ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ
Ստորեւ կը հրատարակենք 50 տարի առաջ տեղի ունեցած մայիսեան ժողովրդային փառատօնի պատգամախօս Հրաչ Տասնապետեանի արտասանած խօսքը` անոր այժմէականութեան եւ բովանդակած խորհուրդին ու պատգամին համար:
Թուականներ կան, որոնք կ՛անջատուին ժողովուրդի մը պատմութեան յիշատակելի դէպքերու շարքէն, իրենց իմաստով ու բովանդակութեամբ` կը բարձրանան շատ վեր ընթացիկ յաջողութիւններու եւ խիզախանքներու մակարդակէն, իրենց արժէքով ու կարեւորութեամբ կը լեցնեն, կ՛իմաստաւորեն այդ պատմութիւնը ամբողջ: Հայոց պատմութեան մէջ այդ բառացիկ թուականներէն է 28 մայիս 1918-ը:
Խորհրդանշելով միաժամանակ ե՛ւ մայիսեան համաժողովրդական դիւցազնամարտը, ե՛ւ արեան գնով ձեռք բերուած ազգային անկախութիւնն ու ինքնիշխան պետականութիւնը, մարմնաւորելով իր մէջ կրկնակ խորհուրդը հայ ժողովուրդի մնացորդացի փրկութեան եւ վերածնունդին, հայութեան տեւականացման եւ հայկական արժէքներու նոր ծաղկումին, պարփակելով քաղաքական բազմակողմանի եւ հիմնական իմաստներ` համաթուրանական ծաւալապաշտութեան կասեցման, Հայաստան անունին պաշտօնական ճանաչման, մեր ազգային Դատի նոր դիմագծութեան եւ մեր պատմական հայրենիքի գէթ մէկ մասին փաստացի հայացման տեսակէտէն մայիս 28-ը կը ներկայանայ որպէս անգերազանցելի կարեւորութեամբ օժտուած եւ հիմնական անկիւնադարձ կազմող թուական` հայոց բովանդակ պատմութեան մէջ:
Ապրիլեան Եղեռնի համազգային ոգեկոչման հանդիսութիւններէն անմիջապէս ետք, թրքական նախճիրներու յիսնամեակի այս տարուան ընթացքին, մայիս 28-ի խորհուրդը առանձին շեշտ կը ստանայ: Մեր մտքի ու հոգիի աշխարհէն ներս ան կը գտնէ իր ամբողջական իմաստն ու վեհութիւնը` որպէս բազմաբովանդակ խորհրդանիշ կեանքի ու յարատեւման` ոչնչացման ստոյգ վտանգէն ետք: Յաղթանակի պարտութենէն ետք, ազատութեան` ստրկութենէն ետք, արդար Վրէժի` ցեղասպանութենէն ետք, հայութեան հաւաքական Կամքի եւ Իրաւունքներու պարտադրումի դարեր տեւած իրաւազրկումէն ետք, ազգային Ոգիի եւ Հաւատքի վերազարթնումի` յուսալքութենէն ետք, Հայ Մշակոյթի եւ Քաղաքակրթութեան վերածաղկումի` Եղեռնի մահացու հարուածէն ետք:
Դէպի արեւելք տարածուելու եւ Կեդրոնական Ասիոյ թուրանական ժողովուրդներուն հետ ձեռք-ձեռքի տալով ընդարձակ ու միատարր կայսրութիւն մը ստեղծելու իրենց ծրագրի յաջողութեան որպէս առաջին եւ ամենահիմնական քայլ (ծրագիր, որ ծանօթ է համաթուրանականութիւն անունով), թուրք իթթիհատական ղեկավարները շնական պաղարիւնութեամբ մը ձեռնարկեցին հայ ժողովուրդի ամբողջական բնաջնջման` օգտուելով համաշխարհային պատերազմին ընձեռած պատեհ առիթէն: Պարագայական բարբարոսութեան արտայայտութիւն մը չէր Մեծ եղեռնը: Ճանչցուելու համար որպէս վաւերական ոճրագործ` թուրքը քաղաքակիրթ մարդկութեան տուած էր արդէն 1895-1896-ի ինչպէս նաեւ 1909-ի փաստերը: Ապրիլեան Եղեռնը իրագործումը կը կազմէր կանխամտածուած եւ իր բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ կանխապատրաստուած դաւի մը, որ կը միտէր հայութեան վերջնական ոչնչացման ճամբով Հայկական հարցի միանգամ ընդմիշտ վերացման, հարթելու համար ճանապարհը, ինչպէս ըսինք արդէն, համաթուրանական ընդարձակ եւ միատարր պետութեան մը ստեղծման:
Ու միեւնոյն այդ թուրքն էր, նոյն դարաւոր եւ արիւնարբու թշնամին, որ արեւմտահայութիւնը իր երկու երրորդով բնաջնջած, Արեւմտահայաստանը ամայացուցած ու քանդած, իր դիւային ծրագիրներու սկզբնական մեծ յաջողութեամբը գինով, իր անասնական կլափը բացած` 1918-ի մայիսեան օրերուն կանգնած էր Արեւելեան Հայաստանի դռներուն: Պատերազմը տակաւին կը շարունակուէր, բայց ռուսական զօրքը դատարկած էր արդէն ճակատը, համայնավար յեղափոխութեան «Դէպի տուն» պատգամին ընդառաջելով: Առանձին էր մնացած հայութիւնը` թուրք բանակներուն եւ Ազրպէյճանի թաթար հրոսակներուն միջեւ: Առանձին էր ան ու գրեթէ անկազմակերպ, կտրուած էր ան արտաքին աշխարհէն ու գրեթէ անօթի, Արարատեան աշխարհը լեցուած էր հարիւր հազարներու հասնող արեւմտահայ թշուառ ու անզէն գաղթականութեամբ: Ժամանակ էր այլեւս վերջնական հարուածը տալու, ընդմիշտ ջնջելու համար Հայաստան եւ հայ անունները:
Հրաշք մը միայն կրնար փրկել Արեւելահայաստանը` Արեւմտահայաստանի դժբախտ ճակատագրին ենթարկուելու անմիջական վտանգէն: Հրաշք մը միայն կրնար փրկել հայութիւնը` իր ամբողջական ու հաւանաբար վերջնական բնաջնջումէն: Հրա՛շք մը միայն կրնար դէպքերու դրութիւնը դասաւորել այնպէս, որ համամարդկային պատմութիւնը չկարենար արձանագրել իր տոմարներուն մէջ` «Հայոց պատմութիւնը վերջ կը գտնէ 1918-ին»…
Ու պատահեցաւ այդ հրաշքը Աշխարհին համար անըմբռնելի հրաշք մը թերեւս` որուն գաղտնիքը միայն հայ ժողովուրդը ունի: Կեանքին ու Լոյսին ձգտող այս ժողովուրդը. Կեանքին ու Լոյսին համար կռուիլ ու մեռնիլ գիտցող այս ժողովուրդը:
1918-ի մայիսեան հրաշքը հասարակաց ու անողոք թշնամիին դիմաց հայ ժողովուրդի մէկ մարդու նման ծառանալուն մէջ կը կայանայ. հայ ժողովուրդի միասնականութեան, ազգային գոյատեւման, հաւաքական կամքի միահամուռ արտայայտութեան մէջ է անոր գաղտնիքը: Գերագոյն վտանգի ամբողջական գիտակցութիւնն էր, որ մարտի դաշտ իջեցուց հայութիւնը` իր ամբողջութեան մէջ, որ օրհասական գուպարին մէջ նետեց բոլորը անխտիր` զինուոր ու քաղաքային, երիտասարդ ու ծերունի, կին ու երեխայ: Կեանքի ու մահուան օրհասական գուպար, որ սակայն դիւցազնական հերոսամարտի մը վերածուեցաւ` կասեցնելով թշնամի բանակներուն յառաջխաղացքը, եւ աւելին, պարտութեան ու փախուստի մատնելով զանոնք:
Թող թոյլ տրուի մեզի ըսել, որ մայիս 28-ի խորհուրդին ամենահիմնական նշանակութիւնը համաժողովրդական այդ հերոսամարտին, գերագոյն այդ գոյամարտին մէջ է, որ կը կայանայ: Միւսները` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը, անոր արտաքին ճանաչումն ու ներքին փաստացի հայացումը, Հայ դատի նոր դիմագծութեամբ վերարծարծումը եւ արձանագրած յաջողութիւնները, հայ ժողովուրդի եւ քաղաքակրթութեան վերածաղկումը, բոլորն ալ անմիջական ու հեռաւոր արդիւնքներն են այդ գոյակռուի յաջող ելքին:
Ազատութեան գերագոյն տեսլականին ի խնդիր մղուած մարտնչումներու հոյակապ շարք մը, որ մեր ժողովուրդի պատմութիւնն իսկ է, տասնեակներով դարեր կը լեցնէ: Եւ ազատութեան ձգտումը այնքան միաձուլուած է հայ ժողովուրդի ենթագիտակցութեան հետ, որ մեր ազգային աւանդութիւններու մէջ առաջին եւ ամենակարեւոր տեղը տուած ենք անկախութեան սիրոյն Հայկի մղած պայքարին: Հերոսական այդ դրուագներէն, այդ շքեղ ազատամարտերէն եւ ոչ մէկը սակայն, Վարդանանց պատերազմը մէկդի ձգելու պայմանաւ, հաւանաբար, իր տարականոն խիզախութեամբ եւ պատմական անչափելի իմաստով մայիսեան այս փառապանծ հերոսամարտին կը հաւասարի: Ոչ մէկը ունեցած է ընթացիկ զինուորական պատերազմէն դուրս եկող այսքան համաժողովրդային նկարագիր, եւ ոչ մէկը ազգովին ապրելու կամ ազգովին մեռնելու այսքան յստակօրէն պայմանաւորուած բնոյթ:
Հերոսամարտ, բառին ամենաիրաւ եւ բովանդակ իմաստով, մղուած տակաւին երէկ իր դարաւոր թշնամիին ձեռքով գրեթէ կիսովին բնաջնջուած այս ժողովուրդին կողմէ նոյն այդ դարաւոր թշնամիին դէմ, տասնապատիկ թիւ ունեցող, տասն անգամ աւելի զօրաւոր եւ տասնապատկուած վայրագութեամբ մը զինուած: Հերոսամարտ, սակայն, որ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի դիւցազնադաշտերուն վրայ յաղթանակի պիտի վերածուէր` միջազգային պատմութեան տալով մինչ այդ նմանը չտեսնուած արիութեան եւ խիզախութեան օրինակներ:
Հերոսամարտ, պատմաքաղաքական հիմնական եւ ամենախոր նշանակութեամբ, որ հայ ժողովուրդը որպէս պողպատեայ թումբ պիտի ծառացնէր Էնվերներու եւ Թալէաթներու որոճացած համաթուրանականութեան ծրագրին իրականացման առջեւ` փրկելով հայկական բնագաւառն ու համամարդկային իմացականութեան եւ արուեստին գոհարներէն մէկը ներկայացնող անոր մշակոյթը վերջնական փճացման անմիջական սպառնալիքէն, Առաջաւոր Ասիան ազատելով տակաւին դարեր շարունակ քաղաքակրթութեան առջեւ փակ դուռ մնալու տխուր հեռանկարէն: Այստեղ է ահա, որ կը կայանայ անժխտելիօրէն միջազգային նշանակութիւնը հայութեան գերագոյն գոյամարտին եւ հայոց յաղթանակին:
Կրնայ ըլլալ, որ Արեւելահայաստանի բնաջնջումով վերջնական ու ապահով կերպով տակաւին չկարենար հաստատուիլ Միացեալ Թուրանիան, բայց ապահովաբար, համաշխարհային պատերազմի վախճանին, Ռուսիան ու դաշնակից պետութիւնները պիտի գտնուէին բոլորովին տարբեր եւ իրենց համար ոչ նպաստաւոր կացութիւններու առջեւ: Յամենայն դէպս գէթ երկար ժամանակի համար այլ պիտի ըլլար Առաջաւոր Ասիոյ քաղաքական պատկերը: Իսկ բոլոր պարագաներուն` համամարդկային քաղաքակրթութիւնը ընդմիշտ զրկուած պիտի ըլլար հայութեան ոչ արհամարհելի օժանդակութենէն: Հայութեան գոյապայքարի յաջող ելքին եւ հայ ժողովուրդի անընկճելի կենսունակութեան համար երախտագիտութիւն կը յայտնէ Ժան Փիեռ Ալեմ իր «Լ՛արմէնի» գիրքին վերջաբանին մէջ «Որովհետեւ,- կ՛ըսէ ան իրաւամբ,- եթէ հայ ազգը անհետացած ըլլար, կամ լուծուած` դրացի ազգերուն մէջ, քաղաքակրթութեան շէնքէն քար մը պիտի պակսէր… թերեւս նոյնիսկ` գմբէթ մը»:
Այս բոլորին մէջ կը կայանայ, ահա, անչափելի տարողութիւնը 1918-ի մայիսեան մեր գոյակռուին: Եւ այս բոլորէն մեկնելով է, որ կ՛ըսենք անվարան, որ մայիս 28-ը հայոց պատմութեան ամենաշքեղ թուականներէն է, եթէ ոչ` ամենաշքեղը: Անիկա համամարդկային է իր մօտաւոր ու հեռաւոր քաղաքական եւ քաղաքակրթական արդիւնքներով, բայց ամէն բանէ առաջ ու մանաւանդ` համահայկական է իր պատմական բովանդակութեամբ, քանի կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի միակամ եւ միահամուռ ծառացումը` իր ոչնչացման ձգտող ազգային թշնամիին դէմ:
Այսպէս է: Այսպէս ըսած ենք միշտ. այսպէս կ՛ըսենք այսօր, եւ, պատմական միեւնոյն անժխտելի տուեալներուն վրայ հիմնուած, այս պիտի ըլլայ եւ մեր տեսակէտը` վաղը:
Այսպէս կ՛ըսէինք երէկ, երբ մեր սեփական հայրենիքին մէջ տեքրէներու եւ փրիքազներու ճամբով պատմութեան դասագրքերուն մէջ արգիլուած էր մայիսեան հերոսամարտերու յիշատակութիւնն անգամ, եւ երբ կապկումի անօրինակ դիւրութեամբ մը արտասահմանեան շատ մը հոսանքներ կ՛ուզէին անգիտանալ մայիս 28-ի արժէքը, կամ` զայն նկատել իբրեւ զուտ դաշնակցական տօն:
Այսպէս կ՛ըսենք այսօր, երբ փրիքազներու ազդեցութիւնը տկարացած է կամ բովանդակութիւնը փոխուած, եւ երբ խորհրդահայ հրատարակութիւններուն մէջ իսկ կը սկսին պանծացուիլ մայիս 28-ը կերտող ժողովուրդն ու անհատ հերոսները, հոգ չէ թէ տակաւին անոնց կուսակցական պատկանելիութեան բծախնդիր անտեսումով կամ նոյնիսկ չարափոխումով:
Կ՛ըսէինք երէկ, թէ անսահման փառք է եւ անչափելի պատի՛ւ մեր կուսակցութեան համար` իրեն միայն վերագրուած տեսնել իրականացումը պատմական այն մեծ իրողութեան, զոր կազմեցին հայութեան ֆիզիքական փրկութիւնն ու ազատագրումը, անոր դարերէ ի վեր փլուզումի ենթարկուած պետականութեան վերակերտումը: Ճիշդ է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն էր իրական ղեկավարը այդ օրերու մեր ազատագրական պայքարին, ու տարբեր չէր կրնար ըլլալ, քանի ան էր, որ մարմին եւ իմաստ տուած էր մեր յեղափոխական շարժումին` դարերու թմբիրէն զարթնեցնելով Վարդաններու եւ Մուշեղներու ազատատենչ ոգին: Ճիշդ է, որ առաւելաբար դաշնակցականներ էին հայոց պատմութեան անմահներու շարքը շքեղօրէն հարստացնող մեր ազատագրութեան տիտանները, ֆետայիներն ու կամաւորները, քաղաքական դէմքերն ու զինուորական ղեկավարները, ու դաշնակցական էր Հայաստանի անկախութեան գլխաւոր դարբինն ու ոգին` անմահներու անմահը` Արամ Մանուկեան: Բայց ճիշդ է նաեւ, անժխտելիօրէն ճիշդ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողքին, 1918-ի մայիսեան օրերուն ոտքի էր ամբողջ հայ ժողովուրդը, ինչպէս` անյաղթելի եւ անմահ կաղնի, որ իր բազմաթիւ ճիւղաւորումներով, իր դարաւոր բունով եւ ամենաերիտասարդ ոստերով, որպէս մէկ մարմին ու մէկ հոգի, յաղթականօրէն ծառացաւ թրքական բարբարոս փոթորիկին դիմաց: Ոտքի էր, առանց կուսակցական ու դաւանական խտրութեան, ամբողջական հայութիւնը: Այսպէս կ՛ըսէինք երէկ եւ արդարութեան կերտումի սրբազան դափնեպսակը կը զետեղէինք ամբողջական հայութեան գլխուն, արդարացիօրէն ըսելով` «Զքոյդ ի քոյոց քեզ մատուցանեմ»:
Անշեղ կերպով այսպէս կ՛ըսենք նաեւ այսօր: Բայց, երբ պատմական դէպքերն ու դէմքերը կը խեղաթիւրուին, մեր իրաւունքն ու պարտականութիւնը կը նկատենք նենգափոխումները խարանել եւ պարկեշտութիւն պահանջել: Պարկեշտութիւնը բան մըն է սակայն, որ խոտոր կը համեմատի փրիքազներու գրութեան եւ ոգիին հետ: Ի՜նչ փոյթ, մեզի ծանօթ է, թէ ինչպէ՛ս կը մտածէ Հայաստանի ժողովուրդը` ինքը:
1918 մայիս 28-ին Հայոց Ազգային խորհուրդը Հայաստանը կը յայտարարէր անկախ: Հինգուկէս դարերու գերութենէն ետք, մեր ժողովուրդը, անսակարկ կերպով թափուած իր արեան գնով, վերստին ձեռք կը բերէր Կիլիկեան վերջին հարստութեան վերջին բերդին անկումէն ասդին իր կորսնցուցած սեփական հայրենիքն ու քաղաքական անկախութիւնը: Շաբաթ մը ետք, յունիս 4-ին, Թուրքիան առաջինը կ՛ըլլար այդ անկախութիւնը ճանչցող, Պաթումի հաշտութեան դաշնագիրով:
Անկախ Հայաստանի պետական կեանքը կը սկսէր ծայր աստիճան շփոթ եւ դժուարին կացութեան մէջ: «Փաստօրէն,- կը գրէ Ս. Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գրքին մէջ,- հայերի ձեռքը մնացել էր մի փոքրիկ հողաշերտ` հազիւ 12,000 քառ. քմ աղքատ ու կիսակործան մի երկիր` կծկուած ցամաք լեռների մէջ, աշխարհի խուլ անկիւնում, ծանրաբեռնուած գաղթականներով ու որբերով, շրջապատուած ատամ կրճտացնող թշնամիներով, անհաց, անդեղ, անօգնական: Սով ու հիւանդութիւն, աւար ու աւեր, լաց ու թշուառութիւն, կոտորածի սարսափ: Իսկ միւս կողմէ` Էնվերի բանակը` համաթրքական երազներով տոգորուած, որ Հայաստանի մարմնի վրայով ձգտում էր դէպի Ապշերոն ու Թուրքեստան»:
Այս պայմաններուն մէջ էր ահա, որ փոքրիկ Հայաստանը սկսաւ իր սեփական պետական կեանքը: Ներքին թէ արտաքին ամէն կարգի դժուարութիւնները չկրցան սակայն արգելք հանդիսանալ, որ մէկ-երկու տարուան ընթացքին կազմակերպուի վարչական մեքենան, հաստատուին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, բացուին կարեւոր թիւով դպրոցներ, հիմնուի պետական համալսարան, թշուառութեան եւ համաճարակներու դէմ տարուի դրական աշխատանք, հաստատուին որբանոցներ, հայկական բանակը կազմակերպուի եւ զինուի, եւ երկրի տնտեսական ընդհանուր վիճակը զգալապէս բարելաւուի: Ինչ որ կատարուեցաւ այդ երկու տարիներուն ընթացքին, նկատի առնելով անշուշտ վերոյիշեալ պայմանները, տիտանեան գործ էր, որ պատիւ միայն կրնայ բերել որեւէ քաղաքակրթուած եւ պետական լայն փորձառութիւն ունեցող ժողովուրդի:
Անկախ հանրապետութեան հաստատման երկրորդ տարին իսկ տեղի ունեցան երկու շատ կարեւոր իրադարձութիւններ: Առաջինը` Կարսի շրջանի վերագրաւումն էր հայկական ուժերուն կողմէ, 1919 ապրիլ-մայիս ամիսներուն, վերագրաւում, որ տեղ գտած էր դաշնակից պետութիւններու եւ Թուրքիոյ միջեւ համաշխարհային պատերազմի վախճանին ստորագրուած Մուտրոսի դաշնագրին տրամադրութիւններուն մէջ: Երկրորդը նոյն օրերուն Երեւանի մէջ գումարուած Արեւմտահայոց համագումարն էր, որ քաղաքական կամքը ձեւակերպեց «Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան»-ի յայտարարութեամբ: Երրորդը, վերջապէս, ՀՅ դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովն էր, գումարուած` Երեւանի մէջ, 1919 սեպտեմբերին: Անկախ Հայաստանի մէջ գումարուած այդ առաջին Ընդհանուր ժողովը լիովին յարեցաւ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի բանաձեւին, որ այնուհետեւ դարձաւ եւ պետականօրն իրագործելի քաղաքականութիւն:
Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ծրագիրը տրամաբանական յանգումը կը կազմէր Հայկական հարցի հոլովոյթին` ընդհանրապէս, եւ այդ հարցին նկատմամբ ՀՅ դաշնակցութեան կեցուածքին ու գործունէութեան մասնաւորաբար: Մինչեւ օսմանեան սահմանադրութիւնը, մեր կուսակցութիւնը ջատագովն ու հետապնդողը եղած էր բարենորոգումներու ծրագրին գործադրութեան: Հայկական հարցի աստիճանական լուծման նկատմամբ իր իրատես մօտեցումով, Դաշնակցութիւնը երբեք չէր դրած նախապատերազմեան քաղաքական պայմաններուն մէջ փաստօրէն անիրագործելի ազգային անկախութեան պահանջներ: Հետագային, սահմանադրական Թուրքիոյ մէջ մեր հիմնական պահանջները կեդրոնացած էին արեւելեան հայկական նահանգներու ներքին ինքնավարութեան շուրջ, ինքնավարութեան մը, որ հոգ չէ թէ մասնակի կերպով, իրագործուելու վրայ էր արդէն պատերազմի վաղորդայնին: Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ծրագիրը, 1919-ի պայմաններուն մէջ, քաղաքական ամենատրամաբանական բանաձեւումն էր. ան կը կազմէր, ինչպէս ըսինք արդէն, վերջնական ու բնական հանգրուանը` մեր ազգային հարցի հոլովոյթին:
Ու տարբեր չէին կրնար ըլլալ տրամադրութիւնները, ծրագիրն ու բանաձեւումը, քանի, առաջին անգամը ըլլալով, հայ ժողովուրդը ի՛նք կոչուած էր ճշդելու իր ազգային-քաղաքական ապագան, արտայայտելու իր սեփական իտէալները, եւ զանոնք յանձնելու իր սեփական կառավարութեան նկատողութեան` առ ի գործադրութիւն: Տարբեր չէին կրնար ըլլալ անոնք` քանի, առաջին անգամը ըլլալով, հայ ժողովուրդն ու անկախ Հայաստանի կառավարութիւնը իրենք կը ներկայանային որպէս իրաւատէրը իրենց արդար իրաւունքներուն ու պահանջներուն: Հայկական հարցը, երկարատեւ վերիվայրումներէ ետք, կը վերածուէր վերջապէս հայ ազգ. Դատի:
Տարի մը ետք` 1920 օգոստոսին, Հայաստանի կառավարութիւնը ինքզինք կը պարտադրէր միջազգային դիւանագիտութեան, դաշնակիցներու կողքին ստորագրելով Սեւրի պատմական դաշնագիրը: Դաշնագիր` որու տրամադրութեանց հիման վրայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընը կը գծէր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանագիծը: Հայաստանը, տը ժիւրէ, բայց միջազգային ճանաչումով, կ՛ընդարձակուէր ընդգրկելու համար պատմական Մեծ Հայքի հողամասերուն կարեւորագոյն մասը` Սեւ ծովու վրայ լայն բացուածքով:
Սեւրի դաշնագրի ստորագրումը դիւանագիտական մեծագոյն յաջողութիւնը կը կազմէ անկասկած Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան: Հայաստանը, բոլորին կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած ինքնիշխան պետութիւն, իր սեփական ճիգերով առաջ կը տանէր իր ազգային Դատը` միջազգային անդրանիկ դաշնագրին իսկ ապահովելով նկատառելի յաջողութիւն:
Քաղաքագէտները պիտի ըսեն հաւանաբար, որ իրաւապէս ի զօրու չդարձան Սեւրի տրամադրութիւնները, քանի, հետագայ պայմաններու բերումով, դաշնագիրը չվաւերացուեցաւ շահագրգռուած պետութիւններէն` ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն կողմէ: Բանգէտ մարդիկ պիտի ընեն զանազան առարկութիւններ` 45 տարուան յետադարձ հայեացքով մը քննութեան եւ քննադատութեան ենթարկելով իրատեսութիւնը կամ երազատեսութիւնը Հայաստանի այդ օրերու վարիչներուն: Կարելի է շատ բաներ ըսել, եւ կարելի չէ սահման դնել մարդկային մտքի մարզանքներուն: Մէկ բան սակայն կարելի չէ ուրանալ. այն, որ մինչեւ այսօր, ու հաւանաբար տակաւին երկար ժամանակ, երբ ոեւէ հայ, ըլլայ ան Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս, ըլլայ ան կողմնակից Հայաստանի Հանրապետութեան վարիչներուն թէ հակառակորդ անոնց քաղաքական ուղղութեան, մտաբերէ հայ ազգային Դատի լուծման վերջնական հանգրուանը, ուզէ թէ չուզէ, խոստովանի կամ ոչ, իր մտքի հորիզոնին վրայ Սեւր-Ուիլսընեան սահմաններն են, որ կը գծագրուին: Ուստի, երբ կը խօսուի Սեւրի մասին, ու ոմանք կը փորձեն ցոյց տալ անոր այս կամ այն թերութիւնը կամ անպատեհութիւնը, պարկեշտութիւնը կը պահանջէ պատասխանել նաեւ հետեւեալ հարցումին. այսպէս կամ այնպէս, ունեցանք Սեւրը եւ միջազգային դաշնագրով մը նուիրագործուեցան Հայաստանի` Ուիլսընեան կոչուած սահմանները. իսկ ի՞նչ պիտի ընէինք այսօր եւ պատմաքաղաքական ի՞նչ հիմք պիտի ունենայինք հողային որեւէ պահանջ ներկայացնելու, եթէ Սեւրը չըլլար…:
Այլ մէկ հիմնական գործ, որ կատարուեցաւ հանրապետութեան երկու-երկուքուկէս տարիներուն ընթացքին, անկախ Հայաստանի հողամասին աստիճանական հայացումն էր: Բազմաթիւ գաւառներ` Կարս, Սուրմալու, Շարուր-Նախիջեւան, Զանգիբասար, Վեդի եւ այլն լեցուած էին թուրք ու թաթար բնակչութեամբ, որոնք հանրապետութեան ներքին անդորրութիւնը կը խանգարէին` դաւելով պետութեան դէմ եւ ամէնօրեայ յարձակումներ գործելով հայ գիւղացիութեան վրայ:
Հայկական բանակը պարտաւորուեցաւ պատժական բազմաթիւ արշաւանքներ կազմակերպելու` այդ շրջաններէն վանելու համար անապահովութիւն յառաջացնող տարրերը: Արեւմտահայ զինեալ ուժերը, սասունցիները մասնաւորաբար, իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին բանակին: Պարպուած շրջանները բնակուեցան առաւելաբար` արեւմտահայ գաղթականութեամբ: Այսպէս էր, որ երբ պայմաններու բերումով անկախ Հայաստանի կառավարութիւնը ստիպուած եղաւ իշխանութիւնը յանձնելու պոլշեւիկներուն, անոնց ընծայաբերեց 87 առ հարիւր զտութեամբ Հայաստան մը, փոխանակ այն կէս առ կէս հայ-թուրք երկրին, զոր ստանձնած էր 1918-ի մայիսեան օրերուն: Պատմութիւնը իր կորսուած հաւասարակշռութիւնը կը վերագտնէր, անբաւարար` անկասկած, այլ` նկատառելի չափով մը:
Անկախ Հայաստանը հազիւ պիտի սկսէր շունչ քաշել ու վայելել բարիքները երկու տարուան իր ներքին թէ արտաքին անդուլ աշխատանքին, երբ Հայաստանի անկախութեան թշնամի զոյգ բռնակալութիւններու նոր մէկ զինակցութիւնը եկաւ վերստին հուրի ու սուրի մատնելու իր սկզբնական, բայց գեղեցիկ ու ապահով վերելքը ապրող մեր հայրենիքը:
1920 մայիսին համայնավարական խլրտումները սկսեր էին արդէն Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ: Անոնք հազիւ էին զսպուած, երբ Կարսի կողմէն քեմալական շրջադարձութիւնը ապրած Թուրքիոյ բանակները յարձակում գործեցին: Ստիպուած ըլլալով ներքին ճակատի վրայ պայքարիլ թուրք-թաթարական ներքին դաւերուն, պոլշեւիկեան շարժումներուն եւ արտաքին ճակատի վրայ` Քարապեքիրի կանոնաւոր բանակներուն դէմ, հայկական զօրքը նահանջեց մինչեւ Ալեքսանդրապոլ: Այս պայմաններուն մէջ էր ահա, որ անկախ Հայաստանի վերջին կառավարութիւնը ստիպուած եղաւ իշխանութիւնը զիջիլ համայնավար Յեղկոմին, 1920 դեկտեմբեր 2-ին: Կարմիր բանակը Հայաստանի դռներուն էր արդէն:
Անկէ ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւնները դուրս կը մնան մայիս 28-ի խորհուրդի անմիջական շրջափակէն: Թէ ինչպէ՛ս, հակառակ իրենց նախապէս տուած հաւաստիքներուն, համայնավար Հայաստանի վարիչները թուրքերուն զիջեցան գրաւուած հողամասերը` վերջնական կերպով, թէ ինչպէ՛ս, չգոհանալով այս բոլորով, անոնք ընդառաջեցին թրքական յաւելեալ պահանջներու եւ Ազրպէյճանին զիջեցան Նախիջեւանի ամբողջ շրջանը ու ոչ մէկ դրական քայլ կրցան առնել` փոխարէնը գէթ հայաբնակ Ղարաբաղը կցելու համար Հայաստանին, թէ ինչպէ՛ս վարուեցան անոնք, դարձեալ հակառակ նախօրօք տրուած պաշտօնական խոստումներու, Հայաստանի ազատատենչ ժողովուրդին եւ դաշնակցական ղեկավարութեան նկատմամբ` առիթ տալով Փետրուարեան համաժողովրդական պոռթկումին. այս բոլորը արդէն հետագայ (եւ ուրիշ) պատմութիւն է:
Փոխուեցաւ վարչակարգը. Հայաստանը վերստին դարձաւ օտար քմայքներու ենթակայ պետական հաստատութիւն: Բայց ժողովուրդներու պատմութեան մէջ վարչակարգերը երբեք չեն կազմած հիմնական ու վերջնական ճշմարտութիւն:
Հիմնական ճշմարտութիւնը ի՛նքը ժողովուրդն է, իր ֆիզիքական ու հոգեկան կրկնակ հայրենիքով:
Ու հիմնական ճշմարտութիւնը ա՛յն է, այս պարագային, որ մայիս 28-ը, իր բազմակողմանի խորհուրդով, անկիւնադարձ թուական է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ` ֆիզիքական ու հոգեկան Հայաստանի կերտումի տեսակէտէն:
Անկախ եւ էապէս հայ Հայաստան մը տարտամ փափաք էր 1918 մայիս 28-էն առաջ, տեսակ մը գեղեցիկ երազ` ապագայի վիպական անորոշութեամբը վարագուրուած: Հայկական հարցը օտար դիւանագիտական շրջանակներու քմահաճոյքին ձգուած մարզանք էր մայիս 28-էն առաջ, որուն մէջ հայութեան ձայնը աղերսական շեշտ միայն կրնար ունենալ:
Անկախ եւ էապէս հայ Հայաստանը իրականութիւն դարձաւ մայիս 28-ի ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեամբ: Հայկական հարցը վերածուեցաւ ազգային Դատի` Սեւրով նուիրականացած եւ Միացեալ ու Անկախ Հայաստանի իրագործումը ունենալով իբրեւ քաղաքական յստակ առաջադրանք:
Ու մայիս 28-ի խորհուրդով դարբնուեցաւ մանաւանդ հայ նոր Մարդը, իր պահանջներուն եւ իրաւունքներուն գիտակից հայ քաղաքացին: Հայ քաղաքացին, որ հայրենի լեռներուն ու դաշտերուն վրայ գտնուի թէ սփիւռքի տարածքին որեւէ անկիւնը, ազգային հարցի տեսակէտէն հիմնական ու վերջնական մէկ յստակ իտէալ միայն կը փայփայէ, Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը:
Հասկնալի է, որ հայութեան կարեւոր մէկ զանգուածը, զրկուած քաղաքական մտածողութեան անկախ արտայայտութենէ, չկարենայ ըսել այն, ինչ որ մենք կ՛ըսենք: Լիովին համոզուած ենք սակայն, որ չի կրնար գտնուիլ մէկ հատիկ իսկական հայ, որուն ազգային-քաղաքական երազը էապէս տարբեր ըլլայ մայիս 28-ի խորհուրդին հիմնական թելադրանքներէն:
Պայմաններու բերումով, ներկայիս մենք զինական պայքարի մէջ չենք մեր դարաւոր թշնամիին ու մեր փոքր հանրապետութիւնը սեփականացուցած օտար վարչակարգին դէմ. սակայն միշտ կը մնանք, մամուլով ու հրապարակախօսութեամբ, ի հարկին նաեւ` դիւանագիտական աշխատանքներով, գաղափարական ու քաղաքական պայքարի պատնէշին վրայ: Մենք մեզ ու համայն հայութիւնը կը նկատենք հայկական արդար Դատին իրաւատէր ու պահանջատէր: Այդ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ` մեր վերջնական նպատակակէտը կը մնայ միշտ` Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ստեղծումը:
Ու կը հաւատանք, որ 20-րդ դարու այս երկրորդ կիսուն, երբ համայն աշխարհը սկսած է վերջապէս համակուիլ ժողովուրդներու քաղաքական ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներով, երբ արդարութիւն է եղած ու կ՛ըլլայ իրենց անկախութեան ձգտող մեծ ու փոքր ազգերուն, երբ ազգային ինքնիշխան հաւաքականութիւններու գոյութիւնը սկսած է վերջապէս ապահովուիլ, միջազգային ազդու յանձնառութիւններով, հայութիւնն ու անոր արդար Դատը չեն կրնար երկար ժամանակ անտեսուած մնալ:
Կը հաւատանք, ու այսօր` աւելի՛ քան երբեք, որ, թերեւս ոչ շատ հեռաւոր ապագային հայ ժողովուրդը հաւաքուած պիտի ըլլայ կրկին իր պատմական հողերուն վրայ, ու լծուած իր նոր, միացեալ եւ վերջնակա՛ն հայրենիքի կառուցման սրբազան գործին: Որ` Տարօնէն ու Բարձր Հայքէն մինչեւ աշխարհը Սիւնեաց կրկին պիտի հնչէ հայ երգը, բայց աւելի՛ ազատ, աւելի՛ երջանիկ ու աւելի՛ հպարտ, քան երբեք, խառնուելու համար ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ քաղաքակրթական խաղաղ աշխատանքի համաշխարհային համերգին: