսին»…

 

 

 

Նախորդը

Հարցադրում. Ո՞ւր Են Մեր Ականաւոր 250 Առաջնորդները, Եւ Ճիշդ Ի՞նչ Պատահեցաւ Անոնց

Յաջորդը

Ազգասէր Մարտիրոս Շիշէճեանի Յիշատակին

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In