ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Մեր ժողովուրդը 1918-ին շտկեց իր ողնաշարը, վերականգնեց սասանուած հաւատն ու լաւատեսութիւնը ապագայի նկատմամբ. հայրենի այս անկիւնում վերականգնուեց հայոց պետականութիւնը»:
ՅԱՍՄԻԿ ԳՈՒԼԱԿԵԱՆ
(Հայրենի հանրածանօթ լրագրող,
հաղորդավար եւ մտաւորական)
Վերջերս գրասէր հայորդի մը մեզի յանձնեց փոքրածաւալ գիրք մը, որ խորագրուած է «Անկախութիւն… անկախութի՞ւն… կամ ո՛ւմ է ձեռնտու Հայաստանը` առանց հայերի (տագնապ)», հրատարակուած Երեւան, 2013-ին:
Մէկ շունչով ընթերցման արժանի գրքոյկ մըն է անիկա, ուր կը տողանցեն հեղինակի վաւերական մտածումները, ազգային շունչով լիացած մտահոգութիւնները, ապրուած տագնապներն ու հեռանկարային առաջադրանքները` յանուն ազգի վերականգնման եւ հայ պետական մտքի ու քաղաքական մտածողութեան ամրակայման:
Ճիշդ է, առաջին անգամ չէ, որ նման մտքի ու հոգիի տրոփներու կը հանդիպինք, սակայն, այս պարագային շեշտադրելին այն է, որ հեղինակը լոյսին կը բերէ, կ՛ահազանգէ էապէս անժամանցելի եւ մեծ կարեւորութիւն ունեցող հարց մը` արտագաղթը, այսինքն` Հայաստանէն հեռացողներու հսկայ թիւն ու թափը, եւ խորիմաստ հարցադրումներու, ախտաճանաչումներու, շեշտակի եւ խիզախ կեցուածքի մը ներքեւ բոլորիս` ազգին ուշադրութեան կը յանձնէ այն, թէ որո՞ւ շահերուն կը ծառայէ անբովանդակ, անզօր, անդիմագիծ եւ իր սերունդներէն պարպուած հայրենիք մը, որուն համար ազգը դարեր շարունակ արիւն է թափած, գերիվեր ուժերու դէմ կռիւ ու պայքար մղած, սքանչելի նահատակներու ստուար փաղանգներ ազատութեան զոհասեղանին մատուցած, աւելի՛ն. հայրենիք կերտելու վճռակամութեամբ տոգորած հայ քաջարի զանգուածներու իրերայաջորդ հոյլեր:
Առհասարակ, ընդունուած է, որ երբ տօնական ու ազգային շունչով յատկանշուած տարեթիւերու մասին անդրադարձ կատարուի, թէկուզ հրապարագրական անդաստանին մէջ, շեշտը դրուի ազգային տուեալ իրագործումին եւ անկէ ճառագայթող ապրումներուն վրայ, այն հասկացողութեամբ, որ տօնական որեւէ իրադարձութիւն պէտք է, որ իր մէջ պարփակէ դաստիարակիչ տարրեր եւ հեռանկարներ:
Բաժնելով հանդերձ նմանօրինակ մօտեցումներ, այլապէս ալ մեզ` հաւաքաբար կը պարտաւորեցնէ այն վեհափառ մտածումն ու եզակի տեսակէտը, թէ առանց քննական մտքի եւ պահանջատէրի խրոխտ կեցուածքներու, դժուար թէ կարենան հաւաքականութիւններ դէպի ապագայ շարժիլ եւ յաջողութիւններով պսակադրուիլ:
Աւելի՛ն. առանց սուտին ու իրաւը իրարմէ զանազանելու կարողութեան, շահամոլներուն դէմ արտայայտուելու ներքին ուժին, ընկերային անարդարութիւններու ահաւորութեան մատնանշումին, կաշառակերութեան եւ հայ արժէքներու ոտնահարման բոլոր երեւոյթներուն դէմ վճռակամ կեցուածքի որդեգրումին, մանաւանդ` հայ կեանքի բաղադրիչ մասերը` հաշուետուութեան սրբազան սկզբունքին առնչելու գիտակցութեան, ժողովուրդներ, ազգեր եւ պետական համակարգեր անգամ չեն կրնար ապրիլ, ստեղծագործել եւ գոյատեւել, եւ առհասարակ պիտի չկարենան տոկալ օտարամուտ եւ քանդիչ յորձանուտերու դէմ, իրենց ներկան բարելաւելու եւ ապագայակերտի տեսլականով համակելու շրջապատ մը ամբողջ:
Թէ ինչո՛ւ այսքան շեշտուած ձեւով նման հարցեր սեղանին վրայ կը դրուին, պարզապէս որպէսզի չանտեսուին անոնց գործած ահաւոր աւերները:
Այո՛, համատարած աւերներ եւ ազգակործան երեւոյթներ, որոնք կը յամենան աւելի քան քսան տարիէ:
Մասնաւորելով գէթ արտագաղթի ահաւորութիւնը, արդէն էապէս ընդգծած կ՛ըլլանք իրողութիւն մը անսեթեւեթ, թէ ներկայ օրերու հայութեան թիւ մէկ թշնամին` հայրենապարպումն է, հայրենիքը լքելու եւ միանգամընդմիշտ հեռանալու ահաւոր որոշումը:
Իսկ զո՞վ պէտք է ամբաստանել այս արիւնաքամ վիճակի կասեցման եւ գէթ մասնակի դարմանումին համար:
Որո՞ւ հաշուետուութեան կանչել եւ պահանջել, թէ հայոց սրբազան հայրենիքը կը դատարկուի ամէն օր, հակառակ անգին զոհերու եւ սուրբ նահատակներու արեան շաղախումին:
Ինչպիսի՞ բացատրութիւններ տալ պատահած հակաժողովրդավար արարքներուն եւ գործընթացներուն, որոնք ամէն քայլափոխի կը հալածեն հայ մարդու կեանքը առհասարակ:
Հայոց պետականութեան գահին բազմած արժանաւորներ, իրենց բազմախաւ եւ երանգաւոր պատասխանատուութիւններու բերումով արդեօք ի վիճակի չե՞ն հայութեան գերագոյն շահերու մասին մտածելու եւ համապատասխան արժեւորումներու ենթարկելու ներկան ու մօտիկ ապագան:
Ո՞ւր են այն բոլոր ազգային շունչով յագեցած ռազմավարական հայեցակարգերն ու պետական մտածողութեան ամրակայման նպաստող հայավարի գործընթացները, որոնցմով հայ պետականութիւնը պիտի կարենայ շրջանցել առաւել սաստկացող դժուարութիւնները:
Հայութիւնը միջազգային ամպիոններու վրայ իր ներկայութիւնը կը շարունակէ փասարկել, հակառակ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական թէ ազգագրական ոչ խրախուսիչ պատկերներու:
Այս առումով, հայրենի դիւանագիտական թէ քաղաքական մակարդակի տարբեր աշխատելաոճեր, թէեւ որոշակի աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն, այդուամենայնիւ, անոնց կը պակսի նախաձեռնողի յստակ եւ կողմնորոշիչ գործելու եղանակներ:
Արդեօք հայութիւնը իր սփիւռք(ներու) ներկայութեամբ բաւարար ներուժ եւ օժանդակութիւն կը մատուցէ՞ առաւել եւս ուժեղացնելու հայ նորահաստատ պետականութիւնը:
Այլ առումով ալ, հայրենի պետական մտածողութիւնը որքանո՞վ ի վիճակի է եւ կամ ինչպիսի՞ ազգաշունչ գործելակերպերու ընդմէջէն իր շուրջ կը համախմբէ հայութեան բազմագոյն եւ բազմաբնոյթ խաւերն ու հասարակութիւնները:
Յաճախ կը յոխորտանք մեր տասը միլիոն աշխարհատարած թուաքանակով, մեր ունեցած տնտեսական ու քաղաքական հզօր եւ իրաւ կարողականութիւններու առկայութեամբ, սակայն, ինչո՞ւ կը բացակային մէկութեան գաղափարականին եւ ազգային համախմբուածութեան առաջադրութիւնները, որպէսզի ազգը` բոլորուելով հայ պետականութեան անփոխարինելի կայմին շուրջ, կարենայ կառուցել իր ներկան եւ տեսնել ապագան:
Չէ՞ որ ժառանգած ենք ազգային իտէալներու ամբողջ աշխարհ մը, որով կ՛ապրինք եւ կը հունաւորենք հայ կեանքը:
Անտեղի կը գտնենք այս հանգրուանին յիշեցնելու, թէ հայութեան գլխաւոր եւ յաւիտենական թշնամին` թուրքը կը շարունակէ ամէն քայլափոխի որոճալ հայութիւնն ու հայրենքիը բնաջինջ ընելու դարերու բարբարոսի երազը:
Փաստօրէն, Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը եթէ երբեք մեզի ժառանգեց հիմնական ու վաւերական արժեհամակարգ մը, այդ ալ ազգային արժանապատուութեան խոր գիտակցութիւնն է, որ էապէս մարմնաւորուեցաւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հրաշալի բանաձեւումով:
Պիտի չուզենք ինքնագոհութեան դասեր բաշխել, այդուամենայնիւ ճշմարտութիւնը կը մնայ այն, որ, եթէ երբեք հայոց սրբազան լեռը` Արարատը ծնունդ չտար հայու ազնուագոյն տեսակին, հայ ֆետայիին եւ քաղաքական գործիչին, առասպելատիպ հրամանատարներու թէ խոնարհ հերոսներու իրերայաջորդ փաղանգներու բայց մանաւանդ հրաշագործ տիպարի մը` Արամ Մանուկեանին, հայութիւնը դժուար թէ կարենար իր հողին վրայ շնչելու եւ շնչաւորելու, այլապէս ապրելու իրաւունքը վաստկել:
Ներկայ ժամանակներու լինելութեան հզօրագոյն փաստը ցոյց տուաւ հայութիւնը` արցախեան գոյամարտի ամբողջ տեւողութեան:
Արդարեւ, հակառակ հարիւրաւոր մրոտուած էջերու, թէ հայոց պետականութիւնը պարտաւոր է համազգային գիտակցական եւ բարձր պատուանդանին տեղադրել Մեծն Արամի հրաշափառ միտքն ու կամքը, կորովն ու խանդը, հայրենապաշտութիւնն ու հայասիրութիւնը, յայտնաբերելով անոր եզակի տիպականութիւնը` քաղաքական ու գաղափարական մտածողութեան, կազմաւորումին եւ մարդու կերպարին, անոր սրբալոյս շիրմը կը շարունակէ մնալ առանձին Երեւանի քաղաքային պանթէոնի մէջ` իրեն հաւատարիմ այցելուներու խոնարհութեան եւ յարգանքին մտերմութեան մէջ:
Քաջաբար հաւատացողն ենք, որ հայոց դարաւոր հայրենիքը իր պետականութեամբ պիտի շարունակէ իր ազգային ճանապարհը, բոլոր դժուարութիւններու եւ բացթողումներու առընթեր, սակայն, ազգակերտի ամէն յամեցում նոյնքան դաժան անդրադարձ կրնայ ունենայ եւ ունի հայութեան ներկայ կեանքին ու ապագային վրայ:
Մեծն Արամի բոցավառող պատգամին` «Երեւանը չենք դատարկի»-ին հաւատարիմ մնացին ժամանակակից բոլոր նահատակները, անով առաջնորդուած պաշտպանեցին կտոր մը հայրենիքը, սակայն, ո՛ւր պէտք է փնտռել այն բացատրութիւնը, թէ աւելի խաղաղ եւ բարօր օրերու, հայ քաղաքական միտքն ու պետականութիւնը կը շարունակէ իր պէս-պէս գործելաոճերու ընդմէջէն ինքզինք հեռու պահել Արամներու կոչէն եւ ամէնօրեայ պատգամէն:
Մեծն Արամներու կամքին եւ ուժին, ազգային մտածողութեան, քաղաքական ու գաղափարական աշխարհահայեացքին ականջալուր, գրագիտուհի Յասմիկ Գուլակեան, իր կարգին բոլորս կը հրաւիրէ անսալու մեծութիւններու անժամանցելի պատգամին:
Մանաւանդ` այս օրերու աշխարհաքաղաքական խառնափնթոր եւ անհեռանկար կացութիւններու դէմ յանդիման: