Ուսանողական առաջին տարիներուս էր, երբ երջանկութիւն ունեցայ ամպիոնի սիրելի վարիչիս` անուանի երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեանի նորաստեղծ երկին` « Տաղեր սիրոյ, պանդխտութեան հայրենեաց» օրաթորիայի անդրանիկ կատարումի փորձերուն ներկայ ըլլալ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մեջ: Երկը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին եւ բարերար Յարութ Խաչատուրեանի մեկենասութեամբ անմիջապէս պիտի ձայնագրուէր Հոլանտայի մէջ:
Ի տես ժողովրդական նուագարաններու երիտասարդական մեծ նուագախումբին, օրին ցաւով մտածած էի, որ լիբանանահայ երաժշտական մեր կեանքին մէջ անհնար էր նման կատարում իրագործել:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, երբ կը մտմտայի ԱՅԳ-ի տարեկան համերգին յայտագրի մասին, անգամ մը եւս տարիներու հեռուէն յիշեցի «Օրաթորիա»-ն` Լիբանանի մէջ անոր կատարման դժուարութեան գծով տարիներ առաջուան նոյն ցաւով: Սակայն ուրախութիւնս մեծ է ,երբ ձեռնհաս բարեկամներուս ու համազգայնական ընկերներուս այս նախաձեռնութեան նկատմամբ ցուցաբերած համագործակցութեան ու գիտակից յանձնառութեան շնորհիւ, ահաւասիկ, քառորդ դար ետք իրագործելի կը դառնայ հին ցանկութիւնս ու «Օրաթորիա»-ն բեմի վրայ է, այս անգամ` Լիբանանի մէջ:
1988-ին Գիւմրիի աղետալի երկրաշարժէն տուժողներուն օգնելու նպատակով կատարուած ձայնագրութեան տարածումը ունեցաւ մեծ յաջողութիւն եւ այնուհետեւ օրաթորիան բազաթիւ անգամներ կատարուեցաւ նաեւ օտարներու կողմէ: Եղեռնի զոհերուն յիշատակը երաժշտական երկով մը անմահացնելու եւ՛ երաժշտահանին եւ՛ բանաստեղծ Լուդվիկ Դուրեանի ստեղծագործական համագործակցութիւնը պսակուեցաւ արժանի յաջողութեամբ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը աշխարհասփիւռ հայութեամբ թէ օտարազգի բարեկամներով ըստ արժանւոյն նշեցինք մեծ շուքով: Նոյն ծիրին մէջ երիտասարդական այս կատարումը թող նոր խնկարկում ըլլայ մեր նահատակներուն յիշատակին, բայց մանաւանդ, նոր ներուժ ու մեկնարկ ըլլայ զայն կատարող երիտասարդներուն համար` առաւել յանձնառութեամբ կամրջուելու իրենց պապենական ազգային արժէքներուն ու արմատներուն, որպէսզի նոր որակով լծուին արդարապահանջ պայքարի:
Ուրախութիւնս անսահման է ի տես հայրենի երիտասարդ երաժիշտներով հարստացած ժողովրդական նուագարաններով կազմուած մեծ նուագախումբին, որ իր տեսակին մէջ աննախնթաց է եւ հայրենիք- սփիւռք համագործակցութեան յաջողութեան ցուցանիշ:
Շնորհակալութեան խօսք ունիմ զոյգ մենակատարներուն` իրենց արհեստավարժ ներդրումին համար:
Իմ մասնայատուկ սէրս եւ ուրախութիւնս կ՛ընդգծեմ երգչախմբային արուեստին շուրջ համախմբուելու սիրով ու նուիրումով հարուստ, երիտասարդ այս տղոց ու աղջիկներուն հանդէպ, որոնց վրայ յոյս կը դնեմ` յառաջիկայի առաւել յանդուգն ու մեծակտաւ իրագործումներու:
Նոյն խանդաղատանքով կ՛ողջունեմ անոնց շուրջ ու անոնց համար հաւաքուած ու կազմակերպական աշխատանքի լծուած անհատներն ու մարմինները, որոնց հեւքը անգամ մը եւս կ՛արդիւնաւորուի ահա այսօր:
Իսկ իմ երախտագիտութիւնս , անհատնում սէրս ու յարգանքս` զիս ու իմ նմաններ կերտող Խաչատուր Աւետիսեանի անձին, վաստակին ու յիշատակին նկատմամբ անհնար է սահմանել…
Ձեր`
Պարոն Զաքար