Յօդուածներ

Հայկական Սփիւռքը Պիտի Կարենա՞յ Ինքզինք Վերամտածել

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Յուշագրութեան, գեղագէտի, պատմագէտի, կրօնական համայնքի, հայասէրի, մասնակի կացութիւններէն անդին` հայկական սփիւռքը, իր բաղադրամասերով, պիտի կարենա՞յ ինքզինք վերամտածել որպէս իրաւութեամբ ազգի անքակտելի եւ անբաժանելի մաս: Ազգի մաս, ո՛չ օտարերկրացի, ո՛չ ծագումով հայ, ո՛չ յաւերժական ըլլալու յաւակնութեամբ սփիւռք, որ կը յաւակնի տեւել որպէս ազգի հատուած` զբօսաշրջիկի յուզումներով, հեռուէն դիտող: Ճառերու մէջ ընթացիկ դարձած բառապաշարով կը յայտարարենք այլեւս բան չնշանակող տարազը....

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի.  Նուիրուիլ Հայաստանին

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Նուիրուիլ Հայաստանին

Անկախութեան տարեդարձին առթիւ դաշնակցական թերթի աշխատակիցի մը համար ամէնէն դիւրին գործը խմբագրական գրելն է: Հայաստանի անկախ պետականութեան հզօրացման ի խնդիր, յանձնառութեան հերթական վերհաստատումով սկսող ու հայ ժողովուրդի ազգային իղձերու կատարման նուիրուելու պատրաստակամութեամբ աւարտող խմբագրականը կրնայ օրուան պատշաճութեան հանդերձանքով գրութեան մը տեղը դրուիլ կա՛մ ընթերցուելէ ետք, կա՛մ ալ նոյնիսկ առանց ընթերցուելու` պարզապէս մոռցուիլ: Որքան ալ պնդենք, որ նման խմբագրականներ կրնան ընթերցողի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի  –  Մայիս Գ.  Զգուշանալ Խուճապային Իրավիճակ Ստեղծող Լրատուութենէ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Մայիս Գ. Զգուշանալ Խուճապային Իրավիճակ Ստեղծող Լրատուութենէ

Սուրիահայութեան օգնութեան հասնողներու, անոր ապահովութեամբ մտահոգուող կողմերու ջանքերն ու կոչերը շնորհակալ ճիգեր են, որոնք յոյս ու կորով, մաքառելու կամք ու համբերութիւն կը ներշնչեն իւրաքանչիւր սուրիահայու: Զգուշաւորութեամբ պէտք է մօտենալ, սակայն, ոչ պաշտօնական կողմերէ համացանցային էջերու մէջ տարածուող այն տեղեկութիւններուն կամ հնչած ահազանգային լուրերուն, որոնք երբեմն անզգալաբար խուճապային մթնոլորտ կը ստեղծեն, առանց զգուշաւորութիւն ցուցաբերելու գերզգայուն իրավիճակի մէջ գոյատեւող սուրիահայութեան նկատմամբ: Սուրիահայութեան...

Խմբագրական Հայրենիքի.    Անմոռուկ Ծաղիկ…Մայիսեան Ճակատամարտ

Խմբագրական Հայրենիքի. Անմոռուկ Ծաղիկ…Մայիսեան Ճակատամարտ

«Վա՜յ այն ժողովուրդին, որուն կեանքը սոսկ ապրիլ մըն է ժամանակի ու միջոցի սահմաններուն մէջ: Մեր ժողովուրդին կեանքը եղած է մնայուն խոյանք մը, հաւաքական պայքար մը` ի խնդիր հաւատքի յաւերժացման ու հայրենիքի փրկութեան»: Արամ Ա. Կաթողիկոս Եթէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի լոզունգը «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» էր, մայիս 28-ի անկախութեան կերտման ճակատամարտը անվարանօրէն կարելի է ներկայացնել` «Կը ճակատինք եւ կը յաղթենք»...

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական.  Վերարժեւորենք Անկախութեան Կերտիչ Արամ Մանուկեանի Աւանդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Վերարժեւորենք Անկախութեան Կերտիչ Արամ Մանուկեանի Աւանդը

Համաշխարհային քաղաքակրթութեան պատմութեան տոմարներուն մէջ ոչ մէկ ազգի վիճակուած էր իր ազատութեան եւ ինքնանկախացման ճանապարհին, այն,  ինչ որ իր դաժանութեամբ բաժին ինկաւ հայ ազգին: 1918-ին համազգային բնաջնջման եզրին գտնուող հայութեան խլեակներու վերայառնման վերջին ճիգն ու մահագուպարը Սարդարապատի եւ մայիսեան ռազմաճակատներուն վրայ` վերածուեցաւ ժողովրդային ինքնայորդ գոյապայքարի, ինքնասանձազերծուած խոյանքի, որուն խթանող ազդակն ու մղիչ ուժը հանդիսացաւ Արամ Մանուկեան: Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ...

Ապրիլ 24-Էն Առաջ Ու Ետք`  Մեր Պատասխանատուութիւններուն Դէմ .  Արեւմտահայերէն Եւ Արեւմտահայ Մշակոյթ. Ի՞նչ Հեռանկարներ  (Ա. Մաս)

Ապրիլ 24-Էն Առաջ Եւ Ետք` Մեր Պատասխանատուութիւններուն Դէմ. Արեւմտահայերէն Եւ Արեւմտահայ Մշակոյթ. Ի՞նչ Հեռանկարներ (Բ. Մաս)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ Արեւմուտք Եւ Արեւելք... Մարսէյի վարժարանի շէնքը. աշակերտներ: Արեւելեան Սփիւռքի` Միջին Արեւելքի մեր համայնքները, արդէն նշուեցաւ, նկատուեր են «լեզու պահող, մշակոյթ պահող» համայնքներ: Այդպիսին ալ եղած են, ճիշդ է: Բայց ճշմարտութեան աւելի մօտ կ՛ըլլանք, եթէ քաջութիւն ունենանք աւելցնելու, անգամ մը եւս, թէ այդպիսին եղած են շնորհիւ առարկայական պայմաններու, միջին-արեւելեան երկիրներու ընկերա-մշակութային ու կրօնական մասնայատուկ վիճակին կամ կառոյցներուն, առաւելաբար... Աւելի՛...

Սուրիական Օրագրութիւն 72

Սուրիական Օրագրութիւն – 73

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ «Ժողովո՛ւրդ, ամէնէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին եւ բազուկին ո՛ւժ տուր, մարդ ինքնիրմէն պէտք է աշխատի, որ փրկուի»: ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ Ապրիլ 24:  Անմոռուկ: Հարիւրամեակ: «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»: Իսկ մի՞թէ մոռցած էի, որ յիշէի. մի՞թէ «մարդակեր գազան մարդը» մէկ օր իսկ մոռնալու առիթ տուած էր ազգային գիտակցութիւն ու սիրտ ունեցող հայուն: Մեր պատմութեան, գրականութեան,...

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը – (Ա.) Եւ Անկէ Անդին  Ուրեմն, Բան Մը Կրնա՛նք Ընել…

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը Եւ Անկէ Անդին – (Գ.) Մեր Բոլոր Հողերը` Անսակարկելի Նպատակ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին` 2015-ը, անվիճելիօրէն մեր պատմութեան պիտի անցնի իբրեւ մեր Դատին կենսագործման նոր ներուժ տրամադրող հանգրուան, իսկ այս տարուան ապրիլ 24-ի օրերը` մեր ժամանակակից պայքարին մէկ բարձրակէտը: Ողջ հայութիւնը մասնակից եղաւ ու կը մնայ քաղաքական, քարոզչական, դիւանագիտական եւ դեռ` մարդկօրէն կարելի բոլոր ոլորտներուն մէջ ձեռք բերուած արդիւնքներուն եւ անոնց ներշնչած հպարտանքին, որ բոլորիս կու տայ բան մը...

Քաղաքական Օրակարգ

Ծրագրուած Արտագաղթը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այսպէս կրնանք սահմանել սուրիահայութեան ճակատագիրը: Այսօր Լիբանան եւ Հայաստան ապաստանած սուրիահայ գաղթականները սպասման վիճակի մէջ են: Կան շատ քիչ համեմատութեամբ ընտանիքներ, որոնք Լիբանան կամ Հայաստան հաստատուելու որոշում տուած են: Փաստօրէն, մանաւանդ Լիբանան հասնողներուն մեծամասնութիւնը Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն «ձայնի» մը կը սպասէ, որպէսզի արտագաղթի իր ուղղութիւնը գիտնայ: Այս անզօր կացութեան դիմաց բոլոր ճիգերը տեղ մը միայն ապահովութիւն եւ կայունութիւն...

«Նիւ Եորք Թայմզ» Թերթին Մէջ Ռապպի Շմուլին Եւ Հարիւրամեակի Յանձնաժողովը Օպաման Ներկայացուցին Որպէս «Ստախօս»

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները նշանաւորուեցան աննախադէպ, իսկ երբեմն ալ` անսպասելի զարգացումներով: Նման առիթ մը հանդիսացաւ հանրայայտ եւ վիճայարոյց Ռապպի Շմուլի Պոթիչի («Համաշխարհային արժէքներ» ցանցի հիմնադիր) եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովին կողմէ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի ապրիլ 18-ի թիւին մէջ զետեղուած ամբողջ էջ մը զբաղեցնող վճարովի յայտարարութիւնը, որ խստօրէն կը քննադատէր նախագահ Օպաման Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր...

«Մթնշաղէն Դէպի Արշալոյս» Համերգ «Ուժեղ Ենք Եւ Մեզ  Յաղթել Հնարաւոր Չէ»  Ըսաւ Վաստակաւոր Երգչուհի Աննա Մայիլեան

«Մթնշաղէն Դէպի Արշալոյս» Համերգ «Ուժեղ Ենք Եւ Մեզ Յաղթել Հնարաւոր Չէ» Ըսաւ Վաստակաւոր Երգչուհի Աննա Մայիլեան

Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ երաժշտական համերգ էր. եկեղեցին մարդաշատ էր, իսկ բեմի վրայ էր վաստակաւոր երգչուհի մեցօ սոփրանօ` Աննա Մայիլեանը, որ իր երաժշտական բարձր կատարումներով յաջողեցաւ լիբանանահայ հանդիսատեսը տանիլ հայ երաժշտութեան անդաստան եւ հաղորդակից դարձնել բազմազան երաժշտական գործերու: «Մթնշաղէն դէպի արշալոյս» համերգը տեղի ունեցաւ չորքշաբթի, 26 մայիս 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ Հայ...

Ապրիլ 24-Էն Առաջ Ու Ետք`  Մեր Պատասխանատուութիւններուն Դէմ .  Արեւմտահայերէն Եւ Արեւմտահայ Մշակոյթ. Ի՞նչ Հեռանկարներ  (Ա. Մաս)

Ապրիլ 24-Էն Առաջ Ու Ետք` Մեր Պատասխանատուութիւններուն Դէմ . Արեւմտահայերէն Եւ Արեւմտահայ Մշակոյթ. Ի՞նչ Հեռանկարներ (Ա. Մաս)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ Մարսէյի Համազգայինի վարժարանի կայքի մայր էջ: «... Հաւաքական յիշատակումը ունի իր ծիսականացած ձեւը` եկեղեցական արարողութիւններ եւ յուշ-երեկոյթներ, որոնք հետզհետէ ստանալով քաղաքական ու պահանջատիրական զօրաւոր շեշտադրումներ, մոռացութեան կը մղեն մշակութայինը եւ լեզուայինը` սփիւռքահայութեան սերունդներուն Կարմիր Ցեղասպանութենէն իբր ժառանգութիւն մնացած միակ հարստութիւնը: Եւ անոնք ալ Սպիտակ Ցեղասպանութեան զոհ կ՛երթան, ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտին մէջ: Պայքար կը մղուի Ճանաչումի համար, Հատուցումի համար,...

Որակական Նոր Ոստումի Անհրաժեշտութիւնը (Մայիս 28-Ի Առիթով)

Վատիկանն Ու Հալէպը (Հասկնալիօրէն` Նաեւ Թուրքիան)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Քանի մը օր առաջ, պատարագի ընթացքին, Վատիկանը սրբադասեց 4 կրօնաւորուհիներ, որոնցմէ երկուքը` պաղեստինցի: Ըստ հաղորդուած լուրերուն, այս սրբադասման արարողութեան ներկայ էին 5000 պաղեստինցիներ, ինչպէս նաեւ` պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս: Վատիկանը յայտարարեց, որ այս քայլը կը միտի զօրակցելու Մ. Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք վերջին տարիներուն խտրականութեան եւ հալածանքի կ՛ենթարկուին: Վատիկանը նաեւ յստակօրէն ակնարկեց պաղեստինեան պետութեան ճանաչման յայտարարագիրի մը, որ...

Հովանաւորներ`  Էսթեպլիշմընթի Նոր Տիտղոսը

Հովանաւորներ` Էսթեպլիշմընթի Նոր Տիտղոսը

ՄԱԿԱՐ Կեդրոնականցի Արմենակին սէրերը հասցէ ունին: Անոնցմէ մէկն է հայ դպրոցը: Հայ դպրոցի կարեւոր եւ անկարեւոր ձեռնարկներուն ներկայ կ՛ըլլայ, զօրավիգ կ՛ըլլայ: Երկրաշարժը այնքան չի ցնցեր զինք, որքան փակուող հայ դպրոցը: Հայ դպրոցը միշտ կարիքներ ունի: Կ՛իմանանք հանգանակութեան, պարահանդէսի, ճաշկերոյթի, երգչախումբի ելոյթի եւ այլ ձեռնարկներու մասին: Լաւ է: Երբ մարդիկ ուղղակի դրամ չեն տար հայ դպրոցին, ճաշելով` կարելի է անոնցմէ դրամ...

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը – (Ա.) Եւ Անկէ Անդին  Ուրեմն, Բան Մը Կրնա՛նք Ընել…

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը Եւ Անկէ Անդին. 2015-ի Իրագործումներուն Յենարանները – Բ.

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր Դատին արդարութեան հաստատման ճամբուն վրայ 2015-ի ապրիլին արձանագրուած ձեռքբերումները անկասկած որ պատմական են եւ փաստեցին, որ արդար պահանջներու տէր ժողովուրդ մը կրնա՛յ իր ձայնը լսելի դարձնել, կրնա՛յ իր Դատին ի նպաստ քուէարկողներ ապահովել, կրնա՛յ ցեղասպան ու բռնագրաւող թշնամին նոր նահանջի մատնել: Ապրիլեան իրագործումներն ու հայկական թէ միջազգային բեմերուն վրայ մեր արձանագրած յառաջխաղացքը հաւանաբար աւելի՛...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբին Եւ Սեն Քէօր Պաուշրիէ Դպրոցի Մարզամշակութային Միացեալ Ձեռնարկը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբին Եւ Սեն Քէօր Պաուշրիէ Դպրոցի Մարզամշակութային Միացեալ Ձեռնարկը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

 Կիրակի,  24 մայիսի 2015-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին Պուրճ Համուտի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին  Եւ Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցին մարզամշակութային միացեալ ձեռնարկին, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Նախաձեռնութեան մէջ նկատի առնուած էին մարզական զանազան մրցաշարքեր, որոնց մասնակիցներն էին  Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցին  եւ հայկական ազգային տարբեր դպրոցներու աշակերտներ: Փակման արարողութիւնն ու մետալներու բաշխումը...

«Ծիրանի» Մանկապատանեկան Երգչախումբին Ելոյթը

«Ծիրանի» Մանկապատանեկան Երգչախումբին Ելոյթը

Կիրակի` 24 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբին, խմբավարութեամբ` Նեկտար Փալազեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` քոլեճի Ժ. դասարանի աշակերտ Քրիսթին Մաամարպաշիի: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարի  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ վարժարանին...

Իւրայատուկ Ոճով Պատրաստուած Ձեռային Աշխատանքներու Ցուցադրութիւն

Իւրայատուկ Ոճով Պատրաստուած Ձեռային Աշխատանքներու Ցուցադրութիւն

Հովանաւորութեամբ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ-Սեւան» գործադիր մարմինին, ուրբաթ 22, շաբաթ 23 եւ կիրակի 24 մայիսին «Անդրանիկ-Սեւան» ակումբի «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռային աշխատանքներու ցուցադրութիւն` մասնակցութեամբ Մկրտիչ Թահուլաքեանի, Վահրամ Աղազարեանի, Շահէ Յարութիւնեանի, Լենա Մանուկեան-Տագէսեանի, Տիգրան Գալուստեանի եւ Հրաչ Գարամանուկեանի: ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ-Սեւան» գործադիր մարմինի վարչական Օհան Չափրազեան «Ազգակ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ սոյն ցուցահանդէսը իր տեսակին մէջ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Պիտի Մասնակցի 2017 Թուականին Նիւ Եորքի Մէջ Հայ Մշակոյթի Նուիրուած Միջազգային Ցուցահանդէսին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Պիտի Մասնակցի 2017 Թուականին Նիւ Եորքի Մէջ Հայ Մշակոյթի Նուիրուած Միջազգային Ցուցահանդէսին

2017 թուականի աշնան, միջազգային համբաւ վայելող Մեթրոփոլիթըն թանգարանի կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս մը` նուիրուած հայ մշակոյթին: Ցուցահանդէսին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հայ մշակոյթը ներկայացնել այլ մշակոյթներու` յունական, ասորական, բիւզանդական, պարսկական, թրքական, ինչպէս նաեւ` ընդհանրապէս եւրոպական ու ասիական մշակոյթներու հետ ունեցած փոխազդեցութեան ծիրէն ներս: Մեթրոփոլիթըն թանգարանի պատասխանատուները հանդիպում ունեցան Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանին մէջ եւ քննարկեցին յիշեալ ցուցահանդէսին զանազան երեսները...

Կիրակոս Գույումճեանի Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

Կիրակոս Գույումճեանի Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

Հայկազեան համալսարանի կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 26 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ քուէյթաբնակ, նախկին հալէպահայ Կիրակոս Գույումճեանի զոյգ գիրքերու եւ անոնց զոյգ թարգմանութիւններու շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց սփիւռքի ուսումնասիրութեանց կեդրոնի տնօրէն, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, ներկայացնելով ձեռնարկին առիթն ու այս առթիւ խօսք առնողները: Դոկտ. Տագէսեան անդրադարձաւ հայ թարգմանական աշխատանքին մէջ սուրիահայերու կարեւոր ներդրումին եւ ընդգծեց,...

Page 1054 of 1110 1 … 1,053 1,054 1,055 … 1,110

Արխիւներ