Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տպաւորութիւն. Խոնարհ Եւ Բռնցքացած Հոգիներուն Արցունքը (ՀՄԸՄ-ի Կեանքի Պատառիկներ)

Մայիս 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յայտնապէս տարբեր սերունդի պատկանողներու արցունքի երկու շիթեր էին անոնք, որոնց շաղկապողը մէկ խորհուրդ է ինքնին` ապրող եւ ներշնչող, կայտառ եւ առաջնորդող:

Իսկ այդ խորհուրդին խարսխուած էութիւնը նոյնինքն ՀՄԸՄ-ի ոգեկան բարձրութիւնն է, գաղափարական իր շունչով եւ նուիրումի մեծութեամբ անգնահատելի:

Թէեւ` ըլլալով տարբեր սերունդի ներկայացուցիչները, կը տարբերէին տարիքային առումով` եօթնամեայ Նարեկ Վարդանեանը եւ Մեղրիկ Գասապեանը, միւս կողմէ ալ տարիներու հեռաւորութիւնը իր ուսերուն` մեզի կը ներկայանար երէց եղբայր Յակոբ Համամճեան` իր ութսունամեայ ալեհերի եւ ծառայասէրի օրինակելիութեամբ:

Արդարեւ,

Ընդունուած է ըսել, որ յուզական աշխարհի մէկ հարազատ արտայայտութիւնն է արցունքը: Ներքին խռովքի, ֆիզիքական ցաւի, կարօտի թէ ուրախ պահու մը` բնական ու անկեղծ «արտածորում» կարելի է համարել:

Այո՛, ձեւով մը շօշափելի եւ նիւթեղէն, ինքզինք դրսեւորելու արարք է անիկա` բխող մարդու հոգեկան աշխարհէն, ուր կը տողանցեն կուտակուած  մարդկային բազմերանգ ապրումներ եւ խառն հոգեվիճակներ:

Այսուհանդերձ, յաճախ  ականատես կ՛ըլլանք մարդկային այնպիսի ներաշխարհային բռնցքած դրսեւորումներու, որոնք թէեւ յուզական են իրենց «տեսք»-ով, սակայն կ՛ընդգրկեն խոհական մտքի եւ ուժեղ կազմաւորումի մը ակնյայտ տարրեր:

Այլ ասած, հեկեկալու անդրադարձ գործողութիւն մը ըլլալէ շատ աւելին են անոնք, եւ առհասարակ կը պարփակեն գիտակցական հսկայ աշխարհ մը` փորձառական եւ ծառայական, բայց մանաւանդ` ժառանգական ոգեկան կապ մը` դաստիարակութիւն հասկացողութենէ թելադրուած:

Քանի մը շաբաթ առաջ էր, միութենական ձեռնարկի մը պատեհ առիթով, երբ ի շարս այլ ներկայացումներու, կազմակերպիչներ յարմար էին նկատած պարգեւատրել վաստակաւոր հայորդիներ, իրենց երկարամեայ ծառայութեան եւ անսակարկ նուիրաբերումին համար:

Բնականաբար, խօսքը կը վերաբերի ազգային շունչով, մարդասէրի  հայեացքներով օժտեալ եւ հայրենասիրութեան տրոփներով յագեցած միութեան մը` ՀՄԸՄ-ին, որուն մէկ հարազատ զաւակին` Պէյրութի մասնաճիւղի  90-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը պատշաճօրէն տեղի ունեցաւ կիրակի, 15  մարտ 2015-ին:

Ճիշդ է, որ տուեալ հանդիսութեան շքանշանի արժանացած էին հինգ հարազատ հայորդիներ` յանձին Մակի Խաչերեանի,  Վահէ Չամիչեան, Նուպար Խանամիրեան եւ Արա Պապիկեան (յետ մահու), սակայն անոնց երիցագոյնը`  Յակոբ Համամճեանի ուրախութեան, ազնուութեան, հպարտութեան, նաեւ` երախտագէտի յեղակարծ ու սրտագին արցունքները բեմին վրայ, արդէն խորապէս ցնցեցին հանդիսութեան ներկայ փոքրերն ու մեծերը, չափահասներն ու տարեցները: Բնական հետեւութեամբ հարկ է անստգիւտ ընդգծել, որ պարգեւատրեալներու խտացուած արցունքներն էին ատոնք:

Իսկ նախորդող շաբաթներուն (ապրիլի 11) մարզախաղի մը պատճառած ընդհանուր ազդեցութեան ներքեւ, մենք ականատես եղանք ուշագրաւ եւ հիացում պատճառող սրտաբուխ արտայայտութիւններու, երբ մարզադաշտին վրայ հաւաքուած  հարիւրաւոր հայորդիներու հոյլին մէջ աչքի կը զարնէ փոքրիկ Նարեկը, որ ուսամբարձ իր խումբի պարտութենէն ազդուած, արցունքախառն աչքերով եւ բռունցքացած հոգիով կ՛երգէ «Յառաջ նահատակ»-ը:

Քիչ անդին, իր բնակարանին մէջ նստած եւ ուշի-ուշով իր սեւեռուն եւ անուշիկ աչուկներով մարզախաղին հետեւող Մեղրիկը դարձեալ իր նախասիրած խումբին պարտութենէն ազդուած` յանկարծ կը պոռթկար եւ կ՛արձակէր իր ընդվզումի հառաչանքը` արտասուքով յայտնելու իր սէրն ու կապուածութիւնը հանդէպ այս միութեան, որուն սուրբ դրօշին ներքեւ տղաքը կը ներկայացնէին տուեալ մարզախաղը:

Սակայն ի՞նչն էր, որ զիրար կը շաղկապէր տարբեր սերունդի պատկանող հայորդիներու հարազատ շառաւիղներ, որոնք, ճիշդ է տարբեր պատեհութիւններու առիթով, սակայն նոյն խորհուրդին եւ վեհափառ գաղափարին ազդեցութեան ներքեւ կը ծորէին իրենց վեհապանծ եւ հայաշունչ արցունքները:

Ի՞նչն էր այդ բացառիկ եւ առաքինի գաղափարական աշխարհը, որուն մտաւորական եւ ազգային արժանիքներուն յանձնուած, ամբողջ սերունդներ կը շարունակէին հայօրէն ապրիլ եւ ստեղծագործել:

Ի՞նչն էր այդ ներքին եւ բոցակէզ ապրումներու շտեմարանը, երբ ամէն քայլափոխի եւ որոտընդոստ կ՛արձակէր հպարտութեան արցունքի կայլակներ եւ յաղթանակի կանչեր:

Անվարան պէտք է հաստատել, որ անոնք` այդ կանչերն ու ցոլքերը, ՀՄԸՄ-ի դաստիարակութեան եւ գաղափարական աշխարհին պինդ ու ամուր, անեղծ ու հրաշափառ արժէքային համակարգն էին անտարակոյս:

Առաջին անգամ չէ, որ լուսարձակի տակ կ՛առնուին հաւաքական մեր կեանքին լոյս եւ իմաստ, ուժ եւ կորով սնուցանող ձեռնարկներ:

Այո՛, ներազգային կեանքին շունչ եւ եռանդ մատակարարող այնպիսի ձեռնարկներու եւ մտայղացումներ, որոնք թէեւ կ՛ընկալուին իբրեւ դասական հասկացողութեամբ մօտեցումներ, անպայման կը պարփակեն հայ կեանքին ամէնէն վաւերական արտայայտութիւններու ցոլքերը:

Ցոլքեր` ինքնարժեւորման եւ երախտագիտութեան:

Ցոլքեր` աւելի հոգեզինուելու եւ արիանալու:

Ցոլքեր` ընդմիշտ վերանորոգուելու եւ հայանալու:

Ցոլքեր` մեր պատմութեան տիրութիւն ընելու, չդաւաճանելու մեր արժէքներուն եւ հպարտութեամբ լեցուելու:

Ցոլքեր` հաւատարիմ մնալու եւ այդ ուղղութեամբ կանոնաւորելու մեր ներկան ու ապագան:

Ցոլքեր` ինքնաճանաչումի, յանուն գաղափարական աշխարհի սնուցանումին եւ սերունդներու ջամբումին` ՀՄԸՄ-ականի վայել առաքինի եւ խոնարհ տիպարի ոգեկան բարձրութեամբ:

Այո՛, ազգակերտի, արժանաւոր, հպարտ, ճակատը սէգ հայու արցունքներու գեղեցկութեամբ ապրելու յանձնառութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Հիւանդութիւն Եւ Կեանքի Նոր Էջեր

Յաջորդը

Հարիւրամեակի Դասերը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In