Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Մեր Դրօշակին Հորիզոնական Երրորդ Գոյնը Նարնջագոյն Է

Մայիս 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

f5382f9f72f673_5382f9f72fa27«Արիւնից ծորած երիզ մի կար կարմիր,
Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,
Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ դրօշ եռագոյն»:

Վերջերս մեր հայրենիքին մէջ, փոխան նարնջագոյնի, շրջանառութեան մէջ դրուած է «ծիրանագոյն» բառը: «Ծիրանագոյն»-ը հետզհետէ արձագանգ կը գտնէ նաեւ սփիւռքի մէջ: «Ի՛նչ տարբերութիւն, նոյն գոյնն է», կ՛ըսեն:

Հայաստանը իրաւամբ հարուստ է բազմատեսակ եւ համով պտուղներով` ծիրան, տանձ, դեղձ, խնձոր, խաղող, նուռ, ելակ, նուշ. այս պտուղներէն ծիրանը բուսագիտութեան մէջ արձանագրուած է Armenian Apricot անունով: Ուրեմն Հայաստանի ծիրանին տրուած է գիտական անուն (կամ մակարդակ):

Այսուհանդերձ, ելեկտրամագնիսական ալիքներու լուսապատկերին մէջ` բաղկացած եօթը գոյնէ (կարմիր-նարնջագոյն-դեղին-կանաչ-կապոյտ-լեղակագոյն-մանիշակագոյն) արդէն կը պարզուի, թէ այս գոյնին իսկական անունը նարնջագոյն է, ծիրանագոյն չէ: Նարնջագոյնը պայման չէ, որ զուտ նարինջի գոյն ըլլայ. նարնջագոյնը իր բազմաթիւ երանգները ունի: Պէտք է յիշել, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը հաւաքաբար «նարնջագոյն»-ը որդեգրած է. անշուշտ այդ օրերուն ալ մեր հայրենիքը նարնջենիներով հարուստ չէ եղած:

Այսպէս, ուրեմն Հայաստանի անկախութեան հռչակման առաջին օրերուն, Երեւանի մէջ գումարուած ժողովի մը ընթացքին` կառավարութիւնը եւ պատմաբաններ բաւական վէճերէ ետք, հիմնուելով պատմաբան Ստեփան Մալխասեանի պատրաստած մեր պատմական դրօշներու մասին ընդարձակ զեկուցումին վրայ: առանց դաւանանքի եւ գաղափարի խտրութեան կ՛որոշեն հայկական դրօշը` հորիզոնական կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն: Հայկական եռագոյնին հետեւեալ խորհուրդը կը տրուի.

Կարմիրը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին թափած արիւնը,

Կապոյտը` Հայաստանի երկինքը, եւ

Նարնջագոյնը` հայ ժողովուրդի աշխատանքը:

Կար ժամանակ, Պաղ պատերազմի տարիներուն, Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութիւնը հայ ժողովուրդը բաժնած է երկու հոսանքի` դաշնակցական եւ հակադաշնակցական (ռամկավար, հնչակեան, համայնավար): Դաշնակցութիւնը երեք տարբեր գոյներով դրօշակը պահպանած է, որպէսզի ռազմաքաղաքական հայանպաստ օր մը դարձեալ եռագոյնը ծածանի Հայաստանի վերեւ: Իսկ հակադաշնակցական հոսանքը բուռն պայքար մղած է եռագոյնին դէմ, յաճախ զայն այրելու գնով (կարծես եռագոյնը Դաշնակցութեան դրօշակը ըլլայ): Այս հոսանքի ողջմիտները մտածած են, թէ քանի որ եռագոյնը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դրօշակն է եղած, ուրեմն կը պատկանի պատմական անցեալին: Հետեւաբար անոր տեղը թանգարանն է. ահա թէ ինչպէ՛ս մտածած են հակադաշնակցական հոսանքի զգօնները:

Դաշնակցութիւնը 70 տարի հայրենասէր կուսակցութիւն չէ եղած եղեր: Ա՛յն Դաշնակցութիւնը, որ իր հազարաւոր ֆետայիներն ու մարտիկները զոհաբերած է Հայաստանի ազատութեան բագինին, եւ իր յեղափոխական, մշակութային ու բարոյական ամբողջ կշիռը դրած է հայ ժողովուրդի ինքնահաստատման ու բարօրութեան:

Եւ որովհետեւ Դաշնակցութիւնը չէ մեղադրած հակադաշնակցական հոսանքը, որ Հայաստանի վերանկախացումէն տակաւին երկու ամիս առաջ ամէն լուտանք թափած է եռագոյնի հասցէին, հասարակ ոճով լուր կը տարածէ, թէ «դաշնակները 70 տարի եռագոյնը սեփականացուցած են»: Նոյն հոսանքը, սկիզբը վարանոտ, եռագոյնը դրած է իր ակումբներուն մէջ. եւ ապա` պապականէն աւելի պապական դարձած:

70 տարի հակադաշնակցական կողմը գովերգած է Խորհրդային Հայաստանի «կարմիր-կապոյտ-կարմիր» դրօշակը. եւ ամէն հայ հայրենասէր (իմա` հայաստանասէր) նկատուելու համար պարտաւոր եղած է ընդունիլ եւ իւրացնել այդ դրօշակը: Եթէ անոր առաջին հորիզոնական կարմիրը հայ ժողովուրդի արիւնը կը ներկայացնէ, հապա վերջին կարմիրը ի՞նչ իմաստ ունի. թէ ան ալ հայ ժողովուրդի արիւնն է, պարզապէս անհեթեթ բան է:

Դաշնակցութիւնը քաղաքակիրթ վեհանձնութեամբ եւ յանուն հայ ժողովուրդի միասնականութեան, միշտ ներած է ու տակաւին կը ներէ մարդոց կամ կազմակերպութիւններու ազգավնաս տգէտ քաղաքականութիւնը: Սակայն ա՛լ կը բաւէ. վե՛ր ելլենք ազգային- քաղաքական այս ճահիճէն. մինչեւ ե՞րբ եռագոյնը մեզ պիտի պառակտէ եւ անմիասնականութիւնը կրծէ մեր ներսը: Մենք տակաւին Նախիջեւան եւ Արեւմտեան Հայաստան ունինք ազատագրելիք:

Եկէք Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցէն ետք, եռագոյնը փոխան պառակտումի, թող իբրեւ հայ ազգային միակամութեան խորհրդանիշ ծառայէ, ու Հայաստանով, Արցախով եւ սփիռքով միասնաբար շարունակենք պայքարիլ յանուն հայկական բռնագրաւուած հողերու ազատագրումին, հայ ժողովուրդի տունդարձի կազմակերպումին ու վերջապէս ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին:

Այլեւս բոլորս պէտք է համոզուինք, որ եռագոյնը ոչ միայն Հայաստանի դրօշակն է, այլ նաեւ ու յատկապէս` հայ ժողովուրդին, մեր բոլորի՛ն:

Ահա թէ ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը սփիւռքի մէջ եռագոյնը ամէն գնով պահպանեց ու գուրգուրաց անոր վրայ: Եւ երբ 23 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստան վերանկախացաւ, հայրենի մեր ժողովուրդը բնազդաբար եւ ազգային ինքնագիտակցութեամբ եռագոյնը վերադարձուց իր բնականոն տեղը:

 

 

 

 

Նախորդը

Բարեզարդուած Հոգիներով

Յաջորդը

Մեծն Արամի Պատգամին Ականջալուր Ենք Կամ Մայիսի 28 Եւ Անկախութեան Հիմնահարցեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?