Գրող, Հրապարակագիր Գէորգ Պետիկեան Իր Յիսնամեայ Վաստակին Համար Պարգեւատրուեցաւ «Մայրենիի Դեսպան» Շքանշանով
Նախաձեռնաութեամբ Ամերիկայի Խարբերդ մշակութային միութեան, կիրակի, 17 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, հայ մամուլի ներկայացուցիչներու, յոբելեարին ընտանեկան պարագաներուն եւ անոր հին ու նոր աշակերտներուն, ծնողներուն մտաւորականներու եւ մշակութասէր հասարակութեան եւ աւելի քան 200 հիւրերու, գաղութիս ներհուն մտաւորականներէն, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, երկարամեայ տնօրէն եւ դաստիարակ եւ հայ մամուլի ու յատկապէս «Ասպարէզ»-ի...


















