Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօտ` Այդ Շրջանակին

Մայիս 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

APo-sisetziԱմերիկա հասած Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու զաւակներու շրջանակին հետ շփուելու շատ քիչ առիթներ ունեցած եմ: Կ՛ամչնամ այս խոստովանութիւնը ընելու: Հեգնանքը այն է, որ անոնք, որոնց դէմ մեղանչած եմ, քիչ, շատ քիչ հաւանական է, որ այս տողերը կարդան:

Անցեալ շաբաթավերջին այս սերունդէն բազմաթիւ անձերու հանդիպեցայ: Այնքա՛ն մատչելի էին, այնքա՛ն սրտաբաց ու անմիջական:

Ուաշինկթընի մէջ հարիւրամեակի ձեռնարկներու շարքին, համերգի երեկոյեան, անոնցմէ մէկը, կին մը, բարձրաձայն կ՛երգէր բառերը աղաւաղուած հայրենասիրական երգ մը, ուր դաշնակցականն ու հնչակեանը իրարու խառնուած էին:

Մէկ ուրիշը, իւրայատուկ յամառութեամբ, ամէն գնով միացեալ աղօթքին ներկայ ըլլալ կ՛ուզէր: Եղանակը տաք էր, արեւը` այրող: Միացեալ` էքիւմենիք աղօթքին ներկայ ըլլալու համար երկու հազարէն աւելի հայորդիներ շարքի կանգնած էին: Սպասումը շատ երկար տեւեց, որովհետեւ փոխնախագահ Պայտընը պիտի գար: Այս սպասումն էր մեզի պարգեւուած միակ շահը այս «բարձր» ներկայութենէն:

Յանկարծ շտապ օգնութեան մեքենաներ եկան ու քիչ ետք տարեց մայրիկ մը հանելով շարքէն` իրենց հետ տարին: Ես այսքանը տեսայ: Ընկերս` Գասպարեան Համոն, որ կարծեմ ինձմէ շատ աւելի լաւ լրագրող կրնայ ըլլալ, նկատած էր, որ մայրիկը կը մերժէր շտապ օգնութեան հետ երթալ: Քանի մը անգամ ոտքի կանգնելէ ու դարձեալ իյնալէ ետք, մայրիկը տեղի տուաւ ու նստաւ մեքենայ:

Համոն գտաւ մայրիկը, զիս տարաւ մօտը, անունը իմացանք` Լիանա Լուսինեան, սիսեցի վերապրողի զաւակ, նկարեցինք, գովեցինք իր յամառութիւնը, բարեպաշտութիւնը, հաւատքը: Հազիւ քալել կրցող այս մամիկը կարծես կենսաւիշ կը ներարկէր մեր երակներուն մէջ:

Ամերիկահայութեան ուժի նոր (հին) աղբիւրներուն ծանօթանալու առիթ մը եղաւ այս ճամբորդութիւնը` ի Ուաշինկթըն:

 

 

Նախորդը

Վիգէններուն Յիշատակը Անոր Գլխագիր Տեսա՛կը Ապրեցնելով Է, Որ Կը Յաւերժանայ

Յաջորդը

«Հիմնական Փոփոխութիւններով Ապահովել Դրական Շարունակութիւնը». ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի` «Երկրի Հարց»-ը Հաղորդաշարին Տուած Հարցազրոյցը

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?