Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը – (Ա.) Եւ Անկէ Անդին Ուրեմն, Բան Մը Կրնա՛նք Ընել…

Մայիս 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

5-28-15_unity-and-power04Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եղաւ մեծ իրագործումներու հանգրուան մը, հայկական թէ միջազգային բեմերուն վրայ, հետեւաբար նաեւ պիտի ըլլայ մեր դիմաց բացուող նոր հորիզոններուն եւ պայքարունակ աշխատանքի նոր փուլին մեկնակէտ-յենարանը:

Իրագործումները մեծ մասամբ կատարուեցան մեր` հայութեան ճիգերով, թէեւ պէտք է ընդունիլ, որ մերօրեայ աշխարհի կարգ մը պայմանները նպաստեցին մեր սպասումներուն արդարացման:

Գիտենք, որ տակաւին 100-ամեակի տարուան կէսը չենք բոլորած, 2015 տարին տակաւին պիտի ըլլայ բազմաթիւ այլ իրագործումներու հանգրուան, սակայն ինչ որ իրագործեցինք ցարդ, մասնաւորաբար` ապրիլ 24-ի օրերուն, կարելի է համարել «առիւծի բաժին»-ը. մեր ձեռք բերածը անգամ մը եւս շօշափելի ապացոյցը եղաւ Եղիշէ Չարենցի ծանօթ, բայց չհինցո՛ղ պատգամին, որ կը թելադրէ հայութեան ճիգերուն ու կարողականութեանց մէկտեղումը, «միասնական ուժի վարդապետութեան» մարմնաւորումն ու կենսագործումը:

100-ամեակը, ըսինք, մեծ իրագործումներու հանգրուան եղաւ ու պիտի մնայ: Ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ ետք, պէտք է տեսնենք ու համոզուինք, որ յաջողեցանք միանգամընդմիշտ հերքել մեր իսկ կողմէ յաճախ հրապարակ նետուած այն «վարկածը», թէ` տկար ու փոքր ժողովուրդ ենք, մեր երկիրը տկար է, ուրեմն, մեր առաջադրանքներուն, ներառեալ մեր Դատին ու իրաւունքներուն գծով բան չենք կրնար ընել, թէ` ամէն բան կախեալ է «մեծեր»-ու քմայքէն, բարի կամեցողութենէն ու քաղաքական հաշիւներէն:

Ընդունինք, որ այդ «վարկած»-ը անհիմն չէ: Մեր Դատի հետապնդման առաջին քայլերէն սկսեալ, Սան Սթեֆանոյի ու Պերլինի ժողովներէն ասդին (կրնանք երթալ շատ աւելի հին օրեր, երբ մեր երկրի ու ժողովուրդի պաշտպանութեան համար եւրոպական խաչակրութիւններու յոյսեր կը սնուցանէինք), մենք յաճախ դէմ յանդիման եկած ենք դառն իրականութիւններու, յուսախաբութիւններ ապրած ենք, արեան գնով շատ մը ձեռքբերումներ զոհ գացած են անարդար խաղերու. նման վիճակներ պատճառ դարձած են, որ մեր հոգեբանութեան ու մտածողութեան մէջ տակաւ  տեղ գտնէ` «Մենք ի՞նչ կրնանք ընել որ…»-ը: Սակայն ահա, 100-ամեակի իրագործումները եկան փաստացի կերպով արձանագրելու, որ ԲԱՆ ՄԸ ԿՐՆԱ՛ՆՔ ԸՆԵԼ, եւ, աւելի՛ կարեւորը, պէտք է այս իրագործումները իբրեւ շաղախ ու նո՛ր հիմնաքար օգտագործենք յառաջիկայ փուլին համար:

Իրագործումները, զանոնք կոչենք սահմանափակ կամ այլ, փաստ են, որ երբ կայ արդար դատի տէր ժողովուրդ, երբ կան պայքարի ուղիին հաւատարիմ սերունդներ, այդ ժողովուրին մասին մեծ, փոքր կամ տկար որակումները կը դառնան երկրորդական, իրագործուած արդիւնքները կ՛ըլլան շօշափելի խրախուսանք: Եւ թող այս հաստատումին մէջ չտեսնուին զգացականութիւն եւ աշխարհի իրականութիւններէն անջատուած ըլլալու երանութիւն:

***

Կրկնութեան գնով չէ, որ հոս պիտի արձանագրենք վերջին շաբաթներու ու ամիսներու  մեծ իրագործումները, այլ մեր նպատակն է մեր աչքերուն դիմաց կազմել  համագումարը` արտաքին ու ներքին բեմերու վրայ շօշափելի այս հանգրուանը պատմական դարձնող ձեռքբերումներուն, որպէսզի ամենայետին կասկածամիտին իսկ ինքնավստահութիւն ներշնչենք եւ վերականգնենք մեր կարողութիւններուն մասին հաւատքը:

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ քաղաքական ոլորտին մէջ Հռոմի պապին, Եւրոպական խորհրդարանին, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Լիւքսամպուրկի եւ ուրիշներու (նահանգներ, քաղաքներ, բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ եւալն) ծանօթ յայտարարութիւնները եկան ընդարձակելու մեր Դատին իրաւացիութեան ու մեր պահանջներուն արդարութեան յարողներուն փաղանգը, որ սկսած էր կազմուիլ 60-ական տարիներուն, Ցեղասպանութեան 50-ամեակի հանգրուանէն ասդին: Մեր արդար կեցուածքին ու անոր պատմական ճշմարտութեան ի նպաստ քուէարկողներուն հրապարակումները քայլ առ քայլ նահանջի (եւ… ջղագարութեան) մատնեցին Թուրքիան, որուն ճատրակի ձախաւեր խաղը` Կալիփոլին ապրիլ 24-ին յիշատակելու «արկածախնդրութիւնը», այլապէս նկատառելի պարտութիւն մը եղաւ Էրտողանի ու ընկերներուն համար, իսկ Անգլիա, Աւստրալիա ու այլ Ա. Աշխարհամարտի այդ գուպարին մասնակից քանի մը երկիրներ այդ 100-ամեակը Թուրքիոյ հետ տօնելով` աւելի քան ծիծաղելի դարձուցին իրենք զիրենք, որովհետեւ «տօնեցին» իրենց պատմական մէկ պարտութիւնը: Անոնց ներկայացուցիչներուն ապրիլ 24-ին Թուրքիա գտնուելու ամօթանքը չի կրնար ծածկուիլ թզենիի ամենափոքր տերեւով մը իսկ…

Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման արարողութիւնը, ապա Ծիծեռնակաբերդի մէջ յստա՛կօրէն քաղաքական դիմագիծով տեղի ունեցած համախմբումը` ապրիլ 24-ին, եղան Թուրքիան դատապարտող ու մեր կեցուածքը արդարացի հռչակող պատմական հաւաքներ: Նոյն օրերուն Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին վերատիրացման նպատակով բացուած դատը նոյնքան ուժեղ քաղաքական աքթ էր, իսկ Էջմիածինէն քանի մը օր ետք հասած նոյնիմաստ արձագանգը մէկ այլ դրսեւորումը` միացեալ պահանջատիրութեան:

Չենք ուզեր այս նեղ սիւնակին մէջ մխրճուիլ մանրամասնութիւններու մէջ, սակայն կ՛ուզենք շեշտել, որ այդ բոլորը տեղի ունեցան շնորհիւ մեր միացեալ ջանքերուն, փաստեցին, որ ԲԱՆ ՄԸ ԿՐՆԱ՛ՆՔ ԸԵԼ:

ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ (բառին ազնիւ եւ ոչ առեւտրական իմաստով) ոլորտին մէջ եւս մեր իրագործումները շռնդալի եղան: Այս ծիրին մէջ կ՛արժէ յիշատակել միայն քանի մը աչքառու նախաձեռնութիւններ ու իրականութիւններ` առանց անտեսելու կամ արհամարհելու ամէնէն փոքր արշաւն ու աշխատանքը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անփոխարինելի տեղը ունի աշխարհատարած խճանկարին մէջ:

Այսպէս, մեր եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսներուն եւ հանրապետութեան նախագահին Ուաշինկթըն այցելութիւնը` 7-10 մայիսի օրերուն, ձեւով մը եղաւ եզրափակումը «մեծ նախաձեռնութիւններուն», որոնք բականաբար վերջ չեն գտած ու պիտի շարունակուին անդուլ:

Նախընթաց օրերուն աշխարհի զարմանքն ու յարգանքը գրաւեցինք հրապարակային ցոյցերով, որուն լոս-անճելըսեան էջին մասնակիցներուն թիւը հպարտառիթ աճուրդի մը նիւթը եղաւ… Նման ցոյցերով մեր ժողովուրդը ողողեց Պէյրութի, Երեւանի, Մոսկուայի, քանատական,  եւրոպական եւ այլ երկիրներու ու ցամաքամասերու բազաթիւ քաղաքներու հրապարակներն ու փողոցները:  50-ամեակն ու յաջորդ տարիները ապրած սերունդներ ականատես եղան, որ Երեւանի, Լոս Անճելըսի ու Պէյրութի մէջ 60-ականներուն ու 70-ականներուն ծայր տուած ցուցական նմանօրինակ հաւաքներն ու քայլարշաւները որքա՜ն ճամբայ կտրած են եւ ներգրաւած համայն հայութիւնը, ուժեղ կերպով կը հնչեն աշխարհի տարածքին:

Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական արարողութիւնը համապատասխան արձագանգներ գտաւ Գերմանիոյ մէջ եւ այլուր, ինչպէս որ սրբադասումի արարողութեան աւարտին Էջմիածինի զանգակատունէն տարածուող 100 ղօղանջները արձագանգ գտան աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն:

Աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ կանգնած յուշակոթողներն ու խաչքարերը այլապէս եղան մեր նահատակներուն կտակին մշտական ներկայութեան խորհրդանիշներն ու յուշարարները` առանց փոխարինելու թուրքերու, ազերիներու եւ անոնց վարձկաններուն կողմէ անցեալ տասնամեակներուն ու մինչեւ այսօր փոշիացող ու ականահարուող մեր կոթողներն ու խաչքարերը…

Միջազգային մամուլը, ներառեալ արաբական աշխարհի ու նոյնինքն Թուրքիոյ թերթերը չէին կրնար անտարբեր մնալ աշխարհը «երկրաշարժի» մատնող հայութեան անզէն, բայց հզօր զօրաշարժին նկատմամբ: Այս ծիրին մէջ կրնանք երկար խօսիլ ամերիկեան, եւրոպական ու արաբական թերթերու, պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի կայաններու եւ քարոզչական-տեղեկատուական այլ աղբիւրներու արձագանգումներուն մասին եւ չըլլալ սպառիչ: Անկէ անդին, կ՛ուզենք այս ծիրին մէջ լուսարձակի տակ բերել իրողութիւն մը, որ ա՛յնքան կարեւոր է, որքան Ցեղասպանութիւն հասկացողութեան որդեգրումը` թրքական թերթերու եւ բազմաթիւ մտաւորականներու կողմէ. մեր ակնարկութիւնը կ՛երթայ միջազգային, մասնաւորաբար արեւմտեան աշխարհի թերթերու ու լրատու աղբիւրներու բառամթերքին մէջ արձանագրուած փոփոխութեան, որուն հանդէպ մեր ռատարները այդքան ալ զգայուն չեն. նկատա՞ծ էք, որ երբ կը խօսին Ցեղասպանութեան մասին, այլեւս չունին այն երկմտանքը կամ կողմնակի հաշիւները, որոնք զգալի էին 15-20 կամ աւելի տարիներ առաջ. իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ի օրերուն «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը քիչ մը ամէն տեղ ունէր ընկերակից բառ մը` «ենթադրեալ» (alleged) եզրը: Ի՜բր թէ անկողմնակալութիւն ցուցաբերելու համար բազմաթիւ թերթեր «ենթադրեալ ցեղասպանութիւն» բառերը կը գործածէին` անմիջապէս աւելցնելով, որ Թուրքիա կը մերժէ հայերուն կողմէ իրեն ուղղուած ամբաստանութիւնը: Հիմա արդէն շինծու անկողմնակալութիւնը տժգունած է, եւ Հայոց ցեղասպանութեան ակնարկողը երկմտանք չ՛արտայայտեր Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւն մը ըլլալուն, եւ անկէ բխող մեր իրաւուքներուն ու կեցուածքին արդարացիութեան մասին: Ուրեմն, քարոզչական գետնի վրայ ալ ԿՐՑԱԾ ԵՆՔ ԲԱՆ ՄԸ ԸՆԵԼ…

ՆԵՐՔԻՆ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ճակատին վրայ եւս 100-ամեակը ուշագրաւ իրագործումներու առիթ եղաւ` միաժամանակ ներգրաւելով հայութեան համակիր կամ մեզի յարող նոր շրջանակներ:

Ամէն բանէ առաջ, եւ իբրեւ կարեւորագոյն իրականութիւն, 100-ամեակը ի մի բերաւ հայութեան ձեռքերն ու կամքը, մտածողութիւնն ու Հայ դատին նկատմամբ տիրութեան գիտակցութիւնը: Հայկական պետութեանց (Հայաստան եւ Արցախ), եկեղեցւոյ ու յարանուանութեանց, քաղաքական կազմակերպութեանց, միութեանց, ու բոլո՛ր, բոլո՛ր միաւորներուն միասնութիւնը ունէր միայն մէկ մրցակից` ժողովուրդին միասնութիւնը. այլ խօսքով, ապրեցանք հազուադէպ հանգրուան մը, երբ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը կանգնեցան նոյն բեմահարթակին վրայ, երկրորդական դարձան «ծանրակշիռ» ու «մասնակի» տարակարծութիւնները, հակադրութիւնները: Հաւանաբար ըսուի, որ հայութիւնը միշտ ալ միակամ եղած է հիմնական այս հարցին նկատմամբ. այդպէս է, սակայն հազուադէպ է այդ կամքին արտայայտութեան նման դրսեւորում: Աղաղակող կերպով եւ իրաւամբ խորտակեցինք թրքական կրկնուող այն յերիւրանքը, թէ Հայաստանի հայը տարբեր կը մտածէ սփիւռքի հայէն, կարելի է Հայաստանի հետ «լեզու գտնել» եւ փրոթոգոլներու խաղը վերականգնել` ի հեճուկս «սփիւռքցիներու պահանջատիրութեան»: Թուրքիոյ գործնապէս պատասխանեցինք, որ պահանջատիրութեան մէջ հայութիւնը միակամ է, աշխարհագրական տարբերութիւնները միայն քարտէզի վրայ են:

Նոյնքան հպարտառիթ եւ ինքնավստահութիւն ներշնչող է այն իրականութիւնը, որ մեր երիտասարդութիւնը, Աւստրալիայէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու Հայաստան, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, ցոյց տուաւ, որ արդէն զանգուածաբար վերցուցած է իրաւատիրութեան ու արդարատենչութեան դրօշը, թէ` 20-ական, 30-ական, 70-ական եւ 80-ական տարիներուն տարբեր ոլորտներու մէջ սկզբնաւորուած արշաւները ուղղակի շարունակողներ ունին:

Պայքարի դաշտին մէջ իրենց անփոխարինելի եւ վճռական դերը ունեցան արուեստագէտներ, մարզիկներ, մտաւորականներ ու տարբեր ոլորտներու մէջ գործողներ: Հայութիւնը այս գետնի վրայ քաղաքական աշխարհի մարդոց չափ ու մինչեւ իսկ անոնցմէ աւելի` զգաց օտարներու զօրակցական կեցուացքին յենարանն ու սրտակցութիւնը: Արաբական աշխարհէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկա, արուեստի դրօշակիներ` երաժիշտ, երգիչ, նկարիչ, ֆիլմարուեստի կալուածին մէջ գործող, գրագէտ ու  դերասան` միացան Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներուն յարգանքի արտայայտութեանց ու հայութեան վերականգնումի փաստը խնկարկողներուն: Այս ծիրին մէջ պէտք է յատուկ յիշատակութեան արժանացնել նա՛եւ թուրք արուեստագէտներու մասնակցութիւնը` ըլլա՛յ հրապարակային հաւաքներու, ըլլա՛յ մշակութային ձեռնարկներու: Այս կէտը կ՛արձանագրենք` ոչ ոք գերագնահատելու կամ ստորագնահատելու մօտեցումով:

Ներքին ճակատի վրայ նկատելի եւ ուշագրաւ էր հայկական պատկերասփիւռի կայաններու յայտագիրներուն բարեշրջումը: Այս կէտը չարձանագրեցինք քարոզչականի բաժինին մէջ, որովհետեւ հայկական լրատու աղբիւրները, անոնք ըլլան թերթ, պատկերասփիւռ թէ այլ միջոց, բնականաբար լծակից են մեր արշաւին: Պատկերասփիւռի բաժինը կ՛առանձնացնենք լուսարձակի տակ բերելու համար տխուր պատկերի մը յաջորդած ուրախ էջ մը: Արդարեւ, ապրիլ 24-ի օրերուն հայկական պատկերասփիւռի կայաններ լայն բացած էին արխիւներու գանձարանները եւ ապրող սերունդներուն, մասնաւորաբար նոր սերունդին ծանօթացուցին Ցեղասպանութեան տխուր էջերը, մեր պայքարի երթին հանգրուանները (թէեւ` ոչ համապարփակ), սփռեցին յատուկ յայտագիրներ ու հարցազրոյցներ, որոնք դարման բերին կարգ մը «սպիտակ էջեր»-ու, լուսարձակի տակ բերին ինքնապաշտպանական ու արդարահատուցման դրուագները: Անմակարդակ ու հանդիսականը բթամտութեան մատնող կարգ մը ծրագիրներ (Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, պատգամաւոր մը նման յայտագիրներ «աղբ» որակելու չվարանեցաւ նոյն օրերուն) պահ մը իրենց տեղը զիջեցան «Նահապետը», «Ձորի Միրօ», «Հին օրերի երգը» եւ սպիտակ պաստառի նմանօրինակ գոհարներու` զգացնելով, որ ժողովուրդին առօրեային վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցող այս կալուածին վարիչները իրազեկ են այս գործիքին ազգային դերին (թէեւ արդէն այս դերը սկսած է դարձեալ տժգունիլ…):

***

Միայն ասո՞նք են 100-ամեակի իրագործումները, հայութեան յաղթանականերու սիւնակին տակ աւելցած նուաճումները:

Բնականաբար ո՛չ. սակայն մեր համագումարը կը փակենք այսքանով, որովհետեւ մեր նպատակը հատոր մը պատրաստել չէ, այլ ընդհանուր պատկեր մը կազմել իրագործումներէն, մենք մեզի ու աշխարհին հաւաստելու, որ անկարող չենք, բան մը կրնանք ընել, ու վերջին շաբաթներուն մեր ըրածը միայն նախաճաշակ մը կ՛ընծայէ մեր ընելիքներուն մասին, որուն ճամբան պիտի հարթենք նո՛յնքան միակամ, նո՛յնքան վճռական եւ` յարաճուն մարտունակութեա՛մբ:

Մենք մեզի առիթը պիտի տանք, հետագային, պատասխանելու այն հարցումներուն, թէ ի՞նչ նախընթացներու եւ աննիւթական դրամագլուխներու արդիւնք էին 100-ամեակի հանգրուանի իրագործումները, ապա նաեւ` դիտելու այն հորիզոնները, որոնք մեր դիմաց են 101-րդ տարիէն սկսեալ:

Իսկ մենք արդէն քանի մը օրէ ի վեր թեւակոխած ենք այդ փուլը, որ պիտի դիմագրաւենք չոր իրապաշտութեամբ` եւ իրատեսութեամբ, պատանդ չդառնալով զգացական զեղումներու…

 

7-17 մայիս 2015

 

 

Նախորդը

Սարդարապատի Հրաշքը

Յաջորդը

Մայիս 28

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը
Անդրադարձ

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Համազգայինի 95-Ամեակի Անդրանիկ Հանդիսութեան Առիթով

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակի Հանդիսութեան Օրուան Բանախօս Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In