Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդավարութեան Գաղափարը Եւ Մայիս 28-ի Անկախութեան 97-րդ Տարեդարձը

May 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

5-28-15_maxresdefault

Երեք տարիէն 100-ամեակ մը եւս պիտի նշենք. մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` Հայաստանի Հանրապետութեան Հարիւրամեակը, 28 մայիս 1918:

Հանրապետութիւն եւ ժողովրդավարութիւն բառերուն սովորաբար նոյն բովանդակային իմաստն ու խորքը կը տրուի: Ժողովրդավարութիւնը աշխարհի ամէնէն հաւասարակշռուած վարչաձեւն է, որովհետեւ կ՛ընտրուի, կը հաստատուի ու կը կառավարուի ժողովուրդին կողմէ, ժողովուրդին կամքով: Բայց ժողովրդավարութիւնը ինչո՞ւ կորսնցուցած է իր գրաւչութիւնը: Որովհետեւ ան չ՛օգտագործեր իր տրամադրութեան տակ եղող բոլոր զէնքերը:

Ամբողջ աշխարհին մէջ ժողովրդավարութիւնը տագնապ կը բոլորէ ու տեսակ մը անորոշ ու անհեթեթ բանի մը վերածուած է: Նոյնիսկ ժողովրդավարութեան յառաջադէմ օրրան համարուող Եւրոպան այլեւս չի կրնար արդարացնել իր վրայ զգեցած համապատասխան պատմուճանը եւ այդ անուան համբաւը խոշոր ճեղքեր յառաջացուցած է իր տատանող հեղինակութեան վրայ:

Շատեր կը խօսին վերջին աւելի քան քսան տարիներուն մեր ապրած միջազգայնացման¬համաշխարհայնացման հասարակական հասկացողութեան պարագծման մասին, սակայն հետզհետէ կը բազմանայ թիւը այն մարդոց, որոնք կը հաւատան, թէ համաշխարհայնացումն ալ կեղծ ու այլակերպող դիմակ մը հագած է: Իսկապէս. ի՞նչ է ժողովրդավարութեան կապը համաշխարհայնացման հետ: Համաշխարհայնացումը իրակա՞ն է, թէ՞ միջազգային խաղ մըն է ուրիշ շատ մը խորագիտակ խաղերուն մէջ:

Գիտէ՞ք` ժողովրդավարութիւնը միայն քուէարկութեան կամ խորհրդարանական երկրէ երկիր ընտրութեան շահադիտական հարց չէ:

Ազատութեան ու անկախութեան ընտրութիւնը զուտ ժողովրդավարութեան խնդիր է, ինչպէս ժողովրդավարութեան խնդիր է անհատական, հաւաքական, պետական ու կառավարական կարողութիւններու արժեւորման խնդիրը: Ժողովրդավարութիւնը պէտք է պաշտպանուի: Ո՞վ կրնայ կասկածիլ այս մասին:

Եթէ ազատ ես, եթէ անկախ թէ ինքնավար ես, կրնաս մասնակցիլ ժողովրդավարութեան խաղին: Եթէ ազատ չես, ժողովրդավարութիւնը քեզի համար կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր ճարտարութիւնն ու ճկունութիւնը: Բայց ազատութիւնները իրակա՞ն են, թէ՞ ձեւական: Ձեւական ազատութիւնները ենթադրեալ ազգային հպարտութեան մասին կը խօսի՞ն…

Ոմանք սահմանափակ ըմբռնում ունին ժողովրդավարութեան մասին: Կը կարծեն, թէ ժողովրդավարութեան ապահովումը կը բացատրուի լոկ հաց, ջուր, լոյս, աշխատանք, բժշկութիւն ունենալու բարեպատեհ տուեալներով: Բայց ա՞յս է մեզմէ ուզուածը: Ա՞յս է մեզ գոհացնողը: Ա՞յս է միայն ժողովրդավարութեան որակային մակարդակն ու արժէքը, քաղաքակրթութեան բաղդատական առաւելութիւնները, կեանքի զգայուն հաւասարակշռութիւնները, խտացած գիտութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը:

Ժողովրդավարութիւնը կը գործադրուի իր իսկ ընտրած կամ նշանակած մարդոցմով: Այսօր կրնա՞նք ըսել, թէ ժողովրդավարութեան ու կարգ մը գաղափարաբանութիւններու մէջ սխալ բան մը կայ, երբ անոնք զանազանութեան շարժառիթներ յառաջ կը քշեն, քանի ժողովրդավարութիւնը միայն «մասնաւորներու» ու «մասնաւոր բաներու» համար չէ, այլ բոլորի՛ն համար է:

Մարդկութիւնը կրնա՞յ դիմանալ գաղափարներու: Մեր օրերուն գաղափարական մարդ ըլլալը, գաղափարաբանութիւններու ծառայելը առանձնաշնորհո՞ւմ կը համարուի: Գաղափարաբանութիւնները մեր ապրած այսօրն է, մեր մոռցուած երէկն է: Այսօրով ու երէկով կը զբաղինք` ուզենք¬չուզենք:

Ժողովրդավարութիւնը հաւաքական նոր ինքնութիւններ յառաջ կը բերէ, անհատական ինքնութիւններէն անկախ: Գաղափարական ընտրութեան առիթ կ՛ուտա՞յ, քանի մարդ անհատին համար գաղափարաբանութիւն ունենալը միայն ընտրութիւն չէ, անհրաժեշտութիւն է: Բան մըն ալ աւելի է:

Տիրող տեսակէտ մը կայ, թէ գաղափարախօսութիւնները անապահովութեան զգացում մը կը ստեղծեն մեր ժամանակներուն: Այսինքն ի՞նչ. մեզ վարակելու փոխարէն` մեզ թունաւորա՞ծ են: Ազատ կը լսուի՞ այս մէկը: Արդար կը լսուի՞ այս մէկը: Այնուամէնայնիւ,

մարդկութիւնը գիտէ, թէ չի կրնար ձերբազատիլ գաղափարախօսութիւններէ: Ոմանք կը կարծեն, թէ մեր ժամանակներու դիմագրաւած շեշտակի տագնապը նոր յեղափոխութիւններու պիտի առաջնորդէ մարդկութիւնը: Ուրիշներ ալ կը կարծեն, թէ ո՛ւր որ տագնապ կայ, մեզ պիտի փրկեն մեր գաղափարները: Մեզ անկարող կը համարեն նոր քաղաքակրթութիւն հիմնելու:

Մայիս 28-ը ազատութեան ու անկախութեան գաղափարական հարց է: Գաղափար, որ հայ ժողվուրդը արդիւնաւէտօրէն խենթ ու ներշնչող եզրակացութիւններու յանգեցուց: Քիչ մըն ալ աւելի: Հայաստանը երկիր է, պետութիւն է, պարզ տարածքի չվերածենք:

Տագնապներու ատեն խենթութիւնը կարեւոր է: Խենթութիւնը միայն քաղաքագէտներուն պէտք չէ ձգել: Կռուողի՛ն պէտք է վստահիլ: Քաղաքական ու մարտական գաղափարախօսութեան պէտք է ապաւինիլ:

Հիմա` մեր գաղափարախօսութիւնը ազգայի՞ն է, քաղաքակա՞ն է, ռազմակա՞ն է, իտէալապաշտակա՞ն է: Տարբերութիւններ ունի հայութիւնը ինքն իր մէջ: Չեն բաւեր «Կռունկ»-ը, կամ «Տըլէ եաման»-ը որ միացնեն մեզ:

Բայց, երէկ թէ այսօր, այսօր թէ երէկ, յատկապէս վաղը, ժողովրդավարութիւնը անհրաժեշտ տուեալ է գաղափարակեդրոնացած հայ կեանքը շարունակելու համար, թէկուզ մենք բոլորս մօտակայ թէ հեռակայ զաւակները կը համարուինք սրտամօտիկ հայրենիքի մը, որ երբեմն ժողովրդավարութիւնը կը կիրարկէ այլակերպուած խորքով, երբեմն ալ` ձեւափոխուած ու շփոթահար կանոններով: Գանք մեր օրերուն սակայն:

Ժողովրդավարութիւնը 100 տարի առաջ ուրիշ էր, հիմա զայն բաղկացնող կանոնները այնքան ալ հարկադրական չեն հայ կեանքին մէջ ժողովրդավարութեան գոյատեւումը ապահովելու, երաժշխաւորելու, ի հարկին` երկարաձգելու համար: Բայց մինչեւ ո՞ւր: Բայց մինչեւ ե՞րբ:

Ժողովրդավարութիւնը առաքինութիւններէ չի վախնար, որովհետեւ համազօր է իր բարիքներուն ու ազնուութեան, իր քաղաքական մշակոյթին, իր քաղաքակրթական մտածողութեան, իր բարոյականութեան ու իրաւունքի հասկացողութեան, երբ վերադառնանք իր հին օրերուն, ուրիշ ժամանակներու ուժականութեամբ:

Կրնա՞նք յարմարիլ այսօրուան աշխարհին, այնպէս`  ինչպէս որ է այսօր: Սա կամ նա ձեւով բոլոր յաջողութիւնները երաշխաւորուած չեն, քանի մնայուն չեն:

Յարգա՛նք ժամանակին: Ժողովրդավարութիւնը ժամանակի պատերազմը չէ կորսնցուցած: Պիտի վերջանայ, երբ անոր պատերազմն ալ հասնի իր աւարտին:

Ժողովրդավարութիւնը իմաստներ ունի, որոնք դեռ չեն հնչած, եւ կը պատկանի այնպիսի մարդոց, որոնք սկսած են անհետանալ այս աշխարհէն:

 

 

Նախորդը

25-28 Մայիս 1918. Հայ Մարտիկները Ետ Մղեցին Երեւանի Վրայ Արշաւող Թրքական Բանակը

Յաջորդը

Սարդարապատի Հրաշքը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.