Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որակական Նոր Ոստումի Անհրաժեշտութիւնը (Մայիս 28-Ի Առիթով)

Մայիս 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

HanrabedoutianHaydararoutiun_3

«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր կացութեան հանդէպ, Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն ու միակ իշխանութիւն: Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերում կազմել Հայոց Ազգային Կառավարութիւն, Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարութեան բոլոր ֆունկցիաները հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»: Ստորագրութիւն` Հայոց Ազգային Խորհուրդ. Թուական` 30 մայիս, 1918:

Ահաւասիկ որակական ոստումի ցայտուն օրինակ մը. մեծագոյնը` մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:

Քիչ մը աւելի ետ երթալով` կրնանք հաստատել, որ մեր կարծիքով, որակական եւ անկիւնադարձ ստեղծած ոստումներ էին քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը, գիրերու գիւտը (անոր յաջորդած ոսկեդարով) եւ Նուարսակի դաշնագիրը: Հայաստանի հողամասերուն վրայ պետականութեան կորուստէն ետք (11-րդ դար), որակական ոստում պէտք է համարել նաեւ հայկական ազատագրական շարժումը 19-րդ դարու վերջաւորութեան: Այս շարժումին տրամաբանական արդիւնքն էր անկախ Հայաստանի հռչակումը 1918-ի մայիսի այս օրերուն` առանց մտնելու այդ օրերու քաղաքական իրադրութեան մանրամասնութիւններուն մէջ:

Այս տեսակի ոստումներն են, որոնք ազգերուն կու տան նախ գոյատեւելու, ապա` բարգաւաճելու եւ ստեղծագործելու պատեհութիւն:

Կրկնութեան գնով ըսենք, որ անկախ պետականութեան հռչակումին ամենամեծ արժէքը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ դարերով պետականութիւն կորսնցուցած հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր սեփական պետականութիւնը:

Աշխարհը սակայն յարափոփոխ է: Համաշխարհային տարողութեամբ նոր արժէքային համակարգեր (դրական թէ բացասական իմաստով), կը ձգտին փոխարինելու ցարդ գոյութիւն ունեցողները: Այս իմաստով ալ դժուար չէ տեսնելը, թէ այսօր ազգ ֊ պետութիւնները կը գտնուին գոյութենական լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Հայաստանը բացառութիւն չէ:

Համաշխարհայնացման այս ուժեղ ալիքին հետ ինքզինք սկսած է պարտադրել տնտեսական ու քաղաքական նոր համակարգ մը` ելեւմտական դրամատիրութեան (Financial Capitalism) տարազին տակ: Այս համակարգը այսօր իր ազդեցութեան ու հակակշիռին տակ առած է համաշխարհային քաղաքական ուժի կեդրոններն ու ատոնց լծակներով (ՕԹԱՆ, Համաշխարհային դրամատուն եւայլն) կը ձգտի տիրել կամ իր հակակշիռին տակ առնել երկիրներու բնական հարստութիւնները եւ տնտեսական միջոցները: Այս համակարգը լեզուական, ազգային կամ մշակութային տարբերութիւններ ու առանձնայատկութիւններ չի ճանչնար: Այս համակարգին մաս կազմողները կրնան նստած ըլլալ Նիւ Եորք, Թոքիօ, Լոնտոն կամ Պերլին, սակայն զանոնք առաջնորդողը անպայման ամերիկեան, ճափոնական կամ գերմանական ազգային շահերը չեն: Ոչ ալ անշուշտ ժողովրդավարութեան տարածումն է. չխաբուինք: Զանոնք առաջնորդողը ելեւմտական դրամատիրական վայրագ համակարգի արշաւանքը յաջողութեամբ պսակելու դրդապատճառն է: Այս համակարգը (դարձեալ չխաբուինք), ինչպէս իրողութիւնը ցոյց կու տայ, բացարձակապէս մտահոգ չէ Մ. Արեւելքի մշակութային հարստութեան փճացումով, պատմական յուշակոթողներու քանդումով: Ոչ ոք մատը մատին զարկաւ Ջուղայի յուշակոթողներու, Իրաքի կամ Սուրիոյ պատմական արժէք ունեցող մշակութային հարստութեան փճացումով, կողոպուտով կամ քանդումով: Իրենց օրակարգին մաս չի կազմեր ատիկա: Լաւագոյն պարագային` We are terribly sorry կ’ըսեն ու վե՛րջ: Սա՛ է իրականութիւնը:

Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բնականաբար դէմ յանդիման կը գտնուի լուրջ խնդիրներու: Անոնց մէկ մասը արտաքին֊ռազմավարական նկարագիր ունին (օրինակ` արդար հատուցման խնդիր): Միւս մասն ալ ներքին կարգուսարքի, այսինքն քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային համակարգի թերութիւններուն առնչուած են:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ պետութիւն, բնականաբար եւ հասկնալիօրէն ի վիճակի չէ փոխելու համաշխարհային զարգացումներու ընթացքը: Սակայն, մեր կարծիքով, ի վիճակի եւ պարտաւոր է երկրի ներքին դրուածքը, համակարգը բարեկարգելու: Մէկ խօսքով, որակական ոստում մը կատարելու:

Որակական այս փոփոխութեան հիմքը քաղաքական համակարգը բարեփոխելու (ոչ թէ սոսկ® փոխելու) խնդիրն է, որովհետեւ ներկայ դրուածքը ինքզինք շատոնց սպառած է: Սահմանադրական բարեփոխութիւնը, անոր հետեւող ընկերային ու տնտեսական օրէնսդրական նոյնատիպ փոփոխութիւնները (իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով) կրնան դրական լիցքաւորում մը ապահովել ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս, այլ` համահայկական իմաստով: Այս ձեւով մեր պետականութիւնը կ’օժտուի ոչ միայն արտաքին մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու լուրջ զինանոցով, այլեւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները հետապնդելու գործին անհրաժեշտ ներքին թափով: Մեր պետականութիւնը այս ձեւով կրնայ գումարել, համախմբել մեր ժողովուրդին կարողականութիւնը (մարդկային, քաղաքական թէ տնտեսական):

Այս իմաստով, ներշնչումի լուրջ հիմք է ոչ միայն Հայոց Ազգային խորհուրդին կողմէ հրապարակուած այն քանի մը տողնոց յայտարարութիւնը, որ կը հռչակէր հայոց պետականութիւնը 1918-ի մայիսի այս օրերուն, այլեւ` այդ սերունդին քաղաքական հայրենակեդրոն մտածողութիւնը:

26 մայիս, 2015

vproodian@gmail.com

Նախորդը

Մայիս 28

Յաջորդը

«Այս Ցուցահանդէսին Ընդմէջէն Ազգի Մը Մշակութային Մէկ Կարեւոր Երակը Կը Ներկայացնէինք: Մեր Ամէնէն Մեծերուն Գործերը Համախմբուած Են, Ինչ Որ Աննախընթաց Ու Անկրկնելի Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?