Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարդարապատի Հրաշքը

May 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

5-28-15_soldiers1918-ի մայիսին կը թուէր, թէ հայ ժողովուրդի` իր պատմական հայրենիքին մէջ գոյութեան վերջին օրերն էին: Մասիսի ստուերին տակ հաւաքուած արեւելահայերն ու Ցեղասպանութենէն փրկուած արեւմտահայոց մէկ հատուածը մինակ մնացեր էին օսմանեան քանի մը զօրամասերու դիմաց, որոնք անցնելով Ախուրեանն ու Արաքսը` կը յարձակէին Ղարաքիլիսայի (այժմ` Վանաձոր), Բաշ Ապարանի (այժմ` Ապարան) եւ Սարդարապատի ուղղութեամբ: Ոտքի ելած էին նաեւ Երեւանի նահանգի իսլամները` թուրքերը, թաթարներն ու քիւրտերը: 1918-ի մայիսի կէսերէն ետք Արարատեան բարեբեր դաշտը բոլոր կողմերէն շրջապատուած էր թշնամիներով:

Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի անկումն ու թուրքերու յարձակումը դէպի Արարատեան դաշտավայր Երեւանի մէջ անասելի իրարանցում ու սարսափ յառաջացուցած էին: Դիմադրութիւնն անհնար ու անիմաստ կը թուէր շատերուն: Բայց ո՞ւր փախչիլ: Դէպի Թիֆլիս ու Պաքու տանող ճամբաները գոց էին, Պարսկաստան տանող երկաթուղին չէր գործեր` Շարուր-Նախիջեւանը իսլամներուն ձեռքն էր: Բաց էին միայն արեւմուտքէն ու հիւսիսէն եկող ճամբաները, որոնցմով սակայն կու գային թրքական զօրքերը` գրաւելով հայկական բնակավայրերն ու կոտորելով բնակիչները: Միակ ելքը դիմադրութիւնն ու պատուով մեռնիլն էր:

«Մինակ ենք եւ պէտք է ապաւինինք միայն մեր ոյժերուն` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրին ներսը կարգ հաստատելու համար», կ՛ըսէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանը:

1918-ի վաղ գարնան Երեւանի ազգաբնակչութիւնն ու զինուորականութիւնը Արամը տիքթաթոր յայտարարեցին եւ ամբողջ իշխանութիւնն անոր ձեռքը կեդրոնացուցին:

Ալեքսանդրապոլի անկումէն ետք հայկական զօրքերուն մէկ մասը կռիւներով նահանջած էր Երեւանի ուղղութեամբ եւ 19 մայիսին` Սարդարապատ հասած:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանցը կը դիմէ հայ ժողովուրդին. «Թուրքը` մեր արնախում ոսոխը, նուաճած է Ալեքսանդրապոլը, կը շարժի դէպի սիրտը մեր երկրի, մեր հաւատքի, մեր կենսագրութեան. ան կու գայ Էջմիածնի վրայ: Մեր զօրապետները Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կ՛առաջարկեն ոսոխի բերնին ձգել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, մեր սրբարանները, հայ ժողովուրդը եւ Բիւրական ապաստանիլ: Ո՛չ եւ ո՛չ, հազա՛ր անգամ ոչ, ես չե՛մ լքեր մեր սուրբ նախնիներուն աւանդած Մայր Աթոռը, ես չե՛մ հեռանար հայոց առաքելական օճախէն: Եթէ հայոց զինուորութիւնն ինքը, հայ ժողովուրդը չեն կրնար թշնամիին յառաջխաղացումը կասեցնել, եթէ ի զօրու չեն փրկելու մեր սրբութիւնները, ապա թող ես նահատակուիմ ճիշդ հոս` շեմին վրայ Մայր Աթոռին, որուն գահակալի պատիւն ունիմ մեր սուրբ նախնիներուն արդար բարեխօսութեամբ եւ Աստուծոյ ողորմածութեամբ»:

Երեւանեան զօրամասի հրամանատար զօրավար Սիլիկեանը յատուկ կոչով իւրաքանչիւր հայ տղամարդու կը յորդորէ, յանուն հայրենիքի փրկութեան եւ իր կնոջ ու դուստրերու պատուի պաշտպանութեան, ի գործ դնել իր վերջին ճիգը` հարուածելու թշնամին, որ` «կ՛ուզէ ստրկացնել, ոչնչացնել մեր բազմաչարչար ազգը»:

Մայիսի կէսերուն Ալեքսանդրապոլը, ապա 24-28 մայիսին երկուստեք կորուստներով ծանր կռիւներէ ետք Ղարաքիլիսան գրաւելէ ետք թուրքերը շարժեցան Թիֆլիսի ուղղութեամբ: Յատկապէս արեւմտահայերը (որոնք քաղաքը ապաստանած էին) կը սարսափէին թրքական արշաւէն: Հազարաւոր մարդիկ` ծեր ու երեխայ, գիւղացի ու քաղաքացի, աշխատաւոր ու մտաւորական, ով ինչով կրնար, խուժեցին դէպի Ռազմա-վիրական Ճանապարհը: Հոսանքին մէկ ծայրը հասեր էր Վլատիկաւկազ, մինչ միւսը դեռ նոր դուրս կու գար Թիֆլիսէն: Գաղթն անկազմակերպ էր, տարերային, իսկ յարձակումները գաղթականներուն վրայ` սովորական:

Ղարաքիլիսայի մէջ հայոց պարտութիւնը, սակայն, պատերազմին ելքը չվճռեց: Հայկական զօրախումբը (կորպուս) վերջին ճիգով մը կրցաւ թուրքերը կանգնեցնել, ապա անոնց մարդկային ծանր կորուստներ հասցնելով` մինչեւ 29 մայիսը ետ քշեց Բաշ Ապարանի ու Սարդարապատի մէջ: Յաղթանակով ոգեւորուած` հայեր յառաջ կը շարժէին դէպի Ալեքսանդրապոլ: Զօրավար Սիլիկեանը մտադիր էր թրքական զօրքերը հետապնդել մինչեւ Ալեքսանդրապոլ եւ կը հաւատար, որ հայկական ուժերը կրնան քաղաքը ետ վերցնել երկու օրուան մէջ:

Սակայն, երբ հայկական զօրքերը Ալեքսանդրապոլին կը մօտենային, զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը կանգ առնելու հրաման տուաւ հայկական զօրախումբին: Ազգային խորհուրդը տեղեկացուցեր էր, որ Պաթումի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն մը կայացուած է, իսկ հաշտութեան բանակցութիւնները կը շարունակուէին: Եթէ նման լուրը քանի մը օր առաջ ստացուեր, ապա արտակարգ թեթեւութեամբ կ՛ընդունուէր, սակայն այժմ անիկա տեղիք տուաւ թէ՛ զինուորներու եւ թէ՛ գիւղացիներու հասկնալի զայրոյթին: Զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարներու որոշումը թելադրուած էր այն գիտակցութեամբ, որ զինապահեստները գրեթէ պարապ են, թրքական թարմ համալրումները` մօտ: Եթէ ճակատամարտին ընթացքը մէկ անգամ եւս շրջուէր յօգուտ թուրքերուն, հայկական աղէտը կատարեալ կ՛ըլլար:

Երեւանի Ազգային խորհուրդի անդամներուն մէկ մասը կ՛առաջարկէր հաշտուիլ կացութեան հետ եւ ընդունիլ Պաթումի դաշնագիրին պայմանները, ուրիշները կը պահանջէին չեղեալ նկատել Նազարբէկեանին հեռագիրը, զօրքերու ընդհանուր հրամանատար նշանակել Սիլիկեանը եւ շարունակել պատերազմը: Ազգային խորհուրդը չկրցաւ միակամութիւն դրսեւորել, եւ Սիլիկեանին կը մնար ենթարկուիլ Նազարբէկեանի հրամանին:

Այսպէս, 1918-ի կէսին հայ ժողովուրդի բեկորներուն ձգուած էր բզկտուած հողի փոքր պատառ մը, որ հանրապետութիւն կոչուեցաւ: Բայց որքան ալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-ի մայիսին խղճալի պետութիւն էր, անոր գոյութեան փաստն ինքնին զարմանահրաշ նուաճում մըն էր: Ան ոչ թէ հանրապետութիւն էր, այլ` անբարեբեր ու մեկուսացուած, ժայռերով ու լեռներով, որբերով ու փախստականներով, տառապանքներով ու թշուառութեամբ լեցուն հողակտոր մը:

Երկիրն անօրինակ ծանր վիճակ կ՛ապրէր: Փոքրիկ Հայաստանը լեփ-լեցուն էր գաղթական բազմութիւններով, իսկ եղած միջոցները բաւարար չէին տեղացիներուն կենսական պահանջները բաւարարելու: Առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել, որ համատարած սովը կ՛իշխէր նորաստեղծ պետութեան մէջ: (Երեւանի) փողոցներուն, շուկային, այգիներուն մէջ մարդիկ քաղցէն կը գալարուէին, օրն ի բուն հառաչանքներ ու տնքոց-նվնվոցներ կը լսուէին: Աղբանոցներուն մօտերը կմախքացած երեխաներ ուտելու բան կը փնտռէին` թաթիկներով կեղտերը փորելով: Ըստ ականատեսի վկայութեան, «կ՛անցնէիր փողոցով` գործի երթալու ժամանակ եւ կը տեսնէիր, որ մայթին վրայ` պատի տակ ծալուած, ցնցոտիներով ծածկուած կին ու երեխայ ցուրտէն կը սրթսրթային ու կը նվնվային. ձեռք չէին պարզեր, բան մըն ալ չէին ուզեր, աչքերուդ առջեւ մաս-մաս կը մեռնէին սովէն»:

Հայաստանի այս անշուք ծնունդին նախորդեր էր ցարական կարգերուն տապալումը Ռուսաստանի մէջ: Այդ նոյն Ռուսաստանին կցուած հայկական տարածքներէն փոքր հողակտորի մը վրայ 1918-ի մայիսին հռչակուեցաւ հայկական հանրապետութիւնը` Բագրատունիներու հայոց թագաւորութեան եւ Կիլիկեան Հայաստանի հայկական պետութեան անկումէն համապատասխանաբար շուրջ ինը դար եւ աւելի քան հինգ հարիւր տարի ետք: Չնայած յաջորդող ամիսներուն Հայաստանի Հանրապետութիւնն աստիճանաբար պիտի ընդարձակուէր` անձեւ քաոսէն դառնալով իրական հանրապետութիւն, Օսմանեան կայսրութեան եւ քեմալականներու ռազմաքաղաքական հսկողութեան տակ գտնուող հայկական շրջաններն այդպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան մաս չկազմեցին:

Աւելի քան իննսուն տարի, ինչպէս նաեւ այսօր «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան» ունենալու հայոց երազանքը կը շարունակէ փշրուիլ Մասիսի լանջերուն:

ԱՆԻ կենտրոն

Նախորդը

Ժողովրդավարութեան Գաղափարը Եւ Մայիս 28-ի Անկախութեան 97-րդ Տարեդարձը

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը – (Ա.) Եւ Անկէ Անդին Ուրեմն, Բան Մը Կրնա՛նք Ընել…

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.