Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրող, Հրապարակագիր Գէորգ Պետիկեան Իր Յիսնամեայ Վաստակին Համար Պարգեւատրուեցաւ «Մայրենիի Դեսպան» Շքանշանով

Մայիս 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-17-15_hantisades

Նախաձեռնաութեամբ Ամերիկայի Խարբերդ մշակութային միութեան, կիրակի, 17 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, հայ մամուլի ներկայացուցիչներու, յոբելեարին ընտանեկան պարագաներուն եւ անոր հին ու նոր աշակերտներուն, ծնողներուն մտաւորականներու եւ մշակութասէր հասարակութեան եւ աւելի քան 200 հիւրերու, գաղութիս ներհուն մտաւորականներէն, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, երկարամեայ տնօրէն եւ դաստիարակ եւ հայ մամուլի ու յատկապէս «Ասպարէզ»-ի աշխատակից Գէորգ Պետիկեան, իր յիսնամեայ վաստակին առ ի գնահատանք, յատուկ հանդիսութեամբ պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» շքանշանով:

Kevork-Bedikian-&-Valeri-MgrdoumyanՀանդիսավարութեամբ Յասմիկ Աճեմեանի գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին խօսք առին Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ խարբերդցի Փոլ Գրիգորեան, որոնք միաժամանակ յոբելեարին յանձնեցին բազմաթիւ գնահատագրեր Լոս Անճելըսի քաղաքի ու գաւառի պատասխանատուներէն, դաշնակցային եւ նահանգային ներկայացուցիչներէն:  Ելոյթ ունեցան նաեւ Կարօ Պետրոսեան, որ անդրադարձաւ եւ ներկայացուց յոբելեար Պետիկեանը` իբրեւ գրող-մտաւորականի, Գէորգ Քէօշկերեան` ուսուցիչ-տնօրէնի, Սարգիս Մաճառեան` ազգային գործիչի, Արա Ահարոնեան` հասարակական մարդու: Սրտի իրենց խօսքերով հանդէս եկան նաեւ յոբելեարին երկու մանչ զաւակները` Հրանդ եւ տոքթ. Արամ Պետիկեաններ եւ թոռնիկը` Վանայ-Լիզա Պետիկեան: Աւարտին Հայաստանի Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսի ներկայացուցիչ Վալերի Մկրտումեան իր պատշաճ գնահատականներէն ետք Պետիկեանին կուրծքը զարդարեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի դեսպան» շքանշանով:

Իր կարգին Գէորգ Պետիկեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքին մէջ շեշտեց, որ այս շքանշանը կը պարտի բոլոր անոնց, որոնք` ծնողք, ուսուցիչ, վարիչ կամ առաջնորդ սրբազան, օր մը իրեն արժէքներ փոխանցած էին, իր նկարագիրը կերտած, զինք դարձուցած  ընկերային ու իրեն տուած ազգային հպարտանք եւ մանաւանդ` հայ մարդ դառնալու կամք, եւ որոնք պարգեւներ չստացան,  բայց բոլորն ալ իրեն համար մէկական շքանշաններ դարձան: Ձեռնակը ունէր երգերով եւ արտասանութիւններով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը` հրամցուած Պետիկեանի աշակերտներուն կողմէ: Ցուցադրուեցաւ Պետիկեանի կեանքին ու գրական վաստակին մասին տեսերիզ մը: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԽԱՐԲԵՐԴ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Կուաթէմալա Սիթիի Պզտիկ Հովիւը

Յաջորդը

Կիրակոս Գույումճեանի Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?